ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՔ ԱՆԿԱՐՈՂ ԵՆ ԸՆՏՐԵԼ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԸ

Լիբանանի խորհրդարանը 14 յունիսին գումարեց նախագահի ընտրութեան հերթական նիստ մը։ Հերթական կ՚ըսենք՝ հաշուի առնելով, որ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան կը շարունակէ ընթանալ առանց նախագահի ու մինչ այդ գումարուած նիստերուն թիւը հասած է 12-ի։ Վերջին նիստը թէեւ տարբեր էր միւսներէն, սակայն աւարտեցաւ նոյն անփառունակ արդիւնքով։ Այս անգամ եւս խորհրդարանականները լքեցին դահլիճը՝ առանց ընտրելու երկրին նոր նախագահ մը։

Ինչ կը վերաբերի նիստի տարբերութիւններուն, այս մէկուն ընթացքին տիրեց աւելի լարուած մթնոլորտ մը, որովհետեւ ընտրութեան թեկնածու ներկայացած էին երկու ուժեղ անուններ։ Առաջինը՝ Ժիհատ Ազուրն էր, իսկ երկրորդը՝ Լիբանանի նախկին նախագահներէն Սիւլէյման Ֆրանժիէի թոռը եւ «Ալ Մարատա» կուսակցութեան ղեկավար Սիւլէյման Ֆրանժիէ կրտսեր։ Երկու թեկնածուները ունէին յստակ դիրքորոշում, որ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան ու տարածաշրջանային դիրքաւորումներուն. բան մը, որ պայքարը կը դարձնէր աւելի սուր եւ ճակատագրական։

Ժիհատ Ազուրի մասին խօսելու ժամանակ, անշուշտ, պէտք է հաշուի առնել իր շուրջ միաւորուած Լիբանանի երկու հիմնական պլոքները՝ որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնեայ ուժերու մեծամասնութիւնը։ Անոնք բաց կերպով յայտարարեցին, որ իրենց առաջադրումը պարզապէս ռազմավարական քայլ պէտք է համարել ու սա անպայման չի նշանակեր, որ նշեալ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները հարթուած են։ Այդ պլոքներն են «Լիբանանեան ուժեր»ը եւ «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնը, որոնք ունին ընդհարումներու եկար պատմութիւն եւ տարբեր առումներով ալ իրարմէ կը զատորոշուին թէ՛ քաղաքական դիրքորոշումներու եւ թէ մարտավարական կեցուածքներու տեսակէտէ։

Հարկ է նշել, որ Լիբանանի նախկին նախագահ զօրավար Միշել Աունի ճիգերով հիմնուած եւ իր փեսային՝ Ժըպրան Պասիլի առաջնորդած «Ազգային ազատ հոսանք»ը, որ կը վայլէր «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան քրիստոնէական նեցուկը, ի՛նչ պայմաններու տակ կը հեռանար այդ կուսակցութենէն՝ ստեղծելով բաւական մեծ հարցադրումներու շղթայ մը։

Արդեօք գոծնապաշտութի՞ւնն էր պատճառը կամ «Հիզպուլլահ»ի կողմէ Սիւլէյման Ֆրաժիէի թեկնածութեան որդեգրո՞ւմը, որ մէկ կողմէ նախանձի տեսարան կը պարզէր եւ քրիստոնեայ երկրորդ ուժն ու անոր ղեկավարը կը ստիպէր համաձայնութեան նստիլ «Լիբանանեան ուժեր»ուն հետ։

Այս բոլորին առընթեր, երկրին մէջ սիւննի տարրի միակամ չըլլալուն եւ քաղաքական ուժեղ թեւի մը բացակայութեան պատճառով ստեղծուեցաւ տեսարան մը, որու հիմնական դերակատարները դարձան քրիստոնէական ուժերը։ Բայց այդ մէկը եւս տապալեցաւ, որովհետեւ Ազուր 128-ի վրայ ստացաւ քուէներուն 59-ը, իսկ վերջինիս «հակառակորդ»ը՝ 51 քուէ։

Արդարեւ, Լիբանանի մէջ ստեղծուած պատկերը բաւական բարդ է, որովհետեւ ոչ մէկ պարագայի երկիրը կրնայ նոր նախագահ մը ընտրել՝ առանց ներքին համաձայնութիւններու եւ անուան մը շուրջ ընդհանուր կամեցողութեան մթնոլորտի մը։ Որեւէ կողմ, ինչ ալ ըլլայ անոր ներուժը կամ արտաքին նեցուկը, չի կրնար երկիրը կառավարել, երբ չկայ ներքին համաձայնութիւն, նաեւ համերաշխութիւն՝ մանաւանդ այս ժամանակներուն, երբ երկիրը կը բոլորէ իր տագնապներուն ամենասուրը՝ տնտեսական համընդհանուր փլուզումը։

ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի նախագահական թղթածրարը կարեւոր զարգացումներ արձանագրեց։ Նախկին, այսպէս կոչուած ոխերիմ բարեկամները ի մի եկան եւ յայտարարեցին, որ նախագահի պաշտօնին համար կ՚որդեգրեն Ժիհատ Ազուրի թեկնածութիւնը։ Խօսքը քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն մասին է, որոնք այսօր ի բացակայութիւն երկրի սիւննի ազդեցիկ ներկայութեան, կարողացած են դառնալ իրավիճակ ստեղծող եւ օրակարգ թելադրող ուժ։ Եւ այսպէս երկար տարիներ իրարու դէմ պայքարած «Լիբանանեան ուժեր»ը եւ «Ազգային ազատ հոսանք»ը, հիմնուելով գործնապաշտ շահերու վրայ՝ յայտարարեցին, որ կ՚որդեգրեն Ժիհատ Ազուրի թեկնածուութիւնը։

Միւս կողմէ, «Ամալ»-«Հիզպուլլահ» երկակը, որ որդեգրած էր Սիւլէյման Ֆրանժիէ կրտսերի թեկնածութիւնը, յայտարարեց, որ Ազուր «Տրոյական ձի»ի պաշտօն կը կատարէ եւ անոր թեկնածութիւնը կը միտի յաւելեալ բաժանումներու դուռ բանալ Լիբանանի մէջ։ Այստեղ կը նկատենք կարեւոր նրբութիւն մը, որ խորքային է եւ կապ ունի տեսակէտներուն հետ՝ սէուտցիներու, ամերիկացիներու եւ Արաբական ծոցի նուազ ազդեցիկ երկիրներու, որոնք կ՚ուզեն ժամ առաջ ձերբազատուիլ «Հիզպուլլահ»ի ռազմական ներկայութենէն, որ քաղաքական մեծ պայքարներուն մէջ իր որոշիչ կամքը ունի։

Ուրեմն, ներկայ փուլին մղուածը միայն ներքին պայքար մը չէ, որովհետեւ Ազուր կը մերժէ այն հաստատումները, թէ ինք պայքար ստեղծող թեկնածու մըն է։ Այստեղ կը ծագի հարցում մը. նախագահ դառնալու պարագային ի՞նչ են ծրագիրները Ազուրին, որ արժանացած է ամերիկացիներու նեցուկին։ Ազուր, որ մինչեւ այս պահը չէ յայտարարած իր նախագահական ծրագիրը, կրնայ լուրջ փորձութիւններու հանդիպիլ, նաեւ վտանգել Լիբանանի համընդհանուր անվտանգութիւնը։ Չեն բացառուիր ներքին լարումներ, բախումներ, պայթումներ եւ ահաբեկչական թիրախաւորումներ, որովհետեւ երկիրը իսկապէս կը գտնուի մեծ բաժանումի մը մէջ, նաեւ այն պատճառով, որ «Հիզպուլլահ» այլ թեկնածուի մը յաջողութիւնը (մանաւանդ Ազուրի) պիտի համարէ ուղղակիօրէն թշնամական արարք։ Հարկ է յիշեցնել, որ «Հիզպուլլահ»ի հարցը արտաքին գործօններու ամբողջական ծրարի մը բաւական կնճռոտ հանգոյցին կը նմանի։ Եւ այդ հանգոյցին մէջ կայ Իրանի նեցուկ եւ ներգործութիւն, սուրիական ակնկալիք ու այս բոլորի կողքին Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան մէջ կարեւոր կշռաքար։

Խնդիրը այն է, որ «Հիզպուլլահ»ի եւ անոր զէնքին հարցը ունի արտաքին դրոյթներ ու դժուար թէ վճռական փուլի մը տարուի, եթէ չկայ արտաքին համաձայնութիւն կամ քոնսենսիւս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 17, 2023