Խաղաղ Օրերու Յուշերէն…
Մանկութեանս տպաւորուած եմ մեր գիւղի հին ու պատմական քանի մը կառոյցներով, որոնցմէ մէկը Քեսապի Ժողովրդային տան հին շէնքն է իր տախտակամած սենեակներով, քարէ սեպ աստիճաններով՝ երկու կողմերուն տախտակէ բազրիքներով՝ տպաւորուած եմ նաեւ դպրոցովս՝ Հայ աւետարանական նահատակաց վարժարանի հին շէնքի կառոյցով: Պատմական մեծ արժէք ունեցող երկու կառոյցներուն աստիճանները, որոնք մինչեւ այսօր իրենց յետին մանրամասնութեամբ յստակօրէն կը տեսնեմ աչքիս առջեւ, շատ բարձր ու դժուար թուացած են ինծի: Փոքր տարիքիս վախով ու խորհրդաւորութեամբ բարձրացած եմ երկու վայրերը, որոնք սերունդներու հայեցի կերտման ու դաստիարակութեան կարեւոր կեդրոններ եղան ու կը շարունակեն ըլլալ:
Դպրոցս իւրայատուկ կառոյց մը ունէր: Շէնքի մէջտեղի հատուածին երկու կողմէն ծայր առած աստիճանները կը միանային որոշ բարձրութեան մը վրայ, ապա լայն քարէ աստիճանները կ՚առաջնորդէին դեռ աւելի բարձր, դէպի դասարաններ, ուսուցչարան, տնօրէնութիւն եւ այլն: Սենեակները ունէին հաստ պատեր, շատ բարձ առաստաղ ու տախտակէ բարձր ու լայն դռներ, որոնց երկաթեայ բանալիները զարմանալիօրէն մեծ էին, կարծես՝ հեքիաթային աշխարհէն եկած ըլլային: Երեք աստիճաններուն միացած հատուածին տակ կար կամարաձեւ շինուածքով խոնաւ եւ հողոտ անցք մը, ուր արեւի ճառագայթները գրեթէ չէին հասներ: Հոն կար հաստաբուն ձիթենի մը, որուն չորցած հատիկները երբեմն կը խանգարէին տղոց գնդիկի խաղերը, որոնք տեղի կ՚ունենային միայն այդ աստիճաններուն տակ: Տղաքը մեզ՝ աղջիկներս, չէին խաղցներ գնդիկ, ուստի կը բաւարարուէինք դիտելով:
Դպրոցին բարձր կարգերու աղջիկները կը նստէին լողի ճերմակ քարերուն վրայ, որոնք զետեղուած էին դպրոցին բակը եզերող ցանկապատերուն տակ: Մենք՝ փոքրերս միշտ ալ կը հետաքրքրուէինք, թէ ի՛նչ կը խօսէին մեծ աղջիկները՝ քով-քովի նստած՝ այնուամենայնիւ, կը շարունակէինք վազվզել մեր աչքին շատ մեծ երեւցող դաշտին մէջ՝ առանց յոգնելու, մինչեւ զբօսանքին աւարտը, որ կ՚իմացուէր ձեռքի բաւական մեծ զանգակով. որքա՜ն շոյուած կը զգար այն աշակերտը, որուն երբեմն հսկիչ ուսուցիչը հնչեցնել կու տար այդ պատմական զանգը: Ու դեռ կը յիշեմ առտուան խիտ ու կարգապահ շարքերը աշակերտներուն, որոնք հերթով պաշտամունքի կը մտնէին: Պաշտամունքին վայրը երկյարկանի անջատ կառոյց մըն էր դպրոցի շէնքին դիմաց: Հոն զետեղուած էր դաշնամուրը, որու մեղեդիներուն հետ ամէն առտու կը բարձրանային մեր զիլ ձայները՝ «Լսած եմ ես Փրկչի մը սէր», «Հաց ձգէ ջրոց երեսը», «Ուրախ սրտով» եւ շատ ուրիշ երգեր: Պաշտամունքի ընթացքին խորհրդաւոր էին նաեւ հայոց պատմութեան դասերը: Դեռ մինչեւ այսօր յստակ կը տեսնեմ Տիկին Վարսենիկ Մկրտիչեանը, որ ամէն առտու խնամքով կը բանար քարտէսները եւ կը պատմէր… անոր ձայնը ամէն բանէ առաջ հայոց պատմութիւնը յարգել սորվեցուցած է մեզի: Քար լռութիւն կը տիրէր այդ պահուն: Հետաքրքրականը այն է, որ միայն քանի մը տարի առաջ իմացայ, որ կրթութեան նախարարութիւնը արգիլած էր հայոց պատմութեան դասաւանդութիւնը հայկական վարժարաններուն մէջ: Այս որոշումին մասին սերունդներ, առանց տեղեակ ըլլալու, տարիներով ամէն օր իրենց ազգի պատմութիւնը լսած են, քարտէսները տեսած: Հայ ուսուցիչի կամքին դիմաց անզօր են բոլոր օրէնքներն ու վճիռները: Հայ ուսուցիչին համար հնարքն ու միջոցը անպակաս եղած են բոլոր ժամանակներուն ալ:
Մեր շէնքի պատշգամէն դպրոցս իր բակով ու շէնքով յստակ կ՚երեւէր երեք տասնամեակ առաջ, իսկ այսօր ամէն տեղ բուսած շէնքերէն բան չ՚երեւիր: Վերամուտի առաջին օրը մայրս քայլերս ուղղած է դպրոց, ապա այդ պարտականութիւնը վստահած է երկրորդ յարկի մեր դրացի հարազատին զաւակներուն, որոնք նոյն վարժարանը կը յաճախէին: Այսօրուան պայմաններուն մէջ կարելի չէ երեւակայել նման բան, բայց այն օրերուն սովորական էր, որովհետեւ բնակիչները հարազատ տէրերն էին գիւղին, օտար ոտք չկար Քեսապ: Այն օրերուն ինքնաշարժները այնքան քիչ էին, որ մարդիկ ամէն տեղ քալելով կ՚երթային: Այն օրերուն մաքուր էր գիւղը եւ խաղաղ: Մէկ դարձուածք՝ եւ ուղիղ դպրոցին բակը կը մտնէինք, բայց թէ ինչո՛ւ ինծի համար այդ ճամբան շատ երկար եղած է ու դժուար, չեմ հասկցած: Եւ այսպէս, ամէն առտու չորս հոգիով ճամբայ կ՚ելլէինք:
-Ուշացանք: Ես դպրո՞ց պիտի հասնիմ, թէ՞ պզտիկներ պիտի կառավարեմ,- ջղային կը յարէր մեծը մէկ-մէկ ետեւ դառնալով, բայց առանց կանգ առնելու կը շարունակէր,- երկու հատը կարծես չէր բաւեր, մէկ հատ ալ աւելցաւ:
Աւելցած մէկ հատը ես էի՝ երկուքուկէս տարեկան, իսկ երեքը քոյրեր էին: Միջնեկը երբեմն կանգ կ՚առնէր ու կը սպասէր ինծի եւ իր կրտսեր քրոջ, որ հազիւ տարի մը կամ երկու մեծ էր ինձմէ, եւ որ իր վրան առած էր զիս դպրոց տանելու պատասխանատուութիւնը: Ան քայլերս համբերութեամբ ու հանդարտ կ՚ուղղէր… գուրգուրալու եւ խնամելու անբացատրելի կարողութեամբ օժտուած պիտի ըլլայ մարդ ի ծնէ, որ կարենայ իր փոքր տարիքին մէկ այլ փոքրիկ դպրոց տանիլ-բերել: Մինչեւ այսօր կը յիշեմ անոր փայլող կանաչ աչքերը, երբ «տո՛ւր ձեռքդ նայիմ» կ՚ըսէր: Իր հոգատարութեան կողքին, կար նաեւ սաստը. «Եթէ բարի չկենաս եւ խօսքս մտիկ չընես, վաղը քեզ դպրոց չեմ տանիր»,- որուն կ՚ենթարկուէի լուռ ու մունջ, ո՜վ գիտէ, յաջորդ օրը թերեւս զրկուեցայ դպրոց երթալու հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ընկերուհիիս նեցուկէն:
Դպրոցէն վերադարձն ալ ճիշդ նոյն ձեւով՝ երկու մեծերը կ՚աճապարէին, իսկ մենք դանդաղ ու անհոգ քով-քովի կը քալէինք: Առաջնորդ ընկերուհիս հազիւ կը նշմարէր քոյրերուն տուն հասնիլը, ճամբան կը թեքէր դէպի մեր շէնքի դիմացի կանաչ մարգագետինը, ուր փռուած կ՚ըլլային ապրիմ-մեռնիմ ծաղիկները գարնան: Ոչինչ կը գերազանցէր կանաչ խոտին վրայ պպզած դողդոջ ձեռքերով ծաղիկ հաւաքելու մեր հրճուանքը, որ միշտ ալ ընդհատուած էր մեր մայրերուն մտահոգ կանչով. «Աղջիկնե՛ր, ո՞ւր մնացիք»:
Այսօր այդ մարգագետինէն ափ մը հող իսկ չէ մնացած, որուն վրայ աճի գէթ մէկ ապրիմ-մեռնիմ, փոխարէնը կան հսկայ շէնքեր: Չկայ նաեւ դպրոցիս հին շէնքը իր երկար աստիճաններով, փոխարէնը կայ նորը եւ արդիականը: Այսօր հին դպրոցի աշակերտները, ուսուցիչները, տնօրէնութիւնը, ցրուած են աշխարհով մէկ, բայց անխտիր բոլորի յիշողութեան մէջ տակաւին կ՚ապրի դպրոցը իր անցեալի փառքով, ճոխութեամբ ու անբացատրելի հմայքով: Բոլորի սրտին ու մտքին մէջ տակաւին վառ կը մնայ խրոխտ Կասիոսի լանջին ճիշդ ներքեւ տասմակեակներ երգուած անոր քայլերգը.
«Սիրել զԱստուած, սիրել մարդիկ, սիրել ազգ ու հայրենիք,
Կեանքով, գործով, ծառայելով, ապրիլ այս վեհ կոչումով:
Ապրի՛ս յաւէտ, սիրո՛ւն օրրան, Հայ աւետ մեր վարժարան»…
Քառորդ դար առաջ խաղաղ էր կեանքը Կասիոսի լանջերուն, եւ մենք՝ Կասիոսի բնակիչներուն զաւակներս, հարուստ ու անհոգ մանկութիւն մը ապրելու բախտին արժանի եղած ենք… միայն քառորդ դար առաջ հոն՝ այն բարձունքներուն վրայ կեանքը խաղաղ էր ու մաքուր…
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ