Հայերէն Խօսինք Եւ Հայերէն Կարդանք
Ինծի համար այսօր մեծ մտահոգութիւն դարձած է այն իրավիճակը, որ այլեւս հայերէնը սրընթաց նահանջի մէջ է: Այլեւս շատ սովորական է «բարեւ»ի տեղ լսել «պոնժուր» կամ «հայ», նոյնիսկ սովորական դարձած «ցատքեցայ»՝ փոխան «ցատքեցի», իսկ աւելի անընդունելին, երբ մեր հայկական ռատիօ-հաղորդումները ըլլան շատ սահուն ընթերցումներ, բայց երբեք հայկական հարազատ առոգանութեամբ:
Մեր լեզուն բացառապէս հարուստ է երեսունութ տառերով եւ իւրաքանչիւր տառ ունի իր կշիռը եւ ամէն մէկ բառ կը պարտադրէ շեշտաւորում մը: Դժբախտաբար շատեր կ՚անտեսեն կամ պարզապէս չեն գիտեր: Երբ բառ մը կը վերջանայ «կ» տառով, օրինակ` «պանդոկ», կարելի չէ կարդալ «պանդոք»:
Եթէ անվերադարձ կորսնցուցինք Հալէպը՝ հայերէնի մեր երկու օճախներէն մէկը, Պէյրութը՝ մեր երկրորդ օճախը, խաթարուած, կը նմանի հանգած ջահի մը:
Ակնարկ մը համատարածին վրայ ու այլեւս չենք գտներ երկիր մը, ուր հայերէնը կը պահէ իր հարազատութիւնը: Արմէն Անուշի, Շանթի ու Աղբալեանի օրերը կը մնան միայն յիշատակ: Իսկ թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, պիտի ընդունինք, որ հոն հայերէն չեն խօսիր… երեւակայել, որ մեր անմեղ ստեպղինը հոն կ՚ըլլայ «գազար», որ ոչինչով կը տարբերի արաբերէն «ճազար»էն՝ եգիպտական հնչումով:
Տակաւին նոր հողին յանձնեցինք Յակոբ Կիւլոյեանը՝ ասմունքի արքան, որ արժեւորուած է ոչ իր սահուն ու անվրէպ արտասանութեան, այլ հայերէն ճշգրիտ առոգանութեան եւ շեշտի տեղադրութեան համար. անոր բերնին մէջ հայերէնը կը դառնար այնքան հմայիչ եւ մեծասքանչ:
Յո՞ երթաս հայերէն…
ՊԵՏԻԿ