ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Տիեզերքի վարդապետ Յովհան Ոսկեբերանը հոգեւոր ասպարէզ իջաւ այն ժամանակ, երբ Եկեղեցին արդէն ապրած էր սարսափելի հալածանքներու ժամանակաշրջանը, սակայն ժողովուրդի հոգւոյն մէջ տակաւին հոգեկան խռովք կը տիրէր։ Ոմանք կը զգային, որ փրկութիւնը քրիստոնեայ ըլլալու մէջ է, իսկ ոմանք ալ հեթանոսութեան թոյնով «գինովցած», անոր մահացու սնահաւատութեամբ եւ բարոյական անկումով շրջապատուած էին։ Սակայն ամենամեծ վտանգը հերձուածողներն էին, որոնց մէջ ամենէն վտանգաւորն ու տարած-ւածը արիոսականութիւնն էր։

Ահա այդ ժամանակ Աստուած քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կը պարգեւէ մեծագոյն աստուածաբաններ եւ քրիստոնէական վարդապետութեան համար մարտնչողներ, որոնցմէ են՝ Ս. Աթանաս Մեծը, Բարսեղ Կեսարացին, Գրիգոր Աստուածաբանը եւ Յովհան Ոսկեբերանը։ «Աստուածային գաղտնիքներու խոհեմ քննիչ, Եկեղեցւոյ աչք», Սուրբ Իսիտորոս այսպէս անուանած է վերջինս, իսկ երանելի Թէոդորոս զինք կոչած է մեծ լոյս՝ հաւատքի առաքելական աւանդը պահպանած։

Սուրբ Հոգիով լեցուած եւ մարտիրոսի փառքով շրջապատուած Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը իր ետին թողած է հսկայական ժառանգութիւն, որոնց կենդանանար լոյսը ցայսօր կը լուսաւորէ դէպի փրկութիւն տանող ճանապարհը։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան աստուածաբան Հայրապետը ծնած է 347 թուականին, Անտիոք քաղաքին մէջ։ Ազգութեամբ ասորի էր, բարեպաշտ եւ հարուստ ծնողներու զաւակ։ Կանուխ հասակին կը կորսնցնէ հայրը, որ ասորական զօրաբանակի առաջնորդ էր։ Իր մայրը՝ Անթուսան այրիանալով, որ ընդամէնը քսան տարեկան էր, ամբողջապէս իր որդւոյն դաստիարակութեան կը նուիրուի։ Անոր առաքինութիւնը քրիստոնեաները կը հիացնէր, իսկ հեթանոսները կը զարմացնէր։ Յայտնի հռետոր Լիպանիոս, որուն մօտ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ուսանէր, Անթուսայի մասին ըսած է. «Ինչպիսի՜ կանայք կան քրիստոնեաներուն մէջ»։

Ստանալով բազմակողմանի կրթութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, Յովհան կ՚ընդունուի փաստաբանական ծառայութեան, սակայն շուտով կ՚որոշէ ամբողջովին Աստուծոյ ծառայութեան եւ մենակեցութեան նուիրուիլ։ Արդէն իսկ իր տան մէջ սկսած էր խստակրօն կեանք մը ապրիլ։ Անոր մասին գրուած է. «Ան պահք կը պահէր, երկու-երեք օրը մէկ անգամ շատ քիչ ջուր եւ կտոր մը հաց կը ճաշակէր։ Իր սենեակին մէջ պարան մը կապած էր, եւ երբ կը յոգնէր, կուրծքով պարանէն կը կախուէր եւ քիչ մը նիրհելով՝ կը հանգստանար»։ Իր ընկերներուն՝ Մաքսիմոսի, Թէոդորոս Մոպսուեստացիի, Բարսեղի հետ Յովհան Դիոդորոսի դպրոցէն ներս Սուրբ Գիրքը խորապէս կը սերտէ ու կը սորվի։

370 թուականին Մելետիոս Անտիոքացին զինք դպիր կը ձեռնադրէ։ Շուտով իմանալով, որ զինք կ՚ուզեն եպիսկոպոս ձեռնադրել, ինքզինք վանքին մէջ կը փակէ, ուր քահանայութեան մասին իր ճառերը կը գրէ։ Չորս տարի մենակեաց կեանք մը կ՚ապրի, ապա դարձեալ երկու տարի պահեցողութեամբ եւ աղօթքով քարայրի մը մէջ կը ճգնի։ Միայնակեցութեան դէմ պայքարողներու մասին իր ճառերուն մէջ Յովհան Ոսկեբերան կը գովաբանէ անապատական կենցաղավարութիւնը, ուր մաքրուած, սրբուած հոգին քաղցրօրէն կը զրուցէ Արարիչին հետ։ Սակայն հրաշագործ Հայրապետը հիւանդութեան պատճառով կը ստիպուի Անտիոք վերադառնալ։ Չափէն աւելի ճգնութիւնը անոր մարմինը հիւծած էր։

381 թուականին զինք սարկաւագ կը ձեռնադրեն, իսկ 386-ին՝ քահանայ։ Անոր ձեռնադրութեան ժամանակ սպիտակ աղաւնի մը Եկեղեցի կը մտնէ եւ բոլորի աչքին առջեւ կը նստի Յովհանի գլխուն՝ իբրեւ Սուրբ Հոգիին խորհրդանիշ։

Իր քահանայութեան 12 տարիներու ընթացքին իր քարոզչական ծառայութեամբ մեծ հռչակ ձեռք կը բերէ։ Շաբաթը մէկ անգամ կը մեկնէ Սուրբ Գիրքը։ Իսկ աղքատներու, այրիներու, օտարականներու ու բանտարկեալներու մասին հոգ տանիլը իրեն համար սիրելի գործ մըն էր։ Անոր՝ իբրեւ աստուածային հովիւի, հոգեկիր վարդապետի, ճգնաւորի ու աղքատասէրի համբաւը կը տարածուի ամբողջ երկրի մէջ։ Զինք լսելու կու գային ոչ միայն քրիստոնեաները, այլ նաեւ հրեաները, արիոսականներն ու հեթանոսները։ Անոր խօսքերը զօրութեամբ ու կեանքով լեցուն էին, որովհետեւ կ՚ուսուցանէր այն բաները, որոնք ինք անձնապէս կ՚ապրէր։ Կը խօսէր ու կը մեկնէր պարզ ոճով։ Իր պերճախօսութեան համար զինք Ոսկեբերան կը կոչեն։ Այդ ժամանակ ան իր հօտին Ծննդոց գիրքը, Սաղմոսները, Եսայիի Մարգարէութիւնը, Մատթէոս եւ Յովհաննու Աւետարանները, Պօղոս առաքեալի թուղթերը կը մեկնէր։

Ան դէմ էր շքեղութեան եւ հարուստներու ագահութեան, անոնց սրբապղծութեան եւ աստուածանարգութեան, անոնց անբարոյութեան ու դաժանութեան եւ միշտ զիրենք զղջումի, գթասրտութեան ու ողջախոհութեան կը հրաւիրէր։

Հայրական սիրով բոլորը կը հոգար եւ ապաշխարութեան կոչեր կ՚ընէր՝ ըսելով. «Որքան ալ իյնաս, կանգնէ, եւ որքան ալ մեղանչես, դարձիր եւ քու մեղքերդ կը ներուին։ Եւ եթէ նոյնիսկ բազմաթիւ անգամ մեղանչես, շատ զղջա եւ կը մխիթարուիս»։ Յուսահատութիւնը ամբողջապէս մարդոցմէ կը հեռացնէր՝ ըսելով. «Սատանան մեղաւորները յուսահատութեամբ աւելի կը կործանէ, քան՝ այլ մեղքերով, եւ զղջալու, դառնալու, խոստովանելու եւ ապաշխարելու թոյլ չի տար»։

Յովհան կը խարազանէր մեղքը եւ ոչ թէ մեղաւորները. «Նոյնիսկ հազար անգամ հայհոյես ինծի, ամբողջ սրտով, սրտի մաքուր խորհուրդով կ՚ըսեմ քեզի՝ խաղաղութիւն. եւ չեմ կրնար այպանել, որովհետեւ իմ ներսիդիս հայրական սէր կայ…։ Որքան աւելի սիրելով՝ քիչ սիրելի դառնամ, այնքան աւելի պիտի սիրեմ ձեզ։ Որովհետեւ Մեծն է, որ մեզ իրարու կը կապէ. մեր առջեւ մէկ սեղան կայ եւ մեր Հայրը մէկ է»։

Անտիոքցիները իրենց հովիւին մէջ կը տեսնէին սիրոյ եւ ապաշխարութեան վարդապետը։ Զինք կը համեմատէին Յովհաննէս մկրտիչի եւ Յովհաննէս աւետարանիչի հետ։

Նեքտարիոս Պատրիարքի մահէն ետք, Արկադէոս կայսեր համաձայնութեամբ 398 թուականին Ոսկեբերանը կը ձեռնադրուի Կ. Պոլսոյ պատրիարք։ Իբրեւ պատրիարք իր առաջին քարոզին մէջ կը խոստանայ Բարսեղ մեծի հետքով ընթանալ՝ «ջանքերը չպակսեցնել ու չվախնալ ոչ մէկ խոնարհ խօսքէ ու գործէ»։ Ան կ՚ըսէր. «Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տակաւին կան հեթանոսներ։ Ես կը ջանամ զիրենք Եկեղեցի բերել՝ անոնց համար քրիստոնէական կեանքի օրինակ դառնալով։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կան բազում արիոսականներ ու այլ հերձուածողներ, ես անոնց դէմ ուրիշ զէնք չեմ գործածեր, բացի Սուրբ Հոգիին սուրէն, որ Աստուծոյ խօսքն է։ Աստուծոյ օգնութեան արիաբար մեղքերը կը մերկացնեմ, երբեք տեղի չեմ տար, դժոխքին հետ երբեք պայմանագիր չեմ կնքեր»։

Արքեպիսկոպոսը, ինչպէս առաջ, մեղաւորները զղջումի կը հրաւիրէր։ Խօսելով սպասուող Դատաստանի մասին՝ կը յիշեցնէր Աստուծոյ գթասրտութեան եւ անսահման սիրոյ մասին։ Թէ՛ իր հոգեցունց քարոզները եւ թէ քրիստոնեայի իր կենցաղավարութեամբ Սուրբը ցոյց կու տար, թէ ո՛րն է փրկութեան տանող նեղ ճանապարհը։ Գալով մայրաքաղաք՝ կը վաճառէ նախկին պատրիարքի հարուստ տունը եւ մէկ սենեակի մէջ կը բնակի, ուր միայն ամենէն անհրաժեշտ իրերը կը տեղաւորէ, իսկ ծախուած տան գումարը Եկեղեցւոյ կարիքներուն կը տրամադրէ։ Ողորմասէր Հայրապետը Պոլսոյ մէջ հիւանդանոցներ, իջեւանատուներ կը կառուցէ, յաճախակի բանտարկեալներուն կ՚այցելէ ու կը մխիթարէ զիրենք, սգաւորներուն, հալածուողներուն, կարօտեալներուն, աղքատներուն կողքին կանգնած՝ հարուստները ողորմածութեան կը մղէ։

Ինչպէս նախապէս, ան խիստ ժուժկալ եւ աղօթական կեանք մը կ՚ապրէր՝ շատ համեստ սեղանով, առանց հանդիսաւոր ընդունելութիւններու ու ճաշկերոյթներու։ Բազմաթիւ քաղաքացիներ զարմացած էին անոր համեստ կեանքին ի տես, որովհետեւ նախկին Պատրիարքը կը սիրէր հարստութիւն, շքեղ ճաշկերոյթներ, կայսերական պալատէն ներս հանդիսաւոր ընդունելութիւններ…։ Նոյնիսկ բարձրաստիճան եկեղեցականներ Ոսկեբերանի համեստութիւնը վիրաւորանք կը համարէին։ Օրինակ՝ Աղեքսանդրիոյ Թէոփիլոս Պատրիարքը Ոսկեբերանի կողմէ իր առջեւ դրուած պարզ սեղանը վիրաւորական կը համարէ։

Անաչառութեամբ կը յանդիմանէր ուղիղ վարքով չապրողները, որոնցմէ էր Եւդոքսիա թագուհին։ Ոսկեբերանը ատելի էր թագուհիին համար եւ որուն պատճառով ալ Կոկիսոն կ՚աքսորուի, ուր բազում կռապաշտներ քրիստոնեայ կը դարձնէ եւ կը շարունակէ Սուրբ Գիրքի մեկնաբանական գիրքեր գրել։ Երբ Սուրբ Ոսկեբերանը քաղաքէն կը հեռացուի, ժողովուրդը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ՝ պահանջելով իրենց Հայրապետին վերադարձը։ Թագաւորը այս տեսնելով, մարդ կը ղրկէ եւ Սուրբը իր աթոռը կը վերադարձնէ։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը քաղաք գալով, համարձակութեամբ կը շարունակէ իր լուսաւոր վարդապետութիւնը, կը յանդիմանէ անհաւատները եւ զանոնք ճշմարիտ գիտութեան կը հրաւիրէ։

Ս. Սոֆիայի տաճարին առջեւ ի պատիւ թագուհիին դրուած արձաննրուն մօտ անվայել զուարճահանդէսներ տեղի կ՚ունենային։ Ոսկեբերան Հայրապետը իր ճառին մէջ կը պախարակէ ամէն տեսակի զուարճահանդէսները ու կը յորդորէ հեռու մնալ նման միջոցառումներէ ու թատրոններէ։ Թագուհին զայրանալով՝ կը փորձէր իրեն վնաս պատճառել։ Սուրբը, իմանալով այդ մասին, իր քարոզին մէջ կ՚ըսէ. «Դարձեալ Հերովդիադան կը մոլեգնի՝ Յովհաննէսի գլուխը ճշմարտութեան պատճառով անիրաւութեամբ կտրելու համար»։ Սուրբը թագուհիին դիմաց կանգնելով՝ զինք Հեզաբէլ եւ նոր Հերովդիադա կ՚անուանէ։ Եւդոքսիան կը բարկանայ եւ Զատկուան օրը Յովհան Հայրապետին թոյլ չի տար աւագ Եկեղեցի գալ եւ այնտեղ Պատարագ մատուցել։ Քաղաքացիները այս լսելով, կ՚երթան այն Եկեղեցին, ուր Յովհաննէս Հայրապետ գացած էր, իսկ աւագ Եկեղեցին դատարկ կը մնայ։ Թագուհին աւելի կը ջղայնանայ, եւ դարձեալ իր հրամանով Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚աքսորուի։

Ճանապարհը դժուարին էր, մանաւանդ ձմեռ ու սառնամանիք էր։ Հասնելով Կոմանա գիւղը՝ Սուրբ Պասիլիսկոս Եպիսկոպոսի գերեզմանը, որ վկայութեամբ մարտիրոսացած էր, Սուրբ Ոսկեբերան Եկեղեցի կը մտնէ եւ գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ։ Նոյն գիշերը իրեն Պասիլիսկոս վկան կ՚երեւի եւ կ՚ըսէ. «Քաջալերուէ եւ զօրացիր, մեր եղբա՛յր Տէր Յովհաննէս, որովհետեւ վաղը միասին Աստուծոյ առջեւ պիտի ըլլանք»։ Յաջորդ օրը Սուրբ Պատարագ մատուցելէ եւ Քրիսստոսի Մարմինն ու Արիւնը հաղորդելէ ետք, ան իր սովորական խօսքերը կ՚ըսէ. «Փա՜ռք Քեզի, Աստուած, ամէն բանի համար» եւ բոլորը ողջունելով՝ իր հոգին կ՚աւանդէ։ Այս միջադէպը կը պատահի 14 սեպտեմբեր 407 թուականին։

Կ՚ուզենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել, որ յաջորդող շաբաթները գրաբարէն թարգմանաբար պիտի ներկայացնենք «Սրբոյն Յովհանու Ոսկեբերանի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Արքեպիսկոպոսի հատընտիր գիրք եւ ճառք եւ ներբողեանք» գիրքը։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018