ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս, առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ. ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր: Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար, վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են» (Առ 23.1-3):

Պատասխան. Այս համարները կարելի է երկու կերպով հասկնալ. աշխարհիկ եւ հոգեւոր: Աշխարհիկ ըսելով, նկատի ունինք այս աշխարհին, մարդու ներկայ կեանքին վերաբերող: Հոգեւոր ըսելով, նկատի ունինք թէ՛ այս աշխարհին եւ թէ հանդերձեալին վերաբերող:

Առնենք առանձինն:

Աշխարհիկ հասկացողութեամբ. երբ մարդուն առիթ կը տրուի երկրի մը ղեկավարին, կամ իշխանին հետ սեղան նստելու, անոր հետ մտերմանալու եւ բարեկամութիւն ընելու, մարդ պէտք է միշտ իր սահմանները գիտնայ եւ զանոնք չանցնի: Կրնայ ըլլալ երբ մարդ հրաւիրուի անոնց կողմէ եւ անոնց հետ սեղան նստի, անոնց սեղաններուն վրայ համադամ կերակուրներ տեսնէ ու ախորժակով ուտէ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու իր չորս կողմիններուն, այդպիսով ինքզինք անախորժելի վիճակի մատնելով: Միւս կողմէ, շատ յաճախ ամէն ինչ օգտակար չի կրնար ըլլալ մարդուն, այլ խօսքով, կրնայ այդ համեղ եւ աչքին հաճելի թուացող ուտելիքները վնաս պատճառեն մարդուն, որովհետեւ ինք չէ՛ վարժուած այդպիսի ուտելիքներ ուտելու, կամ իր մարմինը այդպիսի ուտելիքներ չի՛ կրնար մարսել, կամ ճիշդ կերպով ընդունիլ, որով մարդ իր անկշտութեան կամ չափն ու սահմանը չգիտնալուն պատճառով՝ ինքն իրեն վնաս պատճառած կ՚ըլլայ:

Անդին, շատ յաճախ իշխանները կամ բարձր պաշտօններ զբաղեցնող մարդիկ ագահութեան մեղքին մէջ ինկած կ՚ըլլան, որով նման առիթներու՝ այսինքն երբ մարդոց կը հրաւիրեն իրենց մօտ, կը փափաքին իրենց սեղանին վրայի եղածներով իրենց հրաւիրեալներուն աչքը լեցնել: Բնականաբար, նման մօտեցում մը առողջ չէ, որովհետեւ իշխանաւորները իրենք պէտք է պարզութեան օրինակ ըլլան եւ ո՛չ թէ հակառակը: Երբ իշխանաւորները ագահութեան մեղքի մէջ իյնան, ապա դժուար թէ կարենան ճիշդ կերպով վարուիլ ու կառավարել իրենց վստահուած ժողովուդրը:

Սուրբ Կղեմէս Աղեքսանդրացի այդպիսի մարդոց մասին կը գրէ. «Այդ մարդոց ագահութեան սահմաններ չկան: Անընդհատ նոր քաղրաւենիքներ յօրինելու եւ ուտելիքներու նոր բաղադրատոմսեր փնտռելու մարմաջի մէջ ըլլալով, անոնք կը ջախջախուին կարկանդակներու, մեղրով պատրաստուած անուշեղէններու եւ քաղցրաւենիքներուն մէջ…:

Այսպիսի մարդ մը (ագահ), մեծ բերան մը ըլլալէ բացի ուրիշ բան չէ… Իսկ մեզի համար, մենք՝ որ երկնային կերակուրը կը խնդրենք, ապա պէտք է զսպենք մեր փորերը եւ զանոնք երկինքի հսկողութեան տակ պահենք»:

Իսկ Սուրբ Անտոն Մեծ կը գրէ. «Ուշադիր եղիր շատակերութենէն… Մի՛ կապուիր ցանկութիւններուդ, որովհետեւ անոնք աստուածավախութիւնը կը վռնտեն սիրտէն, ամօթխածութիւնը՝ երեսէն, եւ մարդս ստրուկի կը վերածեն ստոր ու անցողակի ցանկութիւններուն, ինչպէս նաեւ միտքը կը շեղեն Աստուծմէ: Ուտելդ ծառայեցուր մարմինիդ առողջութեան, ո՛չ թէ ցանկութեան, եւ զայն քիչ մը անկարող (տկար) դարձուր, եւ զայն ծնրադրութիւններով յոգնեցուր»:

Մարդ ուր ալ գտնուի, ո՛չ միայն իշխանաւորներու ներկայութեան, պէտք է ինքն իր վրայ հսկէ եւ ինքզինք յատկապէս հեռու պահէ ամէն տեսակի ցանկութիւններէ, յատկապէս ուտելու, որովհետեւ այդ ցանկութիւնը մարդս կը տանի ու կը հասցնէ որկրամոլութեան: Իւրաքանչիւր ցանկութիւն որ մարդ չի՛ կրնար զսպել, մարդը կը տանի դէպի տանջանք ու չարչարանք: Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այս ուղղութեամբ կը գրէ. «Որեւէ ցանկութիւն որ կը մնայ իր բնական սահմանին կամ չափաւորութեան մէջ՝ բարի է, հետեւաբար օրինաւոր եւ թոյլատրելի։ Երբ որ իր բնական չափը կ՚անցնի՝ կը դառնայ չար, հետեւաբար ոչ-օրինաւոր եւ անթոյլատրելի։ Որեւէ ցանկութեան չափազանցումը շեղում է։ Օրինակ առնենք «Մեղայ»ի մոլութիւնները։ Ի՞նչ են մոլութիւնները։ Այն ցանկութիւններն են անոնք՝ որոնք իրենց բնական չափէն դուրս ելած են։ Երբ կ՚ըսենք որկրամոլութիւն, կը հասկնանք ուտելու ցանկութեան չափազանցումը։ Ամէն չափազանցութիւն մարմինին կը վնասէ, եւ մարմինին վնասը մարդուն ամբողջութեան հասցուած վնաս է»:

Ինչ կը վերաբերի Առակացի վերոնշեալ համարներու հոգեւոր ընկալումին, ապա մեզմէ իւրաքանչիւրս հրաւիրուած է Աստուծոյ սեղանին սեղանակից դառնալու: Սեղանակից դառնալու համար, սակայն, պէտք է աշխատինք, այլ խօսքով՝ պէտք է տքնինք, ջանանք արժանի ըլլալ այդ սեղանին բազմելու:

Միւս կողմէ, Աստուած Ամենաբարին միշտ կը հրաւիրէ մեզ մասնակից դառնալու Իր սեղանին եւ ճաշակելու անկէ: Ամէն անգամ երբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի կը մասնակցինք եւ կը հաղորդուինք, այդպիսով Աստուծոյ սեղանին սեղանակից դարձած կ՚ըլլանք ու ճաշակած կ՚ըլլանք Իր սեղանէն: Սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ անպատրաստ ու անտարբեր կերպով չմօտենանք այդ սեղանին ու չուտենք այդ հացէն ու գինիէն, որովհետեւ Պօղոս առաքեալը կը զգուշացնէ մեզ, ըսելով. «Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ։ Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինք թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ» (Ա. Կր 11.27-29)։

Սուրբ Օգոստինոս Երանելի այս մասին կը գրէ. «Դուք Տիրակալին սեղանին կը մօտենաք: Դո՛ւք, հաւատացեալներդ, գիտէք թէ ի՛նչ է այն սեղանը, որու կը մօտենաք, ի՜նչ թագաւորական սեղան է, որու կը մօտենաք:

Ձեր առձեւ դրուածը խոհարարներու վարպետութեամբ շինուած չէ՛: Յիսուս Ի՛նք է, որ Իր սեղանը կը դնէ ու ձեզ կը կշտացնէ: Աղքատ եղէք, այդպիսով ձեր յագեցումը կը ստանաք»:

Ուրիշ տեղ մը կը գրէ. «Անպայմանօրէն փառաւոր սեղան մըն է, ուր սեղանին Տէրը Ի՛նք է ուտելիքը: Ո՛չ ոք իր հիւրերուն ինքն իրմէ կը կերակրէ: Սակայն Տէր Յիսուս այդ մէկը ըրաւ, որովհետեւ Ի՛նքն է հիւրընկալող, միաժամանակ Ի՛նքն է ուտելիքն ու խմելիքը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 111

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024