ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

ԺԲ.

Ի՞ՆՉԸ Կ՚ՈՉՆՉԱՑՆԷ ՊԱՔԹԵՐԻԱՆԵՐԸ

Մանրիկներուն ամենէն մեծ թշնամիները՝ մաքրութիւնն ու լոյսն են:

Եւ, իրապէս, անոնք կ՚աճին խոնաւ, մութ եւ աղտոտ տեղերու մէջ, այն ինչ չոր, մաքուր եւ արեւշատ տեղերու մէջ կը կոտորուին, կը փճանան: Արեւը, յատկապէս, կը կործանէ զանոնք: Խոլերիայի եւ տիֆի պաքթերիաները նոյնիսկ, քանի մը ժամ արեւի ճառագայթներուն տակ մնալով, կ՚ոչնչանան: Կարմրուկինը, քութէշինը աւելի արագ, այսպիսով արեւը գետինը կը մաքրէ վնասակար պաքթերիաներէն (գոնէ վերի շերտերը):

Այսպէս, արեգակին ճառագայթները ուղղակիօրէն կը սպաննեն մանրիկները: Սակայն, հասարակ լոյսն ալ կ՚ազդէ անոնց վրայ, անշուշտ թէ, աւելի դանդաղ կերպով:

Մաքրութիւնը վնաս է պաքթերիաներուն, որովհետեւ մաքուր տեղերու մէջ անոնք կերակուր չեն գտներ իրենց համար եւ կը կոտորուին:

Չափազանց տաքութիւնն ու սառնութիւնը նոյնպէս կը սպաննեն զիրենք:

Անոնցմէ շատերը կ՚ոչնչանան, երբ ջուրին մէջ կ՚եռացնենք: Օրինակ, եթէ հիւանդին սպիտակեղէնը ջուրին մէջ լաւապէս եռացնենք, անոր վրայի մանրիկները կը փճանան:

Անոնք նոյնպէս կ՚ոչնչանան ջուրի գոկորշիին մէջ:

Սառնութիւնը բազմաթիւ հիւանդաբեր մանրիկներ կը սպաննէ, սակայն ո՛չ բոլորը: Քանի մը տեսակները կրնան նոյնիսկ ձիւնին եւ սառոյցին մէջ ապրիլ. անոնցմէ նոյնիսկ կարկուտին մէջ գտած են:

Այնուամենայնիւ, անոնց բազմաթիւ տեսակներ ձմրան կ՚ոչնչանան, եւ այդ է պատճառը, որ վարակիչ հիւանդութիւնները ձմեռ ժամանակ ընդհանրապէս կը նուազին:

Յետոյ կան շարք մը դեղեր, որոնք կ՚ոչնչացնեն պաքթերիաները:

Ասոնցմէ ամենէն արժանը եւ ամենէն ձեռնտուն՝ կիրն է, յետոյ կու գայ ծծումբը, եւ զանազան ուրիշ դեղեր, ինչպէս են՝ կարպոլեան թթու, պորաթթու, սուլեմայ, սպիրթ եւ ուրիշներ: Ասոնց ընդհանուր անունը ախտահանիչ կամ ախտաջինջ (այսինքն՝ ցաւին թոյնը հանող ու ջնջող) դեղեր է:

Անոնց գործածութեան մասին մենք այս գրքոյկին երկրորդ մասին մէջ կը խօսինք:

ԺԳ.

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԱՆՐԻԿԸ, ԵՐԲ ՆԵՐՍ ԿԸ ՄՏՆԷ ՄԵՐ ԹՈՔԵՐԷՆ, ՄԵՐ ՍՏԱՄՈՔՍԷՆ, ԿԱՄ ՄԵՐ ՎԷՐՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ի՛նչ ճանապարհով ալ պաքթերիան մեր մէջ մտնէ, ան կամ կը փճանայ եւ կամ ալ կը բազմանայ ու կը լեցուի մեր արիւնին մէջ եւ կը թունաւորէ մեզ:

Շատ շատերը մեր թոքերուն մէջ կը փճանան, իսկ անոնք որոնք կերակուրի հետ կուլ կ՚երթան, կը մարսուին, կը հալին ստամոքսին մէջ:

Առհասարակ, մեր մարմինը ահագին ուժ ունի, եւ մանրիկները մեծ մասամբ կ՚ոչնչանան մեր մարմինին մէջ: Եթէ այդպէս չըլլար, ինչպէս վերը ըսած ենք, կեանքը աշխարհիս երեսէն  մէկ օրուան մէջ կը վերջանար եւ աշխարհը պաքթերիաներուն կը մնար:

Իրապէս ալ, մարդիկ երկար տարիներ առողջ կ՚ապրին, թէեւ ամէն օր հազարաւոր վնասակար պաքթերիաներ կուլ կու տան:

Գիտնական մը հաշուած է, որ մարդ օրական ամենէն քիչը 300 հազար պաքթերիա, կամ ասոնց հունտերը կուլ կու տայ եւ կը մարսէ:

Ի՞նչն է մեր պաշտպանը: Ի՞նչն է, որ կ՚ոչնչացնէ մեր մէջ մտած պաքթերիաները, որ անոնք չեն աճիր եւ չեն կրնար վնասել մեզ:

Այդ պաշտպանը մեր մարմինին հիւթերն են, մեր մարմինին մասնիկները, մէկ խօսքով, մեր ամբողջ մարմինն է:

Սակայն, մեր գլխաւոր պաշտպանը արիւնն է: Տեսնենք թէ ինչպէս:

Շատերը կը կարծեն, թէ արիւնը կարմիր հեղուկ մըն է (ջուր է): Ասիկա սակայն սխալ է:

Մէկ կաթիլ արիւն երբ դնենք մանրացոյցի ապակիին վրայ, այնտեղ կը տեսնենք, որ մէկ կաթիլ արիւնը անգոյն հեղուկէ բաղկացած է, որուն մէջ երկու տեսակի գնդիկներ կը լողան.

1. Կլոր, որոնք կարմիր ներկուած են եւ կարմիր գնդիկներ կը կոչուին:

2. Մեծ, անգոյն - սպիտակ գնդիկներ:

Եթէ կարմիր գնդիկներուն առանձին նայինք, կը տեսնենք, որ անոնք կլոր ու տափակ են դրամի պէս, իսկ իրար վրայ շարուելով՝ փոքրիկ սիւնակներ կը կազմեն:

Սպիտակ գնդիկները զանազան ձեւեր կ՚ընդունին, իրենց մէջէն թելիկներ կ՚արձակեն եւ դարձեալ ետ կը քաշուին, կարծես կենդանի էակներ ըլլան. ընդհանրապէս անոնց ձեւերը շատ փոփոխական են:

Մեր պաշտպանները այս սպիտակ գնդիկներն են: Երբ մեր որեւէ մէկ տեղը պաքերթիա կը մտնէ, ասոնք անմիջապէս երակներուն (արեան խողովակներուն) մէջէն դուրս կու գան, կը յարձակին անոնց վրայ կը լափեն զանոնք:

Արեան այդ խողովակները ցանցի նման են. ասոնք բաղկացած են արեան ամենէն մանր խողովակներէն, այնքան մանր, որ պարզ աչքով անտեսանելի են, եւ զանոնք տեսնելու համար անհրաժեշտ է կաշիի հազիւ նշմարելի մասնիկ մը վերցնել եւ դնել մանրացոյցի ապակիին վրայ: Այս խողովակները նոյնպէս արեան անօթներ կը կոչուին, որովհետեւ անոնց մէջ կը շրջի արիւնը: (Բոլորը գիտեն, որ արիւնը սիրտէն անթիւ մեծ եւ մանր խողովակներու մէջ կը լեցուի եւ մեր մարմինին բոլոր մասերուն մէջ կը տարածուի: Այդ խողովակները երակներ եւ շնչերակներ կը կոչուին): Այդ անօթներէրն դուրս կու գան բազմաթիւ մանր խողովակներ, որոնք նոյնպէս կը ճիւղաւորուին, յետոյ երկու կողմի խողովակները իրարու կը խառնուին եւ շատ խիտ ցանց մը կը կազմեն, որուն միջոցով արիւնը արագութեամբ կը շրջի:

Անօթներուն մէջ երկու տեսակներու գնդիկներէն ալ կը լողան. կարմիր եւ սպիտակ: Սպիտակները խողովակներու պատերուն կպած կ՚ըլլան, եւ անոնցմէ մի քանին եղջիւրներ կ՚արձակեն, կը ծակեն խողովակին պատը եւ դուրս կու գան. շուտով, ամբողջ գնդիկը կը սեղմուի եւ այդ աննշմարելի, չափազանց փոքր ծակոց դուրս կու գայ, իսկ յառաջացած ծակը կը փակուի:

Սպիտակ գնդիկը դուրս գալով, մանրիկին վրայ կը յարձակի եւ կուլ կու տայ զայն: Սպիտակ գնդիկը ատամներ կ՚արձակէ, կը բռնէ մանրիկը, իր մէջը կ՚առնէ եւ վերջ ի վերջոյ կը կլանէ ու կ՚ոչնչացնէ:

Պաքթերիան եթէ արեան մէջ մտնէ, այն ատեն սպիտակ գնդիկները ուղղակի կը կլանեն զանոնք:

Այս բոլորը կարելի է դիտել մի միայն խոշորացոյցով.- ասիկա կռիւ մըն է գնդիկներուն եւ մանրիկներուն միջեւ: Եթէ գնդիկները յաղթեն՝ հիւանդը կ՚առողջանայ, իսկ եթէ պաքթերիաները՝ ան կը մեռնի:

Երբեմն կռիւը կ՚երկարի, այն ատեն հիւանդութիւնն ալ կ՚երկարի, իսկ եթէ հիւանդութեան ընթացքին հիւանդը լաւ կամ վատ կը դառնայ, ատիկա ցոյց կու տայ, որ յաղթանակը կա՛մ գնդիկներուն կողմը կ՚անցնի, եւ կամ պաքթերիաներուն:

ԺԴ.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՔԹԵՐԻԱՆԵՐԸ ԿԸ ՀԻՒԱՆԴԱՑՆԵՆ ԵՒ ԿԸ ՄԵՌՑՆԵՆ ՄԱՐԴԻԿԸ

Հիմա պէտք է բացատրենք, թէ ի՞նչ կը պատահի, երբ մանրիկները բոյն կը դնեն ու կ՚աճին մեր մարմինին մէջ: Եթէ անոնք կարենան բոյն դնել մեր մարմինին որեւէ մէկ մասին մէջ, այդտեղ կ՚աճին ու կը բազմանան, յետոյ այդ բոյնէն նոր ծնած պաքթերիաները ուրիշ տեղեր կը տեղափոխուին, եւ այլն:

Թոքախտին մանրիկները նախ աջ թէ ձախ թոքին որեւէ մէկ կէտին մէջ բոյն կը դնեն ու կը զարգանան: Յետոյ այդ կէտէն անոնք բորբոսի նման թոքերու միւս մասերուն վրայ կը տարածուին եւ կամաց-կամաց կը հալեցնեն, կը փտեցնեն թոքերը:

Տիֆթերիտի պաքթերիան կոկորդին ու քիթին մէջ բոյն կը դնէ եւ այնտեղ կը զարգանայ:

Տիֆինը աղիքներուն մէջ կը մտնէ եւ այնտեղ (աղիքներուն ներսին կողմէն) խոցեր կը յառաջացնեն:

Ի վերջոյ, մի քանի հիւանդութիւններու պաքթերիաները իրենց սիրած տեղը ունին, ուր կ՚աճին եւ կը զարգանան: Բայց կան շարք մը ուրիշ հիւանդութիւններ, որոնց միքրոպը որոշ տեղ չունի, այլ՝ յանկարծ կը զարգանայ եւ ամբողջ մարմինին մէջ կը տարածուի: Հիմա տեսնենք, թէ պաքթերիաները ինչպէ՞ս կ՚ազդեն մեր վրայ:

Հիւանդաբեր պաքթերիաները իրենց համար սնունդ կը վերցնեն մարմինի այն մասերէն, ուր բոյն դրած են: Օրինակ, տիֆթերիտի պաքթերիան կոկորդի մէջ, թոքախտինը՝ թոքերուն մէջ, տիֆինը՝ աղիքներուն մէջ. անոնք ուղղակի կը ծծեն, կը հալեցնեն այս մարմինին մանրիկները: Ատկէ կը յառաջանան խոցեր, փոսեր, որոնք թարախով կը լեցուին:

Սարսափելին այն է, որ անոնք կը թունաւորեն հիւանդը, եւ ահա՛ թէ ինչպէս: Դուք գիտէք, որ այս վարակիչ հիւանդութիւնները առանց ջերմութեան չեն ըլլար: Տիֆը, քութէշը, տիֆթիրիտը, ծաղիկը, խոլերիան, թոքախտը, թոքերուն բորբոքումն ու միւսները, բոլորն ալ միշտ բարձր տաքութիւն կը բերեն հիւանդին: Հիւանդը տաքութեան հետ սարսափելի թուլութիւն, գլխացաւ, ողնաշարին եւ միւս անդամներուն մէջ ցաւ կը զգայ, ախորժակն ու քունը կը կորսնցնէ, երբեմն ալ անյուշութեան մէջ կ՚իյնայ, եւ երբեմն ալ ճիշդ այդ դրութեան մէջ ալ կը մահանայ:

Ի՞նչ պատահեցաւ. ուրկէ՞ յառաջացաւ այդ դրութիւնը. կարծես թէ հիւանդը թունաւորուեցաւ:

Ճի՛շդ է, որ ան թունաւորուեցաւ, քանի որ թէեւ պաքթերիաները միայն կոկորդին մէջ բոյն դրած կ՚ըլլան (ինչպէս տիֆթերիտի մէջ), այնուամենայնիւ կը թունաւորեն հիւանդը, որովհետեւ անոնք իրենցմէ տեսակ մը սարսափելի թոյն դուրս կը հանեն: Այդ թոյնը արիւնին մէջ կը լեցուի եւ անոր հետ մեր ամբողջ մարմինին մէջ կը տարածուի, որովհետեւ արիւնը ամէն տեղ կայ. ուր որ ասեղով ծակես՝ արիւն դուրս կու գայ: Այս թոյնը ահռելի է, անոր ամենէն աննշան մէկ մասնիկն իսկ, որ ո՛չ մէկ կշիռքով կարելի է չափել, կը թունաւորէ եւ կը սպաննէ մանր կենդանիները:

Ահաւասիկ պաքթերիաներուն վնասը: Եթէ այդ թունաւորումը չըլլար, անոնք ինքն ըստ ինքեան այդքան ալ սարսափելի չէին ըլլար մեզի համար:

Հետեւաբար, պաքերթիաներուն վնասը այն է, որ անոնք անդադար թոյն կ՚արտադրեն: Այդ թոյնն է, որ կը հիւադնացնէ ու կը սպաննէ մեզ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022