ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆ ՈՒ ԹԵՐԱՀԱՒԱՏԸ
Հաւատացեալ չեմ: Անհաւատ ալ չեմ: Հաւատացեալին ու անհաւատին միջեւ ամենամօտ ածակա՞նը: Հաւանաբար՝ թերահաւատ:
Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատամ, սակայն շատ մը հաւատացեալներու նման, ամէն Կիրակի եկեղեցի երթալու կարիքը չեմ զգար: Կը բաւականանամ ամէն իրիկուն, նախքան անկողին մտնելս, «Հայր Մեր»ով: Տօնական օրերուն սուրբ պատարագին չմասնակցիլը ոչ թէ մեղք, այլ յանցանք կը համարեմ:
Պատարագէն ետք չեմ հաղորդուիր: Երբ խմբովին խոստովանանքի ժամանակ կը թուեն 7 մահացու մեղքերը, «Բարկութեամբ եւ մասամբ նորին», միակ մեղքը կը կարծեմ յաճախ գործած ըլլալ, եւ այդ «փոքրիկ» մեղքին համար կարիքը չեմ զգար հաղորդուելու: Կարեւորը յանցանքը կամ մեղքը ընդունիլն է:
Կողակիցս ու ես բնաւորութեամբ իրարմէ այնքան տարբեր ենք, սակայն իրարու հետ սիրով ըլլալու ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանայ երկուքիս տարբեր բնաւորութեան տէր ըլլալը:
«Սիրեցէք զմիմիանս». Աւետարանի այս խօսքին լի ու լի կը հնազանդինք:
Կինս, ինծի նման, «Հայր Մեր»ով չի բաւականանար: Որքան ալ յոգնած կամ անքուն ըլլայ, ամէն իրիկուն, նախքան անկողին մտնելը, աղօթագիրքի «Հաւատով խոստովանիմ»ը կարդալը, սովորութենէ աւելի, իրեն համար պայման է:
Բարկութեան մեղք համարուիլը զարմանք կը պատճառէ ինծի: Կա՞յ անձ մը, որ չի բարկանար: Բարկանալը բնական երեւոյթ է. կարեւորը ոխ չպահելն է:
Յիսուս Քրիստոս բարկացաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարին մէջ առեւտուր կ՚ընէին:
Նոյնիսկ Աստուած բարկանալով՝ Ադամին ու Եւային դրախտէն դուրս վռնտեց:
Դարեր ետք մարդկութեան դէմ բարկացաւ ու ջրհեղեղով պատժեց:
Աւելի ուշ, Բաբելոնի աշտարակի կառուցման ժամանակ, երբ մարդիկ դարձեալ բարկացուցին զԱստուած, լեզուները խառնեց զիրար հասկնալու արգելք հանդիսանալու միտումով: Մտքէն չանցաւ, որ հետագային մարդիկ անոր ալ ճարը պիտի գտնէին: Դպրոցներ, բառարաններ, լեզուագէտներ…
Հետաքրքրական է. մարդկութեան միալեզու ըլլալու պարագային, ո՞ր լեզուն պիտի ընդունուէր որպէս միջազգային լեզու:
Հայերէնը ամենայարմարն է իմ կարծիքովս, մինչեւ այն օրը, երբ ունեցանք երկու հայերէն, երկու ուղղագրութիւն, եւ օտարները պիտի տատամսէին, թէ ո՛ր մէկը նախընտրելի է որդեգրել.
արեւելահայերէ՞նը, թէ՞ արեւմտահայերէնը:
Լոյս իջնէ գերեզմանիդ, Ճեմարանի հայերէնի ուսուցիչս, պարոն Գառնիկ Բանեան:
Երբ շարադրութիւններուս մէջ նման «անլուրջ» տողի մը հանդիպէր, կարմիր մելանով կը գրէր:
-«Լրջացի՛ր, տղայ»:
Լրջանանք:
***
Տասնեակ մը տարիներ առաջ շատ գէշ ոտքի ցաւ մը ունէի: Ամիսներ երկարեցաւ: Ամենաուժեղ ցաւի դեղահատերը, ողնայարէս քանի մը անգամ «Քորթիզոն», չինական ասեղներ, մասնաւոր մարզանքներ, եւ ո՛չ մէկը կարողացաւ դարմանել կամ առնուազն թեթեւցնել ցաւերս:
Քանի մը ամիս բացակայեցայ գործէս:
Զատկուան շաբաթն էր: Հաւատացեալ կնոջս խնդրանքով (քիչ մըն ալ՝ ստիպումով) ընտանիքով գացինք եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգին, ապա, ըստ հայկական աւանդութեան, պէտք էր անցնէինք Յիսուսի դագաղին տակէն՝ մենք ալ մեր կարգին մասնակից դառնալու Քրիստոսի չարչարանքներուն:
Ներկայ հաւատացեալները, մէկ առ մէկ, կարգով կ՚անցնէին դագաղին տակէն, ապա հոգաբարձութեան անդամներէն կը ստանային Յիսուսի դագաղին վրայէն՝ օրհնուած քանի մը ծաղիկ:
Ոտքիս անտանելի ցաւը պատճառաբանելով, փոխանակ դագաղին տակէն անցնելու, կը պատրաստուէի քովէն քալելով, եկեղեցիէն դուրս ելլել, սակայն անգամ մը եւս «հնազանդելով» կնոջս՝ դժուարութեամբ անցայ դագաղին տակէն եւ դուրս ելլելով՝ ստացայ վարդ մը ու շարունակեցի ճամբաս դէպի եկեղեցիէն դուրս… առանց կաղալու:
«Ցաւս անցաւ» ըսի ցած ձայնով:
Կինս, ուրախացած եւ յուզուած, աչքերուն արցունքները կը սրբէր:
Ես, որ միշտ թերահաւատ եղած եմ, տարբեր անձէ մը եթէ լսած ըլլայի նման դէպք մը, զուգադիպութեան պիտի վերագրէի: Սակայն ի՞նչ էր պատճառը: Դագաղին տակէն անցնելէս անմիջապէս ետք էր, որ պատահեցաւ այդ «զուգադիպութիւնը»:
Զուգադիպութի՞ւն էր, թէ՞ հրաշք:
***
Արձակուրդով տարբեր նահանգ մը կը գտնուէինք եւ անուշադրութեամբ ինքնաշարժս շարած էի շէնքի մը գետնայարկ կառատան այն բաժինը, ուր որոշ ժամէ ետք դարպասը կը փակեն:
Երեկոն բաւական յառաջացած էր, երբ իջանք կառատուն, եւ զարմանքով նկատեցի, որ մուտքի ու ելքի դարպասները փակ են, իսկ պահակ պաշտօնեան իր խցիկը կղպած ու մեկնած էր:
Այդ տարիներուն բջիջային հեռաձայն ունեցողները հազուադէպ էին, եւ անշուշտ մենք ալ տակաւին այդ «նորաձեւութեան» չէինք հետեւեր, որպէսզի կարենայի ոստիկանութեան հեռաձայնել՝ օգնութիւն խնդրելու:
Շուարած էի ու մտահոգ, իսկ աստուածավախ կնոջս անդադար «Աստուած կ՚օգնէ»ները սկսած էին ջղայնութիւն պատճառել ինծի նման թերահաւատի մը:
«Աստուած ի՞նչ գործ ունի կառատան դուռը բացուելուն հետ», նախադասութիւնս տակաւին չաւարտած՝ կառատան դարպասին բացուիլը նկատեցինք, եւ ներս մտաւ ինքնաշարժ մը, որ այդ ժամուն կառատան մէջ մարդ տեսնելուն զարմացած՝ մեզ կը դիտէր:
Շէնքի գրասենեակներէն մէկուն պաշտօնեաներէն մէկն էր, որ կարեւոր թուղթ մը գրասենեակը մոռցած ըլլալուն՝ պատահմամբ այդ ժամուն եկած էր, եւ այդ «պատահական հանդիպումը» եղաւ մեր «փրկիչ»ը:
Վստահաբար զուգադիպութիւն էր, սակայն մենք կրցանք դուրս ելլել եւ լման գիշեր մը կառատան մէջ բանտարկուած մնալէ փրկուեցանք:
Բազմիցս կրկնած «Աստուած կ՚օգնէ»ները այժմ փոխարինուած էր՝ «Տեսա՞ր՝ ինչպէս կ՚օգնէ»ով:
Կինս յաղթական էր: Ինծի կը մնար ընդունիլ:
***
Մինչեւ օրս, հայ եւ օտար քարոզիչներ, վստահաբար վճարովի, տունէ տուն պտտելով, Յիսուս կամ «Եհովա» կը քարոզեն:
Ընթերցողը բարի թող ըլլայ մտքէն չանցընելու, թէ ես ալ այդ քարոզիչներէն մէկը դարձած եմ:
Քա՛ւ լիցի: Ես այդ անձը չեմ: Պարզապէս ուզեցի բաժնեկից դարձնել իրական պատահած երկու դէպքերու:
Հաւատացեալները կրնան հրաշք որակել, իսկ թերահաւատները՝ զուգադիպութիւն:
Անհաւատները իրենք թող որոշեն, թէ ի՛նչ պիտի անուանեն:
Մարդիկ, երբ նեղ կացութեան մէջ գտնուին, լուրջ անհանգստութեամբ մը վարակուին, անմիջապէս Աստուծոյ օգնութեան կը դիմեն: Ուխտեր, խոստումներ, մինչեւ իսկ շատեր կ՚ապաշխարեն ու կը դառնան աստուածավախ:
Վերի տողերը այս յօդուածագրին չեն համապատասխաներ:
Մնացի նոյն անձը: Ո՛չ աւելի հաւատացեալ, ո՛չ ալ նուազ թերահաւատ, սակայն քիչ մը աւելի համոզուեցայ, թէ տիեզերքի մէջ կայ ուժ մը, որուն տուած ենք Աստուած անունը եւ այդ ուժին հաւատացողներուն տուած՝ հաւատացեալ մակդիրը:
Կայ նաեւ տարբեր ուժ մը, որուն տուած ենք խիղճ անունը:
Իմ կարծիքովս, այն անձը, որ խիղճ ունի, նոյնիսկ՝ ինծի նման թերահաւատները, աստուածավախ կարելի է համարել, ինչ որ կը նշանակէ, թէ թերահաւատ ըլլալու կողքին, նաեւ աստուածավախներու շարքին կրնամ դասուիլ:
Կառատան դարպասին այդ վայրկեանին բացուելուն համար կինս կ՚ըսէ՝ «Աստուած օգնեց». ես կ՚ըսեմ՝ զուգադիպութիւն, սակայն Յիսուսի դագաղին տակէն անցնելէս անմիջապէս ետք ոտքիս ցաւին անհետանալը ոչ թէ ինծի նման թերահաւատները, նոյնիսկ անհաւատները չեն համարձակիր զուգադիպութեան վերագրել:
Աշխարհականներ կան, որոնք շատ մը կղերականներէ աւելի հաւատացեալ են:
Վերջերս այնքա՜ն քննադատուեցաւ Արամ արք. Աթէշեանը, որուն մասին դարձեալ խօսիլը անհամ կրկնութիւն պիտի ըլլար: (…)
Տասնամեակ մը անցած է այն թուականէն, երբ Յիսուսի դագաղին տակէն անցնելէս անմիջապէս ետք ցաւերս անհետացան:
Ամէն տարի, Զատկուան Աւագ Ուրբաթ Յիսուսի դագաղին տակէն անցած ժամանակս կը յիշեմ այդ «հրաշք»ը:
Որո՞ւ աղօթքն էր, որ Աստուած լսեց: Տակաւին թերահաւատ էի եւ ես Աստուծմէ չէի խնդրած, սակայն բուժում ստացայ՝ շատ հաւանաբար հաւատացեալ սիրելիի մը աղօթքներուն միջնորդութեամբ:
Այդ օրէն ի վեր, ամէն անգամ որ անցնիմ Յիսուսի դագաղին տակէն, ես ալ իմ կարգիս կը յիշեմ բոլոր կարիքաւորները:
«Եւ հիւանդաց բժշկութիւն,
Ննջեցելոց արքայութիւն»:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2016