ՍՐՏԻԴ ՏԱԽՏԱԿԻՆ ՎՐԱՅ Ի՞ՆՉ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՍ

«Սիր­տը տախ­տակ ու­նի՞»։ Ան­կաս­կած չու­նի, երբ ան կա­պուած է մար­դուս ֆի­զի­քա­կան կազ­մուած­քին հետ։ Վե­րո­խո­րագ­րեալ հար­ցում-մա­կա­գի­րը սոսկ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան բնոյթ ու­նե­ցող եւ կամ աս­տուա­ծաշն­չա­կան հա­մար­նե­րէն պո­կուած հար­ցադ­րում մը չէ, այլ՝ կեան­քէն առ­նուած եւ մար­դուս նպա­տա­կաուղ­ղուած հար­ցաքն­նու­թիւն մը։

Բնու­թեան մէկ տար­րե­րէն ե­ղող տախ­տա­կը, որ իր իս­կու­թեա­նը մէջ ծա­ռէն յա­ռաջ ե­կած է, վա­ղուց ծա­ռա­յած է բա­զում նպա­տակ­նե­րու. ա­նով կա­ռու­ց-ւած են բնա­կա­վայ­րեր, դղեակ­ներ, կա­մուրջ­ներ, կա­հոյք­ներ եւ այն­պի­սի գե­ղա­տե­սիլ կա­ռոյց­ներ, ո­րոնք ձե­ւա­կեր­պուած են նոյ­նինքն մարդ ա­րա­րա­ծին կող­մէ։ Ե­թէ տախ­տա­կը կա­ռու­ցո­ղա­կան դեր ու­նե­ցած է մար­դէն դուրս «թանձ­րա­կան» կո­չուած կեան­քին մէջ՝ ա­նոր կեան­քը հե­զա­սահ դարձ­նե­լով, ա­պա որ­քան սիր­տը իր փոք­րա­կազմ բայց ուժ­գին գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան գետ­նի վրայ ա­ռա­ջին դե­րա­կա­տար բնա­խօ­սա­կան գոր­ծիքն է։ Ա­հա թէ ին­չո՛ւ գի­տու­թիւ­նը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ սրտին՝ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան հա­մա­կար­գին մա­սին զա­նա­զան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ եւ վեր­լու­ծում­ներ կա­տա­րե­լով ու հե­տեւց­նե­լով։

Մարդ մա­նուկ հա­սա­կէն սկսեալ մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն սրտո՛վ կը սի­րէ, սրտո՛վ կը կա­պուի իր նմա­նա­կի­ցին կամ ըն­կե­րոջ, սրտո՛վ աշ­խա­տան­քի կը նե­տուի եւ զայն իր ա­ւար­տին կը հասց­նէ, սրտո՛վ կը պայ­քա­րի եւ իր նպա­տա­կաս­լա­ցու­թեան աս­տի­ճան­նե­րէն կը բարձ­րա­նայ…։ Բայց նաեւ այդ աշ­խար­հա­կեդ­րոն սրտով կը սի­րէ զԱս­տուած ա­տող մար­դի­կը եւ կ՚ա­տէ ու կը ծա­նա­կէ զԱս­տուած սի­րող մար­դի­կը։ Այդ ա­նո­ղորմ սրտո՛վ կը գթայ ան­գու­թին եւ ան­գութ կը դառ­նայ գթու­թեան կա­րօտ մար­դոց հան­դէպ։ Սրտի բա­րի նպա­տա­կի հա­մար գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կա­խեալ է տուեալ անձ­նա­ւո­րու­թե­նէն։ Երբ անձ­նա­ւո­րու­թիւն կ՚ը­սենք, կը հասկ­նանք նախ եւ ա­ռաջ մար­դը, ա­պա՝ ա­նոր կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը, հա­յե­ցա­կէ­տը, մտա­ծե­լա­կեր­պը ի բա­րին եւ ի չար։

«Սրտիդ տախ­տա­կին վրայ ի՞նչ ստո­րագ­րած ես» հար­ցադ­րու­մը շատ պարզ հար­ցում մըն է, բայց շա­տեր կը դժուա­րա­նան եւ կամ կը դժկա­մին զայն պա­տաս­խա­նել։ Դժկա­մու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը պատ­ճա­ռա­բա­նուած ու հիմք չու­նե­ցող պա­տաս­խան­ներն են. դրա­մա­սի­րու­թի՞ւ­նը. փա­ռա­սի­րու­թի՞ւ­նը. ա­թո­ռա­սի­րու­թի՞ւ­նը. իշ­խա­նա­սի­րու­թի՞ւ­նը, հան­գա­ման­քա­սի­րու­թի՞ւ­նը. պաշ­տօ­նա­սի­րու­թի՞ւ­նը: Վե­րո­թուար­կեալ մո­լու­թիւն­նե­րով «զար­դա­րուած» վե­րար­կուն կրնայ ըլ­լալ նաեւ քու ներ­սի­դիդ ար­մա­տա­ւո­րուած նա­խանձդ. մար­դոց հան­դէպ ան­նե­րո­ղա­միտ կե­ց-ւածդ. ան­հան­դուր­ժող վե­րա­բեր­մունքդ, նեն­գա­փո­խուած շար­ժա­ռիթ­ներդ...։

Զար­մա­նա­լի թուա­ցող, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած 21-րդ յա­րա­փո­փոխ դա­րու ձե­ւա­փո­խուած «սրտէն« է, որ  «կ՚ար­տաբ­խին» չա­րա­նենգ մտա­ծում­ներ ու չա­րա­յօդ ա­րարք­ներ։ Այ­սօր, դժբախ­տա­բար, այդ նոյն սրտո՛վ է, որ մարդ մո­լուց­քա­ցուած ա­րարք­նե­րով կը պա­րու­րէ ինք­զինք։ Այդ գօ­սա­ցած սրտո՛վ է, որ ցե­խա­թա­թաւ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց եւ մեղ­քե­րուն տե­ղի կու տայ։ Այդ մեղ­սա­կոր­ծան սրտո՛վ է, որ իր ողջ էու­թիւ­նը նեն­գամ­տու­թեան եւ բղջա­խո­հու­թեան բոյն կը դարձ­նէ։ Այդ տա­տաս­կոտ սրտո՛վ է, որ գի­տակ­ցա­բար կ՚ա­մա­յաց­նէ ա­ռա­քի­նա­զարդ սիր­տը։

Ե­րա­խայ մը երբ իր մօր ար­գան­դէն դուրս ել­լե­լով աշ­խարհ կու գայ, երբ տա­կա­ւին իր ան­մե­ղու­նակ աչ­քե­րը նոր կը բա­նայ սա մեղ­սա­լի աշ­խար­հին, զինք շրջա­պա­տած կ՚ըլ­լան խան­դա­ղա­տա­լիր սի­րով տո­գո­րուած հա­րա­զատ­նե­րը։ Մա­նու­կը իր չա­րաճ­ճիու­թե­նէն ա­ռաջ եւ վեր կը սի­րուի իր ան­մե­ղու­թեամբ ու բա­րու­թեամբ, ո­րոնց ակ­նաղ­բիւ­րը աշ­խար­հի թո­հու­բո­հին մէջ չմխրճուած իր բա­րի սիրտն է։ Սա­կայն այդ նոյն սիր­տը ան­մեղ իր վի­ճա­կին մէջ կը մնա՞յ։ Ա­հա հո՛ս կը կա­յա­նայ ծնող­քի մը, նա­մա­նա­ւանդ մօր շի­նիչ եւ ու­ղիղ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը իր զաւ­կին հան­դէպ։ Մայր մը երբ կա­րե­նայ իր զա­ւա­կը հե­ռու պա­հել վա­տա­ռողջ մթնո­լոր­տէ, չա­րա­համ­բաւ ըն­կե­րու­թե­նէ եւ իր աչ­քի լոյ­սին՝ զաւ­կին ջամ­բէ ա­ռողջ դաս­տիա­րա­կու­թիւն, իր զա­ւա­կը փրկած կ՚ըլ­լայ մօ­տա­լուտ վտան­գէ ու փոր­ձան­քէ։ Ժո­ղովր­դա­կան ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Մայ­րա­նա­լը դիւ­րին է, մայր ըլ­լա­լը տար­բեր բան»։ Իսկ նոյն ա­ռա­ծը կը շա­րու­նա­կէ դրուա­տել տի­պա­յին վարք ու­նե­ցող մայ­րե­րը՝ ը­սե­լով. «Ի­րա՛ւ մայ­րե­րը ար­ժա­նի են հե­րո­սի կոչ­ման»։

Ըն­կե­րա­յին թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քէդ ներս, ար­տաք­նա­պէս «բա­րի» սիրտ ու­նե­ցող  մար­դիկ յա­ճախ կը ներ­կա­յա­նան ու կը հան­դի­պին քե­զի՝ ի­րենք զի­րենք ձե­ւաց­նե­լով մէ­կա­կան ար­դա­րամ­տու­թեան եւ բա­րե­գոր­ծու­թեան ջա­տա­գով­ներ։ Իբ­րեւ գո­յա­ւոր էակ, հա­ւա­նա­բար չկա­րե­նաս նման մար­դոց բուն ինք­նու­թիւ­նը ճանչ­նալ կամ ի յայտ բե­րել՝ տա­րուե­լով ա­նոնց խա­բե­պա­տիր վա­րուե­լա­կեր­պէն ու խօ­սակ­ցու­թե­նէն։ Սա­կայն Քրիս­տոս Իր ու­սու­ցում­նե­րով զգօն դար­ձուց մեզ՝ այդ­պի­սի­նե­րու սիրտն ու ինք­նու­թիւ­նը յայտ­նա­բե­րե­լով. «Բեր­նէն մտա­ծը չէ՛ որ կը պղծէ մար­դը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ել­լէ բեր­նէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մար­դը» (Մտ 15.11)։ Բեր­նէն մտա­ծը յստակ է, որ «ստա­մոք­սը կ՚եր­թայ եւ ա­պա դուրս կ՚ել­լէ։ Մինչ­դեռ ինչ որ մար­դուս բե­րա­նէն կ՚ել­լէ՝ սիր­տէն դուրս կու գայ, եւ ա­տի­կա է որ կը պղծէ մարդս։ Ո­րով­հե­տեւ մար­դուս սիր­տէն է որ կ՚ել­լեն չար մտա­ծում­նե­րը՝ սպա­նու­թիւն, շնու­թիւն, պոռն­կու­թիւն, գո­ղու­թիւն, սուտ վկա­յու­թիւն, հայ­հո­յու­թիւն» (Մտ 15.17-19)։ Մարդ­կա­յին չա­փա­նիշ­նե­րովդ ու կա­րո­ղու­թեամբդ չես կրնար տես­նել կամ ճանչ­նալ ըն­կե­րոջդ սիր­տը։ Աս­տուա՛ծ Ինքն է, որ կը ճանչ­նայ իւ­րա­քան­չիւ­րիս սիր­տը, այ­սինքն՝ մեր էու­թիւ­նը կազ­մող եւ մեր բնու­թիւ­նը յատ­կան­շող մտա­ծում­նե­րու, զգա­ցում­նե­րու, յոյ­զե­րու եւ ապ­րում­նե­րու աշ­խար­հը։

Քրիս­տո­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ապ­րող «օ­րի­նա­սէր» կո­չուած փա­րի­սե­ցի­նե­րը ի­րենց փրկու­թիւ­նը կը փնտռէին օ­րի­նա­պա­հու­թեան եւ օ­րէն­քի նա­խագ­ծած սահ­ման­նե­րուն մէջ, փո­խա­նակ փնտռե­լու աս­տուա­ծա­պար­գեւ այն հա­ւատ­քին մէջ, որ կրնար ի­րենց սիր­տը նո­րո­գել եւ ի­րենց ներ­սի­դին նոր հո­գի հաս­տա­տել (Հմմտ. Եզ 36.26)։ Այ­սօ՛ր եւս ե­րե­ւոյ­թը նոյնն է։ Փա­րի­սե­ցիան­ման սիրտ ու­նե­ցող մարմ­նա­ւոր մար­դը, այս պա­րա­գա­յին Աս­տու­ծոյ Հո­գիով չապ­րող եւ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Ա­ւա­զա­նէն չվե­րած­նած ան­ձը, իր շրթունք­նե­րով միայն զԱս­տուած կը փա­ռա­բա­նէ (ան­շուշտ ե­թէ կը ճանչ­նայ) եւ սիր­տը կլա­նուած կ՚ըլ­լայ աս­տուա­ծադ­րոշմ դի­մա­գի­ծը նսե­մաց­նող ու իր կեան­քը քայ­քա­յող կոր­ծա­նա­րար ախ­տե­րով։ Մինչ­դեռ Աս­տու­ծոյ Հո­գիով վե­րա­նո­րո­գուած մար­դը, ան­սա­լով Տի­րոջ խօս­քին՝ հո­գե­պէս եւ գործ­նա­կա­նօ­րէն կը պաշ­տէ զԱս­տուած, իր սիր­տը դարձ­նե­լով Ս. Հո­գիին տա­ճա­րը (Հմմտ. Ա.Կր 3.16)։ «Հո­գի է Աս­տուած, եւ ա­նոր երկր­պա­գու­նե­րը պէտք է հո­գիով եւ ճշմար­տու­թեամբ զայն պաշ­տեն» (Յհ 4.24)։

Դ­րա­մաշ­տու­թեամբ գե­րե­վա­րուող ու պա­րա­պող մար­դիկ ալ կան, ո­րոնց սիր­տը ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պուած է ի­րենց ու­նա՛յն հարս­տու­թեանց ու ինչ­քե­րուն։ «Դրա՜մ, դրա՜մ, դրա՜մ». ա՛յս է դրա­մա­սէր ու աշ­խար­հա­մոլ մար­դուն տի­ւու­ցայգ ար­տա­սա­նած մնա­յուն յան­կեր­գը։ Իս­կա­տիպ քրիս­տո­նեա­յին սիր­տը պէտք է ո­ղո­ղուած ըլ­լայ ան­ժա­մա­նա­ցե­լի հարս­տու­թեամբ, այ­սինքն՝ Աս­տուծ­մով ու աս­տուա­ծա­յի­նով, երկ­նա­յի­նով ու երկ­նաէջ Մա­նա­նա­յով։ Յոբ ե­րա­նե­լի կ՚ը­սէ. «Ա­մե­նա­կա­րո­ղը քու ոս­կիդ է եւ քու թան­կա­գին ար­ծաթդ» (Յոբ 22.25)։ Ե­թէ մեր երկ­րա­ւոր կեան­քի ըն­թաց­քին ըն­դու­նած ենք զԱս­տուած իբ­րեւ մեր ոս­կին ու թան­կա­գին ար­ծա­թը, բնա­կա­նա­բար մեր սրտե­րը Ա­նոր կա­պուած եւ Ա­նոր սի­րով ու խա­ղա­ղու­թեամբ լե­ցուած պի­տի ըլ­լան մեր երկ­րա­ւոր թէ երկ­նա­ւոր կեան­քի ըն­թաց­քին։ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «…Ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի գանձ մըն է Քրիս­տոս» (Եփ 3.8)։ Ք­րիս­տոս պար­զա­պէս գան­ձա­բաշխ չէ, այլ բաշ­խուած գանձն իսկ։ Աս­տուած լոկ հարս­տաց­նող մը չէ, այլ հարս­տու­թիւնն իսկ։      

«Չէ՞ք գի­տեր թէ Աս­տու­ծոյ տա­ճար էք դուք, եւ Աս­տու­ծոյ Հո­գին կը բնա­կի ձեր մէջ» (Ա.Կր 3.16)։ Որ­քա՜ն կը տրտմի Աս­տուած, երբ Իր Հո­գիին բնա­կու­թեան հա­մար ստեղ­ծուած մար­դուն սիր­տը՝ աշ­խար­հի հո­գիով ու վա­ղան­ցուկ հոգ­սե­րով բնա­կուած կը տես­նէ։ Որ­քան տար­բե­րու­թիւն կայ գար­շա­հոտ ցե­խով լե­ցուած բա­ժա­կին եւ բու­րեան միւ­ռո­նով լե­ցուած բա­ժա­կին մի­ջեւ, նոյն­քան եւ ա­ւե­լի տար­բե­րու­թիւն կայ, Աս­տու­ծոյ Հո­գիով եւ աշ­խար­հի հո­գիով բնա­կուած մար­դոց մի­ջեւ։ Սի­րե­լի՛ բա­րե­կամ, ին­չո՞վ լե­ցու­ցած ես սիրտդ, Քրիս­տո­սի սի­րո՞վ, թէ՞ աշ­խար­հի սի­րով, ե­դե­մա­կան վար­դե­րո՞վ, թէ՞ աշ­խար­հի փու­շե­րով։ Ո՞վ ես դուն, տա­ճա՞ր մըն ես, ուր Աս­տուած կ՚ապ­րի, թէ՞ բա­գին մը, ուր նե­խած մթնո­լորտ կը տի­րէ։

Ե­րի­տա­սարդ մը յայ­տա­րա­րած էր, թէ իր սիր­տը շրջա­նի ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ սիրտն է։ Յան­կարծ խճո­ղու­մը ճիշդ մէջ­տե­ղէն կի­սող ծեր մը ե­րի­տա­սար­դին մօ­տե­նա­լով՝ կ՚ը­սէ. «Սիրտդ իմ սրտիս չափ գե­ղե­ցիկ չէ»։ Ճիշդ այդ պա­հուն հոն գտնուող­ներն ու ե­րի­տա­սար­դը ծեր մար­դուն սրտին կը նա­յին ու կը քննեն։ Ծե­րու­նիին սիր­տը շատ ա­րագ կը տրո­փէր։ Սրտին մէջ վէր­քեր եւ պա­րա­պու­թիւն­ներ կա­յին, իսկ պա­րա­պու­թեանց մէջ՝ ճեղ­քեր, իսկ ճեղ­քե­րուն վրայ խոր գի­ծեր յա­ռա­ջա­ցած էին։

Ե­րի­տա­սար­դը խնդա­լով՝ կ՚ը­սէ. «Կա­տակ կ՚ը­նես, իմ սիրտս ա­ռողջ եւ կա­տա­րեալ վի­ճա­կի մէջ է, իսկ քու­կինդ ար­ցունք­նե­րէ եւ տան­ջանք­նե­րէ յա­ռաջ ե­կած վէր­քի հետ­քե­րով լե­ցուն է»։ Ծե­րը կը պա­տաս­խա­նէ. «Ա­յո՛, սիրտդ կա­տա­րեալ կ՚ե­րե­ւի, բայց ես բնաւ իմ ծեր սիրտս քու­կի­նովդ չեմ փո­խեր։ Այդ քու տե­սած ա­մէն մէկ վէր­քը՝ անձ մը կը խորհր­դան­շէ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին նկատ­մամբ սէր տա­ծած եմ։ Սրտէս հա­տո­րիկ մը սի­րով ա­նոնց տուի, իսկ ա­նոնք ալ ի­րենց սրտէն կտոր մը ին­ծի տուին։ Այդ կտոր­նե­րը իմ տուած կտոր­նե­րուս հետ եր­բեմն չյար­մա­րե­ցան եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ան­կիւն­նե­րը խոր­տու­բորտ դար­ձան։ Սա­կայն ես ա­նոնց ա­մէն մէկ կտո­րը ա­ռան­ձին կը սի­րեմ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը մեր բաժ­նեկ­ցած սէրն ու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կը յի­շեց­նեն ին­ծի։ Պա­տա­հե­ցաւ, որ իմ սի­րոյս եւ բա­րե­կա­մու­թեանս փո­խա­դար­ձը չստա­ցայ, ա­հա ա՛յս պատ­ճա­ռով սրտիս մէջ վէր­քով լե­ցուն պա­րա­պու­թիւն­նե­րը ան­կէ գո­յա­ցած են։ Սրա­ծայր դա­նա­կի պէս են եւ բա­ւա­կան ցաւ կը պատ­ճա­ռեն, բայց տա­կա­ւին պա­րապ տե­ղե­րը լեց­նող եւ ին­ծի սէր ու բա­րե­կա­մու­թիւն տուող ան­ձեր պի­տի ըլ­լան։ Այս­պի­սով այդ պա­րա­պու­թիւն­նե­րը պի­տի լե­ցուին։ Այս բո­լո­րը ին­ծի յոյս կը ներշն­չեն եւ ա­ռա­ւել եւս զիս կեան­քին կը կա­պեն։ Հի­մա ը­սէ՛, ո՛վ ե­րի­տա­սարդ, ըստ քե­զի ո՞ր սիր­տը ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ է»։­

Ե­րի­տա­սար­դին աչ­քե­րը սի­րոյ ար­ցունք­նե­րով կը լե­ցուին։ Ծեր մար­դը իր բա­ցատ­րու­թիւ­նը տա­լէ ետք կը քա­լէ եւ սրտէն գե­ղե­ցիկ կտոր մը բա­րե­կա­մօ­րէն ե­րի­տա­սար­դին կու տայ։ Մար­դուն սրտին մէջ տա­կա­ւին պա­րա­պու­թիւն կար։ Ե­րի­տա­սար­դը ծե­րու­կին կող­մէ ի­րեն տրուած սիր­տը «բա­րե­կամ­ներ» գտնուող բաժ­նին մէջ կը տե­ղադ­րէ, վրան փո­սիկ­ներ կը փո­րէ եւ ա­պա տե­ղը կը հանգ­չեց­նէ։ Ե­րի­տա­սար­դը պահ մը իր սրտին կը նա­յի եւ կը տես­նէ, որ այ­լեւս ո­ղորկ եւ կա­տա­րեալ չէր, ո­րով­հե­տեւ ծե­րու­կին սրտէն հին բայց գե­ղե­ցիկ կտոր մը զե­տե­ղած էր ա­նոր վրայ։

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ իր Կորն­թա­ցի­նե­րուն ուղ­ղած երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ կը գրէ. «Քրիս­տո­սի նա­մակն էք դուք, պար­զա­պէս մեր ձեռ­քով գրուած։ Գրուած՝ ո՛չ թէ մե­լա­նով, այլ՝ կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ Հո­գիով. ո՛չ թէ քա­րե­ղէն տախ­տակ­նե­րու, այլ՝ ձեր սիր­տե­րու մարմ­նե­ղէն տախ­տակ­նե­րուն վրայ» (Բ.Կր 3.3)։ Իսկ դուն, սրտիդ նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ի՞նչ գրած ես, կամ ո՞վ է ա­նոր հե­ղի­նա­կը։ Աշ­խար­հի նա­մա­կա­բե՞րն ես, թէ՞ Քրիս­տո­սի կե­նա­րար խօս­քին պատ­գա­մա­բե­րը։ Այդ գրուածք­նե­րը քու հարս­տու­թի՞ւնդ են։ Պա­տաս­խանդ ե­թէ ոչ է, ա­պա ո՞ւր է մնա­յուն հարս­տու­թիւնդ, ի՞նչ բա­նի մէջ կը տես­նես կամ կը կա­յա­նայ ան։ Աս­տու­ծո՞յ մէջ, թէ՞ Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւը ե­ղող երկ­րա­ւոր կեան­քիդ պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Աս­տուծ­մէ ե­կող փառ­քի՞ն մէջ, թէ՞ մար­դոց կող­մէ քե­զի հա­մար հիւ­սուած գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րուն եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րուն մէջ։ Բարձ­րեալ Աս­տու­ծոյ հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թեա՞նդ մէջ, թէ՞ բարձ­րա­դիրք մար­դոց հետ ու­նե­ցած կա­պիդ մէջ։

«Սրտիդ մարմ­նե­ղէն տախ­տա­կին վրայ» Աս­տու­ծոյ ա­նու­նը դա­ջո­ղը Ս. Հո­գին Ինքն է, սա­կայն ըն­դու­նողն ու ստո­րագ­րո­ղը դո՛ւն ես։ Երկ­նա­ւոր Հայրդ քեզ ան­համ­բեր կը սպա­սէ սրտիդ դրան առ­ջեւ (Հմմտ. Յյտ 3.22) եւ Իր քաւ­չա­րար ձեռ­քը կ՚եր­կա­րէ ապս­տամբ հո­գիիդ։ Մարդ­կու­թեան Ճամ­բան է, որ ճամ­բայ կ՚ո­րո­նէ մուտք գոր­ծե­լու սրտէդ ներս։ Աշ­խար­հի Կե­րա­կուրն է, որ ար­տօ­նու­թիւն կը խնդրէ կե­րակ­րե­լու քաղ­ցած հո­գիդ։ Ե­թէ յօ­ժար ես, սրտիդ դու­ռը բաց եւ Քրիս­տո­սի ա­նու­նը ստո­րագ­րէ սրտիդ տախ­տա­կին վրայ։ 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017