ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ ԵՆՔ

Վե­ցե­րորդ տա­րին թե­ւա­կո­խե­լով եւ ա­ւե­լի քան ե­րեք տա­րի­նե­րէ ի վեր սու­րիա­հա­յու­թեան սիր­տը հա­մա­րո­ւող մեր բո­լո­րին ե­րա­զա­յին Հա­լէ­պը կը հա­րո­ւա­ծո­ւի:

Հա­լէ­պը անց­նող շա­բաթ­նե­րուն կրեց ու կը շա­րու­նա­կէ կրել ա­մե­նէն զօ­րա­ւոր հա­րո­ւած­նե­րը:

Հա­կա­ռակ ա­նոր որ վեր­ջին շրջա­նին Սու­րիոյ տագ­նա­պի հո­րի­զո­նին վրայ խա­ղա­ղու­թեան յոյ­սեր կ՚ե­րե­ւէին, Հա­լէ­պը ստա­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան ծանր հա­րո­ւած­ներ, ու­նե­ցանք կո­րուստ­ներ, նա­հա­տակ­ներ, վի­րա­ւոր­ներ, ծանր վի­րա­ւոր­ներ, նիւ­թա­կան ծանր վնաս­ներ:

Ժո­ղո­վուր­դը անմ­խի­թար եւ ան­պաշտ­պան կը զգայ: Յու­սա­հա­տա­կան պա­հեր կ՚ան­ցը­նեն տղա­քը: Հե­ռա­ձայ­նա­յին կամ բջի­ջա­յին կա­պե­րով կը լսենք վա­խի ու լա­ցի ձայ­ներ:

Ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու մեր­ձա­կայ­քը գտնո­ւող շրջան­նե­րը մնա­յուն թի­րախ դար­ձած են:

Այ­սօր Հա­լէ­պի մէջ կը շա­րու­նա­կէ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ հա­մայ­քի մէկ նկա­տա­ռե­լի թիւ մը:

Ճգնա­ժա­մա­յին այս օ­րե­րուն սփիւռ­քի թէ հայ­րե­նի մա­մու­լէն ան­պա­տաս­խա­նա­տու գրու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի շփոթ եւ կաս­կած կ՚արթնց­նեն մնա­ցող­նե­րուն մէջ:

Իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ իր կա­րե­լի սահ­ման­նե­րուն մէջ իր ներդ­րու­մը ե­թէ բե­րէ, ա­ւե­լի լաւ է, քան թէ հե­ռո­ւէն ի­մաս­տուն խօս­քեր բաժ­նեն:

Փաս­տօ­րէն գաղ­թող­նե­րու մեծ հո­սանք մը գո­յու­թիւն ու­նի: Սա­կայն մնա­ցող­նե­րուն ուժ եւ կո­րով ներշն­չե­լը բո­լո­րիս գործն է:

Ընդ­հան­րա­պէս ծանր հա­րուած­նե­րէ ետք քաո­սա­յին վի­ճակ մը կը ստեղ­ծուի: Այդ վի­ճա­կին հան­դար­տեց­ման եւ ղե­կա­վար­ման գոր­ծը միայն գա­ղու­թին ղե­կա­վա­րու­թեան կը պատ­կա­նի: Ա­ւե­լի մեծ վնաս­ներ կրնայ պատ­ճա­ռել: Բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ հա­մա­հայ­կա­կան զօ­րակ­ցա­կան ճիգ մը պէտք է, որ­պէս­զի ա­ւե­լի լաւ եւ տո­կուն մնայ մեր բո­լո­րիս Հա­լէ­պը:

Նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է:

Բո­լոր գա­ղութ­նե­րը պէտք է այս ի­մաս­տով շար­ժին:

Վերջ ի վեր­ջոյ պէտք չէ մոռ­նանք, որ բո­լորս ալ հա­լէ­պա­հա­յեր ե­նք:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016