ԱԿՆԱՐԿ - ՁԵՒԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ԴԱՐՁԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Մարդկութեան պատմութիւնը միշտ ուղեկցուած է ձեւապաշտութեամբ: Մարդ արարածը միշտ ալ ձեւականութիւններու հետամուտ եղած է: Մարդուն համար շատ յաճախ երեւոյթը աւելի արժէք ունեցած է, քան իրականութիւնը, քան ճշմարտութիւնը:

Այսօր եւս, ձեւականութեան, երեւոյթներու նոյն տողանցքը կը շարունակէ իր յաղթական քայլերթը ներկայ մարդկութեան առօրեայէն ներս, սակայն, մեր օրերու քայլերթը շատ աւելի զօրաւոր ու աւերիչ է, քան էր անցեալին:

Այս բոլորը ընդհանուր մարդկութեան վերաբերող երեւոյթներ են:

Գա՛նք մեր ժողովուրդին:

Չե՛ս գիտեր ինչու, հակառակ մեր ժողովուրդին ունեցած բնատուր ու աստուածային բազմաթիւ ու բազմազան շնորհներուն, պարգեւներուն, փոխանակ զանոնք օգտագործէ, մեր ժողովուրդը նախընտրած է ու դեռ եւս կը նախընտրէ կապկել, ընդօրինակել ուրիշներուն ունեցածը, ուրիշներուն որդեգրած ապրելակերպը:

Պահ մը նայեցէք մեր հագ ու կապին, մինչեւ մեր տուները, դպրոցները, հաստատութիւնները, գրեթէ ամէն տեղ ներմուծուած օտար տարրերու կը հանդիպիք, որոնք ո՛չ միայն տգեղցուցած են մեզ որպէս ժողովուրդ, այլեւ գարշելի դարձուցած են:

Այստեղ չեմ ուզեր աւելի երկարել, եւ խօսքը կու տամ մերօրեայ իրա՛ւ հոգեւորականներէն մէկուն, Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլնճեանին, Ուրուկուայի ներկայի առաջնորդին: Սրբազան հայրը կը գրէ.

«Իսկապէս հրաշալի է այս ժողովուրդը: Կեղեքուած, խաբուած, տանջուած, բազմիցս իր դաժան բախտին թողլքուած, հազար անգամ խողխողուած, բայց դարձեալ համբերատար, դարձեալ պատրաստակամ բարիք գործելու: Աստուծոյ համար մատաղ ընող, բայց նաեւ մարդկութեան համար իբրեւ մատաղ մատուցուող մի ժողովուրդ: Անոր համար ալ աշխարհը խիստ վարուած է անոր հետ: Անոր համար ալ այսօր, երբ համարեա ամէն ինչի չափանիշը դարձած է նիւթական շահը, երկրագունդի տէրերը չեն հանդուրժեր բարոյական բարձր սկզբունքներ ունեցող ու մշակոյթի բարձունքները նուաճած ժողովուրդներուն:

Դեռ ի՜նչ հրաշքներ պատրաստ է գործելու խաղաղասէր ու արդարատենչ այս ժողովուրդը, եթէ կարողանայ ձերբազատուիլ օտարին ծախուած, հոգիով ու բարքերով օտարացած իր ազգակիցներու իշխանամոլ ու կեղեքիչ ոհմակէն: Դժբախտաբար, այդ ազգադաւ տարրերը յաճախ պատասխանատու դիրքերու վրայ են, որոնց դէմ, սակայն, անհրաժեշտ է պայքարիլ, այլապէս մեղսակից կը դառնանք անոնց:

Կը ճառեն ժողովրդավարութենէ, մարդկային իրաւունքներու եւրոպական չափանիշներէ: Տգիտաբար կը հպարտանան, որ եւրոպացի դառնալու ճանապարհը բռնած են, իսկ ատոր իբրեւ հետեւանք յաճախ կը ծափահարեն ապազգային արժէքները, մեր մատաղ սերունդը կը քաջալերեն պարել վայրենահունչ ու գարշելի եղանակներու կշռոյթի տակ, դպրոցական տետրերու շապիկներուն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի փոխարէն տեղ կը գրաւեն այլազգի վերտառութիւններ կամ օտար աժանագին արուեստագէտներու լպիրշ նկարներ, կը փորձեն մեր ժողովուրդի վիզին փաթաթել մարդկային անորոշ կամ սեռական խառնակ յատկանիշներով թունաւորուած մշակոյթ մը եւ ուրիշ շատ բաներ: Անկախութենէն յետոյ ջուրի երես եկան այնպիսի վա՜յ գրողներ, որոնք օրէ օր աւելի կը գռեհկացնեն մեր քաղցրահունչ հայոց լեզուն: Այս բոլորի վրայ կու գայ աւելնալու երկրին մէջ տիրող համատարած անարդարութիւններու սարսափելի մթնոլորտը, որու հետեւանքով շատ-շատերը կը լքեն իրենց հայրենիքը. բան մը, որ նոյնիսկ օտար տիրապետութիւններու ժամանակ այս տարողութեամբ երբեք չէր պատահած:

Բայց եկէք այստեղ պահ մը կանգ առնենք. բացի մարդկային քանի մը յոյժ կարեւոր իրաւունքներու հանդէպ իր ցուցաբերած նախանձախնդրութենէն, այն, ինչ որ եւրոպական կը համարուի, անպայման չի նշանակեր, որ օգտակար է կամ պատշաճ մեր ազգային նկարագրին: Եւրոպական տեսանկիւնէն դիտած՝ այսօր եւրոպացին ինքն է, որ կայ, իսկ իր կողքին ուրիշներ գոյութիւն չունին, ոչ եւրոապացիները պարզապէս ստորնագոյն կարգի ժողովուրդներ են, որոնք կարիք ունին կրթուելու եւ հասնելու «զարգացած» մակարդակի, իսկ զարգացման իբրեւ հիմնական չափանիշ նկատի կ՚առնեն շուկայական անվերահսկելի յարաբերութիւնները: Կ՚ընդունինք, որ հասարակութեան ընդհանուր զարգացման ճանապարհին տնտեսական ու առեւտրական գործօնները կարեւոր են, սակայն ոչ անպայման վճռորոշ, քանզի, ինչպէս ռուս փիլիսոփայ Նիքոլայ Պերտեաեւ կ՚ըսէ, տնտեսութիւնը բացարձակապէս չի կրնար բարեփոխել մարդը, քանի որ այն կեանքի միջոց է եւ ոչ թէ նպատակ:

Ինչքան ալ ազդուած ըլլանք Եւրոպայէն, մենք կը մնանք արեւելքցի ժողովուրդ եւ ատոր համար երբեք պէտք չէ ամչնանք, ի վերջոյ, «Լոյսը Արեւելքէն կը ծագի» (Ex Oriente Lux): Եւրոպան մեզ չէ ճանչցած եւ ոչ ալ շահագրգռուած է մեզ ճանչնալու այնպէս, ինչպիսին որ ենք, մեր մէջ տեսնելու այն, ինչ որ նուիրական է, մարդկային զգացումները ազնուացնող, հոգին ճոխացնող ու միտքը հմայող: Անշուշտ, մեր խօսքը այստեղ չի վերաբերիր հատուկենտ մարդկանց կամ առանձին դէպքերու, այլ գոյութիւն ունեցող եւրոպական ընդհանուր մտածելակերպին, որու համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի մեր ազգային նկարագիրը:

Պատմութեան ընթացքին օտարներու տիրապետութեան պատճառով ինչքան ալ եղծուած է մեր ազգային նկարագիրը, այն ամբողջութեամբ երբեք չէ խորտակուած, հիմնականը մնացած է ու կը շարունակէ մնալ իր հմայիչ վեհութեամբ: Այսօր անոր իսկական կրողներն են անոնք, որոնք կառչած են իրենց լոյս հաւատքին, հայրենիքի ամրակուռ ժայռերուն, հայրենեաց կենսատու հողին ու ջուրին, որոնք կը շարունակեն մատաղ մատուցել եւ ի պահանջել հարկին նաեւ մատաղ դառնալ յանուն գալիք սերունդներու երջանկութեան» (Յակոբ Արք. Գլնճեան, «Ծիրանի ծառ», Երեւան, 2016, էջ 130-131):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 օգոստոս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023