ԵՐԵՔԻՆ ՔԱՋԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

-Աս ի՞նչ գէշ հոտ մը լե­ցուեր է նո­րէն մեր ննջա­սե­նեա­կը,- աչ­քե­րը շփե­լով կը դժգո­հի Սա­րան:

-Կ­­՚ե­րե­ւի այ­սօր նո­րէն տո­տիկ պի­տի ե­փեն,- կը շա­րու­նա­կէ Հռիփ­սի­կը:

-Չենք սի­րեր աս ճա­շը, ի՞նչ պիտ ու­տենք այ­սօր,- կը մտա­հո­գուի գի­րուկ Սու­սա­նը:

-Բան մը կ­­՚ը­նենք, ա­նօ­թի չենք մնար, ես կը կար­գադ­րեմ,- կ՚ը­սէ Սա­րան:

Ու խու­ճա­պը կը սկսի: Պատս­պա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը կ­­՚արթն­նան, մէկզ­մէ­կու ե­տե­ւէն բաղ­նիք կը մտնեն, մէ­կը՝ դան­դա­ղա­շարժ, միւ­սը՝ ա­րա­գա­շարժ, մէ­կը խօ­սիլ չ՚ու­զեր, միւ­սը՝ արթն­նալ ու ա­հա բարձ մը կու գայ, չես գի­տեր ուր­կէ, ո՞վ կրնայ քնա­նալ այ­լեւս: Դպրո­ցա­կան կո­կիկ տա­րազ­նե­րով կը նստին ճա­շա­րան նա­խա­ճա­շե­լու:

Եւ քա­լե­լով կը բռնեն դպրո­ցի ճամ­բան, որ շատ հե­ռու չէ պատս­պա­րա­նէն: Նախ մե­ծե­րը՝ պա­տա­նի­ներ, ա­պա ե­տե­ւէն ա­ւե­լի փոք­րե­րը ձեռք-ձեռ­քի բռնած կը յա­ռա­ջա­նան:

Պատս­պա­րա­նի պա­տա­նի­նե­րէն են Սա­րան, Հռիփ­սիկն ու Սու­սա­նը: Ամ­բողջ ճամ­բուն ըն­թաց­քին ա­նոնք կը խոր­հին, թէ ինչ­պէս ճաշ պի­տի չու­տեն, քա­նի որ պա­տաս­խա­նա­տուն՝ Տի­կին Նու­նէն շատ խիստ է, ու­րիշ ճաշ ալ չ­­՚ըլ­լար սե­ղա­նին վրայ: Սա­րան դպրո­ցին բա­կին մէջ, ըն­կե­րու­հի­նե­րուն ա­կան­ջին բա­ներ մը կը փսփսայ:

Կէ­սօր կ՚ըլ­լայ, այս ե­րեք ըն­կե­րու­հի­նե­րուն ճա­շի պնակ­նե­րը ե­ղա­ծին պէս կը մնան: Տի­կին Նու­նէ սաս­տիկ զայ­րա­ցած կը սաս­տէ՝ «Է՛, հի­մա չու­տէ՛ք, ի­րի­կու­նը պիտ ու­տէք աս ճա­շը, ու­րիշ ու­տե­լիք չկայ ձե­զի»: Գլխա­հակ մտիկ կ՚ը­նեն Տի­կին Նու­նէն ու ա­նօ­թի կ­­՚ել­լեն սե­ղա­նէն:

-Սիրտս պիտ կե­նայ, շատ ա­նօ­թի եմ, Սա­րա, բան մը ը­րէ,- կ՚ը­սէ Սու­սան:

-Համ­բե­րէ, Սու­սան, չէ՛ որ առ­տու ծրագ­րե­ցինք ինչ պիտ ը­նենք, քիչ մըն ալ սպա­սէ ու հար­ցը կը լու­ծենք, վստա­հիր ին­ծի:

-Ու­րիշ ի՞նչ կրնամ ը­նել որ, կը համ­բե­րենք,- կը պա­տաս­խա­նէ Սու­սան սա­կայն ներ­քուստ սո­վը կը կրծէ զինք ու ին­չե՜ր կ­­՚ե­րա­զէ:

Կէ­սօ­րէ ետք, երբ բո­լոր սա­նե­րը դա­սե­րով զբա­ղած էին, Տի­կին Նու­նէն ալ դուրս ե­լած էր. մեր ե­րեք պա­տա­նի­նե­րը գոր­ծի կը լծուին: Սա­րան կը պատ­րաս­տուի, մի­ջանց­քը կը զննէ, մարդ չկայ, ըն­կե­րու­հի­նե­րը կը կան­չէ եւ ե­րե­քով գաղ­տա­գո­ղի կ՚իջ­նեն մա­ռան, ուր կը պա­հուի ա­մէն ինչ՝ ձմրան պա­շար, ըն­դե­ղէն, ա­ւե­լորդ հա­գուե­լիք­ներ..., բայց նաեւ՝ հիւ­րա­սի­րու­թեան հա­մար բա­րե­րար­նե­րու բե­րած խմո­րե­ղէն­ներ: Ա­հա Սու­սա­նին աչ­քին կը զար­նէ կար­կան­դակ մը, ու կար­ծես կը սաստ­կա­նայ ա­նօ­թու­թեան զգա­ցու­մը, Սա­րան ու Հռիփ­սիկն ալ կը նշմա­րեն կար­կան­դա­կը ու կ­­՚ո­րո­շեն տա­նիլ ննջա­սե­նեակ: Սա­րան իր հա­գուստ­նե­րուն տակ կը պա­հէ կար­կան­դա­կը ու ե­տեւ-ե­տե­ւի, ա­ռանց մէ­կէ մը նկա­տուե­լու կը հաս­նին ննջա­սե­նեակ.

-Լոյ­սը մի՛ վա­ռեր, որ Տի­կին Նու­նէն չզգայ, թե­րեւս ալ ե­կած է,- կ՚ը­սէ Հռիփ­սիկ:

-Հա, ա­րագ մը տե­ղա­ւո­րենք կար­կան­դա­կը ու իջ­նենք, ար­դէն ընթ­րի­քի ժա­մը մօ­տե­ցաւ,- կը շա­րու­նա­կէ Սա­րան:

-Բայց ինչ­պէ՞ս պի­տի համ­բե­րեմ, շատ ա­նօ­թի եմ. ես հոս կը մնամ, դուք ի­ջէք, կը սպա­սեմ ձե­զի,- նա­յուած­քը կար­կան­դա­կին վրայ սե­ւե­ռած կը շա­րու­նա­կէ Սու­սա­նը:

-Բան չմնաց, հի­մա կէս ժա­մէն կու գանք, կ՚ու­տենք,- կը վստա­հեց­նէ Սա­րան:

Կար­կան­դա­կը անն­կատ տեղ մը կը տե­ղա­ւո­րեն ու կ՚իջ­նեն ընթ­րի­քի, ուր ա­նա­խորժ բա­չա­յի պնակ­նե­րը դրուած են ի­րենց նստե­լիք ա­թոռ­նե­րուն դի­մաց: Բնա­կա­նա­բար, ա­նոնք նո­րէն չեն ու­տեր ու բո­լո­րէն ա­ռաջ ալ կը բարձ­րա­նան ննջա­սե­նեակ:

Առ­տուը­նէ ա­նօ­թի պա­տա­նի­նե­րը այն­պի­սի ա­խոր­ժա­կով ու ա­ճա­պա­րան­քով կը լա­փեն կար­կան­դա­կը, որ նոյ­նիսկ հա­մը չեն զգար ե­թէ նոյ­նիսկ կար­կան­դա­կի տես­քով բա­չա ըլ­լար դէ­մեր­նին, վստահ որ նոյն ա­խոր­ժա­կով կ­­՚ու­տէին:

Հա­զիւ եր­կու ժամ անց՝ ան­հանգս­տա­ցած ե­րե­քը կը բռնեն պէտ­քա­րա­նի ճամ­բան: Ե­րե­քին ալ ջեր­մու­թիւ­նը կը բարձ­րա­նայ, ստա­մոք­սը կը ցա­ւի ու մի քա­նի ան­գամ զու­գա­րա­նը այ­ցե­լե­լէ ու փսխե­լէ ետք կու գան ու կը քնա­նան:

Առ­տու, սո­վո­րա­կա­նին պէս, Տի­կին Նու­նէ զան­գա­կը ձեռ­քը ճօ­ճե­լով կ՚արթնց­նէ պատս­պա­րա­նի սա­նե­րը: Երբ ան կը մօ­տե­նայ մեր ե­րեք պա­տա­նի­նե­րուն ու կը տես­նէ, որ ոչ մէ­կը տե­ղէն շար­ժած է՝ իս­կոյն բար­կա­նա­լով կ­­՚ը­սէ.

-Ի՞նչ ծոյլ-ծոյլ պառ­կեր էք տա­կա­ւին, ե­րէ­կուան անհ­նա­զան­դու­թիւն­նիդ չի՞ բա­ւեր, ե­լէ՛ք, հի­մա դպրո­ցէն կ՚ու­շա­նաք:

Աղ­ջիկ­նե­րը ան­կո­ղի­նէն ել­լե­լու կա­րո­ղու­թիւն իսկ չու­նէին: Տի­կին Նու­նէ ձեռ­քը կը դնէ Սա­րա­յին ճակ­տին ու բարձր ջեր­մու­թիւ­նը կը նկա­տէ. կար­գով միւս եր­կու­քին ալ կը նա­յի, նո­րէն կը նկա­տէ բարձ­րա­ցած ջեր­մու­թիւն: Ե­րե­քին դէմ­քե­րը կարմ­րած էին ա­րե­ւուն տակ ժա­մե­րով կանգ­նո­ղի նման: Ան կը կան­չէ պատս­պա­րա­նի բժիշ­կը, որ անհ­րա­ժեշտ քննու­թե­նէ ետք բո­լո­րին ուղ­ղե­լով խօս­քը կ՚ը­սէ.

-Դուք ի՞նչ կե­րած էք, կար­ծես ե­րեքդ ալ նոյն ու­տե­լի­քէն թու­նա­ւո­րուած էք, ձեր կե­րա­ծը աւ­րուած բան մը պէտք է ըլ­լայ:

Այս­պի­սով, բժիշ­կին այս քննու­թե­նէն ետք կը բա­ցա­յայ­տուի մեր ե­րեք հե­րոս­նե­րուն «քա­ջա­գոր­ծու­թիւ­նը», ո­րուն հե­տե­ւան­քով, որ­պէս պա­տիժ, կը զրկուին այդ շաբ­թուան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն այ­ցե­լու­թե­նէն:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016