ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ

Սպառազինութիւնը հաւաքականնութիւններու եւ մեծ երկիրներու կատարած զինուելու գործողութիւնն է: Այն ունի երկու հասկացողական շերտ.

Առաջինը՝ զէնքի եւ զինամթերքի արտադրողներ են: Այս ոլորտի բաղադրիչները կը ներառեն արտադրող կողմերը՝ ըլլան անոնք ընկերութիւններ կամ երկիրներ: Եւ անոնց վաճաքով եւ ծանօթացմամբ ու տարածմամբ զբաղող ընկերութիւնները: Պետութիւններ կան, որոնք զէնք արտադրող են եւ ծախող (միշտ չմոռնալով, որ վերջին տեսակի զէնքերը կը պահեն իրենց եւ ըստ իրենց հայեցողութեան եւ պաշտպանական ու ռազմավարական ծրագիրներու կը ծախեն որոշակի զէնք եւ զինամթերք): Բնականաբար, այս պետութիւնները աշխարհի ամենազօրաւոր երկիրներն են ռազմականօրէն եւ սպառազինութեան մէջ:

Երկրորդը՝ զէնք գնող կամ սպառող երկիրները, կազմակերպութիւնները, հաւաքականութիւններն են եւ որոնք  90 տոկոսը կը կազմեն համընդհանուր աշխարհի երկիրներուն:

Կրնանք այս առիթով ալ մատնանշել, որ այս երկու տեսակի երկիրներու յարաբերութիւններուն ընդմէջէն կրնանք մասամբ բնութագրել աշխարհի համընդհանուր անվտանգային ու սպառազինական համակարգը: Եթէ մեծ է զէնքի արտադրութիւնն ու սպառումը, տրամաբանօրէն այդ պէտք է նշանակէ, թէ միջազգային յարաբերութիւնները ունին ոչ շատ խաղաղապաշտական ուղեգիծ, բայց հոս ալ կան մեր ներկայ ժամանակներու իւրայատկութիւնները:

Նախկին դարերուն ալ մարդկութիւնը միշտ իր կազմակերպչական ջանքերով երբ կերտած է պետութիւններ, միշտ սպառազինութիւնը դարձուցած է իր հիմնական զբաղումներէն մէկը: Վախը ապագայէն եւ մարդկային հաւաքականութիւններու այսպէս կոչուած բնազդային կազմուածքը պատճառներէն են զինուելու: Մշտապէս հաւաքականութիւնները վախցած են իրենց մրցակիցներէն եւ առանց մարդկային բնութագրութիւնները արդարացնելու՝ պէտք է ըսել, որ պատերազմելու տենչն ու վարքագիծը մարդուն հետ ծնած են: Պատմականօրէն տեւաբար միւսին, անյայտին, յաջորդին... նուաճելուն, գերելուն, գրաւելուն եւ ենթարկեցնելուն մէջ հաւաքականութիւններն ու երկիրները տեսած են իրենց պաշտօնական անվտանգութիւնը եւ վախի յաղթահարումը, որ իրենք նուաճուին կամ վերանան:

Բնականաբար մարդկային տնտեսական զարգացածութեան սանդուխը շատ սերտօրէն կապուած էր եւ է՛ ռազմական ու զինուորական առաւելութիւններ ապահովելու հետ: Օրինակ՝ հին դարերէն կրնանք յիշել, որ երկաթի յայտնաբերումը եւ անոր արտադրութիւնը զանազան շրջանակներու, ապա թագաւորութիւններու, կայսրութիւններու, երկիրներու կողմէ յառաջ գալու կողքին, յառաջ բերաւ տնտեսական դասակարգ մը, ետքն ալ այդ երկաթի օգտագործումը ռազմական արտադրութեան մէջ պատճառ դարձաւ նոյն յայտնաբերող ու գործածող կողմին առաւելութիւններու հասնելուն: Այս պարագային, օրինակ, երկաթէ շինուած զէնքերուն տեսակները, որոնք նորութիւն էին, դիւրացուցին յաղթանակները այն կողմերուն վրայ, որոնք երկաթի արտադրութեան եւ այդպիսի սպառազինութեան չէին հասած:

Անշուշտ, ռազմական առաւելութիւններ ու այսպէս ըսած զինականացում ապահոված կողմը միշտ արձանագրած է մեծ տնտեսական նուաճումներ: Պատմութեան մէջ շատ կային կայսրութիւններ ու երկիրներ (մինչեւ հիմա ալ կան), որոնք ռազմականապէս ու սպառազինութեամբ յառաջացած են ուրիշներէ, բայց անոնք տնտեսապէս զարգացած չեն: Եւ հոս միայն կրնանք յիշեցնել, որ տնտեսական զարգացածութիւնը աւելի մեծ արհեստագիտական ու գիտական հասկացողութեան հետ կապուած է, եւ որ յարաբերաբար միայն ռազմական արտադրութեամբ չ՚իրականանար:

Ռազմական ու սպառազինման պատմութիւնը շատ հանգրուաններէ անցած է եւ այն ինչպէս բոլոր մարդկային ստեղծագործական ու արտադրական բնագաւառները, ունի իր իւրայատկութիւնները: Հաւանաբար այսպէս ըսած ամենադառն իւրայատկութիւնը այն է այս արտադրութեան, որ ան կոչուած է քանդելու, վնասելու, սպաննելու եւ աւերելու: Ինչքան ալ ցաւալի թուի այս իրողութիւնը, տակաւին մարդկութիւնը մեծ սպառազինման մէջ է եւ մրցավազքը տեղի կ՚ունենայ նոր եղանակներով: Այդ մրցավազքը կախեալ է, անշուշտ, դարաշրջանի քաղաքական համակարգէն՝ ըլլայ այն միաբեւեռ, երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ:

Այո՛, հին աշխարհը աւելի վայրագ էր, բայց քանակական առումով նուազ ռազմականացած, իսկ ներկայ աշխարհը իր յառաջադէմ, լուսաւոր ու քաղաքակիրթ ըլլալու կողքին նորէն քանակական առումով աւելի ռազմականացած է եւ այն չ՚ուղղուիր դէպի ապառազմականացում:

Ներկային սպառազինութիւնը շատ զարգացաւ եւ հասաւ մեծ նուաճումներու, որովհետեւ արհեստագիտութիւնը մտաւ այդ դաշտէն ներս. օրինակ՝ ԱՄՆ-ի պէս երկիր մը իր տիեզերական արհեստագիտութիւններն ալ սկսաւ օգտագործել զինաարտադրանքին մէջ: Այո՛, Սովետական Միութիւնն ալ ունէր այդ փորձը, բայց մեծ նուաճումներու չհասաւ: Եթէ խաղաղասիրական իրական աշխարհ մը կ՚ուզենք ունենալ, կրնանք գնահատելի որակել 1988-ին կնքուած ԱՄՆ-Սովետական Միութիւն համաձայնութիւնը. կրճատել աթոմական զէնքի մարտագլուխները, որոնցմէ մաս մը գործադրուեցաւ, բայց նոյն Սովետական Միութեան փլուզումը խանգառեց այդ գործընթացը:

Վերջին տուեալներով՝ աշխարհի պետութիւնները մօտաւորապէս 2.5 թրիլիոն տոլարի զէնք ու զինամթերք գնած են 2020 թուականին, ինչ որ համընթաց է բոլոր բնագաւառներու մէջ մարդկութեան արձանագրած աճին հետ:

Հիմնական հարցը որ կը ծագի, այն է, թէ մարդկութիւնը հիմա աւելի խաղաղասէր ու խաղաղութեան ձգտող է՞: Դժուար է պատասխանել, բայց նկատելով անհատ մարդուն ու կազմակերպութիւններու բացուածութիւնը եւ տնտեսական մեծ շարժն ու համարկումները, մարդիկ աւելի քաղաքակիրթ, ժողովրդավար են ու խաղաղասէր՝ հակառակ մեծ տէրութիւններու ռազմարդիւնաբերութեան մեծ աճին: Այս հակասութիւնը քաղաքականութեան մէջ իր արտացոլանքը ակամայ գտած է եւ ինչքան ալ տակաւին այսպէս ըսած՝ «տաք ու պատերազմական օճախներ» կան զանազան աշխարհագրական հին ու նոր հակամարտութիւններու տեսքով, զարգացումը, տնտեսական ու ընկերային յաջողութիւնները չհամըկնելով, բնակաբար, պատերազմներու եւ անոնց ծրագրման հետ, չեն կրնար համահունչ ըլլալ նոյն սպառազինութիւններուն հետ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

15 յունուար 2023, Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023