«ԵՍ ԱՆՀԱՄ ԵՄ»

Օրերս, կէսօրուան ժամերուն զոքանչիս տունէն մեր տուն կը վերադառնայի՝ մեծ տղուս հետ: Ճանապարհին, վարորդը հասկնալով, որ «դրսեցի» եմ, աջէն ձախէն խօսելէն ետք, կարգը եկաւ ուտելիքին…:

Նախ, հրճուանքով տեղեկացուց, թէ իր կինն ալ «դրսեցի» է եւ առաւօտ կանուխ իր զոքանչը պատրաստած էր համով «չիքուֆթա» մը, զոր մեծ ախորժակով կերած էին, բացի իրմէ…:

Երբ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ բացի իրմէ, սկիզբը ծիծաղեցաւ, յետոյ ըսաւ.

-Ինչպէս կինս, զաւակս ու զոքանչս կ՚ըսեն, որովհետեւ ես անհամ եմ…

Բնականաբար, գրութիւնս այդ մասին պիտի չըլլայ: Եզրակացութիւնները վերը արձանագրուած խօսակցութեան, ընթերցողը թող ինք տայ: Այստեղ բան մը ըսեմ եւ անցնիմ: Ըսածս ալ, պարզապէս այն պատճառով է, որովհետեւ այս խօսակցութիւնը ունեցայ զոքանչիս տունէն նոր դուրս եկած ատեն: Ով, ի՞նչ եւ կամ ինչպիսի՞ տրամադրութեամբ իր զոքանչին կ՚երթայ եւ կամ զոքանչին հետ իր յարաբերութիւնները ինչպիսին են, չե՛մ գիտեր, սա՛ գիտեմ, որ զոքանչ ունիմ, աշխարհը չունի, համ ու հոտով, ճանճիկարով…: Եթէ անհամ մտնեմ իր տուն՝ համով-հոտով կ՚ելլեմ, եթէ քացխած մտնեմ՝ քաղցրացած դուրս կու գամ, եթէ անօթի երթամ, կուշտ փորով գլուխս բարձին կը դնեմ: Մէկ խօսքով, «իմ զոքանչս շատ լաւ կին է, իր խասիաթն ալ շա՜տ-շատ լաւն է»: Աստուած պահէ ու պահպանէ զոքանչս եւ բոլորին զոքանչները եւ սէրն ու ջերմութիւնը առատացնէ փեսաներուն ու զոքանչներուն:

Վերադառնամ գրութեանս բուն նիւթին.

Այս խօսակցութիւնը մտածել տուաւ ինծի զանազան երեւոյթներու մասին, որոնք, դժբախտաբար, վերջին ժամանակներուն մեր առօրեայ կեանքին ամէնօրեայ մասնիկները դարձած են, որով եւ մեր կեանքը օր օրի սկսած է անհամ դառնալ: Անհամ դառնալ, մեր անհամութեան պատճառով: Մեր երբ կ՚ըսեմ, նկատի ունիմ մեզ՝ բոլորս, ազգովի:

Այսօր, երբ մեր տուներէն ներս զաւակներ կը ծնին եւ կը սկսին կամաց-կամաց հասակ առնել, ոտքի ելլել, թոթովել եւ սկսիլ խօսիլ, մեր ուրախութեան եւ հրճուանքին կողքին, կը սկսինք առաջին տարիներէն իսկ անհամացնել անոնց կեանքը: Ունեցած մեր ուրախութիւնը անոնց խօսելուն կ՚ուզենք անպայմանօրէն պսակել հայհոյանք սորվեցնելով, այնպիսի հայհոյանքներ, որոնք թէեւ սորվողները չեն հասկնար, բայց անոնց անաղարտ ու ջինջ հոգին ու սիրտը կ՚ապականին, ապականելով նաեւ անոնց կեանքի սկիզբի ընթացքը, կ՚ապականեն ո՛չ միայն անոնց անմեղ ու մաքուր հոգին ու սիրտը, այլեւ՝ կը պղտորեն անոնց միտքերը, որով երբ քիչ մը աւելի մեծնան, այդ հայհոյանքները անոնց ենթագիտակցութեան մէջ ամուր եւ ապահով տեղ գրաւած կ՚ըլլան, որոնցմէ ձերբազատուիլը բաւական դժուար կ՚ըլլայ: Բայց որո՞ւ հոգը, չէ՞ որ նոր լեզու առած զաւակը երբ հայհոյէ հաճոյք կը պատճառէ ներկաներուն, խնդալու առիթ կու տայ, կարծէք խնդալու կամ ուրախանալու ուրիշ առիթներ չկան:

Մեր զաւակները կը մեծնան, հասակ կ՚առնեն, դպրոցական կը դառնան ու կը սկսի դպրոցական եռուզեռը: Դպրոցական ու ընկերային ըսի ըսաւներէն բացի, ուսուցիչներուն մասին ըսի ըսաւները ամէնօրեայ խօսակցութեան նիւթ կը դառնան շատերու տուներէն ներս: Եւ վա՜յ է եկեր, եթէ զաւակը ըսէ, թէ ուսուցիչը յանդիմանեց զիս այս ինչ բանին համար, կամ որովհետեւ դասս լաւ չէի պատրաստած, կամ լաւ չէի ներկայացուցած, եւ ահա՜ տան հայրը կամ մեծ հայրը, հօրեղբայրը կամ մօրեղբայրը, երբեմն նոյնիսկ մայրը «հրապարակ» կ՚իջնեն եւ իրենց հեղինակային կարծիքները կը յայտնեն, թէ՝ «ինք ո՞վ եղաւ, որ այդպէս խօսի քեզի հետ», «ի՞նչ համարձակութեամբ այդպէս կը խօսի», «ի՞նչ իրաւունքով, ո՞վ իրեն այդպիսի իրաւունք տուած է, մենք քեզ ղրկած ենք որպէսզի բան սորվեցնէ, ո՛չ թէ դաստիարակութեամբ զբաղի», կ՚ըսէք դաստիարակութիւնն ու ուսումը այնքա՜ն իրարմէ տարբեր բաներ են…, «տակաւին չէ ծնած մէկը, որ կարենայ իմ զաւակիս հետ այդպէս խօսի», «յաջորդին եթէ այդպէս վարուի քեզի հետ, կը պատասխանես, լուռ չմնաս»…, եւ նման բազմաթիւ սիրտ բացող արտայայտութիւններ: Այսքանէն ետք կը սկսինք մեղադրել մեր ուսուցիչները, թէ ոչինչ կը սորվեցնեն մեր զաւակներուն, թէ մեր զաւակները լաւ չեն սորվիր, տարրական բաները չեն ստանար դպրոցէն, եւ այլն: Արդար եւ իրաւ: Բայց չէ՞ որ մենք է, որ անհամացուցած ենք անոնց սորվելու եւ իմանալու ընդունակութիւնը, ալ ուրկէ՞ կարենան անհամ վիճակով բան սորվին եւ լաւ մարդ դառնան: Մեր զաւակներուն փոխանակ յարգանք ու պատկառանք սորվեցնելու, անոնց անկրթութիւն եւ անյարգալից վերաբերմունք սրսկենք իրենց ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն նկատմամբ, այլեւս ինչպէ՞ս կրնանք սպասել, որ մեր զաւակները լաւ մարդ դառնան ապագային: Անհամութենէն համ ու հոտ սպասել կարելի չէ:

Ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի մեր զաւակները համալսարանական դառնան եւ վկայական մը ձեռք ձգեն: Այդ վկայականը ձեռք ձգելուն համար ո՛չինչ կը խնայեն՝ սկսելով դրամէն եւ աւարտելով դրամէն: Ուր ըսէք հսկայ գումարներ կը վճարեն, աջէն ձախէն միջնորդութիւններ յառաջ կը քաշեն, եւ ի վերջոյ կը հասնին իրենց մուրազին: Աւարտական հանդէսին օրն ալ հպարտութեամբ, ժպտերես վիճակով կ՚ընդունին շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթութիւնները, պահ մը մոռնալով, որ այդ վկայականը ո՛չ թէ իրենց զաւակին արդար իրաւունքն է, այլ՝ իրենց զրնգուն ոսկիներուն փայլքի արդիւնքն է, որ յետագային աւերներու եւ փորձութիւններու հազար ու մէկ դռներ պիտի բանայ: Բայց որո՞ւ հոգը, կարեւորը այդ պահն է, հպարտութիւն զգալու այդ սին զգացումը, մնացածը ոչինչ, ինչու իրենց զաւակը առաջի՞նն է, որ հիմա այդպիսի անհամ բաներու մասին մտածեն…

Մեր զաւակները հասակ կ՚առնեն, կը մեծնան, երիտասարդ կը դառնան ու ամուսնութեան տարիքին կը հասնին: Օր մըն ալ կը ներկայացնեն իրենց ընկերը կամ ընկերուհին… Եւ սկիզբ կ՚առնէ անվերջանալի հարցադրումներու շարանը: Որո՞ւ զաւակն է, ի՞նչ աշխատանք ունի, ամսականը ինչքա՞ն է, տո՞ւն ունի, առանձի՞ն պիտի ապրեցնէ քեզ, ինքնաշարժ ունի՞, եւ այլն: Ընթերցողը ինչպէս կը նկատէ, հարցադրումներուն մէջ չկան՝ ի՞նչ ուսում ստացած է, ընկերութեան մէջ ի՞նչ վարկ ունի, բնաւորութեամբ ինչպիսի՞ն է, եւ այլն: Այս անհամ հարցումները մերօրեայ ծնողները չեն հետաքրքրեր, զիրենք հետաքրքրողը հարստութիւնն է միայն, չէ՞ որ իրենց զաւակը տուեալ անձին հետ չէ, որ պիտի ապրի, այլ՝ հարստութեան, չէ՞ որ իրենց զաւակը տուեալ անձին հետ չէ, որ ընտանիք պիտի կազմէ, այլ՝ անոր ունեցուածքին: Ինչ կարիք կայ հետաքրքրուելու անոր վարք ու բարքով, բնաւորութեամբ եւ ուսումով, ատոնք անհամ բաներ են…, եւ համ ու հոտ չեն կրնար տալ իրենց զաւակներուն:

Վերի երեւոյթին մէկ այլ տարբերակը ամուսնանալէն ետքի հանգրուանն է: Երիտասարդները կ՚ամուսնանան, ընտանիք կը կազմեն, բայց եկուր տես, որ ծնողները աւելիով կ՚ապրին այդ ընտանեկան կեանքը: Այլ խօսքով, ծնողները այնքա՜ն կը խառնուին իրենց զաւակներուն կեանքով, որ այդ նորակազմ ընտանիքին ղեկը անոնց ձեռքը կ՚ըլլայ: Եւ ահա, այստեղ է, որ սկիզբ կ՚առնեն միջընտանեկան բախումները, տղուն ծնողը բան մը կ՚ըսէ, աղջկան ծնողը ուրիշ բան մը, եկուր այլեւս եթէ կրնաս գլուխ հանէ եւ ընթացք մի՛ տուր այդ նորակազմ ընտանիքին մէջ լարուածութիւններու եւ գժտութիւններու: Անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ յանցաւորները նորապսակները իրենք են, այդքան ալ չեմ համաձայնիր, քանի որ եթէ փոքր տարիքէն անոնց ծնողները անհամ եւ անհոտ դարձուցած չըլլային իրենց զաւակներուն կեանքը, ապա վստահաբար այդ վիճակին չէին հասներ:

Այսօր, շատ յաճախ կը հանդիպինք մամայի ու պապայի աղջկան, կամ պապայի ու մամայի տղային, եւ այդ մէկը ուրախութիւն կը պատճառէ ծնողներուն, ըստ որոնց յաջողած են լաւ զաւակներ դաստիարակել: Բնականաբար ծնողասէր ու ծնողայարգ զաւակները պատիւ կը բերեն իրենց ծնողներուն, եւ աւելին՝ օրհնութիւն են անոնց համար: Այստեղ, սակայն, պէտք է ուշադիր ըլլանք, եւ ծնողասիրութիւնն ու ծնողայարգութիւնը անհատականութեան կորուստի եւ անինքնասիրութեան հետ չշփոթենք: Ծնողասէր ու ծնողայարգ ըլլալ չի՛ նշանակեր անհատականութենէ հրաժարիլ եւ անինքնասէր ու անկամ դառնալ, ծնողասէր եւ ծնողայարգ ըլլալ չի՛ նշանակեր հպատակ եւ ստրուկ դառնալ: Ծնողասիրութիւնն ու ծնողայարգութիւնը հնազանդութեան գլխաւոր ու ամենէն անհրաժեշտ բանալիներն են, եւ ո՛չ թէ հպատակութեան եւ ստրկութեան պատրուակներ:

Այս բոլոր յատկութիւններուն սխալ հասկացողութիւնը դարձեալ եւ դարձեալ անհամ դաստիարակութեան արդիւնքն են, այն անհամութեան, որ փոքր տարիքէն կը սրսկենք մեր զաւակներուն հոգիին ու սիրտին մէջ:

Մեր անհամութեան մէկ այլ երեւոյթներէն մէկը մեր կեղծ հայրենասիրութիւնն է: Կեղծ հայրենասիրութիւն կ՚ըսեմ, որովհետեւ վերջին տարիները եկան փաստելու մեզի, որ մենք ազգովին ապրած էինք եւ կը շարունակենք ապրիլ մեծ կեղծիքի մը մէջ, որ կը կրէ հայրենասիրութիւն անունը: Այդ կեղծ հայրենասիրութեան պատճառով մեր կեանքը անհամ դարձած է, որով ունինք մեր այսօրուան վիճակը:

Մեր հասարակութեան մէջ անձնապաշտութիւնը ահաւոր աստիճաններու հասած է, ինչ բանի պատճառով մարդիկ սկսած են զիրար մեղադրել, անպատուել, վիրաւորել, յանուն ինչ որ քաղաքական գործիչի կամ ղեկավարի: Մեր հասարակութիւնը այսօր յանուն քաղաքական գործիչի մը պատրաստ է նոյնիսկ ծախելու եւ անպատուելու իր ծնողը, իր կինը, իր զաւակը, եւ այս բոլորին տալով՝ հայրենասիրութիւն անունը:

Այս երեւոյթին պատճառն ալ անհամ հայրենասիրութիւնն է, որով մեր ազգի ղեկավարները՝ ըլլայ Հայաստանի եւ ըլլայ սփիւռքի մէջ համեմեցին եւ կը շարունակեն համեմել մեզ, իսկ մենք, որովհետեւ ահաւոր կերպով հեռացած ենք մեր ինքնութենէն, մեր էութենէն, մեր տեսակէն, եւ ամենէն ահաւորը՝ մեր Աստուծմէն, չենք գիտակցիր Աւետարանական այն յստակ ճշմարտութեան, թէ՝ «լաւ բան է աղը, բայց եթէ իր համը կորսնցնէ՝ ինչո՞վ պիտի աղեն զայն: Արդ, աղ ունեցէք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք» (Մր 9.50):

Մեզի կը մնայ որոշել աղ ունենալով՝ համ-հոտ ունենալ, թէ անհամ մնալ ու կորսնցնել մեր համն ու հոտը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022