ՍԷՐԸ
«Գլուխը պատուիրանին սէր է, ի սուրբ սրտէ եւ
ի մտաց բարեաց եւ յանկեղծաւոր հաւատոց»
Այս գեղեցիկ մտածումը առնուած է Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի գրած առաջին նամակի առաջին գլուխէն։ Այնտեղ առաքեալը կը յիշէ, թէ Եփեսոսի եկեղեցիին մէջ կարգ մը մարդիկ փոխանակ աստուածապաշտութեան իսկանան հասկացողութեամբ առաջնորդուելով հաւատքի եւ սիրոյ կեանք մը ապրելու, հպարտ փառասիրութենէ տարուած՝ քմահաճ եւ խորթ, օտարոտի ուսուցումներ կը կատարէին, վէճեր կը յարուցէին եւ խռովութիւն կը ստեղծէին։
Ահա թէ ինչու Առաքեալը կը գրէ Տիմոթէոս աշակերտի, որ յորդորէ այդ վիճասէր մարդոց վերջ տալու նման վէճերու եւ առողջ վարդապետութեան ուսուցումով օգնելու ուրիշներու հաւատքին, Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը իրականացնելու համար։ Եւ այս հանգրուանին ահա կը յիշեցնէ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը, «գերագոյն պատուիրանը սէրն է մաքուր սրտէն, բարի կամեցողութենէն եւ անկեղծ հաւատքէն բխած սէրը», որմէ պէտք չէ շեղիլ երբեք։ Յստակ է, թէ առաքեալին խօսքը քրիստոնէական սիրոյ մասին է, այդ սէրը բխումը եւ արդիւնքը պէտք է ըլլայ մաքուր սիրտի մը, բարի կամեցողութեան եւ անկեղծ հաւատքին։
Բայց ինչո՞ւ գերագոյն պատուիրանը կը համարուի սէրը։ Այս հարցումին կարելի է պատասխանել՝ Նոր Կտակարանէն քաղուած զանազան հաստատումներով, որոնք այս կամ այն ձեւով կը շեշտեն սիրոյ առանցքային բնոյթը, առաջնային կարեւորութիւնը։ Կը յիշենք անշուշտ այն դէպքը, երբ օրինական մը հարց տուաւ Յիսուսի, թէ օրէնքին մէջ ո՞ր պատուրանն է մեծը։
Յիսուս պատասխանեց. «Պէտք է սիրես քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ մտքովդ։ Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Եւ երկրորդը նման է ասոր, պէտք է սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս։ (Մտթ. ԻԲ 37-40)։ Օրէնսդիրը ինք այսպէս ցոյց տուաւ սէրը՝ որպէս առաջին սկզբունքը, ելոյթը, մեկնակէտն ու մղիչը օրէնքին։
Նայեցէք առաքելական գրութեանց մէջ եւ պիտի տեսնէք, որ այնտեղ նախ ընդհանուր ձեւով մը սէրը բնութագրուած է որպէս կեանք, ուր այնքան վստահութեամբ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Մենք գիտենք թէ մահէն կեանք անցանք, որովհետեւ կը սիրենք մեր եղբայրները։ Իսկ ան, որ չի սիրեր՝ կը մնայ մահուան մէջ» (Ա Յովհ. Գ 14)։ Արդարեւ, սէրը ոչ միայն բանալին է երկրաւոր կեանքին, այլեւ նախադուռն է յաւիտենական կեանքին։ Նոյնպիսի բնութագրութեամբ մը սէրը կոչուած է նաեւ լոյս, անով է միայն որ կեանքը ունի ջերմութիւն, եւ անսայթաք ընթացք։ «Ով որ ըսէ թէ ինք լոյսի մէջ է, եւ կ՚ատէ իր եղբայրը, կը ստէ. այնպիսին խաւարին մէջ է տակաւին։ Ով որ կը սիրէ իր եղբայրը՝ լոյսի մէջ կը բնակի, եւ այնպիսին չի սայթաքիր» (Ա Յովհ. Բ 9-10):
Հաւատացեալ մարդու կեանքին մէջ զայն կը տեսնենք թէ.-
Ա) Սէրը սրբացուցիչ զօրութիւն է
«Ամէն բանէ աւելի սէր ունեցէք իրերու հանդէպ.- կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ, որովհետեւ Սէրը կը ծածկէ բոլոր մեղքերը» (Ա Պետր. Դ 8)։ Սիրոյ այդ նուիրումին եւ զոհողութեան աստիճանաչափը Քրիստոս ինք եղաւ, երբ նախքան իր պատարագումը ըսաւ. «Այս է պատուէրս, սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ոչ ոք աւելի մեծ սէր ունի քան ան որ իր կեանքը կու տայ իր բարեկամներուն համար» (Ա Յովհ. ԺԵ 13)։ Արդարեւ «Քրիստոսի սէրը մենք տեսանք այն բանին մէջ, որ ան իր կեանքը տուաւ մեզի համար։ Հետեւաբար մենք ալ մեր կեանքը պարտինք տալ մեր եղբայրներուն համար» (Ա Յովհ. Գ 16)։
Բ) Սէրը հաւատարմութիւն է Աստուծոյ հանդէպ
Հաւատարմութիւն անոր պատուիրանները պահելու իմաստով, որ ուրիշ խօսքով հաւատքի գործնականացման մէկ տարբեր երեսն է։ Քրիստոս ինք ըսած էր. «Ան որ իմ պատուէրներս ունի եւ կը պահէ զանոնք, ան է որ կը սիրէ զիս» (Ա Յովհ. ԺԴ 31), եւ հաւատքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ՝ «ան որ Աստուծոյ պատուէրը կը պահէ՝ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը» (Ա Յովհ. Բ 5)։
Գ) Սէրը աստուածագիտութիւն է
Ան որ սէր ունի՝ անիկա Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութիւնը ունի, որովհետեւ Աստուած սէր է։ Քրիստոս խաչի մահուան դիմելէ առաջ երբ կ՚աղօթէր ամբողջ աշխարհի համար, այսպէս կ՚ըսէր իր հօրը. «ճանչցուցի անոնց քու Անունդ եւ պիտի ճանչցնեմ, որպէսզի այն սէրը որով զիս սիրեցիր՝ անոնց մէջ ըլլայ» (Յովհ. ԺԷ 26), որովհետեւ Յիսուս շատ լաւ գիտէ, թէ ոչինչ աւելի ազդու կերպով կրնայ Աստուծոյ պատկերը մարդուն մէջ տպաւորել ու ճանչցնել՝ քան սէրը։ Այս հիմամբ է, որ Առաքեալը այնքան գեղեցկօրէն պիտի ըսէր. «սիրելիներ, սիրենք զիրար, որովհետեւ սէրը Աստուծմէ է, եւ բոլոր անոնք որոնք կը սիրեն՝ Աստուծմէ ծնած են ու կը ճանչնան զԱստուած։ Ով որ սէր չունի՝ չի ճանչնար զԱստուած, որովհետեւ Աստուած սէր է» (Ա Յովհ. Դ 7-8)։ «Նոյնպէս, ով որ սիրով արմատացած ու հաստատուած չէ, չի կրնար հասկնալ Քրիստոսի սիրոյն իսկական տարողութիւնը եւ չի կրնար ճանչնալ անոր սէրը որ շատ աւելի գերազանց է քան ոեւէ գիտութիւն» (Եփես. Գ 17-19):
Դ) Սէրը նմանութիւն է Աստուծոյ
Քրիստոս իր աշակերտներուն սէր կտակելով կ՚ըսէր. «ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ զիրար սիրեցէք։ Մեծագոյն նշանը, որով մարդիկ պիտի ճանչնան թէ իմ աշակերտներս էք՝ ձեր սէրը պիտի ըլլայ իրարու հանդէպ» (Յովհ. ԺԳ 34-35)։ «Բոլոր անոնք որ կը սիրեն Աստուծմէ ծնած են» (Ա Յովհ. 2-7) եւ որպէս հարազատ որդիներ նմանութիւնն են երկնաւոր հօրը։ Պետրոս առաքեալ շատ աւելի զօրաւոր բացատրութիւն մը կու տայ ըսելու համար, թէ սէրը նաեւ հաղորդակից կը դարձնէ մեզ աստուածային բնութեան. «Քրիստոս մեզի ըրած է այն գերագոյն եւ թանկագին խոստումները, որոնցմով կրնանք մասնակից դառնալ իր աստուածային բնութեան… հետեւաբար ամէն ջանք ըրէք ձեր հաւատքին միացնելու առաքինութիւնը, առաքինութեան՝ գիտութիւնը, գիտութեան՝ ժուժկալութիւնը, ժուժկալութան՝ համբերութիւնը, համբերութեան՝ Աստուածպաշտութիւնը, Աստուածպաշտութեան՝ եղբայրասիրութիւնը, եղբայրասիրութեան՝ սէրը» (Բ Պետրոս Ա 4-7)։
Այս բոլորով եւ այս բոլորին համար է, ահա, որ սէրը նկատուած է առաջինը եւ գերագոյնը պատուէրներուն, ամբողջացումը եւ զանոնք կատարելութեան հասցնողը։ Անիկա լրումն է ամբողջ Հին Օրէնքին (Հռովմ. ԺԳ 10)։ Անոր մէջ բովանդակուած է ամբողջ օրէնքը, որուն համար ալ Քրիստոսի հետեւորդները կը հրաւիրուին սիրով ծառայելու իրարու (տե՛ս Գաղ. Ե 13-14)։
Ի վերջոյ, սէրը համագումարն է եւ միաժամանակ շաղախն ու կատարելութիւնը՝ բոլոր առաքինութեանց, որովհետեւ «սէրը երկայնամիտ է եւ քաղցրաբարոյ։ Սէրը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, եսապաշտօրէն միայն ինքզինք չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար, այլ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէրը գիտէ լսել, անդրդուելի է հաւատքին մէջ, յուսալից է միշտ եւ համբերող շարունակ» (Ա Կորնթ. ԺԳ 4-7)։
Արդ իրապէս կա՞յ աւելի գերազանց բան քան այս սէրը, եւ միայն զայն ունեցողն արդէն կատարելութեան մէջ կ՚ըլլայ Երկնաւոր Հօր պէս, որ կատարեալ է։ Կաթիլ մը սէր պիտի բաւէ, որ մեր կեանքը լեցուի բարութեամբ, շողով ու լոյսով, յորդի խնդութեամբ, մեզ հաղորդակից դարձնելով առաւել կեանքին։
ԲՐՇ. ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ