ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ Տ.Տ. ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ. ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ

«Իմ հայեացքը ուղղելով դէպի մօտ ապագան, մօտ տաս տարի յետոյ, իմ հոգու աչքերով տեսնում եմ այն հոյակապ տաճարը որ պիտի բարձրանայ այստեղ, եւ սուրբ խաչը պիտի սլանայ դէպի երկինք։ Հաւանաբար ես այստեղ չեմ լինելու, բայց գուցէ կը յիշէք ինձ այդ օրը»։

ՎԱԶԳԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Քսանհինգ տարիներ առաջ օգոստոսի 18-ին Վազգէն Ա. Հայրապետ կը փակէր իր աչքերը մնալով առ յաւէտ իր ժողովուրդի ու հայրենիքի հետ անբաժան։ Ինչպէ՛ս չյիշել երախտարժան Հայրապետը, որ գերազանցելով իր նախորդ հայրապետներուն գահակալութեան տարիները, ցայսօր կը մնայ ամենէն երկար եւ արդիւնալից 39 տարիներու հեղինակ Հայրապետը։ Հայրապետին ամէն մի գործ «աննախընթաց» կարելի է նկատել երբ ականատես կ՚ըլլայինք իր Մայր Աթոռ եւ մանաւանդ արտասահման կատարած հովուապետական այցելութեանց ընթացքին։ Յիրաւի, Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ատլանտեանի եւ Խաղաղականի ափերուն հասնող առաջին կաթողիկոսը եղաւ, եւ մի քանի սերունդներու իրական Հայրապետը, զոր տեսնելու բախտը ունեցան եւ օրհնութիւնը ստացան։

ԵՐԿՈՒ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐ

Վազգէն Հայրապետի կեանքի առաջին յիսնամեակը պատրաստութեան եւ մանաւանդ երկու պատերազմներու արհաւիրքին ենթակայ տարիներ եղան։ Քաղաքական դժուար վերիվայրումներու ընդմէջէն ան զարգացաւ, համալսարանական ուսում ստացաւ, ուսուցչական ասպարէզը ընդգրկեց, ու յառաջացաւ դէպի կրօնաւորութիւն իր 35 հասուն տարիքին, ճիշդ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տարիներուն։ Իսկ երկրորդ յիսնամեակը նախախնամական եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին համար, երբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1955 թուին, անցեալի կաթողիկոսներուն մէջ ամենէն երիտասարդը ըլլալով, ընտրուեցաւ եւ օտար աշխարհը մօտեցուց Մայր Աթոռին, ինք այցելեց գրեթէ ամէն երկիր, հանդիպումներ ունեցաւ արտերկրի կրօնապետներուն եւ քաղաքական պետերուն հետ, ու զանոնք Մայր Աթոռ հրաւիրեց, որոնք եկան Հայ Եկեղեցին ճանչնալու Հայրապետին մաքուր եւ կրթեալ անձին ընդմէջէն որպէս գլուխը Հայաստանեայց հնաւանդ եկեղեցւոյ։

Գործունէութեան ընդարձակ խոպան եւ բազմաբնոյթ դաշտ մը կը տարածուէր 47 տարեկան երիտասարդ Հայրապետին առջեւ։ Հաւասարակշռութեան իր բացառիկ ձիրքով, կազմակերպուած իր փայլուն միտքով, դիւանագիտական բարձր դիրքով, նուիրումով եւ իրեն յատուկ լաւատեսութեամբ, ութը հնգամեակներու յաջորդականութեամբ, լրջօրէն խօսելու եւ լսելու սահմանները յարգելով, հիանալի կերպով դասաւորել գիտցաւ, եւ ամէն գործ աղօթքով սկսած գտաւ իր յաջող ելքը, հնգամեակ առ հնգամեակ, առանց բացթողումներու թէ՛ Մայր Աթոռէն եւ թէ սփիւռքահայ գաղթաշխարհէն ներս, ուր տասնէ աւելի Հովուապետական աննախընթաց այցելութիւններ շնորհեց։ Իւրաքանչիւր հինգ տարի տուաւ իր բովանդակալից արդիւնքը ամէն մարզէ ներս, հոգեւոր, վարչական, թեմական, ուսումնական, շինարարական, միջեկեղեցական, պետական եւ հրատարակչական, բոլորն ալ իրենց հերթին՝ տարածուած ութը համահաւասար հնգամեակներու վրայ։ Թերեւս Հայրապետը ինք չնկատեց այդ կազմակերպեալ յառաջընթացը, սակայն պատմութեամբ զբաղող մը երախտիքով պիտի նկատէր զայն։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆԵՐՍ

Վազգէն Հայրապետ եղաւ իսկական Շինարար Հայրապետը մայրավանքէն ներս եւ Հայաստանի որոշ վանքերու վերանորոգման անկարելի նկատուած իրագործման մէջ։ Իր գահակալութեան երկրորդ յիսնամեակը դժուարութեամբ դիմաւորեց, երբ միայն երկու տարի առաջ մեռած էր բռնակալ Ստալին, եւ Հայաստանի համար յամրընթաց լաւատեսութեամբ Հայրապետը կրցաւ իր գործին գլուխն անցնիլ ու հրաշագործել։ Առաջին առիթով Քրեմլին յատուկ այցելութեամբ վեհարանի գրաւեալ եւ լքեալ պատկառելի շէնքը վերստանալու արտօնութիւնը ձեռք ձգեց, հիմնական ներքին վերանորոգութեանց ենթարկեց զայն ու Մայր Աթոռին անցեալի երբեմնի ժպիտը վերադարձուց իր օրհնեալ ժպիտին հետ միասին։ Սփիւռքը հայրենիքին մօտեցուց այնքան որքան կարելի էր Սովետական այդ տարիներուն։ Հայորդիք ամէն տարի մեծ թիւով եւ նիւթական օգնութեամբ այցելելին Մայր Աթոռ, եւ յարաբերութիւնը եղաւ աննախընթաց։ Իսկական վերածնունդ։

Մայր Աթոռէն ներս .մաքրագործումե հարկ էր կատարել։ Հայրապետը իր վարչական բարձր հեղինակութեամբ կարճ ժամանակի մէջ կարգի դրաւ գրեթէ ամէն ինչ, Գէորգեան Հոգեւոր Ընծայարանը ուռճացաւ, հոգեւորականներ ձեռնադրուեցան, ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններ, որոնք շատ հազուադէպ տեղի կ՚ունենային նախորդ տարիներուն, դարձան կանոնաւոր եւ դարձեալ աննախընթաց։ Վազգէն Հայրապետ իր գահակալութեան տարիներուն կատարեց վեց Միւռոնօրհնէք եւ վաթսունհինգ եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւններ արտասահմանի նորահաստատ թեմերուն համար՝ Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Ուրուկուայի, Քանատայի, Գերմանիոյ, Կեդրոնական Եւրոպայի, Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի 1991 թուի անկախութենէն անմիջապէս ետք հայրենի պատմական թեմերուն՝ գլխաւորութեամբ Արցախի թեմին։ Միաբանական կեանքը գտաւ իր բնականոն ընթացքը Հայրապետի ազնիւ եւ խիստ հայեացքին ներքեւ։

Ճարտարապետներու յատուկ յանձնաժողով մը մնայուն գոյավիճակով եւ իր անմիջական ծրագիրներով շինարարութիւններ իրագործեցին թէ՛ մայրավանքէն ներս, եւ թէ՛ Հայաստանի վանքերէն ներս։ Վազգէն Հայրապետի անունը արձանագրուեցաւ մնայուն կերպով իւրաքանչիւր վերանորոգեալ վանական հաստատութիւններուն վրայ։ Մինչեւ 1982 թուականը Հայրապետը ի հիմանէ կառուցեց Վանատունը, Ղազարապատի հին շէնքը, Բիւրականի Հայկաշէն Հայրապետական Վեհարանը, Գանձատունը ուր ապահովեց սրբոց մասունքները, Գեղարդն ու Լուսաւորչի Աջը, եւ ձեռագիր մատեաններն ու հնաւանդ եկեղեցական զգեստները։ Հաստատեց նաեւ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ», եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուանշանները արժանի անձանց պարգեւատրելու, ի գլուխ ունենալով արդէն իսկ հաստատուած «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն շքանշանը։

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Վազգէն Հայրապետ պատմական քայլեր եւս առաւ եւ 1962-ին ընդառաջելով Եկեղեցեաց Համաշխարհային Խորհուրդի հրաւէրին Զուիցերիա այցի գնաց եւ պաշտօնական դիմում ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ անդամակցութեան համար։ Նոյն տարուան Օգոստոսին Կեդրոնական խորհուրդը ընդունեց դիմումը։ Ժընեւի մէջ ի ներկայութեան ԵՀԽ-ի վարչականներուն հայրապետական պատարագ մատոյց ներկայացնելով Հայ Եկեղեցին ու հաստատելով անոր անդամակցութիւնը մնայուն հանգամանքով։ Մայր Աթոռէն հոգեւորականներ սկսան մասնակից դառնալ Խորհուրդի տարեկան ժողովներուն։ Յաջորդ տարին Հայրապետը յատուկ հրաւէրով Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան այցի ելաւ նախագահելու համար հայոց բաժնի հանգանակութեան որ մէկ երրորդի բաժինը պիտի ըլլար Ս. Յարութեան Տաճարի վերանորոգման մեծածախս գործին՝ Յոյն եւ Լատին Պատրիարքութեանց համահաւասար։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՆՃԻՌԸ

Վազգէն Հայրապետ իր գահակալութենէն միայն վեց ամիսներ ետք պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջելով այցի մեկնեցաւ Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1956 թուի Փետրուարին կայանալիք կաթողիկոսական ընտրութեան նախագահելու եւ օծելու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։ Իր բարի իղձերն ու ներկայութիւնը սակայն մնացին ապարդիւն, եւ որպէս հետեւանք կատարուած կուսակցական միակողմանի ընտրութեան, շաբաթ մը միայն մնալէ ետք մեկնեցաւ Գահիրէ իրեն ընկերակից եպիսկոպոսներուն հետ ուր կայացաւ իր ծրագրած Եպիսկոպոսական ժողովը։ Ժողովը ծրագրուած էր Երուսաղէմ հրաւիրել եւ սակայն արաբ-հրեայ քաղաքական լարուածութիւնը նպաստաւոր չեղաւ։ Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքն ու Երուսաղէմի Պատրիարքական Տեղապահը։ Կատարուած ընտրութիւնը իր յոռի հետեւանքները իսկոյն դրսեւորեց երբ մի քանի Էջմիածնի ենթակայ թեմեր առանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գիտութեան ենթարկուեցան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Մայր Աթոռ այդ հակականոնական քայլը .հերձուածե կոչեց ու Կոնդակով մըն ալ դատապարտեց։ Հակառակ իմաստուն Տ.Տ. Վազգէն Հայրապետի կրկնակի հրաւէրներուն եւ հայրապետական յորդորներուն կացութիւնը մինչեւ օրս մնաց նոյնը։

ԵՐԵՒԱՆԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Հայոց քրիստոնէութեան Մեծ Դարձի 1700-ամեակը պիտի նշուէր 2001 թուականին, եւ Վազգէն Հայրապետի ծրագիրը եղաւ Երեւանի մէջ Մայր Եկեղեցի մը կառուցանել, ուր կարենային նստիլ նոյն թիւով հաւատացեալներ։ Ճարտարապետներուն յանձնարարուեցաւ պատրաստել նախագիծեր որոնցմէ մին Հայրապետը ինք պիտի ընտրէր քսանեակ մը ճարտարապետներու նախագիծերէն։ Անոնք կատարեցին իրենց աշխատանքը երբ Հայրապետը տակաւին ի կեանս էր։ Բծախնդիր քննութիւններէ ետք, ճարտարապետական յանձնաժողովը ամենավերջին ընտրութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին յանձնելով, Վազգէն Հայրապետ վաւերացուց Ստեփան Քիւրքճեանի նախագիծը, Տաճարին հիմնաքարը ինք օրհնելով եւ զետեղելով։ Հիմնարկէքը կատարեց իր յաջորդը՝ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Սարգիսեան, եւ կառուցումը աւարտեցաւ ու օծումն ալ կատարուեցաւ ներկայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ձեռամբ 2001 թուականին։

ՎԵՐՋԻՆ ԱՅՑԸ ՄԻԱՑԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Իր վախճանումէն երեք տարի առաջ 1991 թուին Վազգէն Հայրապետ երջանկութիւնը ունեցաւ դիմաւորելու Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը, Սովետական կարգերու փլուզումէն անմիջապէս ետք։ Դիմաւորեց նաեւ Արցախի անկախութիւնը, ողբաց մեծ թիւով հայ նահատակ զինուորներուն կորուստը, եւ մանաւանդ խոր սուգի մատնուեցաւ երբ 1988 Դեկտեմբերի Շիրակի մեծ երկրաշարժը հազարաւոր երախաներու եւ ծնողներու կեանքը հնձեց։ Անձամբ այցելեց ու ջանաց մխիթարել անկումի մատնուած Գիւմրիի հայութիւնը։ Որոշեց անյապաղ Նիւ Եորք երրորդ անգամ այցի երթալ այս անգամ արցունքը աչքերուն, համազգային հանգանակութիւն եւ բնակարաններու շինութեան յանձնաժողովներ գումարելու համար։

Եկան հիւսիսէն ու հարաւէն, Եւրոպայէն ու Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելքէն ձեռք երկարելու Հայոց Հայրապետին որ իր աղօթքը վերջին անգամ միահամուռ բարձրացուց առ Աստուած իր ձեռքով նախապէս օծած Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարին մէջ։ Հայրապետական առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ անմիջական հսկողութեամբը Թեմին Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, եւ Արեւելեան Թեմին մէջ մնայուն գրասենեակներ հաստատուեցան FAR (Fund for Armenia Relief) անունով Հայաստանի օգնութեան համար որ մինչեւ օրս իր պատուաբեր եւ շինարար գործը յաջողութեամբ կը կատարէ։

25 ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՌԱՋ

Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գերեզմանը կը կնքենք անվարան գրելով սա տողերը. Յուահատիլ չգիտցող եւ բարին կամեցող ու կատարող Հայրապետը եղաւ ան, մահուան նախորդող օրերուն ստանալէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան «Ազգային հերոս»ի պատուոյ շքանշանը՝ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ձեռամբ որպէս առաջին քաղաքացին նորանկախ Հանրապեութեան, հանդիսանալով հայոց պատմութեան վերջին շրջանի ամենէն կարկառուն դէմքը, որ իր բազմարդիւն եւ անմնացորդ կեանքը կնքեց խղճի մտօք կատարելագործելով ամէն ինչ, որ իր համոզումովն ու դատողութեամբ արժանի էին կատարուելու ի փառս Աստուծոյ եւ հայ ազգին։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019