ՍԵՒ ՀԱՂԱՐՋԸ

Ամրան ջերմութիւնը պարուրած է չորս դին, կեանքը կարծես սկսաւ դառնալ իր բնականոն ընթացքին, կամ համակերպում մը տեղի ունեցաւ եւ ժողովուրդը հացին ճամբան բռնել սկսաւ նոյնիսկ արեւուն ճառագայթներուն տակ դիմակներ կրելով: Իսկ դիմակները մարդիկ կը կրեն տուգանքէն զերծ մնալու եւ ոչ թէ իրենց իսկ կեանքը վտանգի չենթարկելու համար:

Գիւղացիք իրենց ամէնօրեայ բուրումնաւէտ միրգերը շարած կը կանչեն անցորդները, ամրան գոյները տեսանելի են ամէնուր: Հիւթալի ծիրանները, հատապտուղները՝ մոշը, մալինան ու գունեղ հաղարջները՝ դեղին, կարմիր, սեւ գեղեցիկ պաստառներ կը գծեն. դեղձն ալ սկսած է իր երանգով զարդարել մայթեզրերը. թարմ կանաչիները փնջիկներով կը համեմեն գոյները եւ պարտէզի անուշ բոյրերով ու գոյներով կը յագենայ տեսողութիւնդ մայթերուն վրայ քալած պահուդ.

-Աղջի՛կ ճան, արի էսօր մի քիչ սեւ հաղարջ՝ սմարոտինա էլի՛, վերցրու: Դուք չգիտէք էս հատապտուղը կամ էլ պատրաստ սոք (сок ռուս. հիւթ) էք խմում սրանցից: Արի՛, մի քիլօ վերցրո՛ւ, սոք սարքի քո երեխէքի համար, պատրաստից հազար անգամ աւել օգտակար է, հաւատացնում եմ- կանչեց զիս տատիկս, երբ տեսաւ, որ աննկատ կ՚անցնիմ մօտէն:

-Բարե՛ւ տատիկ, կ՚առնեմ անշուշտ, իսկ ինչպէ՞ս հիւթ կը պատրաստուի սեւ հաղարջով,- պատասխանեցի:

-Ես քեզ կը սովորացնեմ,- ու սկսաւ մանրամասնօրէն աւանդել հիւթի պատրաստութեան գաղտնիքները, ապա,- սեւ հաղարջը առատ վիթամիններ է պարունակում, ասում են նաեւ բուժում է քորոնան,- ապրանքը գովողի վարպետութեամբ շարունակեց:

Հիւթի պատրաստութեան զուգահեռ կ՚արժէ պրպտել այս հատապտուղին մասին:

Ահա թէ ինչ. հաղարջը ժամանակին յայտնի էր որպէս «վանական հատապտուղ» անունով, քանի որ գրեթէ բոլոր վանքերուն մէջ կ՚աճեցուէր:

Հաղարջի 150 տեսակ գոյութիւն ունի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, բայց չ՚աճիր միայն Աւստրալիոյ եւ Անթարքթիքայի մէջ:

Հաղարջը ամեահաս հատապտուղ կը համարուի, մարդուն մէկ օրուան կեսանիւթի ապահովութեան համար բաւարար է միայն 25 կրամ սեւ հաղարջը: Դարեր շարունակ օգտագործուած է ժողովրդական բժշկութեան մէջ: Սեւ հաղարջենիի պտուղներուն թուրմը երիկամային հիւանդութիւններու բուժման միջոց էր, ինչպէս նաեւ կ՚օգտագործուէր պաղառութեան դէպքերուն`որպէս քրտնեցնող: Կը բուժէր յօդացաւերն ու մաշկային որոշ հիւանդութիւնները:

Սեւ հաղարջենիի թարմ պտուղները օգտակար են նաեւ ընդհանուր թուլութեան, սրտի ու լեարդի հիւանդութիւններու, արեան բարձր ճնշման կարգաւորման համար: Սեւ հաղարջով պատրաստուած օշարակով մեր տատիկները նոյնիսկ բուժած են կապոյտ հազը:

Հաղարջի բոլոր տեսակներով պատրաստուած հիւթերը, անուշները իրենց մէջ կը պահպանեն կենսանիւթերը հակառակ միւս պտուղներուն, որոնք ջերմութեան ենթարկուելով եւ շաքարին հետ լուծուելով գրեթէ կը կորսնցնեն իրենց օգտակար յատկութիւնները:

Թարմ ուտելու պարագային, եթէ թերահաս հաղարջ ըլլայ, կը պարունակէ հասունէն չորս անգամ աւելի Սէ. կենսանիւթ:

Սեւ հաղարջը օժտուած է քաղցկեղային հիւանդութիւնները կանխելու յատկութեամբ, կը պաշտպանէ նաեւ մարմինը սրտանօթային համակարգի հիւանդութիւններէն, կը կանխէ տարիքի հետ յառաջացող մտաւոր տկարամտութիւնը:

Ուսումնասիրութիւնները բացայայտած են, որ նոյնիսկ շաքարախտը կը կանխէ եւ տեսողութիւնը կը պաշտպանէ մինչեւ խոր ծերութիւն:  Ունի նաեւ հակաբորբոքային եւ ախտահանող յատկութիւն:

Գիտնականները վաղուց բացայայտած են սեւ հաղարջի բուժիչ յատկութիւնները եւ յայտնած մանաւանդ, որ ան կը զօրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը:

Հաղարջենիին տերեւները եւս օժտուած են բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններով: Անոնցմով պատրաստուած թէյը ջերմութիւն իջեցնող եւ փորլուծի դէմ գործուն միջոց է, ահա թէ ինչո՞ւ տատիկս թելադրեց, որ չտերեւազերծեմ հատապտուղները հիւթի պատրաստութեան համար:

Կ՚արժէ ցանել հաղարջը, բայց ոչ անշուշտ ռուս գրող՝ Չեխովի «Հաղարջը» պատմուածքի հերոսին հեռանկարը ունենալով, որ իր ամբողջ կեանքը վատնեց հաղարջի թուփերով լի հարուստ կալուած մը ունենալու երազանքով, որ չիրականացաւ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020