ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Թ.

ԾԻԾԷՆ ԿՏՐԵԼԸ

Ե՞րբ պէտք է երեխան ծիծէն կտրել: Ինչպէ՞ս կերակրել երեխան ծիծէն ետք: Փոխեր, մսաջուրը, մսեղէն, բանջարեղէն, շաքարեղէն, միրգ: Ոգելից խմելիք: 2-3 տարեկան երեխային օրական սնունդը:

Երեխաները, ծիծէն կտրելէն ետք, մեծ ախորժակ կ՚ունենան եւ հակում ունին աւելի ուտելու, քան իրենց անհրաժեշտ է սնունդի համար: Ասկէ ստամոքսի խանգարում կը յառաջանայ, հետեւաբար անհրաժեշտ է որոշ ժամեր սահմանել անոնց կերակրելու համար եւ անոնց ագահութիւնը սանձել: Կերակրելու ընդհանուր կանոնն է՝ շուտ-շուտ եւ քիչ-քիչ:

Մինչեւ 3 տարեկան հասակը, երեխան կաթն ու հացեղէնը պէտք է ճանչնայ որպէս իր ամենէն ընտիր կերակուրը: Եւ այդ պատճառով պէտք չէ զինք մեծերուն հետ սեղան նստեցնել եւ զանազան սոսերու եւ քաղրաւենիքի համը տեսնել տալ, որովհետեւ զանազան ուտելիքներու համը տեսնելէն ետք, անոնք կը սկսին մերժել կաթը:

Գաղափար մը տալու համար, թէ օրուան ընթացքին ի՛նչ պիտի ըլլայ ծիծէն կտրուած երկու-երեք տարեկան երեխայի ուտելիքը, կը ներկայացնենք այս ուտելիքներուն ցուցակը:

Առտու արթննալէն ետք, մէկ գաւաթ տաք կաթ, լաւ թխուած հացով:

Ժամը 9-ին հաց՝ կարագով, կամ քիչ մը մածուն շաքարով ու հացով, կամ կէս խորոված հաւակիթ:

Ժամը 12-ին մսաջուր եւ միս, քոթլէթի կամ քուֆթայի ձեւով: Եթէ ապուրը հաճելի չէ, կէս խորոված հաւկիթ տալ, յետոյ կրկնեփ (biscuit), եփած միրգեր, հիւթ կամ ժըլէ: Ասկէ ետք մանուկը երկու ժամ կը քնանայ:

Արթննալէն ետք բաժակ մը կաթ հացով:

Մօտաւորապէս ժամը 6-ին ընթրիք, բաղկացած ապուրէ, հացէ, գետնախնձորի փիւրէէ, մսեղէնէ (հաւի միսով), կանաչեղէն եւ քաղցրեղէն:

Եթէ ուշ կը քնանայ, երեկոյեան ալ կաթ:

Գիշերուան մէջ երբեք չկերակրել:

Այս բազմազան ուտելիքներուն մանկիկը պէտք է կամաց-կամաց ընտելացնել եւ ո՛չ թէ մէկ անգամէն, հետեւելով ստամոքսին: Եթէ որեւէ մէկ խանգարում նկատուի, պէտք է խորհրդակցիլ բժիշկին հետ, ամէն պարագայի դադրեցնել կամ պակսեցնել կոշտ կերակուրները ու կաթ տալ:

Այս մասին զգոյշ մայրը ամենէն լաւ առողջապահն ու բժիշկն է: Կարիք չկայ երեխային ստիպել ուտել եւ շատ ուտել, պէտք է ձգել անոր ախորժակին: Անհրաժեշտ է նոյնպէս զանազանել անոր սնունդը, քանի որ երեխան կը ձանձրանայ միատեսակ կերակուրէ, միւս կողմէ պէտք չէ արգիլել եւ այն բանը, որմէ ան կ՚ախորժի, անշուշտ, եթէ ատկէ վնաս չկայ:

Ժ.

ԾԱՂԻԿԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄԸ

Պատուաստի նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Կանոնաւոր պատուաստի ընթացքը: Լաւ պատուաստումի նշանները: Կրկնապատուաստ: Վարակիչ հիւանդութիւններէ զգուշութիւն:

Ծնողներուն գլխաւոր հոգերէն մէկն ալ իրենց զաւակներուն ծաղիկ պատուաստելը պէտք է ըլլայ: Պատուաստը գրեթէ միշտ երեխաները կը փրկէ հիւանդանալէ, կուրնալէ եւ նոյնիսկ մահանալէ: Ծաղիկ պատուաստելը արդէն 100 տարիէն աւելի է, որ բոլոր երկիրներուն մէջ ընդունուած է եւ մեծ յանցանք կը գործեն այն ծնողները, որոնք առանց պատուաստելու կը ձգեն իրենց զաւակները: Հիմա, բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ո՛չ մէկ երեխայ առանց պատուաստուելու չի՛ մնար, այն ինչ մեր գիւղերուն եւ նոյնիսկ փոքր քաղաքներուն մէջ, բազմաթիւ երեխաներ պատուաստուած չեն: Ինչքան կոյր երեխաներ տեսած ենք, գրեթէ բոլորը ծաղիկէն կուրցած են:

Հետեւաբար, երեխաներուն ծաղիկը անպատճառ պէտք է կտրել: Եթէ գիւղին մէջ ճար չկայ, մանուկները պէտք է քաղաք տանիլ, կամ երեխաներուն տէրերը պէտք է հաւաքուին եւ քաղաքէն ֆելդշեր մը կամ հմուտ պատուաստող մը բերել տան գիւղ:

Ի՞նչ հասակի պէտք է կտրել ծաղիկը: Երեխային ծաղիկը պէտք է կտրել, քանի որ տակաւին ակռաները դուրս չեն եկած, այսինքն՝ մինչեւ 6 ամսականը, որովհետեւ ակռայ հանած ատեն, ինչպէս տեսանք, երեխան ենթակայ է զանազան տկարութիւններու, իսկ հիւանդ երեխային ծաղիկ կտրելը բոլորովին արգիլուած է1: Սակայն, եթէ այդ վայրին մէջ ծաղիկի հիւանդութիւնը տարածուած է, կարելի է պատուաստել աւելի փոքր երեխաներն ալ, որպէսզի անոնք ալ չվարակուին:

Պատուաստի կանոնաւոր զարգացումը եւ անոր նշանները. մինչեւ երրորդ-չորրորդ օրը ոչինչ չի յայտնուիր պատուաստուած տեղերը. չորրորդ օրը այն տեղերը կը սկսին բորբոքիլ, -կը գոյանան կամիր պզուկներ: Հինգերորդ օրը պզուկները բշտիկներ կը դառնան, որոնց գագաթները սպիտակագոյն հեղուկով կը լեցուին, որ 6-7-րդ օրը կը շատնայ ու կեղտոտ կաթնանման հեղուկ կը դառնայ. իսկ եօթներորդ օրը ան թարախ կը դառնայ եւ պզուկը թարախակոյտի (փիւսթիւլ) ձեւ կ՚ընդունի եւ երթալով կը մեծնայ մինչեւ 10-րդ օրը: Յետոյ կամաց-կամաց թարախակոյտը կը չորնայ, կը փճանայ եւ 3-4 շաբաթէ ետք սեւցած մորթը կ՚իյնայ ու վէրքը կը լաւնայ, փոքրիկ փոսինկած սպի մը ձգելով: Ամենէն բարձր տաքութիւնը 7-9-րդ օրերուն կ՚ըլլայ: Տաքութիւն կայ նոյնպէս առաջին երկու-երեք օրերը ծաղիկը կտրելէ ետք:

Բշտիկները երբեմն սաստիկ կը քերուին, եւ պէտք է ուշադիր ըլլալ, որպէսզի երեխան չպոկէ, իսկ եթէ այդ ալ պատահի եւ բշտիկներուն տեղը խոր վէրք գոյանայ, պէտք է եփ տուած մաքուր ջուրով լուալ, յետոյ մաքուր բարակ քաթան թացցնել նոյն ջուրին մէջ եւ վրան դնել, իսկ քաթանի վրայ քիչ մը մաքուր բամպակ դնել ու կապել: Նոյնը պէտք է ընել, եթէ պատուաստը կեղտոտուած է: Դեղատուներէն կարելի է բորակաթթու (acide borique) գնել եւ անոր խառնուրդը պարզ ջուրի փոխարէն գործածել (մէկ թէյի դգալ այս թթուէն՝ բաժակ մը տաք ջուրի մէջ): Իսկ եթէ վէրքը մաքրուած է, զանազան սպեղանիներ ու փոշիներ գործածել, ինչպէս բորակաթթուով վազելին:

Ծաղիկը լաւ բռնած պէտք է համարել, երբ երեք կամ գոնէ երկու պատուաստատեղերը բշտած են, լաւ լեցուած ու թարախակալած են: Եթէ ծաղիկը լաւ չէ բռնած, անհրաժեշտ է որոշ ժամանակ ետք կրկին կտրել:

Պատուաստի մեծ եւ փրկարար գիւտը անգլիացի բժիշկ՝ Ճէններին կը պատկանի, ով առաջին պատուաստը կատարած է Ճէյմս Ֆիպս անունով ութ տարկեան տղայի մը վրայ 2 մայիս 1796-ին (տե՛ս նկարը):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 20

Վաղարշապատ


1 Մեր մէջ ծաղիկը կը կտրեն թեւերուն, Եւրոպայի մէջ նաեւ ոտքերուն կը կտրեն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023