ԱԼԻ ՊԱՊԱ ԵՒ ՔԱՌԱՍՈՒՆ (ԽԱԲՈՒԱԾ) ԱՒԱԶԱԿՆԵՐ
Ես վստահ եմ, որ «Ալի Պապա» հէքեաթի քառասուն հոգինոց խումբին մէջ, այնուամենայնիւ կային բազմաթիւ ազնիւ ու պարկեշտ մարդիկ, որոնք հրապուրուած էին աւազակապետին շողշողուն թիկնոցով: Շլացած էին փայլփլուն յափշտակել տուած զինանշաններով, եւ խաբուելով անոր ճարտար լեզուէն՝ հլու հնազանդ եւ նուիրումով կը պաշտպանէին անոր թալանած գանձարանը՝ նոյնիսկ անգիտակցաբար... բայց հէքեաթը այդ մասին ոչինչ կը նշէ…
Կ՚ենթադրեմ, որ նշուած գանձերը, հրոսակապետը թալանած էր այդ շրջանի գիւղերէն ու բնակիչներէն, որոնք հաւանաբար իր խումբի մարդոց հարազատները, բարեկամները եւ համախոհ ընկերները եղած էին, բայց անոնք անգամ անտեղեակ էին, իսկ հէքեաթը այդ հարցին անդրադարձած չէ երբեք...
Եւ ինչ որ տեղ մը, կարդացած եմ այդ հէքեաթին մէկ այլ տարբերակ մը, ուր քառասունեակին անդամներ, իրենց հարազատներուն, բարեկամներուն եւ համախոհներուն հետ անկեղծ, անշահախնդիր ու մտերմիկ զրուցելէ ետք, կը հասկնան որ այդ գանձարանը կը պատկանի ոչ թէ իրենց զառամեալ գաճաճ աւազակապետին ու անոր քանի մը մեղսակից օգնականներուն, այլ սեփականութիւնն է բոլոր այդ շրջանի բնակիչներուն, եւ համախմբուելով կը փետրաթափեն զառամեալն ու անոր օգնականները, եւ յափշտակուած գանձը կը վերադարձնեն իրենց տէրերուն՝ ճիշդ այն պահուն, երբ երկինքէն կ՚իյնայ երեք խնձոր՝ մէկը ինծի, միւսը հասկցողին, իսկ երրորդն ալ՝ բացուի՛ր սեզամ կանչող Ալի Պապայի գլխուն...
ՏՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան