ԵՐԳԻՉՆԵՐ ԵՒ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐ՝ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Յատկապէս քաղաքականութեան մէջ տարածուած սովորութիւն մըն է հռչակաւոր աստղեր՝ երգիչներ, դերասաններ մասնակից դարձնել ընտրական քարոզարշաւին, մանաւանդ՝ բազմամարդ հաւաքներուն, յաւելեալ քուէներ «որսալու» նպատակով: Այս միջոցին արդիւնաւէտ ըլլալը կը մնայ հարցական: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան ընթացքին այս երեւոյթին անդրադարձած է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ի կայքը:
*
ԱՍՏՂԵՐԸ ԻՍԿԱՊԷՍ Կ՚ԱԶԴԵ՞Ն ՔՈՒԷԱՐԿՈՂՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Երբ ընտրութեան ժամանակը կու գայ, միշտ կը յայտնուին աստղեր, որոնք կ՚աջակցին իրենց նախասիրած թեկնածուներուն եւ կը յուսան, որ իրենց համակիրները կը հետեւին իրենց՝ դէպի քուէատուփերը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան մէջ, այսուհանդերձ, բազմաթիւ հռչակաւոր աստղեր, որոնք հրապարակաւ աջակցութիւն ցուցաբերած էին թեկնածուներու, յուսախաբ էին:
Ուրեմն աստղերու զօրակցութիւնը որքանո՞վ իսկապէս կ՚օգնէ:
Պիյոնսէի վերջին պահու աջակցութիւնը ծերակոյտի դեմոկրատական թեկնածու Պեթօ Օրուրքին, որ նոյնպէս կը վայելէր Թրաւիս Սքաթի, Լին-Մանուէլ Միրանտայի եւ այլոց աջակցութիւնը, չկրցաւ անոր օգտակար ըլլալ՝ յաղթելու Թեքսասի հանրապետական մրցակից Թետ Քրուզին:
Ֆլորիտայի մէջ Ռիհաննայի ներկայութիւնը եւ կոչերը բաւարար չէին, որպէսզի դեմոկրատական Էնտրու Կիոմ դառնար նահանգի ափրիկեան ծագումով առաջին կառավարիչը:
Օփրա Ուինֆրի, Տիտի եւ Ուոլ Ֆերեր շարքին էին այն աստղերուն, որոնք կ՚աջակցէին Ճորճիայի կառավարիչի պաշտօնին ձգտող դեմոկրատական Սթէյսի Ապրամսին, որ ետ մնացած էր հանրապետական Պրայն Քեմփէն:
Թէյլըր Սուիֆթը, թերեւս, ամենէն հռչակաւոր աստղն էր, որ մասնակցեցաւ նախընտրական քարոզարշաւին: Ան խզեց քաղաքականութեան մասին իր լռութիւնը եւ հրապարակեց իր եւ մօրը լուսանկարը՝ Միացեալ Նահանգներու դրօշները ծածանելու ատեն, կանգնած՝ ծերակոյտի դեմոկրատական թեկնածու Ֆիլ Պրետեսենի մեծ նկարը կրող յայտարարութեան տախտակի կողքին:
Պրետեսեն պարտուեցաւ, եւ հանրապետական մեկնաբանները վայելեցին այդ ձախողութիւնը:
Թէեւ Սուիֆթը որոշ չափով բախտաւոր եղաւ. Ներկայացուցիչներու տան համար Ճիմ Քուփըրի թեկնածութեան զօրակցեցաւ, եւ ան ընտրուեցաւ:
100 ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Նախընտրական քարոզարշաւներուն հռչակաւոր աստղերու մասնակցութիւնը շուրջ 100 տարուան պատմութիւն ունի:
Ուորըն Հարտինկը նուաճեց 1920 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրարշաւը՝ այդ օրերու շարժապատկերի հռչակաւոր դերասաններու աջակցութեամբ:
1960 թուականին Ճոն Ֆ. Քենետին կը վայելէր աջակցութիւնը «Ռաթ փաք»ի անդամներ Սեմի Տէյվիս Կրտսերի եւ Տին Մարթինի:
Մերիլենտ համալսարանին կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ պատկերասփիւռի աշխարհահռչակ հաղորդավարուհի Օփրա Ուինֆրին աւելի քան մէկ միլիոն քուէ ապահոված է Պարաք Օպամային, 2008 թուականին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութենէն թեկնածու ընտրուելու հոլովոյթին մէջ:
ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ՝ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴԵՑԻԿ, ՔԱՆ՝ ԱՍՏՂԵՐ
Սակայն 2004 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն ետք ուսումնասիրութիւն մը պարզած է, որ երիտասարդ քուէարկողներուն վրայ ընկերներն ու ընտանիքը աւելի ազդեցիկ են, քան՝ աստղերը:
«Հռչակաւոր աստղերը կրնային գեղեցիկ տեսք ունենալ, բայց անոնք այնքան ազդեցիկ չեն եղած առաջին անգամ քուէարկող երիտասարդներուն վրայ», կ՚ըսուի զեկոյցին մէջ:
Օհայոյի մէջ 2016 թուականին պատրաստուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ նախընտրական քարոզարշաւին հռչակաւոր աստղերու մասնակցութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած է քուէարկողներուն մեծամասնութեան վրայ, այդ տարի տեղի ունենալիք նախագահական մրցավազքին մէջ, եւ որոշ աստղեր իրականութեան մէջ մարդոց վրայ հակառակ ազդեցութիւնը ունեցած են:
Պիյոնսէի մասնակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, ամենէն մեծ ձախողութիւնն էր:
ԱՍՏՂԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՏԵՍԱԿ
Համալսարանի դասախօս Սքաթ Լուքաս ըսաւ, որ աստղերու ազդեցութեան երկու տեսակ կայ:
Մարդիկ աւելի հաւանական է, որ լսեն Օփրայի, Ճորճի եւ Ամալ Քլունիի նմանները, քանի որ քաղաքականութեան, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան գործունէութիւնը զանոնք աւելի հռչակաւոր, վստահելի եւ ազդեցիկ կը դարձնէ:
«Ես կ՚առանձնացնեմ այդ տեսակ աստղերու ազդեցութիւնը, ըսենք, Ռապըրթ Տէ Նիրոն լսելէն, որովհետեւ ան կը հարուածէ նախագահը: Կը կարծեմ, որ դուք պէտք է աւելի շատ կարեւորութիւն տաք շինիչ մօտեցումի:
Քանիէ Ուեսթը թէեւ վերջերս հեռու մնաց քաղաքականութենէ, ան այլ անձ մըն է, որ «կառուցողական» դասակարգի մէջ չէ:
Երգիչը եղած է նախագահ Թրամփի ձայնաւոր հիացողը՝ զարմացնելով իր բազմաթիւ համակիրները եւ այլ աստղեր:
«Եթէ Քանիէն ըսած ըլլար բան մը, որ ընդունելի, հասկնալի եւ իմաստալից էր, Քանյէն ներդրում մը ունեցած կ՚ըլլար», կ՚ըսէ Լուքաս:
«Բայց երբ Քանիէն կ՚ընէ այն, ինչ որ ըրաւ, կը դառնայ ծիծաղելի գործիչ, եւ Հանրապետական կուսակցութեան բոլոր անդամները բաւական ուրախ էին, որ ան դուրս եկաւ քաղաքականութենէն, ինչ որ ալ նշանակեց ատիկա»:
Քաղաքագիտութեան դասախօս Ճոն Քէօրթիս, կը կարծէ, որ մինչ աստղերը կ՚ապահովեն մեկնաբանութեան արտադրութեան միջոց մը եւ հաւանաբար կ՚օգնեն քաղաքական գործիչի պատգամի տարածումին, սակայն ատոնք կրնան ըլլալ թերութիւններով:
Ան կ՚ըսէ, որ Բրիտանիոյ մէջ դասական օրինակ մըն է, երբ 1983 թուականին Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդաժողովին ատեն կատակերգակ Քենի Էվերեթ յայտնուեցաւ Մարկրեթ Թեչըրի կողքին եւ կոչ ըրաւ «ռմբակոծել Ռուսաստանը» եւ կից զարնել Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Մայքլ Ֆութի ձեռնափայտին:
Այս խօսքը հաւանաբար այն չէր, որ վարչապետը կը յուսար:
«Հռչակաւոր աստղերը լաւ են, քանի տակաւին անոնք կը ստեղծեն բարենպաստ քարոզչութիւն, ծանուցում», կ՚ըսէ Քէօրթիս: «Բայց այդ խօսքերը երբեմն կրնան յանգեցնել անբարենպաստ ծանուցումի, որովհետեւ ատոնք միշտ չէ, որ քաղաքական նրբերանգով օժտուած կ՚ըլլան»:
Միացեալ Նահանգներու 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան, ըստ Լուքասի, զարմանալի չէ, որ Թէյլըր Սուիֆթին աջակցութիւնը՝ Ֆիլ Պրետսընի, բաւարար չեղաւ, որպէսզի ան յաղթէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մարշա Պլեքպէօրնի, աւանդաբար հանրապետական Թենըսիի մէջ:
«Թենըսի ամենէն խոր կարմիր նահանգներէն մէկն է, ուրեմն միշտ ալ բուռն պայքար պիտի ըլլայ ատիկա նուաճելու համար», կ՚ըսէ ան:
Բայց նոյնպէս կ՚աւելցնէ. «Եթէ նայիք Թենըսիի մէջ երիտասարդներու քուէարկութեան, եւ եթէ նայիք երիտասարդութեան քուէարկութեան՝ ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Թէյլըր Սուիֆթը կը տարբերի»:
Երկրորդ օրէն, երբ Սուիֆթը հրապարակեց քուէարկութեան կոչի իր նախնական հաղորդագրութիւնը, երկրին մէջ 212.871 նոր քուէարկողներ արձանագրուեցան, մեծամասնութիւնը՝ 18-24 տարեկան:
2016-ի հոկտեմբերին օրական միջինը մօտաւորապէս 13.000 էր:
«ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ» 2020 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»ի, 2014-ին այս տարիքի խումբի քուէարկողներուն 54 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ դեմոկրատականներուն:
Այդ յաւելումը շնորհիւ Թէյլըրի չէ:
Կան բազմաթիւ գործօններ, յատկապէս՝ Սպիտակ տունի տէրերու փոփոխութիւնը, որ կը նշանակէ, թէ երիտասարդ քուէարկողները աւելի շատ կը մասնակցին ընտրութեան եւ կը քուէարկեն ի նպաստ դեմոկրատականներուն:
Սակայն Լուքասը կը կարծէ, որ Սուիֆթի այս ազդեցութիւնը կրնայ կարեւոր ըլլալ յաջորդ երկու նախագահական ընտրութիւններուն:
«Եթէ այս վերջին ընտրութեան 18-24 տարեկան քուէարկողներու թիւի աճը շարունակուի, 2020 թուականէն ետք ամէն բան կը փոխուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ», կ՚ըսէ ան:
«Հո՛ս է, որ Թէյլըր Սուիֆթը կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ անոնք քուէարկողներու թիւի աճ կ՚ունենան, յատկապէս՝ երիտասարդներու շրջանակներու մէջ»:
ՔԱՆԻԷ ՈՒԵՍԹ՝ ՀԵՌՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Թուիթըրի արձանագրութեան մէջ երգիչը կ՚ըսէ, որ ինք «կը տարածէր ուղերձներ, որոնց ինք չէր հաւատար»: Քանիէ Ուեսթ եղած է ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի ձայնաւոր զօրակցողը, սակայն կը թուի, թէ այս որոշումը կը կեդրոնանայ քարոզարշաւի մը շուրջը, որուն կապուած է ինք եւ որ կը կոչուի Պլեքսիթ:
Պահպանողական կուսակցութեան անդամ հաղորդավար Քենտիս Օուենսի ղեկավարութեամբ, Պլեքսիթը կը քաջալերէ ափրիկեան ծագումով ամերիկացիները՝ դուրս գալու դեմոկրատական կուսակցութենէն:
Քենտիս Օուենս կը պնդէ, որ քարոզարշաւի հագուստներուն ձեւագէտը երգիչն է, մինչ Քանիէ Ուեսթ այժմ կը հերքէ: «Իմ աչքերս այժմ բաց են, ես հեռու եմ քաղաքականութենէ եւ ամբողջովին նուիրուած ստեղծագործութեան», գրած է երգիչը:
Կարծես՝ Քանիէ Ուեսթ մտադիր է ընդհանրապէս հեռանալ քաղաքականութենէն: Գրելով իր 28.7 միլիոն հետեւորդներուն՝ երգիչը ըսած է. «Ես կը փորձեմ աշխատատեղիներ եւ կարելիութիւններ ստեղծել այն մարդոց, որոնք ատոր առաւել կարիքը ունին»:
«Ես կը զօրակցիմ բանտերու բարեփոխումներուն, ես կը զօրակցիմ զէնքի տրամաբանական գործածութեան օրէնքներուն, որոնք մեր աշխարհը աւելի անվտանգ կը դարձնեն»:
«Ես կը զօրակցիմ անոնց, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը՝ մեզի ծառայելու եւ մեզ պաշտպանելու համար, եւ ես կը զօրակցիմ այն մարդոց, որոնք դէմ են իշխանութիւնը սխալ գործածողներուն»:
Երգիչը առաջին անգամը չէ, որ ստիպուած կ՚ըլլայ բացատրելու իր քաղաքական համոզումները:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
(Յապաւուած)
«Ազդակ», Լիբանան