Ո՞Վ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ

Ի՞նչ բանի արդիւնք է Հայաստանի ընկերային անփառունակ վիճակը…

Հայաստանի բնակչութեան համար կարեւոր հիմնահարցեր են ընկերային հարթակի վրայ գոյութիւն ունեցող խնդիրները։ Հարցեր, որոնք տասնեակ տարիներու կուտակում են, եւ որոնց դարմանման համար գործադրուած ճիգերը որոշակի արդիւնքներ չեն արձանագրած։ Ի դէպ, ընկերային հարցերուն մասին խօսելու պահուն միտքս կու գայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած մէկ խօսքը, ուր վարչապետը նկատել կու տար, որ «աղքատութիւնը նախ եւ առաջ մարդուս ուղեղին մէջ է...»։ Այս խօսքը օրին թեր ու դէմ կարծիքներու արժանացաւ։ Բայց եւ այնպէս, մեծագոյն խնդիրը այն էր, որ շատեր նկատել տուին, թէ վարչապետը նման մօտեցումով մը, վարչապետը ոչ թէ կը խօսի իր կողմէ ձեռնարկուելիք միջոցառումներուն, այլեւս «գնդակ»ը կը նետէ քաղաքացիներուն դաշտը, անոնցմէ պահանջելով՝ «վեր կենալ ու քայլել...»։ Առանց հարց տալու սակայն, որ դէպի ո՞ւր պիտի քալէ այդ քաղաքացին, որ գրեթէ տարի մը առաջ փողոց իջաւ եւ քալեց, որպէսզի օրին գործող իշխանութիւնները տուն երթան ու անոնց տեղ իշխանութեան հասնին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր համախոհները։

Խնդիրը այն է, որ բոլորին գիտակցումով, այսօր Հայաստանի մէջ կան տնտեսական ու յատկապէս ընկերային մակարդակի բաւականին սուր հիմնախնդիրներ, որոնց արմատը անշուշտ չքաւորութիւնն է։

Ի դէպ, զանազան առումներով ալ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը կը փորձէ մեծագոյն ճիգեր ի գործ դնել յաջողցնելու համար տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը, կամ ինչպէս Փաշինեան առիթով մը ըսած էր. ապահովելու համար «տնտեսական թռիչք»ի պահը։ Սակայն մինչեւ այս պահը ներկայացուցած ցուցանիշները հեռու են փափաքելիի սահմաններէն ու յստակ է նաեւ, որ տնտեսական տեղաշարժ ապահովելու համար երկրէն կը պակսին մի քանի կարեւոր օղակներ, որոնցմէ ամենէն ցայտունը՝ ռուսական կողմի ներդրումներուն բացակայութիւնն է ու Հայաստանի հիւսիսային դաշնակցին կողմէ արտայայտուած կրաւորականութիւնը։

Շատեր գրաւ կը դնեն, որ յառաջիկայ ձմեռը կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, այն իմաստով, որ երկիրը պիտի ապրի տնտեսական կուտակուած բեռան մը տուած «շոք»ը, որուն հետեւանքով ալ ժողովուրդը պիտի ապրի մեծ հիասթափութիւն։

Այդ մէկը անշուշտ բացառուած չէ, որովհետեւ Հայաստանի պէս տնտեսական փոքր լծակներ եւ նիւթական ոչ այնքան փայլուն կարողականութիւն ունեցող երկրի մը ժողովուրդին համար գլխաւոր հարցը, ապագայի մեծ ու «աներեւակայելի» հիմնադրոյթները չեն, այլեւ ամէնօրեայ հաց ապահովելու, բնակարանը կամ աշխատանոց ջեռուցելու, տարիքոտներուն համար պիտանի դեղաօրայք ապահովելու խնդիրները, ինչպէս նաեւ ամէնամսեայ ծառայութեանց վճարներու ապահովման հարցը, որ յատկապէս ձմրան շրջանին կը դառնայ ամենադժուարագոյնը։

Այս առումով է, որ կ՚ըսէի, թէ այսօր սովորական երեւանցիին համար հիմնահարցը դատաիրաւական համակարգի, ծխելու դէմ արգելքներ դնելու, կամ քսան տարուան վարկով բնակարան մը գնելու խնդիրը չէ, որ էական է, այլ էականն ու անհրաժեշտը առօրեայ եւ կարճ ժամանակի վրայ եղած հարցերը լուծելն է։

Ի դէպ, տակաւին շատեր ունին այն մօտեցումը, թէ այսօր Հայաստանի մէջ տիրող ոչ բարենպաստ իրավիճակը արդիւնք է երկար տարիներով երկրին մէջ գլուխ ցցած կաշառակերութեան, սխալ կառավարման եւ մսխման քաղաքականութիւններուն, որոնք երկիրը առած տարած են բաւական վտանգաւոր ու մինակ ափ մը, որուն փրկութեան համար այսօրուան մարմինները կարիքն ունին տիտանական գործերու։ Ոչ միայն գործերու, այլեւ միջոցներու ու այդ միջոցներու բացակայութիւնն է հաւանաբար, որ աւելի բարդ կը դարձնէ այսօրուան մարմիններուն գործն ու ընելիքը։

ԱՂՔԱՏԻՆ ԿԱՄ «ՀՈԳԻՈՎ ԱՂՔԱՏ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ. Ի ՎԵՐՋՈՅ ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ Է ՕՐԷՆՔԸ

Շատեր ըսած են, որ օրէնքը բացառապէս աղքատներուն համար է։ Խօսքը երեւի Միջին Արեւլքի կամ նոյնիսկ կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ իր տեղը գրաւած մեր երկրին՝ Հայաստանին մասին է։ Սակայն, չի բացառուիր, որ այս մօտեցումը իր տեղը ունենայ նաեւ Արեւմուտքի մէջ։ Շատեր ըսած են, որ օրէնքը աղքատներուն համար է։ Ընկերութեան մը մէջ, որուն անդամները իրենք եւս շուարած են, թէ ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ բարեփոխումներու, մեծ առումով այդ բարեփոխումներու զոհ կ՚երթան երկրի աղքատները։ Անոնք որոնք «անտէր» են, անոնք որոնք «քուչի տղայ» չեն, անոնք որոնք «լաաա՜ւ» շրջապատ մը չունին, ու յատկապէս, անոնք որոնք օրն ի բուն կը վազեն յանուն աւուր հացի։ Այստեղ հաշուի պէտք է առնել, որ յատկապէս այս ժամանակներուն, երբ Հայաստանի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ եւ յաճախ «անսպասելի» զարգացումներ կ՚արձանագրուին, երկրի յատկապէս ընկերային խնդիրները ձեւով մը «մէկդի դրուած են»։

Հասկնալի է, որ այսօրուան իշխանութիւններուն համար, որոնց ուսերուն կան բաւականին լուրջ մարտահրաւէրներ, կրնան եւ ըլլալ բազմատեսակ բացթողումներ։

Խելացի եւ համբերատար հայ մարդը մինչ մեծ յոյսերով կը սպասէ գալիքի բարեփոխումներուն, անդին «ջղային» եւ անհամբեր հայը արդէն իսկ սկսած է քննադատական սուր խօսքեր հնչեցնել եւ մեղադրական շեշտերով խօսիլ, թէ երկրին մէջ գրեթէ ոչինչ փոխուեցաւ։ Այս բոլորին մէջ սակայն, ամենախոցելի, ամենավտանգուած եւ տուժած խաւը Հայաստանի աղքատ խաւն է, որ կը պայքարի իր ամէնօրեայ հացը ճարելու համար։

Ու այդ խաւին վրայ է, այո՛, ցաւալիօրէն այդ խաւի ուսերուն վրայ է օրէնքի ողջ բեռը։ Ամէնօրեայ հացին համար պայքարող հայը շատ ալ հետաքրքրուած չէ, թէ ո՛ր դատաիրաւական համակարգին մէջ ինչ փոփոխութիւններ եղան, կամ «վեթինկ» կոչուած «դարման»ը ոչ օրինական ճանապարհներով հարստացած ո՛ր դատաւորին «աչքը հանեց»...

Անոնք, այդ հասարակութեան անդամները մտահոգ են մէկ բանով, թէ ինչպէս պիտի կարողանան իրենց զաւակները կերակրել, տան համար պիտանի ու կարեւոր գործերը ընել եւ մէկ խօսքով մօտենալ միջին խաւի անդամ դառնալու յոյսին։

Ուշադի՛ր, հոս կը խօսինք յոյսին ու հաւատքին մասին, որուն այնքան կարիքն ունի պարզ հայաստանցին, տեղ մը, ուր ամէն օր հաւատքի եւ յոյսի ամպհովանին աւելի կը փոքրանայ ու հասարակութեան «կարօտեալ» անդամները մղոնով մը կը հեռանան մարդկային բարձր արժէքներու ընկալումներէն։

Այս բոլորը գրելէ ետք, հարկ է նշել, որ այս մտորումները լոյսին կը տրուին այն պահուն, երբ նոյն այդ «անտէր» խաւի անդամ մէկ վարորդը, իր ամէնօրեայ հացը ճարելու ճանապարհին վառած էր գլանիկ մը, որուն ի տես անոր դէմ իր ցասումը արտայայտած էր հասարակութեան մէջ «յանուն ազատութեան» պայքարող «աքթիւիստ» մը։ Մեղադրելի չէ անշուշտ այդ օրիորդը, որուն կոկորդը «խեղդուած» էր «ոչ օրինական» գլանիկէն վարորդին, որ իր կարգին եղած միջադէպէն ետք դարձած էր օրինականութեան եւ օրէնքի հերթական մէկ «զոհ»ը։

Հիմա ըսէք բարեկամներ, ո՞ւր կը սկսի օրէնքը եւ ո՞ւր կ՚աւարտի այդ օրէնքի սահմանումը։ Արդեօք մահացո՞ւ մեղք էր գլանիկ մը վառելը, երկրի մը մէջ, որուն փոխադրամիջոցները վաղուց եւ շատ վաղուց հատած են «արժանապատիւ» եւ «մարդկային» միջոց մ՚ըլլալու բոլոր սահմանները...

Եւ երկրի մը մէջ, որուն բնակիչներուն մեծագոյն տոկոսը բաւարար գումար չունենալու պատճառով, իր զաւակները յաճախ քնանալու կը ղրկէ կէս-պարապ փորերով։ Կամ աւելի՛ն. երկրի մը մէջ, որուն դպրոցներուն մեծ մասը կը գտնուին մեր դարու ոչ-համապատասխան վիճակներու մէջ, կամ ի վերջոյ երկրի մը մէջ, որուն գիւղերն ու շէները անմխիթար ու աղքատ պատկեր մը կը պարզեն։ Այս բոլորը յիշեցնելէ ետք, հիմա դարձեալ նոյն հարցումն է, որ կը մտատանջէ մեզ այն մասին, թէ օրէնքը որո՞ւ համար է ի վերջոյ։

Շփացած հարուստին, որ երկար տարիներէ ի վեր լքած է Հայաստանը ու միայն պտոյտի համար է, որ Երեւան կը հասնի, կամ անոր համար, որ տարբեր պայմաններու տակ, եւ յանուն ամէնօրեայ հացի, իր ջղայնութիւնը եւ բողոքը «պարպելու» համար մեքենայ վարած ատեն գլանիկ մը կը վառէ։

Աղքատին համար, թէ հարուստին, Հայաստանով ապրող կամ Հայաստանը վաղուց իր ճակատագրին յանձնած, կամ անոր՝ որ իր սրտի Հայաստանը ուրիշ տեղ է թողած...

Որո՞ւ, որո՞ւ համար է օրէնքը...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 17, 2019