ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Աւետարաններուն մէջ երդումի մասին որեւէ բան գրուա՞ծ է:

Պատասխան. Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 33-37 համարներուն մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ»։ Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ»:

Հարցում. Աստուածաշունչը հարուստներուն որեւէ մէկ յորդոր կամ խրատ կու տա՞յ:

Պատասխան. Այո, կու տայ: Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղղած իր առաջին նամակին 6-րդ գլուխին 17-19 համարներուն մէջ հետեւեալ յորդորը կ՚ուղղէ հարուստներուն. «Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք։ Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։ Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանք ձեռք ձգելու համար»:

Հարցում. Մարդ պէ՞քտ է իր թշնամիները, չար մարդիկը սիրէ ու աղօթէ անոնց համար:

Պատասխան. Այս մասին Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 43-48 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»։ Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպիսով  դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է»:

Լուսահոգի Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանն ալ հետեւեալը կ՚ըսէ այս մասին. «Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ աղօթէք բոլոր անոնց համար, որոնք այս աշխարհի չարերն են: Այս տարի պիտի ուզէի, որ մենք չարերուն համար աղօթենք: Աղօթենք անոնց համար, որոնք անգութ են այս աշխարհին մէջ: Աղօթենք անոնց համար, որոնք իրենց սիրտին մէջ կ՚ըսեն. «Աստուած չկայ»: Աղօթենք անոնց համար, որոնք Աստուծոյ անունով մարդ կը սպաննեն, մարդ կը մորթեն, պատերազմ կը յայտարարեն: Աղօթենք անոնց համար, որոնք այս աշխարհի չարերն են, անգութներն են, ոճրագործներն են, մարդասպաններն են, որովհետեւ նոյնը մեր Տէրը ըրաւ: Իր Հօրը ըսաւ. «Հայր, ներէ ասոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն»»:

Հարցում. Ի՞նչ բանը մեզ Աստուծոյ սիրելի կը դարձնէ:

Պատասխան. Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կ՚ըսէ. «Չկայ բան մը, որ մարդը այնպէս սիրելի դարձնէ Աստուծոյ, ինչպէս ընկերոջ ցաւերը իրեն համարելը, իրեն նոյն վիշտերուն մէջ տեսնելը եւ վշտացածին այդպէս կարեկցիլը։ Եւ չկայ բան մը, որ մարդուն այնպէս ատելի դարձնէ Աստուծոյ, ինչպէս ընկերոջ նեղութեան մէջ տեսնելով՝ անտեսելը»:

Հարցում. Մեր խնդրանքները պէ՞տք են Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլան, թէ՞ ոչ:

Պապատսխան. Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանը կը գրէ. «Մեր խնդրածը պէտք է Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլայ։ Մենք ո՛չ թէ պէտք է ըսենք, Աստուած, ա՛յս տուր ինծի, ա՛յն տուր ինծի, այլ՝ «Դուն լաւ գիտես՝ ինչ որ պէտք է ինծի, ինչը օգտակար է, տուր ինծի այն, ինչ որ հաճելի է Քեզի, այնքա՛ն տուր, ինչքան կը կամիս, ա՛յն ժամանակ տուր՝ երբ կը կամիս»։ Եթէ նոյնիսկ Յիսուս չարչարանքի բաժակը Իրմէ հեռացնելու համար կ՚աւելցնէ. «Սակայն, ո՛չ թէ ինչպէս Ես կ՚ուզեմ, այլ՝ ինչպէս Դուն կ՚ուզես». հետեւաբար, սխալական մարդիկս մեր ուզա՞ծը պէտք է խնդրենք։ Իսկ սուրբերէն մէկը կ՚ըսէ. «Ես կը ցանկամ չնչին որդ ըլլալ Աստուծոյ կամքով, քան թէ սերովբէ՝ իմ կամքով»»:

Հարցում. Եկեղեցիէն ներս եւ եկեղեցիէն դուրս պէտք է նո՞յնը ըլլանք կամ մնանք:

Պատասխան. Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ. «Մենք ալ եկեղեցի կու գանք՝ միասնաբար Աստուծոյ ներկայանալու։ Միթէ մենք ալ պիտի չլուսաւորուի՞նք, երբ տաճարին մէջ իրապէս Աստուծոյ մօտ ըլլանք։ Արդեօք մեր եկեղեցի երթալը, զգալի պիտի չըլլա՞յ մերիններուն, մեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն համար, երբ որ տուն վերադառնանք եւ անոնց հանդիպինք։ Միթէ մենք տուն, մեր գործին, մեր կոչումին պիտի վերադառնանք ըստ սովորականի՞ն, առանց որեւէ փոփոխութեան։

Աւելի վատ կշտամբանք չի՛ կրնար ըլլալ մեր տաճար երթալու մասին, քան այն, որ տաճարէն ելլելով՝ մենք նոյնը կը մնանք, եւ ամէն ինչ՝ նախկին վիճակին մէջ։ Դուրսը մենք պէտք է յիշենք, որ մենք միասին տաճարին մէջ Աստուծոյ մօտ եղած ենք, միեւնոյն երգը երգած ենք, նոյն աղօթքը ըրած ենք։ Մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն, մէկ Աստուած եւ մէկ Հայր ունինք։ Հետեւաբար, Կիրակիին յաջորդող շաբթուան օրերու ընթացքին այս մէկը թող երեւի եւ երբ դարձեալ տաճար գաք ու կանգնիք՝ դուք բոլորդ, հարուստ թէ աղքատ, մեծ թէ փոքր, այր թէ կին, կրթուած թէ անուս, կարենաք իրարու ըսել, որ ամբողջ շաբթուան ընթացքին նոյն եղբայրական կապն է, որ պահած էք, ինչ որ տաճարին մէջ ձեռք ձգած էիք»: Դարձեալ. «Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, եթէ մեր քրիստոնէութիւնը այս տաճարի չորս պատերով եւ ժամասացութեան ժամերով կը սահմանափակուի, մեր աստուածպաշտութիւնը կը դառնայ մի միայն դատարկ ձեւ եւ քրիստոնէութիւնը՝ կեղծ։ Միայն այն ժամանակ արժէքաւոր է մեր եկեղեցի երթալը, երբ մենք այստեղ՝ տաճարին մէջ, ստացած մեր մխիթարութիւնը դուրս տանինք կեանքի մէջ, եւ մեր խիղճը, որ արթնցած է այստեղ, արթուն պահենք նաեւ կեանքի մէջ»։

Հարցում. Անգործութիւնը կրնա՞յ վնաս պատճառել մարդուն:

Պատասխան. Անշուշտ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսպէս կը գրէ այս մասին. «Անգործութիւնը մեզի կը վնասէ մարդկայնօրէն։ Պարապութիւնը չարեաց աղբիւրն է մարդկային կեանքին մէջ։ Եւ արդէն խորքին մէջ չկայ պարապութիւն։ ժամանակը անպայման ձեւով մը կը լեցուի։ Երբ գործով չլեցուի ու չարժեւորուի, անպայման սին բաներով կը լեցուի, բայց այդ պարագային մարդէն բան մը կը պարպէ, մարդուն մէջ հիմնական բան մը կը թուլցնէ, կը քանդէ, եւ՝ յաճախ անվերականգնելիօրէն»:

Հարցում. Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան մէջ երեք գլխաւոր առաքինութիւնները՝ հաւատք, յոյս եւ սէր, ընդհանրապէս աստուածային առաքինութիւններ կը կոչուին, ինչո՞ւ համար:

Պատասխան. Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Նախ, աստուածային կը կոչուին, որովհետեւ այս երեքը ուղղուած են առ Աստուած։ Որովհետեւ, հաւատքով կը տեսնուի ծայրագոյն Բարին, յոյսով կը սպասենք գերագոյն Բարիին, սիրով կը ցանկանք վերնային Բարին։ Այս բոլորը առ Աստուած է։ Դարձեալ, հաւատքով ընդունակ կը դառնանք, յոյսով հաղորդակից կ՚ըլլանք եւ սիրով կը միաւորուինք Աստուծոյ հետ։ Դարձեալ, հաւատքով կը հաւատանք, որ միայն Ի՛ր բարութեամբ եւ ոչ թէ հարկադրուած ստեղծեց եւ վերստին փրկեց մեզ։ Յոյսով կը սպասենք Անոր խոստացած ողորմութեանը, որովհետեւ գթած եւ ճշմարիտ է։ Սիրով կը սիրենք Անոր, որովհետեւ Ինքնըստինքեան բարի է։ Այդ պատճառով ալ կը սիրենք ընկերը, որ Աստուծոյ պատկերն ու արարածն է»:

Հարցում. «Թէեւ 24 տարեկան եմ, սակայն անձնասպանութեան մասին կը մտածեմ, եւ կը տառապիմ յանցանքի զգացողութենէն։ Ի՞նչ է ձեր խրատը»։

Պատասխան. Ղպտի Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրապետներէն Շնուտա Գ. Հայրապետը այսպէս կը պատասխանէ վերոնշեալ հարցումին. «Տարօրինակ, որ այս տարիքիդ մտածես անձնասպանութեան մասին։ Չէ՛ զաւակս, մի՛ մտածեր հոգիդ սպաննելու մասին, ձգէ՛ որ մահը յարմար ժամանակին գայ քեզի (եթէ Տէրը կամենայ երկար տարիներէ ետք)։ Դուն մի՛ ցանկար անոր, այլ ձգէ որ ան քեզ ցանկայ։ Կը յուսամ որ այն ատեն, հոգեկան պատրաստ վիճակի մէջ կ՚ըլլաս ընդունելու համար յաւիտենականութիւնը։

Ըսէ՛ դուն քեզի, ես անձնասպան չե՛մ ըլլար, որովհետեւ եթէ անձնասպան եղայ՝ հոգիս սպաննողը ե՛ս կ՚ըլլամ, եւ մահը կը դիմաւորեմ՝ որպէս ոճրագործ, եւ յաւիտենականութեան մէջ բաժինս ոճրագործներուն նման կ՚ըլլայ՝ դժոխքին մէջ։

Մի՛ կարծեր, թէ անձնասպանութիւնը կ՚ազատէ քեզ կեանքէն, եւ ինչ որ ցաւ կայ անոր մէջ. ընդհակառակը, ուրիշ կեանքի մը սկիզբը պիտի ըլլայ, որ լեցուն է գունաւոր անտանելի ցաւերով, եւ ժամանակին մէջ սահման չկայ անոնց համար։

Անձնասպանութիւնը անկարողութեան եւ յուսահատութեան նշան է, եւ որպէս այդպիսին յոյսին ու հաւատքին դէմ է, որոնք մեծագոյն առաքինութիւններն են (Ա. Կր 13.13)։

Իսկ յանցանքի զգացողութեան լուծումը՝ ապաշխարութիւնն է։ Եթէ ոեւէ մէկուն հետ վատ վարուած ես, կրնաս հաշտուիլ անոր հետ, եւ յանցանքիդ արդիւնքները սրբագրել։ Իսկ մեռնիլդ, ո՛չ իրեն կ՚օգտէ եւ ոչ ալ՝ քեզի…»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021