ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ
Ընթացիկ տարուան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւոր պատկերի մը մասին խօսեցան։ Խօսեցան փոքր համայնքներու (մասնաւորապէս քրիստոնէական թեւի) քանակական անկումին մասին։ Պատկերը, անշուշտ, լայն պրիսմակի տակ առնուեցաւ արաբական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ, որոնք իրենց էջերը բացին եւ յաճախակի քննարկման առանցք դարձուցին ի մասնաւորի լիբանանահայ համայնքի թիւին նուազումը։
Յոռետեսական չըլլալու համար հարկ է, անշուշտ, շեշտադրել, որ մօտաւոր ապագային ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, լիբանանահայ համայնքը պիտի շարունակէ իր գոյատեւումը՝ շնորհիւ այն կառոյցներուն, որոնք ելմտական մեծ նեցուկ կը ստանան արտերկրէն։ Այդ մօտեցման կողքին, սակայն, եթէ համալիբանանեան տնտեսական ճգնաժամը երկարի, ապա շատ հաւանական է, որ հայկական համայնքին արիւն մատակարարող հիմնական երակը՝ երիտասարդութիւնը լքէ իր ծննդավայրը եւ հասնի մինչեւ հեռու ափեր։
Միւս կողմէ, ուշագրաւ է նաեւ, որ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն լիբանանահայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը նախընտրեց փոխադրուիլ դէպի Հայաստան։ Այդ հոսքը անկում ապրեցաւ, երբ լիբանանահայերուն ունեցած եւ երկար տարիներու ճակտի քրտինքով հաւաքուած դրամագլուխներուն «պահ դրուել»ուն, մանաւանդ Արցախի պատերազմին հետեւանքով։ Հայաստանի հանդէպ վստահութիւնը, որ աճած էր նաեւ «կարծեցեալ ժողովրդավարութեամբ», մեծ անկում կրեց ու բոլոր անոնք, որոնք նոյնիսկ Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ բնակարաններու տէր դարձած էին, անորոշ ժամանակով մը յետաձգեցին իրենց հայաստանադարձուիլը։ Այս պատկերին ներքեւ ներկայ փուլին մեծ անորոշութիւն կը տիրէ լիբանանահայութեան մեծ ներուժով հատուածին մօտ։ Այսինքն երիտասարդ ընտանիքները, որոնք նորապսակ են ու այն ընտանիքները, որոնք մատղաշ զաւակներ ունին եւ ի վերջոյ անոնք, որոնք կը պատրաստուին համալսարաններու դռները թակելու։ Այս պատկերին զուգահեռ՝ եղան նաեւ ընտանիքներ, որոնք օրուան պայմաններու թելադրանքով երկուութիւն մը ապրեցան։ Այն իմաստով երկուութիւն մը. օրինակ՝ մինչ կարգ մը երիտասարդներ Երեւանի մէջ իրենց ուսումը շարունակեցին, անդին անոնց ծնողները առօրեայ սեւ հացին պայքարին համար մնացին Պէյրութի մէջ։ Այս պատկերին հակառակն ալ եղաւ, երբ ծնողները աշխատանքի մը յոյսով հասան Երեւան, իսկ զաւակները իրենց ուսումէն չկտրուելու համար շարունակեցին իրենց կեանքը Պէյրութի մէջ։ Տխուր շեշտերով եղաւ այս ամէն ինչը, որուն դիմաց ալ ո՛չ համայնքի ղեկավարութեան, ո՛չ ալ Հայաստանի պատկան մարմիններուն կողմէ լիբանանահերը ուշադրութեան առարկայ դարձան եւ ձեւով մըն ալ իրենց բախտին ետեւէն իյնալով ապրեցան նոր տեսակի գաղթականութիւն մը։
Ամէն պարագայի, երբ կը խօսինք լիբանանահայ գաղութի իրական պատկերին, անոր ներկայացուցած ներուժին ու ապագայի հեռանկարներուն մասին, ապա աչքի առջեւ պարտինք ունենալ համայնքի թուաքանակն ու այդ թիւերու տատանումները, որոնք, միեւնոյն ժամանակ, Լիբանանի քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան կեդրոնին են մեզմէ շատերուն համար յայտնի պատճառներով։
Ի դէպ, լիբանանահայութեան, անոր պատմութեան ու դրական դերին մասին վերջերս արաբ լրագրող Հասսան ալ Զէյն «The Independent Arabia» կայքէջին մէջ ստորագրած է «Ո՞ւր են լիբանանահայերը» խորագրեալ ուշագրաւ յօդուած մը, որու կարեւոր հատուածները կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Լիբանանահայերու դերին եւ թուաքանակին անկումը կը նշանակէ, որ բան մը կայ փոխուած եւ կորսուած՝ ըլլայ ան քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մշակութային եւ նոյնիսկ բարոյական գետնի վրայ։ Այստեղ նշեմ, որ համեմատաբար անոնց սահմանափակ թիւը երբեք չխանգարեց անոնց «աւելի մեծ» դեր մը խաղալուն՝ ըլլայ ան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, արուեստի, ճարտարապետութեան, արհեստներու, մարզաձեւերու եւ խոհարարութեան ոլորտներուն մէջ։ Այդպէս եղաւ, քանի որ Լիբանանի հողին վրայ ոտք դնելէն ի վեր անոնց առաջնահերթութիւնը եղած է «յանուն կեանքի» մշտական պայքարը, մարտահրաւէրներուն դիմակայելը, աշխատիլը, սորվիլը, յաջողիլը եւ իրենց ինքնութիւնը պահպանելը։ Լիբանանահայերը խաղացին «միջնորդ»ի դեր՝ հակամարտող եւ պատերազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ: Իսկ այսօր անոնց թիւի նուազումով, առաջին հերթին ինքնին լիբանանահայն է, որ պիտի կորսնցնէ շատ մը արժէքներ՝ մասնագէտներ, ստեղծարարներ, արուեստագէտներ եւ այլ ոլորտներու փայլուն գործիչներ։ Հայ մարդու այս արժէքներն են, որ լիբանանահայը դարձուցին ներկայութիւն եւ անոր տուին դերակատարութիւն՝ 20-րդ դարու վաթսունականներու սկիզբէն ի վեր։ Յիշենք, որ հայերը հպատակութիւն ստացան Լիբանանի միւս համայնքներուն նման, 1 սեպտեմբեր 1920 թուականին, «Մեծն Լիբանանի» հռչակման ժամանակ։
Սյստեղ չմոռնանք նշել, թէ հայերու հնագոյն գաղթի ժամանակ շատ ընտանիքներ ձուլուած են տեղւոյն քրիստոնեայ մարոնիներուն մէջ եւ զանազան մարզերէ ներս հասած են բարձր պաշտօններու։
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, ապա այդ ժամանակ եւս հայերը ունեցած են մեծ ու կարեւոր դեր։ Լիբանանի առաջին եւ վերջին կառավարիչ «Մութասարրըֆ»ները եղած են հայազգի Կարապետ Արթին փաշա Տաւուտեանը, որ ծանօթ էր Տաւուտ փաշա անունով (1861-1868) եւ Յովհաննէս Գույումճեանը, որ ծանօթ էր Օհաննէս փաշա անունով (1913-1915)։ Անոնք ժողովուրդին կողմէ սիրուած էին իրենց մարդասիրութեամբ եւ իրականացուցած բարեկարգումներու պատճառով։
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ Հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող Զմմառու Տիրամօր վանքը, որ հիմնուած է 1749 թուականին եւ որ կը վկայէ շուրջ երեք դար առաջ հայերու Լիբանան ժամանման փաստը։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքի նստավայրը եղած է վանքը, որուն հիմնադիրը եղած է Աբրահամ-Պետրոս Ա. Պատրիարք Արծիւեանը։
Պարտինք նաեւ նշել, որ դէպի Լիբանան հայերու պատմական առաջին ներհոսքը եղաւ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ՝ 1915-1916 թուականներուն, երբ շուրջ 40 հազար տեղահանուածներ ապաստան գտան Լիբանանի մէջ։ Անոր յաջորդեց, 1939 թուականի ներհոսքը, երբ շուրջ 20 հազար հայեր հասան Լիբանանի ափեր։ Անոնք նախ հաստատուեցան Քարանթինայի գաղթակայանը, որմէ ետք տարածուեցան Պուրճ Համուտի, Թրիփոլիի, Սայտայի եւ Սուրի գաղթակայաններուն մէջ։ Հայ գաղթականները առաջին անգամ կառուցեցին եկեղեցի ու դպրոց, նոյնիսկ տուներէն, արհեստանոցներէն ու խանութներէն առաջ։ Անոնք Պուրճ Համուտի մէջ բացին արհեստանոցներ եւ խանութներ, հիմնեցին ակումբներ եւ դպրոցներ։ 1955-ին հիմնեցին Հայկազեան համալսարանը։ 1960-ականներուն, Հայկազեան համալսարանէն փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի եւ անոր աշակերտներուն ջանքերով պատրաստուեցաւ հրթիռ մը, որ կը կրէր «Մայրի» անունը։
Գալով լիբանանահայութեան ազգային դերին, հարկ կը համարենք նշել, թէ Հայ կաթողիկէ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան (1937-1962) մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի քաղաքական դէմքերու հաշտեցման գործին մէջ, յատկապէս 1958-ի պատերազմին ժամանակ։
Իսկ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975-1990), անոնք հեռու մնացին հակամարտող բոլոր կողմերէն։ 1989 թուականին պատերազմը դադրեցաւ «Թաէֆ»ի համաձայնագիրի կնքումով, որուն մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ հայազգի իրաւաբան եւ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան։
Նախագահ Ֆուատ Շհապի ժամանակաշրջանէն սկսեալ (1958-1964), լիբանանահայերը մտան քաղաքական կեանք եւ եղան նախարարներ եւ երեսփոխաններ։ Անոնք համայնքին մէջ ունին երեք կուսակցութիւններ՝ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ։ Ներքին տագնապներուն ընթացքին հայերը որեւէ դիրք չբռնեցին այս կամ այն կողմին հետ, այլ իրենց ուժերը կեդրոնացուցին հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն (…) վրայ։
1992-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ հիւսիսային «Մէթն»ի շրջանի մէջ (ուր հայութեան ստուար մասը կը գտնուի) աջակցեցաւ Դամասկոսի դաշնակիցներուն, յատկապէս երեսփոխան Միշէլ Մըրրիին հետ։
Սուրիոյ պատերազմի բռնկումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական տագնապի հետեւանքով, մեծ թիւով սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր հաստատուեցան Հայաստան եւ այնտեղ ստացան հպատակութիւն։ Լիբանանահայերու դէպի Հայաստան գաղթի առաջին հոսքը սկսած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ Նոյն ժամանակաշրջանին, լիբանանահայերէն շատեր գաղթեցին նաեւ այլ երկիրներ։ 4 օգոստոս, 2020 թուականի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք լիբանանահայերու դէպի Հայաստան գաղթի մեծ հոսք մը եւս սկսաւ, որուն զուգահեռ նաեւ շատեր գաղթեցին դէպի այլ երկիրներ։ Պէտք է նշենք, որ լիբանանահայերու գաղթի հիմնական պատճառը տնտեսական է, ոչ թէ քաղաքական։ Լիբանանահայերէն շատեր իրենց զաւակները սկսան ուղարկել Հայաստան, ուր համալսարանի թոշակը շատ աւելի նուազ է՝ քան Լիբանանինը։ Գաղթող լիբանանահայերէն շատ-շատեր իրենց Լիբանանի բնակարանները պահած են եւ ժամանակ առ ժամանակ կ՚այցելեն այդտեղ։
Համաճարակի՝ քորոնաժահրի շրջանին, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստի պայթումէն ետք, լիբանանահայ համայնքը իր հաստատութիւններու շնորհիւ եւ սփիւռքահայերու աջակցութեամբ օգնութեան փութաց Լիբանանանի քաղաքացիներուն՝ զանազան շրջաններու, յատկապէս Պէյրութի մէջ։
Ինչ կը վերաբերի 2022-ի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն, ապա ըսեմ, որ լիբանանահայ ուղղափառ քրիստոնեայ ցուցակագրուած ընտրողներուն թիւը եղած է 84031, իսկ 2018-ի նստաշրջանին անոնց թիւն էր 86138։ Հայ կաթողիկէ ցուցակագրուած ընտրողներուն թիւը 2022 թուականին եղած է 19981, իսկ 2018 թուականին՝ 20313։ Իսկ ինչ կը վերաբերի 2022-ի ընտրութիւններուն քուէարկած հայերու թիւին, ապա այդ մէկը մօտաւորապէս 21 հազար է, կամ 20 տոկոս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան