ԵՕԹ ԱՄԻՍ ԱՌԱՆՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Լիբանանցի լրագրողներու ջախջախիչ տոկոսը կը հաւատայ, որ մինչեւ տարեվերջ երկիրը նոր կառավարութիւն մը պիտի չունենայ։ Մօտաւոր անցեալին Լիբանանի քաղաքական շրջանակներուն համար մեծ հարց մը չէր կառավարութիւն կազմելը, որովհետեւ անուններու, քաղաքական կողմերու կամ նախարարական պայուսակներու «դասաւորումը» կը կատարուէր դուրսէն։ Լիբանանցիներու կարեւոր տոկոսը դժգոհ էր այդ կացութենէն, բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը կը կազմուէր շատ արագ եւ «գէշ-աղէկ» կը ղեկավարէր երկիրը։

Այսօր այսպէս չէ պատկերը։ Մինչ անցեալ փուլերուն երկրի քաղաքական գործընթացներուն վրայ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենային Դամասկոսն ու Ռիատը, այսօր ազդու գործող ուժերը (որոնց մէջ հասկնալի պատճառներով Սուրիան չկայ) հանդէս կու գան բաւական վատ դերակատարութեամբ։ Արտաքին կողմերէ եղած թելադրանքներէն իւրաքանչիւրը կը բախի «միւս կողմի» թելադրանքներուն՝ այսպէսով ստեղծելով քաղաքական պարապութիւն մը, որ անշուշտ տեղի կու տայ այսօրուան նման ամուլ վիճակի մը։ Հիմնական խնդիրը արտաքին ուժերու տեսակէտները կամ «թելադրանքները» չեն, այլեւ՝ տարածքաշրջանային մակարդակով առկայ լարուածութիւնը, որու ծայրերը կը հասնին մինչեւ Ռիատ եւ Թեհրան։ Յստակ է նաեւ, որ միջինարեւելեան աւազանին շուրջ կ՚ընթանան բաւականին ծանր գործընթացներ, սկսած Իրաքէն՝ անցնելով Սուրիա, Եմէն եւ Արաբական ծոց, ուր զանազան ձեւաչափերով կը շարունակուի սիւննի-շիի պայքարը, որու հետեւանքով ալ կը տուժեն տարածքաշրջանի երկիրներն ու ժողովուրդները։

Անշուշտ, պէտք չէ մոռնանք, որ Լիբանանի պարագան իւրայատուկ է եւ տարածքաշրջանային դեր ստանձնած ուժերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ «յաղթանակի» սլաքները իր կողմը ուղղել։ Այստեղ նոյնպէս պարտաւոր ենք հաշուի առնել, որ 2011 թուականէն այս կողմ տարածքաշրջանային բախումներու եւ առկայ հաւասարակշռութիւններու հիմնական կշիռքը կը համարուէր Սուրիան, ուր այս օրերուն կը տիրէ բոլորովին նոր իրավիճակ մը։ Ու յստակ է նաեւ, որ մինչ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը, մեծ հաշուով կը համարուի սիւննի աշխարհին համար պարտութիւն, այսօր այդ նոյն ուժերը (գլխաւորաբար Ռիատը) մեծ ճիգեր կ՚իրականացնեն իրենց ձեռքերուն մէջ պահելու համար «լիբանանեան խաղաքարտ»ը։ Անշուշտ, այդ կողմին համար ալ կան, առկայ են զանազան նշանակութեամբ տարակարծութիւններ, բայց եւ այնպէս, մեծ հաշուով գոյութիւն ունի լիբանանեան խաւ մը, որ շատ լաւ կը հասկնայ, թէ Սուրիոյ մէջ իր կրած պարտութենէն ետք, Ռիատ այսօր չի պատրաստուիր տեղի տալ Լիբանանի մէջ։ Լիբանանեան իրականութիւնը «խաղաքարտ» համարեցի այն յայտնի պատճառով, որ այս երկրի հասարակութիւնը որեւէ հարցի վերաբերեալ, չունի միասնական ընկալում կամ կեցուածք. բան մը, որ մեծապէս կ՚օգնէ, որպէսզի արտաքին ուժեր իրենց խաղը խաղան եւ երկիրը դնեն լարուած պարանաձգութեան կիզակէտին վրայ։

Միջինարեւելեան հարցերուն մասին գրողներու համար միշտ ալ մեծ հարցականներու պատճառ կը դառնայ, թէ իրօք ի՞նչ պատճառներով Լիբանան կը գտնուի այս վիճակին մէջ եւ ի՞նչ պատճառներով երկրի հասարակութիւնը յայտնուած է այսքան շեշտուած եւ նոյնիսկ վտանգաւոր բեւեռացման մը մէջ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԻՐԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ»

Այս բոլորին զուգահեռ հիմա եկէք հարց տանք, թէ ո՞վ է Լիբանանի թիւ մէկ թշնամին։

Յատկապէս անոնք, որոնք չեն «ճանչցած» Լիբանանը, չեն գիտեր անոր ներքին բաժանումները, դաւական փոխյարաբերութիւնները, վէճերն ու իւրայատկութիւնները, պահուան մը համար շփոթ կ՚ապրին։ Նոյնպէս անոնք արագօրէն կը բանան Լիբանանի մասին հրապարակուած հատորները եւ «խոշորացոյցով» կը փնտռեն՝ իրենց ո՛չ այնքան հռետորական, ինչքան իրատես հարցումին պատասխանը։

Իրօք ո՞վ է Լիբանանի իրական թշնամին։

Քրիստոնեայ հատուածները կամ անոնք, որոնք Եւրոպայի ցամաքէն կը նային Միջին Արեւելքի հարցերուն, կը հաւատան կամ հաւատալով կը յայտարարեն, որ Լիբանանի իրական թշնամին պաղեստինցիներն են, որոնք «Նաքպա»էն ետք բռնի կերպով տեղահան եղան եւ հարիւր հազարներով Լիբանան հաստատուեցան։ Յետոյ ուզեցին Իսրայէլի դէմ իրենց զինեալ պայքարը լիբանանեան հողերէն սկսիլ, երկրի ներքին հարցերուն ու բնակչութեան խնդիրներուն միջամուխ ըլլալ, մինչեւ նոյնիսկ յայտարարել, որ դէպի Երուսաղէմ ճանապարհը Լիբանանի Ճիւնի ծովեզերեայ քաղաքէն «կ՚անցնի»։ Այդ օրերուն անոնք կը խօսէին «այլընտրանքային» հայրենիքի մը մասին, որու հիմնական արգելքը Լիբանանի քրիստոնեաներն էին։ Աւելի ուշ պաղեստինցիները կամ աւելի ճիշդ՝ անոնց զինեալներն ու ղեկավարները «քշուեցան» Պէյրութէն ու բոլորին համար պարզ դարձաւ, որ Լիբանանի իրական թշնամիները պաղեստինցիները չէին։

Նոյնը եղաւ Սուրիոյ ներկայութեան պարագային։ Սուրիացիք կամ Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումները այս անգամ Լիբանան «հրաւիրուեցան» քրիստոնեաներու հրաւէրով։ Սուրիական ուժերը փորձեցին պահպանել «խաղի կանոնները», նաեւ հսկել, որ Լիբանանի իսլամական թեւը, որ հասկնալի զանազան պատճառներով միացած էր պաղեստինցիներուն, մահացու հարուած մը չտայ քրիստոնեաներուն։ Սուրիացիք կատարեցին մեծ զոհողութիւններ, ունեցան մեծ ու աններելի սխալներ, դարձան աջակողմեան թեքումով եւ դէպի Արեւմուտք նայող քրիստոնեայ ուժերու բացայայտ թշնամին։ Ապա ստիպուած եղան դուրս գալ Լիբանանէն, այդպէսով ստեղծելով բոլորովին նոր իրավիճակ մը, որ յատկանշուեցաւ ներքին ուժեղ լարումներով, հակասութիւններով եւ հարցերով։ Այդ ժամանակ նոյնպէս պարզուեցաւ, որ սուրիացիք չէին Լիբանանի իրական թշնամին։ Ճիշդ է, որ սուրիական կողմը մեծ սխալներ գործեց, բայց եւ այնպէս, յատկապէս 1990-էն մինչեւ 2015 թուականը երկիրը ապրեցաւ համեմատաբար խաղաղ եւ տնտեսական վերելքի փուլ մը, որուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցան նոյնպէս սուրիացիները։ Յամենայնդէպս, սուրիացիները մոռացութեան մատնուեցան ու պարզ դարձաւ, որ բան մը, տեղ մը դարձեալ սխալ էր։ Այդ փուլէն ետք ալ Լիբանան չկարողացաւ «կարգի բերել» իր պարտքերու, կենսոլորտի, քաղաքացիական հասարակութեան պահանջներու, ընկերային հաւասարութեան հարցերու լուծումը։ Այդ բոլորին առընթեր, դարձեալ երկրին մէջ առկայ յստակ բաժանումներուն հետեւանքով մէջտեղ եկան իրերամերժ թեւեր եւ հրապարակ նետուեցան հակասական «հաստատումներ»։

Շատերու համար Լիբանանի իրական թշնամին Իսրայէլն էր, իսկ այդ «շատերուն» դէմ եղող հատուածին համար Լիբանանի իրական թշնամին Իրանն էր։ Յստակ էր, որ Իսրայէլի եւ արեւմտեան պլոքին (յատկապէս ԱՄՆ-ի) դէմ եղող կողմը իր «պարտամուրհակը» կը վճարէր արեան ճանապարհով։ «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան ճամբով այդ թեւին հաւատացողները կը յաջողէին իսրայէլեան ուժերը դուրս քշել Լիբանանէն եւ այդպիսով յաջողեցան խաղի բոլոր կանոնները փոփոխութեան ենթարկել։ Իսրայէլի բանակը դուրս եկաւ Լիբանանէն (2000թ.), սակայն Լիբանան չբռնեց խաղաղութեան եւ բարօրութեան ճամբան։ Այստեղ էր նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ը մեղադրող կողմերը փորձեցին պատասխանել իմ հարցումիս եւ ըսին. «Ո՛չ, Իսրայէլը Լիբանանի իրական թշնամին չէ»։

Աւելի ուշ ամերիկեան կողմը «յոգնելով» Լիբանանի համար նախատեսուած ծրագրերէն, «իր ճակատագրին» ձգեց Լիբանանը եւ ձեւով մը «ծախեց» իր հիմնական դաշնակիցները։ Այդ պարագային ալ Լիբանան դարձեալ «հանգիստ» օր մը չապրեցաւ ու դարձեալ պարզուեցաւ, որ Լիբանանի թիւ մէկ թշնամին ԱՄՆ-ը չէ։ Նոյնը կարելի է ըսել եւրոպացիներու, սէուտցիներու, իրանցիներու եւ շատերու մասին, որոնք այս կամ այն ձեւով առընչութիւն ունին Լիբանանի հետ։

Այսօր Լիբանան յայտնուած է բաւականին բարդ դրութեան մը մէջ։ Կայ վարչապետ մը, որ անցեալ մայիսին վերստանձնեց երկիրը ղեկավարելու գործը, սակայն չկայ կառավարութիւն։ Կայ նախագահ մը, որ բարեփոխումներու մեծ խոստումներով Պաապտայի պալատը հասաւ, սակայն այսօր յայտնուած է բաւականին դժուար դրութեան մը մէջ ու անցեալի իր «ուժեղ» մօտեցումները մէկդի դնելով, անցած է քաղաքական ուժերուն խրատներ տալու թոյլ կեցուածքին։ Կայ խորհրդարանի նախագահ մը, որ զանազան առիթներով յաջողած է պահպանել երկրի ներքին հաւասարակշռութիւնները, սակայն այսօր նոյնպէս «անդամալուծուած է» եւ անկարող՝ առկայ «հիւանդութիւնները» բուժելու։ Կայ, գոյութիւն ունի հզօր կուսակցութիւ մը՝ «Հիզպուլլահ»ը, որ հակառակ Իսրայէլին դէմ դնելու եւ Սուրիոյ պատերազմին մէջ կարեւոր յառաջխաղաց արձանագրելու, առաջուան պատկերը չունի եւ անոր գործունէութեան եւ անունին շուրջ չկայ նախկին համալիբանանեան «համաձայնութիւնը»։

Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ է գողտրիկ Լիբանանը ու տխուրն այն է, որ այդքան փոքրիկ, բայց մեզի՝ հայերուս համար այդքան արժէքաւոր ու մեծ համարուող երկրին իրական թշնամիները նոյնինքն իր քաղաքացիներն են։ Լիբանանցիներն են իրենց երկրի «իրական թշնամին»։ Հարց պիտի տաք, թէ ինչո՞ւ։ Իսկ այդ հարցումին պատասխանը՝ այլ առիթով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018