ԾՈՒՌԸ՝ ԾՈՒՌ
Գրչածայր, գրչատուփ, գրիչ եւ այլն, կարծեմ դարձան հնոտիք, նոր օրերու ոչ-հարկաւոր, սակայն ինչ որ հինէն մնացած է միտքիս մէջ, սոյն ասոյթն է.- «ծուռ քանակէն շիտակ գիծ չենք կրնար ստանալ»: Այս «լաբալիսեան ճշմարտութիւն» եղաւ, բայց թողունք հին օրերը, անցնինք քիչ մը հասունութեան:
Շուկայ, մարդիկ, ընկերութիւն, փոխ-յարաբերութիւն ու տարիներու գումար, արդիւնքը՝ ինծի համար քանակը փոխաբերաբար եղաւ մարդ-արարածը: Մարդ-արարածէն եթէ նոյնիսկ շիտակ խօսք մը լսես, անպայման պէտք է կասկածիս ալ պատուհան մը բանաս, իրագործումի ընթացքին:
Արդարեւ, ինչքան ճառեր, հաւաքներ, բամբասանքեր, մանաւանդ՝ նախընտրական արշաւի ընթացքին խոստումներով կը շռայլուի՝ ժողովուրդի բարօրութեան ի խնդիր, իսկ արդիւնքը կ՚ըլլայ.- «Ունայնութիւն, ունայնութեանց»:
Մարդու ծնունդէն, հազուադէպ եղած են բացառիկ կարողութեամբ տէր մարդիկ, որոնք ուզած են ուղղել ժողովուրդը իրենց ցուցմունքներով, ուսուցումով, որոնք յետագային փիլիսոփայութիւն կամ ընկերաբանութիւն, կամ կրօնք անուան տակ ընդունուած ու հաստատուած են: Այդ ռահվիրաները նկատած են թէ ինչքա՜ն եւ ինչե՜ր կան նկատողութեան եւ փոփոխութեան արժանի, որպէսզի մարդկայինը բարձրանայ կենդանական-անասնականէն, մարդ-կայնականի՛ն, բանականին, որպէսզի կարենանք շիտակ գիծ ունենալ, փոխանակ՝ ծուռի: Ճիշդ այդ պատճառաւ տակաւին կը վերյիշենք հինէն եկած մեզի վեհ եւ մաքուր, մարդկայնական մտածողներու մասին, կ՚որդեգրենք ու կը փորձենք նպատակ ունենալով աւելի՛ բարձրի, աւելի՛ մարդկայնականի, յանուն ընդհանուրին: Սակայն, դժբախտութիւնը հոն է որ, անոնք կը մնան գիրքերու մէջ, կամ եթէ բարձրաձայնը-ւին, ժամանակաւորապէս կը հնչեն ու չեն ըլլար տիրական:
Հասնիլ բարձր մակարդակի, սանձելով բնազդայինը ինչ որ անբաւարար է ընդհանուրին համար: Ու «քաղաքը» կը մնայ ծուռ:
Կարելի չէ թէեւ անտեսել նաեւ հազարամեակներու ընթացքին եղած յառաջդիմութիւնը, եթէ ոչ համայն աշխարհի տարածքին, գէթ մէկ մասին, ուր այլեւս չկայ գերեվաճառութիւն նախկին իմաստով, չկան շղթաներ, նախկին իմաստով, քանի որ եթէ ձեւերը փոխ-ւած են, խորքը կը մնայ նոյնը: Քանի՜ անգամներ ազդարարութիւն եմ տեսած, նոյնիսկ կրնամ սպառնալիք որակել, երբ գործատէրը կը բռնանայ յաւելեալ ժամ աշխատիլ չուզելուս պատճառաւ: Պերդրանտ Ռասըլ ալ կը գրէ նոյն երեւոյթի մասին, թէ՝ «հիմա պաշտօնեան ազատ է գործէ հրաժարելու, գերեվարուելու համար այլ գրասենեակ»: Նիւթական շղթաները փոխարինուեցան… օրէնքով: Ուստի տակաւին «ծուռ» քանակէն շիտակ գիծի չենք կրնար սպասել:
«Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ»: (Ժող. Ա:15) գրուած է ու երթը կը շարունակուի: Հին կտակարանէն հասնելով նորին: «Եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան» (Ղուկաս Գ:5): Այս՝ տեսլականն է ի հարկէ… երկու հազար տարուան հնութիւն, յուսադրիչ, անտարակոյս եւ սակայն… գիրքերու մէջ միայն գուցէ երբեմն քարոզներու բնաբան, եւ հատուկենտ ընկերութիւններու, որոնք կը փորձեն մեղմել անկարին ցաւերը, բայց երբ խորքը կը մնայ անփոփոխ, ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը մնայ տառապեալ ու կեանքը՝ հացի պայքար:
Ուստի տակաւին ի զօրու է, «Զհաց մեր հանապազորդ»ը խնդրել Տիրոջմէ, աղօթքի միջոցաւ: «Հաց», այսինքն՝ առօրեայ կարիքները: Եւ աշխատինք ու պայքարինք, որ «ծուռը շտկուի», որպէսզի «խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ ըլլան»:
Բայց որքա՜ն քրտինք, ջանք ու աշխատանք պէտք է, առաւել՝ ժամանակ գուցէ եւ … յաւիտեան:
Վերջին հաշուով, փախուստը վերջնական լուծում չէ եւ չի կրնար ըլլալ:
«Ամենէն հեռու ճանապարհը, առաջին քայլէն կը սկսի» (Չինական):
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան