Ուսանելի Օրինակներ

Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի:

Ռուզվելթ ուզեց կացութիւնը դարմանել՝  առաջարկելով «Նիւ տիլ»ը, սակայն 27 մայիս 1935-ին Գերագոյն դատարանը վճռեց, որ ատոր գլխաւոր կէտերէն մէկը՝ Ազգային ճարտարագիտութեան վերականգնման հրամանագիրը, զոր նախագահը ստորագրած էր 16 յունիս 1933-ին, հակասահմանադրական է եւ ընդգծեց. «Արտակարգ կացութիւններ կրնան արտակարգ դարմաններ պահանջել, սակայն… արտակարգ կացութիւնները սահմանադրական լիազօրութիւն չեն ստեղծեր կամ ընդլայներ»: Այլ խօսքով, կան կարմիր գիծեր, որոնք, առնուազն ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ կարելի չէ անցնիլ:

Այս պատմական դրուագը ուսանելի դաս մը կը պարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որուն վարչապետը կ՚ուզէ ժողովուրդէն թալանուածն ու ապօրինաբար կուտակուած հարստութիւնը ժողովուրդին ու պետութեան վերադարձնել: Ան, Ռուզվելթի նման, ունի բարի կամեցողութիւն, սակայն առաջարկած «արտակարգ դարմանը»՝ Հին Յունաստանի պատմութենէն ներշնչուած անցումային դատարաններու ստեղծումը խիստ մտահոգիչ է ու վտանգաւոր, իրողութիւն մը, որ շեշտակի կերպով ընդգը-ծուեցաւ վարչապետին՝ Երեւանի Դաւթաշէն շրջանին մէջ հանրահաւաքի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններով: Այդ «արտակարգ դարմանը» վտանգաւոր ու մտահոգիչ է, որովհետեւ կ՚ականահարէ պետութեան սահմանադրական կառոյցները՝ ժողովրդավարական պետութեան այն արդիական տարազը, որ արդիւնքն է մարդկութեան հազարամեայ փորձառութեան ու յառաջդիմութեան:

1990-ական թուականներուն Փերուի մէջ նախագահ Ալպերթօ Ֆուճիմորի եւ Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզ գոյութիւն ունեցող պետական կառոյցներու գործակցութեան բացակայութեան պատճառով շրջանցեցին զանոնք եւ ուղղակի կերպով դիմեցին ժողովուրդին՝ գանգատելով, որ այդ կառոյցները արգելք կ՚ըլլան իրագործմանը իրենց բարի նպատակին: Անոնք ոստիկանութիւնը օգտագործեցին իրենց երկիրներուն խորհրդարանները փակելու եւ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու համար: Երկու դէմքերն ալ վերածուեցան տխրահռչակ բռնատէրերու:

Պէտք է միշտ յիշել, որ դժոխքի ճամբան բարի ցանկութիւններով սալայատակ-ւած է: Դժբախտաբար կարգ մը քայլեր պարզապէս կարելի չէ առնել, որքան ալ բարի ըլլայ անոնց նպատակը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018