ԱՂՈՏ ՊԱՏԿԵՐԻՆ ՎՐԱՅ…

Բաւական բարդ ժամանակներ կ՚ապրինք։ Բարդ է այս մասին գրելը, նաեւ շատերուն համար՝ կողմնորոշուիլը։ Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութենէն աւելի՝ խնդիրը կը վերաբերի Պաղեստինի ներքին խոհանոցին, որուն դռները բաց թողուեցան այն օրէն ի վեր, երբ Պաղեստինի Ազատագրական կազմակերպութեան գլխաւոր առաջնորդ ողբացեալ Եասէր Արաֆաթ դուրս բերուեցաւ խաղէն։ «Համաս»ը, որուն առաջնորդները նախ Թուրքիոյ երկարած «թաս»էն ջուր խմեցին, ապա մտան Իրանի ծոցը։ Անոնք այսօր արդէն միջազգային մակարդակով կրնան համարուիլ խմբաւորումներ, որոնք ահաբեկչական գործիքներով կ՚աշխատին։ Այստեղ ու ամէն ինչ մէկդի դնելով՝ խոցելի է «Համաս»ի մօտեցումը։ Ան ո՛չ միայն երկխօսութեան չի նստիր, այլեւ մանաւանդ՝ Իսրայէլի գոյութիւնը ընդհանրապէս կը հերքէ կամ Իսրայէլը ամբողջութեամբ ծով թափելու խօսոյթ որդեգրած է։ Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը մերժելու, անոր գոյութիւնը հերքելու խօսոյթը, անշուշտ, կը պատկանի Իրանի նախկին տխրահռչակ նախագահ Մահմուտ Ահմետինեժատին, որ դաւադրաբանական տեսութիւններ հրահրելէ անդին ոչինչ ըրաւ։ Տխուրը այն է, որ այդ նոյն խօսոյթը դարձաւ հիմնական զէնքը այն ուժերուն, որոնք Իրանի թեւերը կը համարուին։ Անշուշտ, կասկածէ վեր է, որ Իրանի այսօրուան ղեկավարութեան համար բացառուած բան է՝ ուղղակի բախումի երթալ Իսրայէլին հետ։ Իսրայէլին հարուածներ տալու մօտեցումը Իրան յառաջ կը տանի՝ յենլով նախ «Համաս»ին, յետոյ «Հիզպուլլահ»ին վրայ։ Այս կէտին վրայ կը ծագին քանի մը հարցադրումներ, որոնց պատասխանին որոնումը ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Առաջին. ինչո՞ւ այս պահուն ընթացք առաւ «Համաս»ի այս գործողութիւնը, որ առնուազն երկու տարուան աշխատանքի մը հետեւանքն է։ Պատճառը պարզ է, որովհետեւ Իրան շատ մտահոգ է Իսրայէլի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու, բայց յատկապէս՝ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութեանց կարգաւորումով ու ոչ միայն։

Երկրորդ. եթէ իսկապէս այս պատերազմը սրբազան է, ապա ի՞նչի կը սպասէ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը, որուն վարկը, ռազմական ընդունակութիւններն ու գործելաոճը «Համաս»էն շատ աւելի բարձր մակարդակ ու վարկանիշ ունին՝ նոյնիսկ յաչս Իսրայէլի ամենածայրայեղ խաւերուն։ Պատասխանը պարզ է… Ներկայ փուլին Թեհրան որոշած է փուռը տալ միայն «Համաս»ը՝ առնուազն այն պատճառով, որ ինք կրնայ իր շահապաշտ ոճին գինը գանձած ըլլալ եւ այս նուէրը ընել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, հետեւաբար նաեւ Իսրայէլին։ Իրանի վստահութիւնը «Հիզպուլլահ»ի նկատմամբ շատ աւելի մեծ է՝ «Համաս»ի բաղդատմամբ։ Արդարեւ, զանազան առումներով եւ շատ արագ քայլերով «Համաս» կրնայ ծայրայեղ թեքումներու երթալ եւ գործակցիլ այլ երկիրներու հետ՝ նոյնիսկ Իրանէն զատ այլ երկիրներ ընդունիլ՝ որպէս «պապա»։ Բաց աստի, Իրան շատ լաւ կը գիտակցի, որ Լիբանանի վիճակը արդէն քայքայուած է եւ այս պահուն այդպիսի արկածախնդրութեան մը առիթ ու ճանապարհ տալը կը նշանակէ խանգարել Սէուտական Արաբիոյ հետ բաւական սիրալիր եւ օրէ օր զարգացող յարաբերութիւնները։ Կայ նաեւ այլ կարեւոր շեշտ մը։ Նախքան ԱՄՆ-ի ընտրութիւնները՝ նախագահ Պայտընի վարչակազմը պիտի փորձէ անպայման ճանապարհ մը բանալ խաղաղութեան ուղղեալ երկխօսութեան առջեւ։ Որեւէ մեծ կամ փոքր յաջողութիւն պիտի փորձէ դարձնել քաղաքական միաւոր եւ, անշուշտ, շահիլ ԱՄՆ-ի հրէամէտ հատուածներու քուէները։

Այս բոլորէն անդին կայ Կազզէի պարագան, որ տարիներ առաջ կը գտնուէր Պաղեստինի իշխանութեանց տիրապետութեան տակ եւ ծայրայեղ կրօնամոլի կերպարով աճած «Համաս»ը ջարդ մը տալով ձեռք անցուց զայն ու վերածեց ծայրայեղութեան քաղաքի մը՝ կտրուած ամէն տրամաբանութենէ ու ենթակայ պաշարումի, զրկանքի, յուսահատութեան, հետեւաբար նաեւ քաղաքակրթական մահուան։ Ինչպիսի՞ն էր Կազզէն նախքան «Համաս»ը եւ ի՞նչ էր նախքան այս պատերազմին սկիզբը վիճակը։ Մեծ հաշուով «Համաս» ձախողած է ներքին բարեկարգում մը ընելու ու շարքային պաղեստինցիի կեանքը տանելի դարձնելու տեսակէտէ։ Այս բոլորէն անդին, ուրիշ կարեւոր հարցում մըն ալ կայ։ «Համաս», որուն զինեալներն ու միայնակ գայլերը կը սպաննէին Արեւմտեան Շերիայի, Երուսաղէմի կամ նոյնիսկ Թել Աւիւի փողոցներու խաղաղ իսրայէլցիները, ի վերջոյ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր «Ալ Աքսայի հեղեղ» գործողութեամբ։

Գրաւեցին եւ դիմադրութեան փայլուն էջեր գրեցին՝ ձեռք անցընելով Իսրայէլի բանակի կարգ մը կէտերը, բայց յետոյ ի՞նչ… Ի՞նչ էր ուզուածը ու եթէ ուզուածը այդ էր, ապա իրաւունք ունէ՞ր խաբուելու կամ սեփական ժողովուրդը կրակին մէջ թողելու։

Այս հարցումներէն անդին շատ կարճ պէտք է անդրադառնալ Իսրայէլին, որուն վարչապետը՝ Նեթանիյահու այսօրուան դրութեամբ ԱՄՆ-ի համար անբաղձալի տարր մըն է ու շատ հաւանական է, որ պատերազմի դադարին իր իսկ ժողովուրդին ձեռքով տուն վերադառնայ եւ հրաժեշտ առնէ քաղաքական կեանքէն։ Նեթանիյահու շատ ահաւոր սխալներ գործեց, որովհետեւ տեղ տուաւ այս անգամ Իսրայէլի հասարակութեան «Համասականներուն», որոնք ո՛չ միայն ծայրայեղ են, այլեւ իրենք եւս կը հաւատան, թէ բոլոր պաղեստինցիները կրակը պէտք է նետուին։ Ու անոնց աշխուժութիւնն էր, «Ալ Աքսա» մզկիթին դէմ արարքները եւ Երուսաղէմի կարգ մը արաբական թաղամասերու «արաբականացումն» էր, որ խառնեց մեղուի բոյնը եւ առիթ տուաւ այս ահաւոր վիճակի ստեղծուելուն։

Այս պատկերը տակաւին ամբողջական չէ, սակայն այժմէն կը ցոլացնէ, որ թէ՛ Իսրայէլը եւ թէ Պաղեստինի «Համաս»ի թեւը պիտի չկարողանան իրենց գործունէութիւնը շարունակել։ Նեթանիյահուի հեռանալը մեծ առիթներ պիտի ստեղծէ Իսրայէլին համար, որուն հասարակութիւնը մարսած պիտի ըլլայ պատերազմի ցաւն ու անէծքը։ Սակայն խնդիրը Կազզէի պարագան է։ Պաղեստինի իշխանութիւնները հիմակուընէ պէտք է մտածեն, թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ դէմքերով (Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասն ալ սպառած է) եւ ի՞նչ ներուժով պիտի մասնակցին Կազզէի վերականգնման, այդ քաղաքը ինչպէ՞ս պիտի վերածեն Պաղեստինի ամենածաղկուն ափը՝ հեռու ահաբեկչութենէ, որպէս նոր օրրանը պատերազմներէ յոգնատանջ դարձած Պաղեստինի անզէն ժողովուրդին։

Կարեւոր ժամանակներու մէջ ենք ու այս ալիքը կրնայ մեծ առիթ մը դառնալ, որպէսզի Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը մտնէ մեծ լուծումներու շրջափուլի մը մէջ։ Անշուշտ, առանձնապէս կարելի է երկար խօսիլ նաեւ այն մասին, թէ տարածաշրջանի երկիրներէն ո՞ր մէկը ի՞նչ պիտի քաղէ կամ արդէն քաղած է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023