ԱՄԷՆ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Ի­րա­ւուն­քի մա­սին խօ­սած կամ գրած ա­տեն մարդ կը շուա­րի, թէ ո՞ր ի­րա­ւուն­քի մա­սին պէտք է գրէ կամ խօ­սի: Ո­րով­հե­տեւ ա­մէն մարդ, ընդ­հան­րա­պէս ի­րա­ւուն­քի մա­սին խօ­սե­լէ ա­ւե­լի, իր սե­փա­կա՛ն ի­րա­ւուն­քին պաշտ­պան փաս­տա­բա­նը դար­ձած է ներ­կայ դա­րուս: Ա­սի­կա բնա­կան ե­րե­ւոյթ է, ե­թէ ան­շուշտ իր սահ­ման­նե­րուն մէջ մնայ եւ չմտնէ ու­րիշ­նե­րուն սահ­ման­նե­րէն ներս: Ո­րով­հե­տեւ ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը իր ի­րա­ւուն­քը չպաշտ­պա­նէ, կա՛մ ան­խելք կը հա­մա­րուի, կա՛մ ալ քնա­ցած մը, զոր պէտք է արթնց­նել եւ օ­րուան պայ­ման­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լով՝ այժ­մէա­կա­նաց­նել: Արթնու­թեան եւ զգաս­տու­թեան գլխա­ւոր փաս­տե­րէն մէ­կը սե­փա­կան ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար մար­դուն թա­փած ճիգն է:

Զար­մա­նա­լի է, որ սե­փա­կան ի­րա­ւունք կը հա­մա­րուի նաեւ ե­րա­զե­լը: Գի­շեր ա­տեն տես­նուած ե­րա­զի մա­սին չէ՛ ան­շուշտ այս­տեղ խօս­քը: Ո­րով­հե­տեւ կան շա­տե՜ր, ո­րոնք եր­կար ժա­մա­նակ ե­րազ չեն տես­ներ: Իսկ երբ տես­նեն, բո­լո­րին կը պատ­մեն, ու­րա­խու­թեամբ ա­նոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն կ՚անդ­րա­դառ­նան, նոյ­նիսկ ե­թէ ու­րիշ­ներ վատ բո­վան­դա­կու­թիւն եւ չա­րա­գու­շակ ի­մաստ գտնեն ա­նոր մէջ: Եր­կար ժա­մա­նակ ե­րազ չտես­նող­նե­րէն շա­տեր նոյ­նիսկ չեն յի­շեր ի­րենց տե­սած ե­րա­զը ու կ՚ափ­սո­սան մեծ գանձ կորսն­ցու­ցած մար­դու ափ­սո­սան­քով: Ա­նոնք շատ կը փոր­ձեն վեր­յի­շել ե­րա­զը, կը խօ­սին լու­սա­փայ­լու­թեան մա­սին, որ թե­րեւս նմա­նու­թիւ­նը ըլ­լայ ի­րենց տե­սա­ծին, սա­կայն՝ ի զուր:

Ե­րա­զե­լու ե­րե­ւոյ­թը ո­մանք կը շփո­թեն ե­րազ­կո­տու­թեան հետ: Մինչ ա­ռա­ջի­նին բա­ցատ­րու­թիւ­նը յստակ է, երկ­րոր­դի­նը եր­բեմն շուա­րած մար­դու կա­ցու­թեան հետ կը նոյ­նա­ցուի: Մար­դիկ երբ տես­նեն, թէ մէ­կը իր կանգ­նած տե­ղէն հե­ռու­նե­րը կը դի­տէ կամ պար­զա­պէս նստած վի­ճա­կի մէջ իր աչ­քե­րը սե­ւե­ռած է մէկ ուղ­ղու­թեան վրայ, կը սկսին ա­նոր դէմ­քին դի­մաց ի­րենց ա­փը շար­ժել՝ ուշ­քի հրա­ւի­րե­լու հա­մար ե­րազ­կո­տը: Ան­շուշտ կա­րե­լի չէ՛ ընդ­հան­րաց­նել այս պատ­կե­րը եւ բո­լոր ե­րազ­կոտ­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը նոյ­նաց­նել: Ո­րով­հե­տեւ գի­տու­թիւ­նը տար­բեր բա­ցատ­րու­թիւն ու­նի տա­լիք աչ­քը պահ մը ան­թարթ սե­ւե­ռող­նե­րուն հա­մար, մտա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ակն­թար­թա­յին սա­ռե­ցու­մը այլ կերպ մեկ­նա­բա­նե­լով: Ան­մի­ջա­կան ան­ցեա­լէն կամ մէկ վայր­կեան ա­ռաջ պա­տա­հած դէպ­քի մը մեկ­նա­բա­նու­թեան ժա­մա­նակ տրուած չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով, եր­բեմն մարդ­կա­յին ու­ղե­ղը աչ­քե­րու սե­ւե­ռու­մով կը փոր­ձէ ետ եր­թալ ու վեր­լու­ծել տե­ղի ու­նե­ցա­ծը: Կան աչ­քե­րու ա­ւե­լի եր­կար ժա­մա­նա­կով սե­ւե­ռուած մնա­լուն տար­բեր բա­ցատ­րու­թիւն­ներ ալ, ո­րոնք կապ ու­նին մտա­յին խան­գար­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րու հետ: Սա­կայն այդ ա­մէ­նը մեր գրու­թեան բուն նպա­տա­կէն դուրս կը մնան:

Ե­րա­զել բա­յը մեր լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեան մէջ ու­նի նաեւ հե­ռա­կայ նպա­տակ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ձգտու­մի ի­մաստ: «Ե­րազ մը ու­նիմ», «Միշտ կ՚ե­րա­զեմ հաս­նիլ իմ նպա­տա­կիս», «Ե­րազս ան­պայ­ման պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեմ», «Միայն թէ ե­րազս ի­րա­կա­նա­նայ… եւ այլ նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ յա­ճախ կը գոր­ծա­ծենք, երբ մեր յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար խոր փա­փաք ար­տա­յայ­տե­լու կա­րիք ու­նե­նանք:

Ա­ւե­լի՛ն. ե­րազն ու ե­րա­զե­լը նաեւ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նին տե­ղի կամ վայ­րի հետ: Ի­րենց հայ­րե­նի­քը, տունն ու տե­ղը կորսն­ցու­ցած մար­դիկ ամ­բողջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան կ՚ե­րա­զեն զայն վերս­տին ու­նե­նա­լու, կամ այդ վայ­րը վե­րա­դառ­նա­լու մա­սին: Այս պա­րա­գա­յին այդ վայ­րը՝ հայ­րե­նի­քը, տու­նը կամ այ­գին, կը վե­րա­ծուին ե­րա­զի հայ­րե­նի­քի, ե­րա­զի տան կամ ե­րա­զի այ­գիի: Ու­րեմն, ե­րա­զե­լը այս­տեղ նպա­տակ կ՚ու­նե­նայ վայր մը, ո­րուն հաս­նե­լու հա­մար ի­րենց գե­րա­գոյն ճի­գը ի գործ կը դնեն մար­դիկ: Եր­բեմն ան­զօր մնա­լով՝ ա­նոնք լա­ւա­գոյն մի­ջոց կը նկա­տեն ե­րա­զե­լը, ո­րուն ո՛չ ոք ար­գելք կրնայ հան­դի­սա­նալ: Ե­րա­զի մի­ջո­ցով մար­դիկ կը թռչին հա­զա­րա­ւոր մղոն­ներ, կ՚այ­ցե­լեն ի­րենց հայ­րե­նի բնօր­րան­նե­րը, կը հա­ղոր­դուին ան­ցեա­լին հետ, կը տես­նեն ի­րենց նախ­նի­նե­րը, հո­գե­պէս կը գօ­տեպն­դուին ա­նոնց հա­ւատ­քով ու կը վե­րա­դառ­նան ի­րա­կան կեան­քի գիր­կը: Ո­մանք նոյ­նիսկ կ՚ափ­սո­սան, երբ ի­րենց միտ­քի թռիչ­քով կա­տա­րած այս ճամ­բոր­դու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հաս­նի: Ա­նոնք կ՚ու­զեն այն­տեղ մնալ եւ եր­բեք չվե­րա­դառ­նալ: Տե­սած էք թե­րեւս մար­դիկ, ո­րոնք ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան յի­շա­տակ մը ներ­կա­յաց­նող երգ կամ ե­րաժշ­տու­թիւն լսած ժա­մա­նակ, միտ­քով կը տե­ղա­փո­խուին դէ­պի ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան խո­րե­րը, կը մտնեն մա­գա­ղա­թեայ դեղ­նա­ւուն է­ջե­րուն մէջ թա­ղուած դէպ­քե­րու ծալ­քե­րուն մէջ ու դա­րեր ա­ռաջ պա­տա­հած ան­ցու­դար­ձե­րուն հետ կ՚ապ­րին, կար­ծէք այդ օ­րե­րուն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած ըլ­լա­յին ի­րենք… Վար­դա­նանց ճա­կա­տա­մար­տի մա­սին պատ­մող եր­գե­րը եր­գած կամ լսած ա­տեն նման զգա­ցում­ներ չե՞նք ու­նե­նար: Մենք կա­յի՞նք այդ օ­րե­րուն: Բնա­կա­նա­բար ո՛չ: Սա­կայն ցե­րեկ աչ­քով իսկ կրնանք ե­րա­զել այդ մա­սին եւ տես­նել նոյ­նիսկ քաջ Վար­դա­նի սպի­տակ ձին, ա­րե­ւուն տակ շո­ղա­ցող թու­րը, զար­դա­նախ­շուն վա­հա­նը, կա­պարճն ու նե­տե­րը, տէգն ու նի­զա­կը ու ի վեր­ջոյ ե­րա­զե­լու մի­ջո­ցով կրնանք տես­նել ա­նոր սուրբ նա­հա­տա­կու­թեան նուի­րա­կան պա­հը…

Այս բո­լո­րէն ան­կախ, մեր ա­պա­գայ կեան­քին հա­մար ե­րա­զե­լը, մեր  կեան­քի հե­ռա­ւոր թէ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին հա­մար ե­րազ մը ու­նե­նա­լը մեր մարդ­կա­յին ար­դար ի­րա­ւունքն է: Ա­մէն մար­դու ար­դար ի­րա­ւունքն է այս, եւ ո՛չ ոք կրնայ ար­գելք հան­դի­սա­նալ մե­զի՝ ե­րա­զե­լու մեր այս ա­րար­քին: Սա­կայն ա­սի­կա բա­ւա­րար չէ՛: Միայն ե­րա­զել չի՛ բա­ւեր, ո­րով­հե­տեւ կրնայ միայն ան­նիւ­թե­ղէն վա­յելք մը ըլ­լալ ա­նի­կա: Ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հի ար­ժէ­քը բարձր գնա­հա­տող մար­դոց հա­մար կրնայ անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէք ու­նե­նալ վա­յել­քի այս պա­հը, սա­կայն ի­րա­պաշտ մար­դոց կող­մէ ա­տի­կա կը գնա­հա­տուի իբ­րեւ ա­պար­դիւն գոր­ծարք:

Ե­րա­զը ե­րա­զի սահ­մա­նին մէջ կը մնայ ե­րա­զե­լով: Ա­սի­կա ի­րա­պաշտ մար­դոց կա­տա­րած հաս­տա­տումն է: Մար­դուն ե­րա­զը գործ­նա­կա­նա­ցուած եւ ի­րա­գործ­ման փուլ ան­ցած տես­նե­լու հա­մար վեր­ջին­ներս կ՚ա­ռա­ջար­կեն ան­պայ­ման նպա­տակ մը ու­նե­նալ ե­րա­զե­լուն կող­քին: Այդ նպա­տակն է, որ ի­րա­կա­նաց­ման պի­տի մօ­տեց­նէ ե­րա­զը ու գործ­նա­կան  մի­ջոց­նե­րը հայ­թայ­թէ ա­նոր մարմ­նա­ւոր­ման հա­մար:

Ե­րա­զի մէջ հե­ռո՜ւն, կամ հե­ռա­ւոր հո­րի­զո­նի մը վրայ ե­րեւ­նա­լը շատ կը մօ­տե­նայ ու շօ­շա­փե­լի կը դառ­նայ, երբ ա­նոր ըն­կե­րա­նայ նպա­տա­կը: Ե­րա­զե­լու նպա­տա­կը այս կամ այն ծրա­գի­րին ի­րա­կա­նա­ցումն է, այս կամ այն վայ­րին տի­րա­նալն է, այս կամ այն ան­ձը սի­րա­շա­հիլն է, կամ ա­նոր սիր­տը գրա­ւե­լը:

Իւ­րա­քան­չիւր անձ ինք ի­րե՛ն յա­տուկ ե­րազ­ներ կ՚ու­նե­նայ, ինչ­պէս նաեւ՝ ի­րեն յա­տուկ նպա­տակ­ներ: Որ­քան մօտ ըլ­լան ա­նոնք ի­րա­րու, այն­քան ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կ՚ըլ­լայ ի­րա­կա­նաց­նե­լու տուեալ ան­ձին ե­րա­զը: Ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նը ե­րա­զի մը ի­րա­կա­նաց­ման ճամ­բուն վրայ գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ ե­րե­ւոյթ է: Ե­թէ հա­մե­մա­տա­կան հա­շիւ մը ու­զենք հա­նել, պի­տի տես­նենք, թէ աշ­խար­հի մարդ­կու­թեան շատ քիչ տո­կո­սը կա­րո­ղա­ցած է ի­րա­կա­նաց­նել իր ե­րա­զը:

Ե­րա­զե­լը իւ­րա­քան­չիւ­րիս ի­րա­ւունքն է, սա­կայն ա­մէն մէկ ե­րազ հե­տապն­դու­մի կա­րիք ու­նի: Իսկ հե­տապն­դու­մը կը կա­տա­րուի՝ այդ ե­րա­զին հա­մար յստակ ծրա­գիր մշա­կե­լով: Այն ա­տեն միայն տուեալ ե­րա­զը պի­տի ար­ժե­ւո­րուի ըստ ար­ժան­ւոյն: Այ­լա­պէս սե­փա­կան վա­յելք մը պի­տի մնայ ա­նի­կա ու ե­րա­զո­ղին հետ ալ մեռ­նի ու ան­յայ­տա­նայ: Ե­րա­զի մը ան­մա­հու­թիւ­նը կը սկսի՝ ա­նոր հա­մար ծրա­գիր կազ­մե­լով, զայն հե­տապն­դե­լով ու ի վեր­ջոյ՝ այդ ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լով, բո­լո­րին վա­յել­քի ա­ռար­կան դարձ­նե­լու հա­մար զայն:

ԳՐԻ­ԳՈՐ ԵՊՍԿ. ՉԻՖԹ­ՃԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2016