ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ.

ԹԷ ՃՇՄԱՐԻՏ ՄԱՐՄԻՆՈՎ Է

Հարցում. Քրիստոս ինչպէ՞ս Իր ճշմարիտ մարմինը կը ցուցնէր, ինչպէս Իր Աստուածութիւնը:

Պատասխան. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ վեց պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մարմինով մեզի մեծամեծ շնորհքներ պարքեւուեցաւ, այսինքն՝ մեղքերու թողութիւն, եւ կեանք, եւ յարութիւն, եւ այլն, եւ մեր հաւատքով շնորհքը կ՚ընդունինք: Երկրորդ՝ որպէսզի գիտնանք, թէ մեզի՝ մարդոց ու մեր փրկութեան համար մարմին, հոգի եւ միտք առաւ, որպէսզի ասոնք փրկէ: Երրորդ՝ որովհետեւ մարմինով մեզի ազգակից եղաւ, իսկ մենք Տիրոջ ազգ կոչուեցանք, ըստ այնմ. «Տիրոջ ժողովուրդին՝ որ պիտի գայ, պիտի պատմեմ» (տե՛ս Սղ 22.32): Չորրորդ՝ որովհետեւ մարմինով մեզի օրինակ եղաւ երկնաւորներու լաւագոյն կեանքին: Հինգերորդ՝ որովհետեւ բոլոր առաքինութիւններուն առաջնորդ եղաւ: Վեցերորդ՝ մեզի համբերութիւն սորվեցուց վիշտերու եւ այլնի մէջ:

Հարցում. Ի՞նչ է, որ նախ Քրիստոս մկրտուեցաւ եւ ապա փորձուեցաւ ու ապա քարոզեց:

Պատասխան. Այն ցոյց կու տայ նախ, որ որեւէ շնորհք ընդունելէ ետք է, որ խաբողը կը փորձէ մեզ: Երկրորդ՝ որովհետեւ մենք պէտք է Հոգիին շնորհքով յաղթենք փորձողին: Իսկ որ փորձութենէն ետք քարոզեց, այն է, երբ կը յաղթենք, մեր մէջ եղող մարմնական ախտերուն, ապա՝ ուրիշներուն կը քարոզենք ու կը քահանայագործենք:

ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ստիպուած էր Սամարիայէն անցնիլ» (Յհ 4.4):

Մեկնութիւն. Երեք պատճառով անցնիլ կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ Սամարիան Հրէաստանի եւ Գալիլիոյ մէջտեղն էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ գիտէր սամարացիներու հաւատալուն մասին: Երրորդ՝ որովհետեւ կ՚անցնէր ու ոչ թէ Սամարիայի մէջ կը բնակէր, որպէսզի հրեաներուն բամբասելուն պատճառ չըլլար: Եւ գիտելի է, որ Սամարիան Իսրայէլի թագաւորութիւններու մայրաքաղաքին անունն է, եւ ատկէ է, որ անոր շրջակայ գաւառը Սամարիա կոչուեցաւ:

Հարցում. Ինչո՞ւ Սամարիա կոչուեցաւ:

Պատասխան. Նախ՝ Սամիրոն լեռնէն կոչուեցաւ: Երկրորդ՝ որովհետեւ քաղաքը Սամարոնը շինեց եւ իր անունով՝ Սամարիա կոչեց: Երրորդ՝ բնակիչներէն կոչուեցաւ, որովհետեւ սամարացիին պահապան կ՚ըսուի, ինչպէս գրուած է Չորրորդ Թագաւորութեանցին մէջ, երբ Իսրայէլի տասը ցեղերը ասորիներու թագաւորին կողմէ գերի տրուեցան (տե՛ս Դ.Թգ 24, 25), որ Բաբելոնի մէջ քաղաք մը շինեց, Սամարիա անուանեց ու զանոնք այնտեղ բնակեցուց: Եւ յետոյ այն թագաւորը, որ Նաբուգոդոնոսորն էր (տե՛ս Դ. Թգ 24.1: Բ. Մն 36.6: Դն 1.1), ասորիներու հեթանոս ազգէն ղրկուեցան, որպէսզի այդ քաղաքներուն մէջ բնակին՝ երկրին պարարտութեան համար: Անոնք Իսրայէլի երկիր գալով ըստ իրենց սովորութեան չար գործերով կը կենցաղավարէին, այդ պատճառով Տէրը առիւծներ ղրկեց զանոնք սատկեցնելու համար: Այդ պատճառով անիկա խորհրդակցելով ու խորհուրդ առնելով հրեաներէն, քահանայ մը ղրկեց անոնց հրեայ ազգէն, որու անունը Եզրաս էր (տե՛ս Ա. Եզր 8.69-9), որ գերութեան տարուած էր: Եզրաս քահանան անոնց աստուածպաշտութիւն, օրէնքներն ու թլփատութիւնը սորվեցուց, եւ հրաման ունէր կուռքերը խորտակելու, սակայն զԱստուած պաշտելնուն զուգահեռ անոնք ծածուկ կերպով կուռքեր ալ կը պաշտէին, եւ Հին Կտակարանին բոլոր գիրքերը չէին ընդուներ, այլ՝ միայն Մովսէսին հինգ գիրքերը: Այդպէսով մասամբ հեթանոսներ էին եւ մասամբ ալ հրեաներ: Իսկ երբ Աւետարանիչը ցոյց տուաւ, թէ Քրիստոս ուրկէ ելաւ, այսինքն՝ Հրէաստանէն, եւ ուրկէ գնաց, այսինքն՝ Սամրիայով, այնուհետեւ ցոյց տրուեցաւ, թէ ուր հասան:

Խօսք. «Ճամբուն վրայ եկաւ Սիւքար, որ Սամարիայի քաղաքներէն մէկն էր» (Յհ 4.5):

Մեկնութիւն. Եբրայեցին Սիկիմ կ՚ըսէ, իսկ Սաղմոսը՝ Սիւքէմ (Հմմտ. Սղ 59.8, 107.8). իսկ Աւետարանը՝ Սիւքար (Հմմտ. Յհ 4.5) եւ Սամարիա, իսկ ներկայիս Նէուպոլիս եւ Սեբաստէ կը կոչուի: Իսկ մօտիկ ըսելով ոչ թէ Յակոբին գիւղը կ՚ըսէ, որ իր որդիին՝ Յովսէփին տուաւ, որ քաղաքին մօտիկ էր, այլ՝ Յիսուս քաղաքին մօտ նստաւ եւ չառաջացաւ դէպի ներս:

Խօսք. «Հոն կը գտնուէր նաեւ Յակոբի աղբիւրը» (տե՛ս Յհ 4.6):

Մեկնութիւն. Այդ աղբիւրը ջրհոր է եւ Յակոբի աղբիւր կ՚ըսուի, որովհետեւ ան փորեց զայն եւ այնտեղի ագարակը հարիւր ոչխարով սիկիմացիներէն ստացաւ, որովհետեւ երկար ժամանակ Սիւքէմի մօտակայքը բնակեցաւ Յակոբ, քանի որ երբ Յակոբին աղջիկը՝ Դինան Սիւքէմ եկաւ, երեք կամ չորս տարեկան էր, եւ այնտեղ մնաց մինչեւ Դինային ամուսնանալու ժամանակը հասած էր, ինչպէս գրուած է (Հմմտ. Ծն 33.18-34.2):

ՅՈԳՆԻԼՆ ՈՒ ԿԻՐՔԸ

Խօսք. «Յիսուս ճամբորդութենէն յոգնած՝ նստաւ» (Յհ 4.6):

Մեկնութիւն. Չորս պատճառով կ՚ըսէ յոգնեցաւ. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ Քրիստոս փափակակաց չէր, այլ՝ աշխատասէր ու գրաստ չունէր, այլ՝ ոտքով կ՚երթար մեզի խրատ ըլլալու համար: Երկրորդ՝ որպէսզի ճշմարիտ մարդեղութիւնը ցուցնէ: Երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ աւելի յարմար էր Իր կազմուածքը՝ հաւասար որակութիւններուն պատճառով, որովհետեւ սերմէ չէր, այլ՝ կուսական արիւնէ, այդ պատճառով ալ աւելի կ՚աշխատէր: Չորրորդ՝ որպէսզի Ադամին դապարատութեան արգասիքը մեր բնութենէն վերացնէր, եւ նստէր, այսինքն՝ աղբիւրին եզերքը, գետնի վրայ եւ ո՛չ թէ բարձի մը կամ աթոռի մը վրայ:

Չորս պատճառով կը նստէր. նախ՝ որովհետեւ յոգնած էր: Երկրորդ՝ աշակերտներուն սպասաւորելու համար, որովհետեւ գացին եւ հաց գնեցին: Երրորդ՝ աղբիւրին մօտ մարմինը զովացնելու համար, որովհետեւ տաք ժամանակ էր, ինչպէս կ՚ըսէ. «Գրեթէ կէսօր էր» (Յհ 4.6): Չորրորդ՝ որովհետեւ սամարացիներուն հաւատքը գիտէր: Եւ ասիկա գրի առաւ, ցուցնելու համար ծարաւնալուն եւ ջուր խնդրելուն պատճառը:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ծարաւցաւ ու անօթեցաւ կամ միւս կրումները կրեց Քրիստոս:

Պատասխան. Երկու պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ ճշմարիտ մարդ եղաւ: Երկրորդ՝ նախաստեղծին կիքերը կը բժշկէր, այսինքն՝ անօթութիւնը, ծարաւը, յոգնութիւնը, քրտինքը, եւ այլն:

Փրկիչին կրումները չորս բանով կը զանազանուին: Նախ՝ որովհետեւ Անորը կամաւոր էր, իսկ մերը՝ հարկաւոր: Երկրորդ՝ Անորը երբեմն, իսկ մերը՝ հանապազ: Երրորդ՝ Անորը չափաւոր, իսկ մերը՝ անչափ: Չորրորդ՝ Ան միայն անանգոսնելիները կը կրէր, իսկ մենք՝ անգոսնելիներն ու անանգոսնելիները, այսինքն՝ չարերն ու բարիները կը կրենք: Կրումներու մասին տե՛ս Գիրք Հարցմանցի ութերորդ հատորը, քսանհինգերորդ համարը:

ՍԱՄԱՐԱՑԻ ԿՆՈՋ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Սամարացի կին մը եկաւ ջուր քաշելու» (Յհ 4.7):

Մեկնութիւն. Ահաւասիկ Քրիստոսի քարոզութեան պատճառը ջուր խնդրելուն, եւ ոչ թէ կարօտութեան համար ջուր խնդրեց, ուրկէ ալ յայտնի է, որ յետոյ ջուր չխմեց: Ասիկա երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի խօսելու ճանապարհ տայ: Երկրորդ՝ որպէսզի անոր հոգեւորը տայ՝ մարմնաւոր ըմպելին խնդրած ատեն: Երրորդ՝ որովհետեւ աշակերտները այնտեղ չէին, այդ պատճառով այդ կնոջմէն կը խնդրէր: Տե՛ս ջուրին խորհուրդը, որովհետեւ ջուրով մկրտուեցաւ (Հմմտ. Յհ 2.1-12), եւ այստեղ ջուրով՝ հաւատքի բերաւ: Մենք եւս ջուրով կը յղանանք եւ ջուրով վերստին կը ծնինք, բոյսերը ջուրով կը սնին, եւ Սուրբ Հոգին ջուրի հետ կը բաղդատուի:

Խօսք. «Մինչ այդ, աշակերտները քաղաք գացած էին ուտելիք գնելու համար» (Յհ 4.8):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ կը կամենային աղբիւրին քով հաց ուտէին, ինչպէս աղքատներ:

Քրիստոս երեք պատճառով քաղաք չգնաց. նախ՝ որովհետեւ [անոնցմէ] աւելի յոգնած էր, ինչպէս ըսինք: Երկրորդ՝ որովհետեւ վայել չէր, որ Ինքն Իրեն կերակուր գնէր: Երրորդ՝ որովհետեւ չէր ուզեր հեթանոսներուն քաղաքը մտնել, միայն անոնց հաւատքն ու իղձը կը բռնադատէին զԻնք:

Հարցում. Ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ բոլոր քաղաք իջան:

Պատասխան. Նախ՝ որովհետեւ այդ ատեն քիչ աշակերտներ ունէր: Երկրորդ՝ խոնարհութեան համար, որովհետեւ եթէ կամենար, կրնար ոմանց ղրկել եւ ոմանց ալ Իր մօտ պահել: Տակաւին, կրնար նորերը Իրեն սպասաւորութեան բերէր, սակայն չկամեցաւ: Ատով աշակերտներուն սորվեցուց ամէն տեսակի ամբարտաւանութիւն կոխել: Այստեղ սորվէ՛ Տիրոջ զօրաւոր արիութիւնը ճանապարհին, այլեւ կերակուրներու նկատամամբ անփութութիւնը, որովհետեւ Իր աշակերտները իրենց հետ կերակուրներ չէին տաներ:

Հարցում. Դրամը ուրկէ՞ ունէին, որով Տէրը հրամայեած էր ոսկի եւ արծաթ չստանալ (Հմմտ. Մտ 10.9), իսկ ստացածները (Հմմտ. Մտ 10.9) վաճառել եւ աղքատներուն տալ:

Պատասխան. Նախ՝ որովհետեւ հեթանոսներուն հետ սամարացիներ ալ պիտի անցնէին եւ կարծիք չունէին, թէ ընդունէին զանոնք այն պատճառով: Երկրորդ՝ ասիկա աղքատութեան այդ պատուէրէն առաջ էր, թէ՝ ոսկի եւ արծաթ մի՛ ստանաք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 32

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019