ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ-ՏԵՍԱԿԱՆԻ

Մղում մը կար կ՚ե­րե­ւի որ­մէ՝ ՊԻԿ ՊԷՆԿ ու... հա­մաս­տե­ղու­թիւն, աստ­ղեր, ա­րեւ­ներ, մո­լո­րակ­ներ եւ ա­նոնց­մէ՝ մե­րը, ու կեան­քի յա­ռա­ջա­ցում, օ­դա­յին, ծո­վա­յին, ցա­մա­քա­յին: Իսկ կեն­դա­նա­կա­նին մէջ՝ ա­պա­հո­վու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը, որ­մէ՝ ա­ճիլ, բազ­մա­նալ...

Ու մէկ զոյգ առ­նէտ կրնայ մէկ տա­րուան մէջ 840-ի վե­րա­ծուիլ:

National Geographic-ի մէջ տե­սայ կեն­դա­նիի մը նկա­րը, հո­ղին տակ, ու գրու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն էր. «Թաքստո­ցը, որ դար­ձաւ ն­­աեւ՝ գե­րեզ­մա­նը»:

Ին­չո՞ւ այս պատ­կե­րը դրոշ­մուած է մէջս... պատ­ճա­ռը դիւ­րին է. քա­նի որ մենք իբ­րեւ հայ թաքս­տոց­նե­րու ա­պա­ւի­նած ենք եւ սա­կայն, ա­նոնք ալ դար­ձած են մեր գե­րեզ­ման­նե­րը: Ի հար­կէ, գու­ցէ ա՛յդ էր յար­մա­րա­գոյ­նը տուեալ ժա­մա­նա­կին: Մարդ­կա­յին տե­ղա­շարժ­ներ ալ բնու­թեան մէկ պատ­կե­րը կը կազ­մեն, ինչ­պէս ն­­աեւ պա­տե­րազմ­ներն ու գաղ­թե­րը:

Ե­թէ մտնէք գրա­կան ան­դաս­տան, տե­սա­կա­ւոր օ­րի­նակ­ներ կան ա­պա­հո­վու­թիւն ո­րո­նող.

«Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թո­ղուն,

Բայց Տէ­րը զիս պի­տի ըն­դու­նի» (Սաղ­մոս 27:10)

Ա­պա­հո­վու­թիւն՝ գեր­մարդ­կա­յին էա­կին մէջ:

Ու­րիշ օ­րի­նակ մը, որ կա­րե­լի չէ զան­ցառ­նել. «Ու հի­մա, ես մա­հուան ար­ժա­նի եւ ա­մէն կեր­պով խա­բուած մահ­կա­նա­ցուս... պէտք է պա­ղա­տիմ երկ­րա­ծի՞ն մէ­կու մը...: Ոչ եր­բեք, այլ քե՛­զի միայն պի­տի պա­ղա­տիմ, բա­րե­րար եւ եր­կին­քի մէջ օրհ­նեալ Աս­տուած»: (Նա­րեկ, ԲԱՆ ԾԱ)

«Ոչ ոք ը­սաւ- հէք տղայ
Արդ­եօք ինչ­ո՞ւ կը մխայ.
Թեր­եւս ըլ­լայ գ­­ե­ղա­նի,
Թէ որ սիր­եմ, չը մեռն­ի»:

(Պ. Դու­րե­ան)

Կեան­քի կանչ մա­հա­մերձ հան­ճա­րին...

«Ա­նուշ հո­գի մը ըլ­լար,
Ես այդ հոգ­ւո­յն սի­րա­հար,
Ան իմ եր­կի­նքս ըլ­լար»

(Վ. Թէ­քէ­եան)

Հո­գե­կան ը­նկե­րակ­ցու­թի­ւն, ինչ որ յա­տուկ է մարդ-ա­րա­րա­ծին, ինչ որ յա­տուկ է, ի մաս­նա­ւո­րի­, ա­մու­րի բա­նաս­տեղ­ծի­ն:

Այ­լեւս ի՞նչ. հո­գե­կա­նէ ա­ւե­լի ֆի­զի­քա­կան ա­պա­հո­վու­թե­ան հաշ­ւոյն Ռազ­մի­կ  Դա­ւո­յեա­ն մը պի­տի գրէր.

«Բաց կե­ղե­ւդ, ծառ»,
­

Առ ինձ կե­ղե­ւի­դ մէջ»:

Վեր­ջա­պէս այս ա­նա­պա­հով մո­լո­րա­կի բնա­կիչ­նե­րուն­, ի մաս­նա­ւո­րի մ­­արդ-ա­րար­ծին, ա­պա­հո­վու­թիւ­նը գ­լ­խա­ւոր անհ­րա­ժեշտ­ու­թիւն­ն է. ի բաց ա­ռեալ բա­ցա­ռիկ խի­զախ­նե­րուն­, ո­րոնց հա­մար ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ա­ննկատ ի­րա­կա­նու­թիւն է, իսկ զայն շրջան­ցե­լը՝ Ի­ՄԱ՛ՍՏՆ ԱՊ­ՐԵ­ԼՈՒՆ­:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016