«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄՈԼՈՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԽԵՆԹՈՒԹԻՒՆԸ

-Եառոնտա. մոլորուածութիւնը կարելի՞ է որ խենթութիւն ըլլայ:

-Մոլորուածութիւնը բան մըն է, իսկ խենթութիւնը՝ ուրիշ բան: Ոմանք կը մոլորին, իսկ ոմանք կը մոլորին ու անոնց ուղեղներն ալ կը վնասուի:

Սուրբ Լերան վրայ վանականի մը ծանօթացայ, որ ո՛չ մէկուն լսած էր: Իր վանքը լքած էր եւ սկսած Լերան վրայ տեղէ մը ուրիշ տեղ շրջիլ ճգնելու համար, ըստ իր ըսածին: Կը խրատէի անոր, որպէսզի վերադառնայ իր զղջման վայրը: Ի վերջոյ խուց մը գնեց եւ առանձին ապրեցաւ: Եօթ ամիս ետք դարձեալ մօտս եկաւ, իսկ ես դարձեալ խրատեցի անոր վանք վերադառնալ: Մերժեց վերադառնալ՝ ըսելով, թէ դուրս գալու արտօնութիւն ստացած է եւ այլեւս վանք պիտի չընդունուի: Խնդրեցի անկէ, որպէսզի գոնէ կապուի աւագ վանականներէն մէկուն հետ եւ հնազանդի անոր, ու իր հաճոյքներուն եւ կամքին համաձայն չապրի: Վրդովեցաւ եւ ըսաւ.

-Աստուծոյ կամքին պիտի հնազանդիմ:

Հրամայեցի անոր, որպէսզի վանքերէն մէկը երթայ, մերժեց, որովհետեւ ճգնաւոր է եւ չի՛ կրնար ետեւ երթալ այլեւս: Արտօնութիւն խնդրեց երթալու: Առաջարկեցի ընկերակցիլ իրեն, եթէ փափաքի եղբայրութեան կեանքին վերադառնալ վանքերէն մէկը, որպէսզի բացատրեմ վանահօր վանականներուն միանալու պատճառը, սակայն պատասխանեց.

-Եթէ ձանձրացած ես լուռ մթնոլորտէն, ապա առանձիդ գնա՛, ո՛ր վանքը որ կ՚ընտրես:

Անոր անկրթութիւնը շշմեցուց զիս, որով ձգեցի զինք իր խելքին: Որոշ ժամանակ մը ետք իմացայ, թէ սատանայէ բնակուած ու խենթացած է: Սատանան անոր Աստուածամօր պատկերով երեւցած ու ըսած է.

-Եթէ երկրպագես ինծի, ապա Սուրբ Հոգիին եօթ շնորհները պիտի պարգեւեմ քեզի:

Ընդունած է այդ մէկը եսասիրութենէ եւ բոլորէն աւելի երեւալէն դրդուած: Երկրպագած է սատանային, որով վայրկենական դող մտած է մէջը եւ կորսնցուցած է ուղեղը: Քարիա լերան վանականներու կեդրոնը գացած է, որպէսզի առաջնորդ ըլլայ, բռնած է լերան առաջնորդին գաւազանը ու սկսած է աստիճաններէն իջնել, ինքն իրմով հպարտանալը կուրցուցած էր զինք: Ոմանք տեսան ուրիշ առաջնորդ մը, որ կ՚իջնէր, միջոցի մը դիմեցին, որով զինք դրին ինքնաշարժի մը մէջ, որ զինք հոգեբուժարան տարաւ: Սատանայէն ազատուեցաւ ի վերջոյ, սակայն խենթ մնաց:

-Եառոնտա. մոլորութեան մէջ ինկածը ձեւով մը սատանայէ բնակուած չէ՞:

-Ինչպէս չէ: Մոլորութեան մէջ ինկածին մէջ երբեմն աւելի սատանաներ կը բնակին, քան ան որ արդէն բնակուած է սատանայէ: Սակայն, մոլորութեան մէջ ինկածը անպայման սատանայէ բնակուած չէ, այլ՝ ինքն իրմէ, որովհետեւ կը մերժէ լսել ոեւէ մէկուն:

ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ՄՈԼՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾՆԵՐԷՆ

Կը ճանչնամ երեք հոգեւոր հայրեր, որոնք որոշ յատկութիւններ ունին՝ մտային պակասութիւն ունին սակայն, որով մարդիկ կը մոլորեցնեն: Բոլորին վրայ սատանաները վռնտելու աղօթքը կը կարդան: Շփացածութիւնը կը տիրէ անոնց վրայ, որովհետեւ քահանաներ են եւ իշխանութիւն ունին: Այդպիսիները եկեղեցիին վնաս կը պատճառեն, եւ պէտք է մարդոց կասկածը արթնցնել անոնց նկատմամբ, որպէսզի հեռանան անոնցմէ, եւ փնտռեն ուղիղ հոգեւոր մարդ մը, որ կրնայ իրենց օգտակար դառնալ: Այդ երեք հայրերը իրենց չափը շատ անցուցին, անունս ու նկարս օգտագործեցին, որպէսզի մարդոց մօտ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծեն, թէ իրենք մնայուն կերպով կապի մէջ են ինծի հետ:

Կրնայ ըլլալ որ անոնք արդարացում ունենան՝ պակասամիտ ըլլալնուն պատճառով, սակայն կան չար մարդիկ, որոնք քացախը գինի կ՚ընեն: Մէկը կար, որ հաշուապահ կ՚աշխատէր ու գործը ձգեց, եւ ահա այսօր ան Յունաստանի հիւսիսին մէջ կը դեգերի ըսելով, թէ ինք աշակերտս է, եւ կը յայտարարէ, թէ ես անոր շնորհած եմ յայտնութիւն ստանալու պարգեւն ու այլ պարգեւներ, որով մարդիկը կը մոլորեցնէ եւ դրամ կը հաւաքէ:

-Քահանա՞յ է:

-Ո՛չ. աշխարհական է: Անգամ մը զիս Տաֆնիի (Լերան նաւահանգիստը) մէջ տեսաւ ու անմիջապէս պահուըտեցաւ, որպէսզի չտեսնեմ զինք, մանաւանդ եւ դժբախտաբար իմ երես առած զաւակս էր… Բարեբախտաբար ոգելից ըմպելիներ կ՚օգտագորէ եւ անոնցմէ «ուզոյի» հոտ կու գայ, ոմանք ալ զինք գինովցած կը տեսնեն, որով մարդոց մօտ հարցադումներ կը ծագին:

Շատ է թիւը այդ խաբեբաներուն, որոնք մարդոց ցաւը կ՚օգտագործեն ու վաճառականութիւն կ՚ընեն անով: Անոնցմէ մէկը ամուրի կնոջ մը ըսած է.

-Ամուսինիդ ձեռքերէն մէկը տակաւին չէ կազմալուծուած, որովհետեւ աղօթքի կարօտ է:

Խեղճ կինը մտածեց եւ նկատեց, որ լուծումը կը կայանայ անոր դրամ տալուն մէջ, որպէսզի աղօթէ ամուսինին հոգիին խաղաղութեան համար: Այդպիսով, այդ խաբեբան այդ ամուրի կնոջ դրամները սեփականացուց այնքան, որ անոր ամբողջ հարստութեան պիտի տիրանար, եւ անկէ բաւական մեծ գումարներ գանձեց իր ամուսինին հոգիին խաղաղութեան համար:

Այդ մոլորեցնողներէն ոմանք ալ հիւանդներուն վրայ կը խաչակնքեն եւ ցած ձայնով աղօթքներ կ՚ըսեն՝ բժշկութիւն խնդրելով, որով մարդիկ կը խաբուին անոնցմէ եւ ուշադրութիւն չեն դարձներ խոստովանութեան, կամ քահանայ մը հրաւիրելու, որպէսզի ճշմարիտ աղօթքներ ըսէ: Մարդիկ այդ մոլորեցուցիչներուն կը դիմեն եւ հսկայ գումարներ կը ծախսեն:

Կրնայ ըլլալ, որ երկու մոլորեցուցիչ իրարու հետ լաւապէս գործակցին, երբ իրենց երկուքին համար շահ ու բարիք կայ: Մէկը հիւանդութիւնը կը յայտնաբերէ, իսկ միւսը՝ որպէս թէ կը բժշկէ, եւ արդիւնքը՝ սատանային հետ գործակցելով մարդոց եկեղեցիէն հեռացնելն է: Կրնայ ըլլալ, որ սատանան ոեւէ մէկուն զօրաւոր գլխացաւ պատճառէ, որով այդ մոլորեցուցիչներէն մէկուն մօտ կ՚երթայ [սատանան] եւ կը տեղեկացնէ, թէ այսինչ մարդը գլխացաւ ունի: Առիթով մը այդ մոլորեցուցիչը այդ գլխացաւ ունեցողին կը յայտնէ իր ցաւերուն պատճառը եւ զինք միւս մոլորեցուցիչն մօտ կը ղրկէ, որպէսզի ազատէ զինք իր ցաւերէն: Կը տեսնե՞ս սատանային ճարպիկութիւնն ու անխոնջ աշխատանքը մարդիկ մոլորութեան անդունդին մէջ նետելու համար:

-Եառոնտա. մարդիկ ինչո՞ւ մոլորեցուցիչներուն կը դիմեն, որպէսզի իրենց խըն-դիրները լուծեն:

-Որովհետեւ սատանան ունի աժան պարգեւներ, զորս մարդիկ դիւրութեամբ կրնան ձեռք ձգել: Դժուարութիւն չեն ունենար ըսել այն ինչ կ՚ուզեն եւ այնպէս ընեն, որպէսզի մարդիկ հանգիստ զգան: Եւ փոխանակ մարդիկ զղջան իրենց գործած մեղքերուն համար եւ խոստովանին, կը տեսնես, որ անոնք լուծում կը փնտռեն մոլորեցուցիչներէն մէկուն մօտ: Ասկէ է իրենց տառապանքին աղբիւրը. չեն հասկնար, որ սատանան շղթայած է զիրենք եւ իր ենթակայութեան տակ դրած:

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կը հաւատան անոնց:

-Մարդիկ գլխապտոյտով կը տառապին: Կան շատեր, որոնք կը պնդեն, թէ իրենք մարդիկ ուղիղ ճանապարհին կ՚առաջնորդեն, մինչ անոնք իրենց ուսերուն վրայ կը շալկեն տոպրակներ, որոնց մէջ սատանան պահուըտած է: Չնայած, որ Արդար Աստուածը երկար ժամանակ չի ձգեր, որ ան պահուըտած մնայ, որով սատանան իր կոտոշը կամ պոչը կը հանէ եւ մարդիկ կը տեսնեն զանոնք, որով սարսափած կը պոռան.

-Ի՞նչ է ասիկա. սատանային կոտոշն ու պո՞չն են….

Օր մը մէկը եկաւ, որուն տասնեակ երիտասարդներ կ՚ընկերակցէին ու ինքզինք անոնց մեծաւորը ըրած էր: Անոնց մի քանի հարցումներ հարցուցի.

-Որոշ կազմակերպութեա՞ն մը կը պատկանիք: Ընկերութեա՞ն մը: Հոգեւոր հայր ունի՞ք:

Լուռ կը մնային: Սկսան փառաբանութիւններ եւ երկրպագութիւն ընելու: Անոնց մեծաւորը զիրենք իմ մօտս բերած էր, որպէսզի յետոյ մարդոց ըսեն, թէ Հայր Պաիսիոսը համաձայն է մեր ըրածներուն եւ այդ բանը իրենց օգուտին համար գործածեն:

-Անոնց բան մը ըսի՞ր:

-Անոնց շատ բաներ ըսի, սակայն սատանան -անոնց մեկնած պահուն-, ճիշդ հակառակը պիտի ըսէ անոնց եւ զանոնք կրկին անգամ մոլորութեան ճանապարհով պիտի տանի:

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կրնանք մոլորեցուցիչներուն ձեռք իյնալէն ազատիլ: 

-Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ մնալով: Իսկ եթէ անգիտակցաբար մոլորեցուցիչի մը հետեւինք, ապա Աստուած մեզ չի՛ ձգեր, այլ՝ կ՚օգնէ մեզի հասկնալու սխալը եւ իրականութեան կը վերադառնանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 38

16 մայիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021