ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ

Բարեկամուհիներով համախմբուած կը զրուցեն Աստղիկենց տան մէջ: Տարիներու մտերմութիւնը զիրենք հաւաքած է այս անգամ Երեւանի մէջ: Զուարթախոհ ու հումորով լի յուշեր կը թեւածեն, որոնք կը քաղցրանան ժպիտներով ու քահքահներով: Քահքահներէն կողերը բռնած Յովինարին ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր առձեռն հեռաձայնին զանգը: Նամակի մը մասին յուշող զանգին կ՚ընդառաջէ ու կը բանայ նամակը: Յովինարին զուարթ դէմքը իսկոյն կ՚այլակերպի նամակին պարունակութիւնը կարդալով: Ներողութիւն կը խնդրէ Յովինար եւ բարեկամուհիներուն հարցումներուն առանց իսկ պատասխանելու կ՚ուղղուի տուն:

Մէյ մըն ալ կը կարդայ նամակը, քսանութ տարիներու բարեկամութիւնը պատկեր-պատկեր կը դառնայ մտքին մէջ: Ոչ ուրիշ բան կը տեսնէ, ոչ կը լսէ, միայն կեդրոնացած է նամակին պարունակութեան վրայ, կ՚ուզէ չհաւատալ հոն գրուածներուն:

Զարմանալի է մարդ արարածը, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ այս դաժան հիւանդութիւնը ասուպի մը նման յայտնուեցաւ, ան ալ ո՞ւր, ուղեղի թաղանթին վրայ տե՛ղ մը, ի՜նչ դըժ-բախտութիւն: Ա՞ս է միթէ կեանքը, բայց ի՞նչ ըրած է Հիլտան, որ արժանանայ այս ծանր հիւանդութեան, չէ՞ որ կ՚ըսեն՝ «Ինչ ցանես, այն կը հնձես», այսքան ազնիւ, զը-ւարթ, կատակասէր, ընկերասէր անձ մը ինչո՞ւ այսպիսի վախճան ունենայ, ինչո՞ւ ինք:

Ճիշդ է, որ մենք հիմա հեռու ենք, բայց միշտ կապի մէջ ենք, կը հաղորդակցինք ու կը նամակցինք. նոյն ժպտադէմ Հիլտան է, նոյն անձը, որ երբ տրամադրութիւնս ինկած ըլլայ, չի գիտեր ինչպէ՞ս սփոփէ: Դեռ անցեալ շաբաթ կը խօսէինք իրարու հետ, ըսաւ որ բժիշկի պիտի երթայ, բայց անկէ ետք չենք խօսած: Հիմա, աղջիկը գրած է, որ անկարող է խօսելու ու սկսած է յիշողութիւնը կորսնցնել, գրած է նաեւ, որ անճանաչելի դարձած է...: Աստուած իմ, ի՞նչ ընեմ, ինչպէ՞ս վարուիմ:  Պէտք է երթամ, անմիջապէս տոմսակ մը ապահովեմ: Այո՛, այո՛, պէտք է երթամ անպայման, հակառակ պարագային խիղճս պիտի տանջէ զիս ու պիտի չի ներեմ ինքզինքս: Չէ՛, չէ անկարելի է չերթալ: Պիտի երթամ ու գուցէ կարենամ մխիթարել զինք:

Այսպէս խորհրդածելով Յովինար կը հասնի իր բնակած շէնքին մօտ: Կը հեռաձայնէ Հիլտային աղջկան ու կ՚իմացնէ որ ամենամօտ օրերուն պիտի հասնի ընկերուհին տեսնելու, իսկ երբ աղջիկը կը տեղեկացնէ մօրը, որ Յովինարը գալու է, մայրը փթամատի շարժումով հաւանութիւնը կը յայտնէ: Այս իմանալով Յովինարի դէմքին թախծոտ ժպիտ մը կը գծագրուի:

Դուրսը արեւնամուտ է: Հետզհետէ կը փարատին արեւուն մութ կարմիր շողերը, զորս կու գան ծածկել մէյ մը թուխ ամպեր, մէյ մը սպիտակ, վերմակի նման փափուկ ամպեր, որոնց սպիտակութիւնը կը մթնի, կ՚անհետի մուգ ամպերու շաղախումով, կարծես կ՚արշաւեն ու կը հարուածեն ճերմակութիւնը, կը սեւցնեն ամէն ինչ, կը մթագնեն, տխրութիւնն ու թախիծը կը պատէ Յովինարին շուրջ բոլորը: Ճնշիչ է ամէն ինչ, հակառակ անոր որ ան կը սիրէ աղջամուղջը, լուսինը, աստղերը, մթնած ու ամպամած երկինքը, հիմա օդանաւի նստարանէն՝ շատ մօտէն կարելի է ըմբոշխնել այդ բոլորը, սակայն մարդուս տրամադրութիւնն է որ կ՚իշխէ վայրկեանին, ժամուն, օրուան, հոգեվիճակը՝ թերեւս, որ շատ դիւրաւ կրնայ բառով մը, վանկով մը, լուրով մը լրիւ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Նստած տեղը փափաք մը կը համակէ զինք, փափաք, ցանկութիւն, որ այս բոլոր լսածները սուտ ըլլան, հոգ չէ, որ ճամբորդած ու հասած ըլլայ:

Բայց ամէն պարագայի պէտք է զօրանալ, գոնէ այնպէս երեւիլ, որպէսզի սփոփանքը արժեւորուի ու կարենայ Յովինար բառերով ու յիշատակներով գոնէ ժպիտ մը պարգեւել Հիլտային:

Հիլտային ամուսինը դիմաւորեց Յովինարը ու միասին ուղղուեցան տուն: Ճամբուն ընթացքին մանրամասնութիւնները տեղեկացաւ ու յուզումը կրկնապատկուած, ափսոսալով հասաւ Հիլտային մօտ: Որքան խօսեցան ու հաղորդեցին, ան սակայն չէր կրնար պատկերացնել Հիլտային վիճակը: Հիլտան մահճակալին մէջ պառկած, միայն շունչ կը փչէր, շնչաւոր մահուան նման էր, միայն շունչ, որ փչեր է կամ ոչ՝ միեւնոյնն է: Կեանքին կապող միայն շունչ մը, բարակ թել մը, որ հիմա, քիչ ետք, վաղը, միւս օր կրնայ փրթիլ ու խլել արդէն խլուած կեանքին վերջին կաթիլները: Ի՞նչ է աս անիծեալ հիւանդութիւնը, որ սկիզբ ունեցաւ, իսկ վերջ՝ երբեք: Եռաժանիքը պարզած դեւի նման կը հնձէ հա կը հնձէ:

Յովինար խեղդուելու աստիճան շնչահեղձ կը մտնէ հիւրասենեակ: Առանձնանալ է որ կը կամենայ, խուլ լացին հնչիւն մը տալու ու բանտարկուած արցունքները ազատ արձակելու համար: Գեղեցիկ կահաւորումով հիւրասենեակին մէջ կ՚երթեւեկէ ու կանգ կ՚առնէ պահարանին ցուցափեղկերուն դիմաց: Ճաշակաւոր իրերն ու ապակեղէնի հարուստ հաւաքածոները շլացուցիչ են: Յովինար միշտ սիրած է ու փափաքած այսպիսի հաւաքածոներ ունենալ իր տան անկիւնները գեղեցկացնելու համար: Տարբեր մտածումներ ու յուշեր նկար-նկար կը շրջին անոր չորս դին, կը ժպտի ան, երբ Հիլտային հետ զուարթ յուշ մը կ՚այցելէ իր միտքը:

...Ու յանկարծ ծոծրակին վրայ ջերմութիւն մը կը նկատէ, յետադարձ հայեացք մը կը նետէ ու ի՞նչ տեսնէ, Հիլտային ամուսինը կը շոյէ իր ծոծրակը: Նախ սփոփանքի կ՚ուզէ վերագրել այդ շօշափը, որ հետզհետէ տարածուիլ կը սկսի... ու կը սառի արցունքը Յովինարին, ինչպէս ցուրտ ձմրան պատշգամներէն կախուած սառցաշիթերը, դէպի ետ քայեր կ՚առնէ, կը հեռանայ այդ արարածէն, որուն պատկերը աղաւաղած է արդէն, ատենին գծուած ընտանիքի նահապետին մաքուր պատկերը, սիրով լի հօր ու ամուսինի պատկերը, որ օրինակ որպէս կը ծառայեցնէր յաճախ, երբ զրոյցի մը նիւթը ընթանար համերաշխ ընտանիքի շուրջ: Հիմա, հիմա է, որ կը տեսնէ կեղտոտ կիրքը անոր աչքերուն մէջ, բայց ինչպէ՞ս կարելի է նոյնիսկ մտածել այս մասին, երբ ներսը մահամերձ իր սիրելի կինը անշնչացած մարմնին շունչ մը կ՚որոնէ, կենաց մահու պայքար կը մղէ, պայքար մը, որուն պարտութիւնը շատ յստակ կ՚երեւի:

-Պա՛պ, պա՛պ, եկո՜ւր:

Ներսէն կը լսուի աղջկան աղաղակը, որմէ վայրկեաններ ետք Հիլտան կը փչէ վերջին շունչը:

Յովինար հանգիստ խիղճով, բայց ծանր հիասթափութիւնը շալկած կը մեկնի:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017