ՈՍԿԷ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԸ…

Հայրենիքի անկախութենէն ետք, 21 սեպտեմբեր 1991, համայն հայութիւնը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ապրեցաւ անկախ ըլլալու բերկրանքը։

600 թշուառ տարիներէ ետք մենք ունեցանք մեր երազած հայրենիքը, բարձրացաւ մեր դրօշը։

Ստեղծուեցան նախարարութիւններ իրենց արժանի կամ ոչ արժանի նախարարներով։ Ոմանք շատ կարճ նախարարեցին, յաջողեցան եւ ձախողեցան, բայց ահա 2008-ի հոկտեմբեր 1-ին բաւական ուշացած ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, թերեւս ուշացած չէր, որովհետեւ պէտք է ունենար իր արժանի նախարարը, որ ոչ միայն պիտի կազմակերպէր, այլեւ ստեղծէր նախարարութիւնը իր տեսլականով, ծրագիրներով, գործունէութեամբ։

Ան սովորական նախարարութիւն մը չէր, ան սփիւռքի շունչը պիտի ըլլար հայրենիքի մէջ, եւ այդ շունչը պիտի տար այդ նախարարութեան տեսլականը ունեցող անձ մը, որ հակառակ Հայաստանի ծնունդ ըլլալով՝ սփիւռքը իր մէջ ծնած եկաւ գրաւելու այդ շատ բարդ աթոռը։

Ի տարբերութիւն միւս նախարարութիւններուն, տասը տարիներու ընթացքին Սփիւռքի նախարարութիւնը ունեցաւ մէկ կարող, նուիրուած եւ անխոնջ աշխատող նախարար մը։ Ան ոչ միայն դիւանագիտութեամբ, այլեւ կանացի բացառիկ ճկունութեամբ զբաղեցուց այդ շատ նուրբ, զգայուն բայց եւ խրթին աթոռը։

Սփիւռքին հետ աշխատիլ բոլորս լաւ գիտենք, որ դիւրին գործ չէ։ Եթէ հայրենաբնակները մեծցած էին մէկ դրօշի տակ, սփիւռքը ունէր համայնքներ՝ Ամերիկա, Եւրոպա, Միջին Արեւելք եւ այլ երկիրներու մէջ, որոնք իրենց կարգին բաժնուած էին աւանդական եւ այլ կուսակցութիւններու։

Շատեր կասկածանքով նայեցան, ուրիշներ՝ նախանձով, ոմանք խանգարել ուզեցին ու փորձեցին իրենց զրպարտութիւններով, բամբասանքներով եւ չարամտութիւններով, նոյնիսկ հեգնանքով, ծաղրանքով մօտեցան այդ մեծ գործին։ Սակայն տասն տարիներու աշխատանքը ցոյց տուաւ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ոչ միայն արդարացուց իր գոյութիւնը, այլ ձգեց միասնութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւն։

Անձնապէս ես՝ խանդավառ էի առաջին օրէն։ Սովետական Հայաստանը ունէր Սփիւռք կոմիտէ, որ քաղաքական պատճառներով սահմանափակ գործունէութիւն կը տանէր։ Սակայն խանդավառութեանս զուգահեռ մտահոգ էի, թէ ինչպէ՛ս ի մի պիտի գար պառակտուած սփիւռքը իր կուսակցութիւններով եւ…

Պատասխանը չուշացաւ…

Պատասխանը ամփոփուած էր անուն-մականունի մը մէջ…

Հրանուշ Յակոբեան։

Հրանուշ Յակոբեանը այն ճիշդ անձն էր, որ հակառակ խորհրդային տարիներուն իր ստացած կրթութեան, մեծ դիւանագիտութեամբ պիտի կրնար առանց կողմնապահութեան ի մի բերել ո՛չ միայն աւանդական կուսակցութիւնները, այլ՝ տարբեր համոզումներու, գաղափարներու եւ քրիստոնէական յարանուանութիւններու բաժնուած սփիւռքը։ Սփիւռք, որ ճանչնալով ու հաւատալով իր հայրենիքին՝ դեռ միասնական աշխատանքի տեսիլքը չունէր, ի՞նչ ճամբով պիտի հասնէր անոր։ Այդ Ոսկի կամուրջը հանդիսացաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը։

Սփիւռքի նախարարութեան անխոնջ նախարար տքթ. Հրանուշ Յակոբեանը այդ կամուրջին ճարտարապետն է, որ ստեղծեց ու տարաւ ահռելի մեծ եւ յոգնատանջ աշխատանք տասն տարի ղեկավարելով եւ ինչու չէ դիմանալով։ Եթէ պէտք էր առտուան եօթին այնտեղ գտնուիլ եւ եթէ պէտք էր գիշերուան տասնմէկին դուրս գալ նախարարութենէն։

Ան իր կազմակերպած ու նախագահած գիտաժողովներով, համագումարներով, հանդիսութիւններով, շնորհանդէսներով, ցուցահանդէսներով եւ մանաւանդ փառատօներով ի մի բերաւ սփիւռքի սփռուած մտաւորականները, հոգեւորականները, գիտնականները, բժիշկները, փաստաբանները, իրաւաբանները, ցեղասպանագէտները, լրագրողները, արուեստագէտները, արհեստագէտները, գործարարները, բարերարները։ Մէկ խօսքով կազմակերպեց ու միասնութեան եւ միասնական աշխատանքի շունչ տուաւ սփիւռքին։ Խանդավառ էր սփիւռքահայութիւնը, հակառակորդ երկիրներու մէջ ապրող հայորդիներս հայրենի երկինքին տակ հանդիպեցանք, միասին աշխատեցանք օգնելու թէ՛ Հայաստանին եւ թէ սփիւռքին… Նախարարը ճկունութիւնը ունեցաւ իւրաքանչիւրին իր մասնագիտութեամբ կապելու հայրենիքին… «Հայրենիքին նուիրեալները իր աչքին լոյսն էին» ինչպէս յաճախ կրկնած է նախարարուհին։

Սփռուած սփիւռքահայը հայրենիքի մէջ բռունցք կազմեց, մէկ եղաւ։

Եւ աւելին…

«Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին (2008-2018 թթ.)» Հրանուշ Յակոբեան

Բազմածաւալ այս հատորները իրենց մէջ կ՚ամփոփեն տասը տարիներու անխոնջ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք. աշխատանք, որ դարձաւ պատմութիւն եւ Ոսկէ կամուրջը ոսկի տառերով դաջուեցաւ մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան Ոսկեշրջան մըն է սփիւռք-հայրենիք միասնական աշխատանքի։

«Իւրաքանչիւր հայ ով գիտակցում է իր ազգային ինքնութիւնը, պարտաւոր է դառնալ հայապահպանութեան զինուոր ու նուիրեալ, գոնէ իր ընտանիքում»։ Այս է Հրանուշ Յակոբեանի սկզբունքը հայապահպանման մեծ գործին մէջ եւ նախարարութիւնը դարձուց իր մեծ ընտանիքը, որուն անդամներով՝ աշխատողներով նուիրուեցան այս սրբազան գործին։ Ան լաւ կը ճանչնար, թէ ո՛վ ի՛նչ կարողութեան եւ շնորհի տէր է, եւ այդպէս կը բաժնէր աշխատանքները։ Անոր համար ունեցաւ իր ժրաջան կազմը, որոնք նոյնպէս նուիրեալներ էին։

- Եթէ պատրաստ էք գիշերն ու ցերեկը իրար խառնած աշխատելու՝ վաղը գործի անցէք։

- Եթէ նուիրեալ չէք՝ այստեղ գործ չունիք։

Ասոնք աշխատանքի ընդունման երկու կարեւոր նախադասութիւններն էին, ինչ որ անպայման պիտի կրկնէր նախարարուհին իւրաքանչիւր աշխատանքի դիմողի։

Բնականաբար մեծ մտահոգութիւն էր, թէ աշխարհայնացման այս դարուն ինչպէս պիտի պահուի սփիւռքը։ Հրանուշ Յակոբեանի բոլոր գործունէութիւնները կը յանգէին հետեւեալ կէտերուն վրայ։-

- Կանգուն պահելու համար հայ ընտանիքը պէտք է պահել լեզուն, հաւատքը, մշակոյթը, որպէսզի օտար բարքերը մուտք չգործեն անկէ ներս։

- Հայ մշակոյթի իմացութիւն, պահպանում եւ տարածում։

- Սերտ գործակցութիւն Հայ Եկեղեցիին հետ։

- Աշխատանքներ սփիւռքի համայնքներուն հետ։

- Համախմբման կոչ։

- Հայրենադարձութեան ծրագիր։

Այս բոլորին իրականացման համար պէտք էր անվերապահ վստահութիւն նախարարութեան հանդէպ։ Այդ վստահութիւնը իր գործունէութեամբ ապահովեց Յակոբեանը եւ Սփիւռքի իախարարութիւնը դարձաւ ո՛չ միայն իր տունն ու ընտանիքը, այլ՝ բոլորինս։

Իսկ հայրենիքը տուն դարձնելու համար կարեւոր էր գործը սկսիլ նոր աճող սերունդներով։ Ստեղծուեցաւ «Արի տուն» սքանչելի ծրագիրը, որն ունեցաւ իր փայլուն արդիւնքը։ Պարման-պարմանուհիներն ու երիտասարդ-երիտասարդուհիները արցունքախառն կը բաժնուէին հայրենիքէն իրենց սիրտը ձգելով այնտեղ։ Խոստանալով շուտով վերադարձ։ Հասկնալով թէ իսկական տունը աւազի վրայ չի կառուցուիր։ Այդ ծրագիրով իրարու հանդիպեցան դարձեալ հակառակորդ երկիրներու մէջ ապրող հայորդիներ եւ հայուհիներ, սիրահարուեցան հայրենի երկինքի տակ, ընտանիք կազմեցին եւ բոյն հիւսեցին հայրենիքի մէջ։

Մշակոյթի մեծ դերը՝ խանդավառելու ու դէպի հայութիւն բերելու ինչպէս նաեւ մեր մեծերը ծանօթացնելու նպատակով՝ օտար երկինքներու տակ մեծցած մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, կազմակերպուեցան «Իմ Հայաստան», «Կոմիտաս» փառատօները։ (…)

Քաղաքական տարբեր հոսանքներ կու գան ու կ՚երթան, սակայն գործեր կան, որոնք կոթող կը դառնան պատմութեան մէջ։ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր տեսակով կոթող մըն է հայոց պատմութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդին արգանդը շատ մեծութիւններ ծնած է ամէն գետնի վրայ։ Կարեւոր տեղ ունին հայ կանայք, որոնք իրենց բնածին կարողութիւններով եւ ճկունութեամբ պատմութիւն կերտեցին։ Պիտի չանդրադառնամ հինէն եկող հայ կանանց դերերուն եւ գործունէութիւններուն մասին։ Կ՚ուզեմ միայն յիշել 20-21-րդ դարերու նշանաւոր կանայք, որոնք անձնապէս մեծ տպաւորութիւն ձգած են վրաս, անոնք ծնունդն ու խտացումն են դարերէն եկող մեր ազնուագոյն տիկիններուն։

Իմ իտէալները մի՛շտ եղած են հայ արժանի թագուհիներ եւ նոյնքան արժանի հայ կին գրողներ ու գործիչներ։

Զապէլ Եսայեան, Սիլվա Կապուտիկեան, երկուքն ալ գրող, արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակախօս, գրականագէտ, թարգմանիչ, մեծ հայեր, ըմբոստ հոգիներ, համարձակ ու ինքնավստահ հայ տիկիններ։

Տքթ. Հրանուշ Յակոբեան, մաթեմատիկոս, դասախօս, քաղաքական գործիչ, սփիւռքի նախարար, նոյնպէս եւ նոյնքան մեծ ու նուիրեալ հայ, համարձակ ու ինքնավստահ։

Սրտանց կը շնորհաւորեմ տքթ. Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին (2008-2018 թթ.)» երեք հատորներով ծաւալուն գիրքերը, որոնք պիտի դառնան դասագիրք եւ ուղեցոյց Հայաստան-սփիւռք յետագայ զարգացման ճանապարհին։

ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, փետրուար 2024

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024