ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔՈՎ…
Այսօրուան ընկերութեան մէջ արժէքներու, սկզբունքներու ու գաղափարներու մասին խօսիլը՝ հոգեւոր, ազգային, մշակութային, երկրոդական ու ոչ-կարեւոր դարձած է, եւ ընդհանրապէս՝ անցնող տասնամեակներու «արժէքներ» կը համարուին։
Այդ արժէքներէն մէկն է պատկանելիութիւնը։ Արժէք, որ իւրաքանչիւր անհատի մը անձնագիրը, ինչութիւնը, իսկութիւնն իսկ է։ Սակայն, այսօրուան համաշխարհայնացած աշխարհը այս արժէքը կը մերժէ։ Ինչ-ինչ կազմակերպութիւններ, ըլլան անոնք հոգեւոր թէ քաղաքական, նոյնացում կը քարոզեն, տարածելով այն գաղափարները, թէ պէտք չէ խտրութիւն ու տարբերութիւն դնել, բոլորս ալ նոյնն ենք, բոլորս ալ Ադամորդիներ ենք, բոլորս ալ մարդ ենք, եւ հետեւաբար պէտք չէ տարբերութիւն դնել, բաւարար է, որ հասկնաս դիմացինդ, համախորհրդակից ըլլաս, եւ վերջ, այլեւս կարեւոր չեն ո՛չ հաւատք, ո՛չ դաւանանք, ո՛չ ազգութիւն եւ ոչ ալ քաղաքացիութիւն…
Պահ մը եկէք պատկերացնենք աշխարհը առանց տարբերութիւններու…, պարզապէս քաոս մը…
Մարդ անհատը անհրաժեշտ է, որ պատկանելիութիւն ունենայ, որովհետեւ պատկանելիութիւնը նախ եւ առաջ անձնական պահանջք մըն է եւ ապա ընկերային։ Անձնական, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ գիտնայ, հասկնայ, թէ ինք ո՛վ է, ի՞նչ կ՚ուզէ կեանքէն եւ ի՞նչ ունի տալիք կեանքին։ Այս պարունակին մէջ կ՚իյնայ նաեւ տուեալ անձին հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութիւնը։ Իսկ ընկերային, որպէսզի որպէս ընկերային էակ ու անհատ, իր մասնակցութիւնն ու նպաստը բերէ իր ապրած ընկերութեան բարօրութեան ու բարգաւաճման։
Առողջ ընկերութիւն մը ունենալու համար հետեւաբար առաջնահերթութիւն է ունենալ պատկանելիութիւն՝ հոգեւոր եւ ազգային։
ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
Հոգեւոր պատկանելիութիւնը առաջին հերթին անհրաժեշտութիւն մըն է իւրաքանչիւր մարդու համար։
Հոգեւոր երբ կ՚ըսենք, կը հասկնանք մարդուն ներաշխարհը։ Որպէս հոգեւոր էակներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իրմէ վեր եւ իրմէ զօրաւոր բանի մը նկատմամբ հաւատք ու երկիւղածութիւն ունի, եւ իր կեանքը կը կարգաւորէ ու կը վարէ այդ ուղղութեամբ։ Հրեաներուն համար այդ մէկը՝ Եհովան է։ Քրիստոնեաներուն համար Սուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։ Իսլամներուն համար՝ Մեծն Աստուածը։ Իսկ այլեւայլ կրօններու համար Զրադաշտը, Պուտտան, Հինտուն, արեւը, լուսինը, աստղերը, որեւէ մէկ տեսակի կենդանի, ծառը, ծաղիկը, եւ այլն։ Մէկ խօսքով, մարդը որպէս հոգեւոր էակ, չի՛ կրնար իրմէ դուրս եղող ուժի կամ երեւոյթի մը չկապուիլ։ Կայ վտանգաւոր կապուածութիւն մըն ալ, որն է՝ ԵՍ-ը. շատեր, իրենցմէ «դուրս» եղող այդ ուժը դարձուցած են նոյնինքն իրենց ԵՍ-ը։ Արդարեւ, մարդը կարիք ունի ինքզինք կապուած զգալու բանի մը, եւ առ այդ ապրելու։ Այլ խօսքով պատկանելու։
Գալով մեր իրականութեան, որպէս ազգ՝ քրիստոնեայ ենք եւ քիչ թէ շատ ունինք այդ պատկանելիութեան գիտակցումը։ Աւելի նեղցնելով շրջանակը, ունինք գլխաւոր երեք համայնքներ, դաւանանքներ, Հայ Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Բողոքական։ Իւրաքանչիւր հայ անհատ ինչ համայնքի ալ անդամ ըլլայ, պէտք է պատկանելիութեան զգացում ունենայ։ Եւ պատկանելիութեան զգացում ունենալ կը նշանակէ կապուիլ ու կառչիլ իր հաւատքին, իր հոգեւոր հարստութեան, իր եկեղեցիին, իր աւանդութիւններուն, ու ոչ միայն կառչիլ, այլ՝ կեանքի կոչել, ապրիլ այդ արժէքներով։ Չի՛ բաւեր եկեղեցի երթալ, չի՛ բաւեր Սուրբ Գիրք կարդալ, չի՛ բաւեր եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցիլ, այլ երթալէ, կարդալէ ու մասնակցելէ անդին, պէտք է ապրի՛լ, կեանքի վերածել։ Երբ եկեղեցի կ՚երթանք, պիտի զգանք թէ մեր տունն է, հարազատութիւն պէտք է զգանք, պէտք է գուրգուրանք, խնամենք ու հոգանք, որովհետեւ եկեղեցին՝ ժողովուրդն է։ Երբ Սուրբ Գիրք կը կարդանք, մենք մեզ պիտի տեղադրենք այդ դէպքերուն մէջ, կեանքի կոչենք ու փորձենք գործադրել, որովհետեւ «քրիստոնէութիւնը կեանքի կրօն է, կեանքն իսկ է», ինչպէս շատերը հաստատած են։ Երբ Սուրբ Պատարագին եւ միւս արարողութիւններուն կը մասնակցինք, մասնակից պիտի ըլլանք, հոգեկան բաւարարութիւն պէտք է ստանանք, մեր ներաշխարհին մէջ խլրտում պէտք է ըլլայ՝ ամէն մէկը իր ունեցած հաւատքին համեմատ։ Քրիստոնեայ եմ, Առաքելական, Կաթոլիկ կամ Բողոքական եմ ըսելը պատկանիլ չէ տակաւին, իրապէս պատկանած կ՚ըլլանք, երբ զգանք այդ պատկանելիութիւնը։
Պատկանելիութիւններուն մէջ ամենէն անհրաժեշտը հոգեւոր պատկանելիութիւնն է։ Մենք մեր անձերուն հետ քննարկման նստինք եւ փորձենք յայտնաբերել, թէ ինչքա՛ն է մեր պատկանելիութեան աստիճանը։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
Ազգային պատկանելիութիւն ըսելով կը հասկնանք պատկանիլ ազգի մը, ժողովուրդի մը, հաւաքականութեան մը։ Մարդկութեան պատմութեան էջերուն մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ազգերու եւ ժողովուրդներու, որոնցմէ ոմանք արդէն պատմութեան դարաններուն մէջ թաղուած են, իսկ ուրիշներ կը շարունակեն ապրիլ ու գոյատեւել, ինչպէս, օրինակ, մեր ազգը։ Եթէ ուզենք ուսումնասիրել ու սերտել այդ ազգերու մա-ըբըըսին՝ որոնք այլեւս չկան, յաճախ այն եզրակացութեան կու գանք, թէ անոնց չգոյութեան պատճառներէն գլխաւորը իրենց անտարբերութիւնն է ազգային պատկանելիութեան նկատմամբ։
Ինչպէս հոգեւոր պատկանելիութեան պարագային, ազգային պատկանելիութիւնն ալ նոյնն է։ Չի՛ բաւեր հպարտանալ ու ըսել ես հայ եմ, ես արաբ եմ, ես ամերիկացի եմ, ես ֆրանսացի եմ, եւ այլն, որովհետեւ պատկանելիութիւնը հպարտութեան մէջ չի կայանար, այլ՝ ապրելու, զգալու եւ գործելու մէջ։ Երբ ոեւէ մէկը կ՚ըսէ, թէ այսինչ կամ այնինչ ազգին կը պատկանիմ, պէտք է առնուազն տեղեակ ըլլայ իր պատկանած ազգի պատմութեան, քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, եւ այլն։
Գալով մեր պատմութեան։ Դարերու ընթացնելիութիւն, որ մեր նախնիներուն մէջ դրած է ապրելու այնպիսի ուժ ու կորով, որ հակառակ պատմութեան մեր ազգին նկատմամբ ունեցած դաժանութեան, չէ՛ տկարացած, չէ՛ հիւծած, չէ՛ ոչնչացած ու չէ՛ դադրած ստեղծագործելէ (այսօրուան իրականութեան մասին չեմ ուզեր խօսիլ…)։
Հեթանոսական շրջանէն հասնելով Քրիստոնէութեան շրջանին, Այբուբենի գիւտին, Վարդանանց ճակատամարտին, Բագրատունեաց ու Ռուբինեանց հա-րըստութեանց, ու մինչեւ Իսրայէլ Օրի, ազատագրական-ֆիտայական շարժումներ, ցեղասպանութիւն, անկախութիւն ու վերանկախութիւն։ Տակաւին, բազմաթիւ դէպքեր ու իրադարձութիւններ կարելի է նշել, որոնք ամբողջութեամբ իրենց տարողականութեամբ կը վկայեն հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան ոգիին։
Այս բոլորէն անդին, պատկանելիութիւն նաեւ կը նշանակէ մասնակից դառնալ Հայրենիքի ու ազգի բարօրութեան ու բարգաւաճումին, երիտասարդ կամ տարեց, փոքրահասակ կամ մեծահասակ, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իր պատկանելիութիւնը պիտի փաստէ իր նուիրուածութեամբ ու իր մասնակցութեամբ, սկսեալ փոքր ասպարէզներէն ու բարձրանալով մեծ ու աւելի կարեւոր ասպարէզներու։ Այդ մէկը կարելի է իրագործել միտքերու փոխանակումով, առաջարկներ կատարելով, կատարուած իրադարձութիւններ ներկայացնելով եւ զանոնք լաւապէս ուսումնասիրելով, եւ այլն։
Ի վերջոյ, այսօր, աւելի քան երբեք կարիքը ունինք պատկանելիութեան զգացումի վերաթարմացման ու վերաաշխուժացման, որպէսզի կարողանանք պահել այն ինչ որ որպէս աւանդ ստացած ենք մեր նախնիներէն, գիտկացելով, թէ այդ աւանդը չենք ստացած մեր մօտ պահելու համար, այլ՝ փոխանցելու համար մեր յաջորդներուն։
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
Մարդկութեան պատկանելիութիւնը, նախկին երկու պատկանելիութիւններուն՝ հոգեւոր եւ ազգային, ամբողջացումն է։
Տեսանք, թէ ինչքա՛ն անհրաժեշտ է հոգեւոր եւ ազգային պատկանելիութիւնը, նոյնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է մարդկութեան պատկանելիութեան զգացումը։ Հոգեւոր եւ ազգային մեր պատականելիութիւնը իրագործած կ՚ըլլանք, երբ մարդկութեան պատկանինք իրողապէս։
Ի՞նչ կը նշանակէ մարդկութեան պատկանիլ։
Որպէս անհատ էակ գլխաւոր հինգ ընտանիքներու կը պատկանինք։ Նախ եւ առաջ մեր սեփական ընտանիքին. երկրորդ՝ մեր համայնքին. երրորդ՝ մեր ապրած ընկերութեան (թաղ, գիւղ կամ քաղաք). չորրորդ՝ Հայրենիքին. եւ հինգերորդ՝ ողջ մարդկութեան։
Մարդ անհատին կեանքը օղակ մըն է, որ կը սկսի ընտանիքով եւ կ՚ամբողջանայ ողջ մարդկութեամբ։ Ինչպէս որ որպէս որեւէ համայնքի զաւակ տալիք ունինք մեր համայնքին, նմանապէս որպէս որեւէ երկրի քաղաքացի պարտաւորութիւններ ունինք մեր երկրի (Հայրենիքի) նկատմամբ, այդպէս ալ մեր պարտաւարութիւնները ունինք մարդկութեան նկատմամբ։ Որպէս մարդ, կրնայ ըլլալ մտածելակերպով եւ հետաքրքրասիրութեամբ տարբեր ըլլանք. կրնայ ըլլալ տարբեր գոյնի ըլլանք, սակայն այդ բոլորը կու գան միախմբուելու մարդ անունին տակ։ Ինչքան ալ արտաքին տարբերութիւններ ըլլան, սակայն երբ մարդ կ՚ըսենք, արդէն տարբերութիւնները վերացած են։
Տակաւին, մարդկութեան պատկանիլ կը նշանակէ սիրել ու օգնել բոլորին, ծանօթ կամ անծանօթ, մտերիմ թէ օտար, բարեկամ թէ թշնամի։ Այս ուղղութեամբ մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս յստակ կերպով կը պատուիրէ իւրաքանչիւր անհատի, ըսելով. «Լսեր էք արդարեւ, որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է« (Մտ 5.43-48)։
Եթէ յաջողինք գործադրել Քրիստոսի սոյն պատուէրը, ամբողջապէս պատկանած կ՚ըլլանք մարդկութեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 15 Մայիս 2018