«ՈՐԴԵԱ՜Կ, ՄԵՂՔԵՐԴ ՆԵՐՈՒԱ՛Ծ ԸԼԼԱՆ ՔԵԶԻ»

Մարկոս աւետարանիչ իր Աւետարանի 2-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ դէպք մը, ուր Քրիստոս անդամալոյծ մը կը բժշկէ: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զինք Յիսուսին: Այդ պատճառով ալ, քակած են այն տան առաստաղը, ուր կը գտնուէր Յիսուս, եւ անդամալոյծը անկէ իջեցուցած են: Աւետարանիչը կ՚ըսէ, թէ «Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.

-Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի» (Մր 2.5):

Մարկոս աւետարանիչ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ, թէ այնտեղ գտնուող Օրէնքի ուսուցիչները անմիջապէս սկսած են մտովի քննադատել Յիսուսի կատարած այս արարքը՝ ըսելով, թէ ինչպէ՞ս կրնայ նման հայհոյութիւն մը ընել, Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերուն ներել (տե՛ս Մր 2.6-7): Յիսուս իմանալով անոնց մտածումը՝ կ՚ըսէ անոնց.

«Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «ե՛լ, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու» (Մր 2.8-10):

Աւետարանիչը կը շարունակէ՝ ըսելով.

«Ու դառնալով անդամալոյծին՝ ըսաւ.

-Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա:

Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ: Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.

-Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք» (Մր 2.11-12):

Այս դէպքէն հիմնական երեք դասեր ունինք քաղելիք:

Առաջին. ճիշդ է, որ որպէս անհատ մարդիկ կ՚ապրինք այս աշխարհին վրայ, սակայն առանձին չենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր նմանին նկատմամբ պարտաւորութիւններ ունի: Երբ մեր Տիրոջ հարցուցին ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը, պատասխանեց. ««Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ»։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը, ասոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»» (Մտ 22.37-39). պարզ ու յստակ՝ «սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Ընկերը սիրելը ինչի՞ մէջ կը կայանայ, բնականաբար բարին ցանկալով եւ կարելի եղածին չափով բարեգործութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերելով անոր: Վստահաբար, մեր անձերուն նկատմամբ այլ կերպ պիտի չվարուէինք: Եւ այստեղ, անդամալոյծը շալկող «չորս հոգիները», իրենց ընկերոջ բարիք է, որ կ՚ընէին: Լսած էին գալիլիացի Վարդապետին մասին, որ մեծամեծ նշաններ կը գործէր, հաւանաբար իրենց անդամալոյծ ընկերն ալ լսած էր նոյնը եւ փափաք յայտնած էր հասնելու ցաւերու Բժիշկին: Ինք անկարող էր սակայն միայնակ հասնելու իր նպատակին, բայց իր ընկերներուն ընկերասիրութիւնը զինք առաջնորդեցին հասնելու իր փափաքին: Հասած էին բժիշկներու Բժիշկին, բայց բազմութեան պատճառով չէին կրնար մօտենալ Անոր: Հակառակ արգելքներուն սակայն, իրենց հաւատքն ու վճռականութիւնը գերադասեց ամէն տեսակի արգելք, եւ ի գին առաստաղը բանալու, իրենց ընկերը իջեցուցին Յիսուսի մօտ: Իսկ խոնարհ Վարդապետը, տեսնելով անոնց անկոտրուն հաւատքն ու վճռականութիւնը, իրենց անդամալոյծ ընկերը ոտքի հանեց... Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը նկարագրելով ճշմարիտ եւ անկեղծ ընկերոջ համար կ՚ըսէ. «Ինչե՞ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը։ Ի՞նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան. ինչպիսի՜ օգուտներ. ի՜նչ ապահովութիւն։ Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս, միեւնոյնն է, ոչ մէկ բան համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ». այստեղ յիշատակուած անդամալոյծին ընկերները այդ անդամալոյծին համար հազարաւոր գանձերէն աւելի արժէքաւոր էին, որովհետեւ անոնք իրենց ընկերոջ համար աւելի՛ն կը ցանկային քան գանձերն ու հարստութիւնը եւ Տէր Յիսուս տեսնելով իրենց այդ փափաքը, իրենց սիրտին համաձայն ալ վարուեցաւ իրենց ընկերոջ հետ:

Մեր Տէրը մեզմէ կ՚ուզէ, որ մինչեւ վերջ աշխատինք ամէն կերպով հասնելու համար մեր նպատակին, անշուշտ եթէ նպատակը բարի է ու Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ինչպէս նաեւ կը պահանջէ մեզմէ, որ մեր նպատակին հասնելու ճանապարհին վրայ յատնուած դժուարութիւններն ու խոչընդոտները մեր կամքը չկոտրեն եւ չյուսահատեցնեն մեզ, ընդհակառակը, պարզապէս առիթ ըլլան առաւել եւս մեր կամքը զօրացնելու եւ աննկուն կամքով ընթանալու դէպի մեր նպատակի իրագործումը: Իսկ մեր Տէրը երբ տեսնէ մեր հաւատքը, ըստ այնմ ալ պատասխան կու տայ մեզի:

Երկրորդ. մեր Տիրոջ բառերով՝ «Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու»: Եւ ո՛չ միայն մեղքերը ներելու, այլեւ բժշկելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու: Ի՛նք, որպէս Տէր եւ Արարիչ այս ամբողջ գոյութիւններուն՝ տեսանելի եւ անտեսանելի, բանական եւ անբան, պատմութեան ընթացքին պահուան մը համար յանձն առաւ մեր նմանութեամբ, այսինքն՝ որպէս մարդ յայտնուիլ մարդկութեան, անոր փրկութեան համար: Մարդանալով սակայն, չդադրեցաւ Աստուած ըլլալէ եւ ո՛չ իսկ մէկ ակնթարթ, այլ՝ մնաց նոյնինքն կատարեալ Աստուածը: Իսկ Իր մարդեղութեան ժամանակ, անուղղակի կերպով ցոյց տուաւ Իր Աստուածութիւնը նման արտայայտութիւններով: Անդամալոյծն ու զինք շալկողները կրնայ ըլլալ, որ չէին գիտեր Անոր ճշմարիտ ով ըլլալը, սակայն լսելով Իր գործած հրաշքներուն մասին, հաւատացած էին, որ իրենց եւս պիտի օգնէ: Գալ հասնելէ ետք սակայն եւ նախքան բժշկելը՝ անդամալոյծին ըսաւ. «Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի». որով, առանց մեր մեղքերը խոստովանելու եւ անոնց համար ներում ստանալու, չենք կրնար անցնիլ յաջորդ հանգրուան: Այսինքն, եթէ հոգեպէս ինչ որ մեղքի մէջ ինկած ենք, որ արգելք կը հանդիսանայ մեր յառագնացին, նախ եւ առաջ պիտի աշխատինք այդ մեղքը վերացնել, իսկ վերացնելը կ՚ըլլայ ճիգ թափելով, աշխատելով, խոստովանելով մեր թերութիւնները, որուն առ ի հետեւանք կը ստանանք մեղքերու թողութիւն:

«Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու», իսկ այս աշխարհի վրայ Մարդու Որդիին ներկայացուցիչներն են եկեղեցականները, որոնց նոյնինքն մեր Տէրը իշխանութիւն տուած է կապելու եւ արձակելու: Արդարեւ, երբ եկեղեցականի մը կը մօտենանք խոստովանելու համար, խորքին մէջ ո՛չ թէ եկեղեցականի անձին է որ կը մօտենանք, այլեւ՝ եկեղեցականին ընդմէջէն մեր Տիրոջ Քրիստոսին: Սուրբ Կղեմէս Հռոմայեցի Հայրապետը այս ուղղութեամբ կ՚ըսէ. «Առաքեալները մեզի Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կ՚աւետէին. Յիսուս Քրիստոսը Աստուծմէ ուղարկուած էր: Հետեւաբար, Քրիստոս Աստուծմէ է, իսկ առաքեալները՝ Քրիստոսէն. ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը Աստուծոյ կամքով էր: Առաքեալները ընդունելով թելադրութիւնը, կատարելապէս համոզուած մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ եւ հաւատքի մէջ հաստատուն Աստուծոյ խօսքով, Սուրբ Հոգիի լրմամբ դուրս եկան՝ աւետելով Աստուծոյ գալիք Արքայութիւնը: Քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ քարոզելով՝ ատոնց առաջնիկներուն հոգիով փորձելով եպիսկոպոսներ եւ սարկաւագներ կը կարգէին ապագայ հաւատացեալներուն համար (գլուխ 42)»։

Երրորդ. «Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.

-Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք»: Բնականաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ մեծամեծ հրաշքներուն ի տես կը զարմանայ: Մեզմէ ո՞վ ծովեզերքին կանգնած մայրամուտը դիտելով չի՛ զարմանար: Մեզմէ ո՞վ երկինքի ամպերուն ի տես, չի՛ զարմանար ու չի՛ հիանար: Աւելի՛ն, մեզմէ ո՞վ աշնան անտառի մը դիմաց կանգնելով ու տեսնելով գունազարդուած անտառը, որ պատրաստուած է տերեւաթափ ըլլալու, չի՛ զարմանար: Իսկ եթէ այս բոլորով կը զարմանանք, որքանով աւելի էր այն մարդոց զարմանքը, որոնք ականատես եղան, թէ ինչպէս մարդ մը, որ որպէս անդամալոյծ մօտեցաւ Յիսուսի, չորս հոգիներու օգնութեամբ, սակայն հիմա իր մահիճը շալկած տուն կը վերադառնար: Անոնք, չբաւարարուեցան զարմանալով միայն, այլ ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.

-Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք»: Բաւարար չէ հրաշքի մը կամ արտասովոր աստուածային միջամտութեան մը պարագային միայն զարմանալ ու հիանալ, այլեւ աւելի կարեւորը այն է, որ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ ու փառաւորենք զԻնք, Իր գործածներուն համար, որ միմիայն մեր բարիքին ու օգուտին համար է: Աստուած կատարեալ Բարի ըլլալով, բարութենէ բացի այլ բան չի կրնար տալ Իր իսկ ստեղծած արարածներուն: Աստուած Հայր ըլլալով, իր զաւակներուն համար միայն բարին կը կամենայ: Կարեւորը, սակայն, մենք գիտակցելով այդ բարիքին շնորհակալութիւն յայտնենք Անոր ու փառաւորենք զԻնք: Իսկ «այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք», այսօր եւս, որպէս մարդիկ Աստուծոյ կողմէ գործուած այնպիսի հրաշքներու ականատես կ՚ըլլանք կամ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական կեանքին մէջ փորձառութիւնը ունեցած կ՚ըլլայ, որ բնաւ տեսած չէինք:

Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ: Իսկ մեզի համար աշխարհը շատ փոքր է հասկնալու համար Աստուծոյ մեծութիւնն ու Ամենակարողութիւնը: Որով մեզի կը մնայ հնազանդիլ Իր Սուրբ Կամքին, շնորհակալութիւն յայտնել Անոր իր շնորհած բարիքներուն համար եւ փառաւորել զԻնք այժմ եւ յաւիտեանս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 14 յունուար 2019

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019