«Եթէ Կ՚ուզես, Կ՚ըլլայ…»
Փետրուար ամսուն վերջին օրերուն եւ Մարտի սկիզբը կը գտնուէի Անգլիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: Ճիշդ այն օրերուն էր, երբ վրայ հասաւ այսպէս կոչուած «Արեւելքի հրէշը»: Ցուրտ եւ պաղ կլիման ոչ միայն անդամալուծեց տարածքաշրջանը, այլեւ բաւական մարդկային եւ նիւթական վնասներ պատճառեց: Ես պէտք էր ելք մը գտնէի դուրս գալու համար Պելֆասթի փակ օդային տարածքէն` հասնելու համար Պէյրութ: Դժուար էր, բայց երեւցաւ դուրս գալու լաւ միջոցը: Պելֆասթէն դէպի Փարիզ, որմէ ետք` Պէյրութ:
Շաբաթ, Մարտ 3-ին կը մտնեմ Փարիզի «Շարլ տը Կոլ» օդակայանը: Առաւօտ բաւական կանուխ կարծէք օդակայանը նոր կ՚արթննար: Հանդարտ էր ամէն տեղ եւ ամէն բան: Հասայ Ֆրանսական ընկերութեան օդանաւի մուտքի ընդունման կեդրոնները, ուր պաշտօնեանները մէկը միւսին քով եւ ազատ վիճակի մէջ կը սպասէին զիս: Ի՜նչ հաճելի է հանդարտ եւ ոչ խճողուած մթնոլորտը, երբ առջեւդ կան շատ մը պաշտօնեաններ, որոնց դէմքին ժպիտը պատրաստ է քեզ ընդունելու:
Կ՚երեւի միայն ետքը պիտի անդրադառնայի եւ կամ գիտակցէի, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պատահականութիւնը զիս մղեց, որպէսզի անցնիմ այն կարգին, որուն ետեւ աշխոյժ ժպիտով երիտասարդ օրիորդ մը զիս ընդունեց:
Փարիզ էի: Պատշաճ էր, որ տեղական լեզուով բարեւէի: Չուշացաւ իմ կողմէս «պոնժուրը» եւ անցագիրս յանձնեցի օրիորդին:
Երիտասարդ պաշտօնեայ օրիորդը նայեցաւ անցագիրիս եւ գլուխը վեր առնելով` ինծի ըսաւ. «Կրնաս նաեւ բարի լոյս ըսել»:
«Աղջի՞կ…», եղաւ իմ շատ արագ պատասխանս… Չեմ գիտեր, եթէ իմ արագ արտայայտութիւնը առանց անդրադառնալու էր, բայց զգացի, որ թօթափած էի պաշտօնական հանգամանքը եւ դուրս եկած էի զսպուած եւ կաղապարուած այդ մթնոլորտէն` Փարիզի օդակայանին մէջ: «Մայրենիով» սկսած մեր զրոյցը ստացաւ բարեկամական եւ հաղորդական հիմք:
«Իմ մականունս Թաշճեան է». ըսաւ ան:
Եւ չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց նոյնքան արագ եկայ հաստատելու, որ ան պէտք էր ըլլար Պէյրութէն կամ Կիպրոսէն:
«Շատ հաւանաբար Լիբանանէն կամ Կիպրոսէն եկած էք», ըսի իրեն` փորձելով կամրջել Թաշճեան ընտանիքներու իմ ծանօթութիւններս մեր այս շրջաններուն մէջ:
«Ինչու միայն Լիբանանէ՞ն եւ Կիպրոսէ՞ն մէկը կրնայ ըլլալ», եղաւ իր հաստատ պատասխանը:
Կը զրուցէի ինքնավստահ, խելահաս եւ համարձակ հայուհիի մը հետ:
«Հայրս Հալէպ ծնած է», շարունակեց ան: «Պատանի տարիքին` տասնմէկ տարեկանին, եկած է Ֆրանսա»:
Ճիշդ էր: Ես պէտք էր կարենայի տեսնել եւ կռահել, որ Թաշճեան ընտանիքէն ալ ծանօթութիւններ ունիմ Հալէպի մէջ: «Մայրս քեսապցի է` Սարգիսեան ընտանիքէն եւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Վեհափառին զարմիկն է», շարունակեց ան հպարտ ու հաստատ հայերէնով:
«Զարմիկներ…»: Մեր զրոյցին մէջէն սկսած էի տեսնել, որ կը խօսիմ երիտասարդ օրիորդի մը հետ, որ ոչ միայն հպարտ հայ է, այլ նաեւ բաւական լաւ տիրապետած է մայրենիին: Ան չգործածեց «քուզին» կամ «քուզեն» ֆրանսերէն արտայայտութիւնները, ինչ որ թերեւս կրնար շատ աւելի դիւրին ըլլալ իրեն համար…
«Ես Ֆրանսա ծնած եմ, բայց շատ փափաք ունէի այցելելու Սուրիա` իմ ծնողքիս ծննդավայրը,- ըսաւ ան.- Բայց կարելի չեղաւ. հիմա ալ քիչ մը ուշ է»: Իսկ «ուշ»ով ան կ՚ակնարկէր անշուշտ Սուրիոյ ներկայ օրերու քաղաքական եւ պատերազմական վիճակին:
«Իմ ալ ծնողներս հալէպցի են,- եղաւ իմ մասնակցութիւնը այս զրոյցին.- բայց ես Պէյրութ ծնած եմ»:
Այս բոլորէն անդին կար մէջս հարցում-հետաքրքրութիւն մը, որ ուզեցի ուղղել երիտասարդ Թաշճեանին: Բաւական ծանօթութիւն ունիմ ֆրանսահայ իրականութեան հետ եւ գիտեմ նաեւ, որ մայրենիին գործածութիւնը գաղութին մէջ տեղքայլի մէջ է, մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին պարագային: Իսկ իմ առջեւս կեցած էր Ֆրանսա ծնած երիտասարդ հայուհի մը, որ մեր խօսակցութեան ընթացքին ոչ մէկ օտար բառ գործածեց…:
«Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ Ֆրանսա ծնած ես եւ լաւ հայերէն կը խօսիս», եղաւ իմ հետաքրքիր ու դիպուկ հարցումը:
Երիտասարդ Թաշճեանի երեսին վրայ գծուեցաւ ժպիտ մը: Նոյն այդ ֆրանսական ընկերութեան պաշտօնեայի հանգամանքի «պարտադրուած» ժպիտէն շատ աւելի անդին էր… Սկսած էի աւելիով տեսնել Թաշճեանին հայկական ինքնավստահութիւնը եւ հպարտութիւնը իր դէմքին վրայ: Եւ իմ հարցումին ան դրաւ իր պատասխանը, որ դարձաւ ինծի համար մարտահրաւէր. «Եթէ կ՚ուզես, կ՚ըլլայ», ըսաւ ան:
Պատասխանը շատ պարզ էր եւ ունէր իր մէջ բովանդակութիւն մը, որ կ՚ենթադրէր անձնական պատասխանատուութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն:
Հրաժեշտ առի Թաշճեանէն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի այս հաճելի հանդիպումին համար, բայց մէջս կար մէկ շատ կարեւոր հարցում. «Ո՞վ է, որ պիտի ուզէ…»:
«Մայրենի»ին օրուան առիթով կային ուղերձներ եւ արտայայտութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ըսաւ. «Հայոց լեզուն` հայ ինքնութեան ու ազգային միաբանութեան առաջնային գրաւականն ու հայապահպանութեան հիմնասիւնը, ուծացման վտանգի դէմ զօրեղ վահանը»: Եւ նոյնքան հետաքրքրական էր նաեւ Սեւան Տէյիրմենճեանին արտայայտութիւնը. «Լեզուն կենդանի է դիմադրութեամբ»:
Բայց կայ տակաւին իմ հարցումը: Ո՞վ է, որ պիտի ուզէ «ուծացման վտանգի» դէմ կենալ, եւ ո՞վքեր են անոնք, որոնք պիտի ու պէտք է «դիմադրեն»` լեզուն կենդանի պահելու գրաւականին ի խնդիր…
Փարիզ ծնած ու հոն ապրող Թաշճեանը գտած է եւ ունի պատասխանը: «Ինքն է, որ ուզած է»: Եւ ինքը իւրաքանչիւր հայն է: Ես եմ, դուն ես եւ` բոլորս: Բոլորս եթէ «ուզենք», «կ՚ըլլայ», եւ կը պահուի «մայրենին»:
Օդանաւի դրան մուտքին նոյն ընկերութեան այլ պաշտօնեայ մը փոխարինեց իմ նստելու աթոռիս թուղթը եւ տուաւ ինծի առաջին կարգի տեղ: Ինծի համար քիչ մը տարօրինակ էր: Լիբանանեան մեր օդանաւային ընկերութեան հետ միշտ ալ ունեցած եմ այս փորձառութիւնը, քանի յաճախ կը ճամբորդեմ իրենց հետ: Բայց` ոչ ֆրանսականին հետ: Եւ դժուար չեղաւ հետեւցնելը… Թաշճեանն էր… Հայկական ծանօթութիւնը, որ սկսած էր Փարիզի օդակայանին մէջ, եւ որ ջերմացաւ մեր մայրենիին հաղորդակցութեամբ: Հոն, ուր երկու հայեր կրցած էին զիրար աւելի լաւ ճանչնալ, բայց նաեւ՝ հաղորդակցիլ:
Եւ եթէ «հայուն ինքնութիւնը եւ ազգային միաբանութիւնը» պիտի պահպանենք, այս պիտի նշանակէ, որ նաեւ պիտի պահպանենք «հայոց լեզուն»: Եւ «մայրենիին» պահպանումը մեծապէս պիտի օգնէ, որպէսզի հայը աւելի լաւ կրնայ հասկնալ «միւս» հայը: Բայց «հայոց լեզուն» պահելու համար պէտք է «դիմադրութիւն»: «Դիմադրութիւնը» նախ եւ առաջ անձնական ընտրանք է… Իմ ընտրանքը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:
«Եթէ կ՚ուզես, կ՚ըլլայ»:
Երիտասարդ Թաշճեանը «ուզած» է… Ան Փարիզի օդակայանին մէջ ապացուցեց, որ «կ՚ըլլայ» եղեր… որ «մայրենին» կը պահուի, եթէ ուզես…:
Եւ ուզո՞ղը: Պէտք է ըլլամ ես, դուն եւ` բոլորս:
Թաշճեանին ընտրանքը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:
«Մայրենիին» պահպանումը…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ