Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափարը

Կրկին Զա­տիկ է եւ ա­ւան­դու­թիւն՝ խուն­կով ու ա­ղօթ­քով: Մեր բո­լոր ա­ւան­դու­թիւն­ներն ալ ի­րենց խոր­քին մէջ մէ­կա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­ներ են. խորհր­դա­ւո՛ր: Այլ խօս­քով, ա­ւան­դու­թիւն կը նշա­նա­կէ դար­ձեալ հա­ղոր­դակ­ցիլ մե­զի ժա­ռան­գուած ան­ցեա­լին հետ: Այդ ան­ցեա­լը ան­բա­ժան մաս­նիկն է մեր կեան­քին: Ա­նոր հա­մար, Ս. Յա­րու­թեան գա­ղա­փա­րը կա­պած 
եւ ա­գու­ցած ենք մեր ազ­գա­յին կեան­քին հետ:

Կը հա­ւա­տանք, որ իր գո­յու­թեան մէջ, կեան­քը միշտ գի­տակ­ցու­թեան եւ են­թա­գի­տակ­ցու­թեան պայ­քար մը ե­ղած է մա­հուան դէմ: Տես­նուած է, թէ մարդ­կա­յին բո­լոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը նոյն այդ պայ­քա­րին ար­դիւնքն են: Իսկ գա­լով մե­զի՝ իբ­րեւ հայ, մա­հը առ­հա­սա­րակ մե­զի հա­մար ստեղ­ծա­գործ ե­ղած է: Մեր գե­րեզ­ման­նե­րը միշտ եր­կին­քով լե­ցու­ցած ենք եւ այդ­պէս ալ, իբ­րեւ մարդ՝ շա­րու­նա­կած մեր ու­րոյն մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, մեր գո­յա­տեւ­ման հետ միա­տեղ:

Զա­տիկ է եւ մա­հուան յաղ­թա­նա­կի տօն: Հա­յուն հա­մար մա­հը ու­րիշ բան է: Ա­նի­կա թէեւ ճա­կա­տագ­րա­կան վախ­ճան է, սա­կայն ի­րեն մէջ տար­բեր կա­խար­դա­կան ե­րանգ մը ու­նի: Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, մենք միշտ մեր մա­հը զար­դա­րած ենք: Մեր գե­րեզ­ման­նե­րը կա­պած ենք մեր կեան­քին:

Կ՚ու­զեմ, այս­պէս, ե­զա­կի սա­կայն հաս­տատ ինք­նա­գո­հու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ մը ը­սել, որ ե­թէ իս­կա­պէս կ՚ու­զենք լաւ ձե­ւով ըմբռ­նել Խա­ղա­ղու­թեան իշ­խա­նին յա­րու­թեան ի­մաստն ու խոր­հուր­դը, ա­պա պէտք է ար­ժե­ւո­րենք մեր կեան­քը: Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուս­տի պէտք է շա­րու­նա­կենք ապ­րիլ: Սա­կայն այս բո­լո­րին ե­տին կայ մեր ժա­մա­նա­կը ստեղ­ծե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու 
էա­կա­նու­թիւ­նը։

Ազ­գո­վին ու­նե­ցած ենք ան­ցեալ մը՝ յա­ւեր­ժա­կան, զոր միշտ կը յի­շենք տա­ռա­պան­քով, խո­նաւ­ցած աչ­քե­րով եւ զգա­ցա­կան պոռթ­կու­մով: Աս­կէ մեկ­նած, մե­զի հա­մար կեան­քը մահ ե­ղած է եւ մահն ալ կեանք:

Զա­տիկ է՝ Յա­րու­թեան հա­ւատ­քի գի­տակ­ցու­թեան տօն: Մահ, հա­ւատք եւ գի­տու­թիւն՝ պի­տի ը­սէր Զա­րեան: Մի՛շտ եր­րոր­դու­թիւն: Դա­րե­րով Փրկիչ Յի­սու­սը եւ իր խա­չը ա­րեւ դար­ձու­ցինք: Դար­ձու­ցինք նաեւ լոյս եւ յոյս: Ա­պա, մեր եր­կիրն ալ վե­րա­ծե­ցինք այդ լոյ­սի մեծ շտե­մա­րա­նին, ո­րուն ճա­ռա­գայթ­նե­րէն կախուած մնաց մեր կեան­քը: Ան­գա­մուան մը հա­մար փոր­ձե­ցէք պա­պե­րուս եր­կի­րը՝ այդ հայ աշ­խար­հը փո­րել, պի­տի տես­նէք, թէ ա­նոր տա­կէն լոյս կը ժայթ­քէ, նոր կեանք կը ծնի: Մեր եր­կինքն ու ան­հու­նը կանգ­նած են մեր լեռ­նե­րու կա­տար­նե­րուն՝ ը­սած են մեր մե­ծե­րը: Պար­տա­ւոր ենք հոն տո­կալ, վե­րապ­րի՛լ, սի­րել կեան­քը, հոն ստեղ­ծա­գոր­ծել յան­դուգն եւ ան­պար­տե­լի: Հո՛ն, այդ հո­ղին մէջ Աս­տու­ծոյ շուն­չը կայ. կրկնա­կի, կա­խար­դա­կան եւ սուրբ:

Ին­չո՞ւ սա­կայն այս բո­լո­րը… Ո­րով­հե­տեւ այս օ­րե­րուն՝ Զա­տիկ է: Մեր այս ձե­ւա­պաշտ ի­րա­վի­ճա­կէն մենք զմեզ դուրս բե­րե­լու հա­մար, ձրի հպար­տու­թեան կող­քին, միայն հրա­պոյր եւ հա­ճոյք պէտք չէ փնտռենք՝ կը թե­լադ­րեն շա­տեր… Ո­րով­հե­տեւ, ցաւ ի սիրտ, այս օ­րե­րուն մենք գրե­թէ ազ­գո­վին եւ ա­մէն տեղ կորսն­ցու­ցած ենք մեր սե­փա­կան կեան­քով գո­յա­տե­ւե­լու ձգտու­մը եւ սկսած ենք հե­տե­ւե­լու դուր­սէն ըն­դօ­րի­նա­կուած գա­ղա­փար­նե­րուն, ձե­ւե­րուն, օ­տար­նե­րուն:

Ա­հա՛ կեան­քի հեգ­նան­քը: Ար­դեօք այս մէ­կը բար­դոյթ մը չէ՞, որ մեզ միշտ կը հա­լա­ծէ: Այս վայր­կեա­նին կը զգամ, որ ցե­ղիս պատ­գա­մին թե­լադ­րան­քէն ծնունդ կ՚առ­նեն տո­ղերս:

Լա­ւա­տե­ղեակ ենք, որ հի­մա մե­զի հա­մար ա­մէն ինչ եւ ա­մէն բան պատ­մու­թիւն է, եւ այդ պատ­մու­թիւ­նը կեն­դա­նի է: Մե­զի հետ կ՚ապ­րի, կը շնչէ, կը քա­լէ, կը մտա­ծէ: Մենք ենք զինք ստեղ­ծո­ղը, մենք ենք զինք ար­ժե­ւո­րո­ղը:

Այս շա­բաթ Ա­ւագ Շա­բաթ է: Ին­ծի հա­մար, հոս հո­գե­կան կայք մը կայ, մա­հուան յաղ­թա­նա­կի տես­լա­կա­նը: Ար­դար է, որ 
վե­րագ­նա­հա­տենք մա­հուան ըմբռնու­մը, ա­նոր ե­րա­նու­թիւ­նը: Բո­լորս ալ գի­տա­կից ենք, թէ մա­հը կը մա­շեց­նէ նիւ­թը: Միայն հո­գին է, որ կը խու­սա­փի ա­նոր ճի­րան­նե­րէն: Ա­հա այս­տե­ղէն է, որ կը սկսի մարդ­կա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը: Ա­ւե­լին՝ այս օ­րե­րուն, գրե­թէ ա­մէն օր մոմ կը վա­ռենք: Հա՛յ ենք: Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մեր Աս­տու­ծոյն ջեր­մօ­րէն կրկին կը փոր­ձենք հան­դի­պիլ: Ա­նոր հետ մտե­րիմ զրու­ցել կ՚ու­զենք: Ը­սե­լիք­ներ շատ ու­նինք: Ու­նինք նաեւ ան­հա­մար եւ ա­ռաջ­նա­հերթ ակն­կա­լու­թիւն­ներ: Ուս­տի կը փոր­ձենք ի խո­րոց սրտի ա­ղօ­թել ա­մէն բա­նի հա­մար եւ ա­մէն բա­նի մա­սին:

Զա­տիկ է եւ հրաշ­քի յաղ­թա­նա­կի օր: Պէտք է զգալ ան­ցա­ւորն ու աս­տուա­ծա­յի­նը եւ ա­պա մեծ­նալ: Հա­ւատք է պէտք, թէ՛ տո­կա­լու եւ թէ վե­րապ­րե­լու կամք: Խո­րունկ բան մը կայ այս տօ­նին մէջ: Եր­կիւ­ղած եմ: Մենք տա­ռա­պած մար­դիկ ենք՝ կը մտա­բե­րեմ: Մեր գո­յու­թիւ­նը միշտ մարտ ե­ղած է: Մենք նման ենք ջու­րին, բնու­թեան: Մեր ճա­կա­տա­գի­րը մեր պատ­մու­թիւնն է: Միւս կող­մէ, սա­կայն, ե­րազ ու­նե­ցող մար­դիկ ալ ենք:

Լռու­թեամբ կը կար­դամ այս բո­լո­րը: Ա­նոր հա­մար կ՚ու­զեմ տես­նել նոր հա­յը: Իսկ ե­թէ գտնեմ, ես իմ ե­րա­զին յաղ­թած պի­տի ըլ­լամ: Այս բո­լո­րը՝ իմ խոր զգա­ցու­մով եւ հա­ւատ­քով: Ուս­տի, Էա­կա­նը տո­կալն է: Չեմ ու­զեր տես­նել, թէ ան­փո­խա­րի­նե­լի
 բան մը փլած է մեր հո­գի­նե­րուն մէջ, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը մա­հա­ցու է:

Զա­տի­կը Սուրբ Յա­րու­թեան տօնն է:

Կը հա­ւա­տանք եւ միշտ հա­ւա­տա­ցած ենք մեր ազ­գի յա­րու­թեան: Մեր պայ­քա­րի զէն­քը մեր ո­գին եւ ապ­րե­լու կամ­քը ե­ղած է: Ա­ռա­ւել, իր ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող ղե­կա­վա­րը ե­ղած է: Նաեւ՝ մեր գա­լի­քին հա­մար նոր ճամ­բա­ներ եւ լոյ­սեր ո­րո­նո­ղը, ժա­մա­նա­կը եւ մեզ նոյ­նաց­նող մեր յա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քը: Ժա­մա­նակն է ան­պայ­մա­նօ­րէն թօ­թուե­լու մեր էու­թիւ­նը: Վե­րագ­նա­հա­տու­թեան են­թար­կե­լու մեր կեան­քը, որ­պէս­զի ծնի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու նոր հա­յու­թիւ­նը: Այն հա­յու­թիւ­նը, որ իր ցե­ղի ա­ւա­զա­նին մէջ մկրտուած էր:

Զա­տիկ է՝ ը­սի: Հրա­մա­յա­կան է, որ վե­րա­նո­րո­գուինք, կրկին ծնինք: Մեր պա­պե­նա­կան հո­ղէն բա­ցի յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան չհա­ւա­տանք:

Զա­տիկ է… Կը կար­ծեմ, որ ժա­մա­նա­կը ե­կած է, որ ազ­գո­վին մեր պատ­մու­թիւ­նը կրկնենք՝ յա­րու­թեան շուն­չով:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017