222 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ. «ԱԶԴԱՐԱՐ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՏՐԱՍԻ ՄԷՋ
222 տարի առաջ, 14 Հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնադրուեցաւ հայկական առաջին տպագիր պարբերականը՝ «Ազդարար»ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 16 Հոկտեմբերին:
Մատրաս (ներկայիս՝ Չեննա), Պենկալեան ծոցի ափին, առեւտրական եւ մշակութային կեդրոն է եւ կարեւոր նաւահանգիստ: Հայեր հոն բնակութիւն հաստատած են ԺԶ. դարուն:
Հնդկահայ գաղութին գրական եւ քաղաքական գործունէութեան կորիզը 1770-ական տարիներուն կազմուած Մատրասի խմբակն էր, որուն անդամներէն յիշենք Յովսէփ Էմին, Շահամիր Շահամիրեան եւ Մովսէս Բաղրամեան:
Շահամիր Շահամիրեանի նախաձեռնութեամբ 1772-ին Մատրասի մէջ հիմնուեցաւ Հնդկաստանի մէջ հայկական առաջին տպարանը:
Շահամիրեանի գործը այնուհետեւ շարունակեց Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան: Ծնած՝ 1750-ին, Շիրազ, ան քահանայ ձեռնադրուած էր 1770-ական տարիներուն: Ինքնուս կերպով սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն. սորված էր նաեւ արհեստներ: 1784-ին ան Մատրաս ղրկուեցաւ իբրեւ քահանայ, գործակցեցաւ Շահամիրեանի հետ եւ 1789-ին հիմնեց հայկական երկրորդ տպարանը Մատրասի մէջ:
Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան 1789-1790 տարիներուն երկու փոքր գրքոյկներ հրատարակելէ ետք, 1791-ին հրատարակեց Թադէոս Սոգինեանցի «Տետրակ, Որ Կոչի Ողբ Հայաստանեայց»ը եւ Պաղտասար Դպիրի երկհատոր քերականութիւնը, 1792-ին՝ Յովսէփ Արղութեանի «Օրինակ Հանդիսաւոր Ծանուցման եւ Ողբոց», Յակոբ Ջուղայեցիի «Գրքուկ Երկրաչափական» եւ Ներսէս Շնորհալիի «Գիրք, Որ Կոչի Յիսուս Որդի» երկերը եւ 1793-ին՝ «Գիրք Պորփիւրի, Որ Կոչի Ներածութիւն»ը:
Շմաւոնեանի տպարանը չսահմանափակուեցաւ միայն հայ իրականութեան մէջ ծառայելէ, այլ աշխատեցաւ ծառայել նաեւ ուրիշ ազգերու եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցեց մանաւանդ պարսիկներուն: Արդարեւ, Հնդկաստանի արեւմտեան ծովափնեայ շրջաններուն մէջ բաւական թիւով զրադաշտական պարսիկներ կ՚ապրին, որոնք դարեր առաջ Պարսկաստանէն հալածական՝ Հնդկաստան ապաստան գտած են: Շմաւոնեան իր պարսկերէնի հմտութեամբ մեծապէս օգտակար եղաւ անոնց պարսկերէն տառերով տպարան մը հիմնելով, այն ժամանակ, երբ Պարսկաստանի մէջ մամուլի մասին մտածող իսկ չկար:
Այնուհետեւ Շմաւոնեան 1789-ին իր տպարանը օժտեց նաեւ արաբերէն տառերով եւ հետագային ալ՝ լատիներէն տառերով:
Սակայն Շմաւոնեանի եւ անոր տպարանին ամենէն մեծ երախտիքը եղաւ հայ առաջին պարբերականին՝ «Ազդարար»ի հրատարակութիւնը 1794-ին: Շմաւոնեան «Ազդարար»ը խմբագրեց գրաբար եւ մասամբ ալ հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով: Անոր նպատակն էր հաղորդել ընթացիկ ամսուան կարեւոր լուրերը, մանաւանդ՝ հնդկահայ եւ մատրասահայ կեանքին անցքերը. կը տպուէին նաեւ կրօնական, բարոյական, գրական ու պատմական յօդուածներ: «Ազդարար» տարածուած էր ո՛չ միայն Մատրասի եւ Հնդկաստանի մէջ, այլ նաեւ՝ Պոլսոյ, Նոր Նախիջեւանի, Էջմիածինի եւ այլ շրջաններու մէջ:
«Ազդարար»ի կարգ մը համարներ տպագրուած են պատկերազարդ, կարմրագոյն տառերով:
«Ազդարար» թղթակցութիւններ կը ստանար Մատրասէն, Կալկաթայէն, Չինաստանէն, Ֆիլիփիններէն եւ Պասրայէն: Թերթի աշխատակիցներէն էր հրապարակախօս Սէթ Մամեան: Գրական բաժինին մէջ տպագրուած է Յակոբ Սիմոնեան Այուպեանցի «Հէյտար խանի պատմութիւնը»: Յարութիւն Քահանայ թարգմանած է նաեւ ամերիկացի մանկագիր Թովմաս Տէյի «Փոքրիկ Ճէքի պատմութիւն»ը, Էտիսընի «Միրզայի տեսիլքը» եւ Սթիլլի Սանթոն Պարսիսայի պատմութիւնը: Տպագրուած է նաեւ Խաչատուր Կեսարացիի «Պատմութեան պարսից»ը:
«Ազդարար» կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ եւ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ենթահողը պատրաստեց:
«Ազդարար» հրատարակուեցաւ 18 համար եւ փակուեցաւ 1796 Փետրուարին:
«Ազդարար»ի փակումէն ետք Շմաւոնեան շարունակեց գիրքերու հրատարակութիւնը. 1796-ին ան հրատարակեց ֆրանսացի բնագէտներ Պիւֆոնի եւ Պոմարի «Համառօտ Պատմութիւն Մեղուաց»ը, 1797-ին՝ «Գիրք Անուանեալ Ղեկավար Մանկանց»ը եւ Դաւիթ Անյաղթի «Գիրք Սահմանաց»ը, 1803-ին՝ «Փոքրիկ Բառագիր»ը, 1806ին՝ «Անցք Կամ Գործք Քառասուն Երեք, Եւ Քառասուն Եւ Չորս Երրորդ Ժողովոց Մատրասից Հայոց»ը, իսկ 1809-ին՝ ֆրանսացի հեղինակ Մարմոնթէլի «Պելիսարիոս»ը:
Շմաւոնեան 1809-ին տպարանը յանձնեց իր աշակերտներուն եւ անիկա նոր վարչութեան մը հովանաւորութեան տակ անցաւ յանձին Աղա Սամուէլ Մուրատի եւ Աւետիք Յարութիւն Շերխօսեանի. իսկ 1812-էն սկսեալ տպարանին գործը շարունակեցին Յակոբ եւ Յովսէփ Նազար Շամրեանները, մինչեւ որ 1818-ին տպարանը փակուեցաւ:
Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան այնուհետեւ ինքզինք նուիրեց հնդկահայ գաղութի հասարակական եւ դաստիարակչական կեանքին եւ վախճանեցաւ 1824 Յունուար 29-ին (Փետրուար 9):
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան