ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Երկինքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր» (Առ 25.3):
Պատասխան. Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, այսպէս կը բացատրէ այս համարը.
* Աստուած, երկինքի բարձրութիւնը քննելու կարողութիւնը տուաւ մարդուն՝ տիեզերագիտութեան միջոցով, իսկ երկրի խորութեան համար շնորհեց անոր, որպէսզի քննէ, թէ ինչ կայ անոր խորքերը՝ գանձեր, երկաթներ, քարիւղ, եւ այլն, իսկ ճշմարիտ հաւատացեալին սիրտը՝ որ Աստուծոյ միացած է, կարելի չէ քննել: Տէր Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ Աստուծոյ Արքայութիւնը ձեր ներսիդին է» (Ղկ 17.21): Իսկ առաքեալը կ՚ըսէ. «Դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք, ինչպէս ըսաւ Աստուած. անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի քալեմ ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք Ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան» (Բ. Կր 6.16): Ո՞վ կրնայ Աստուծոյ Արքայութիւնը քննել եւ գիտնալ մանրամասնութիւնները Անոր տաճարին, որուն մէջ Սուրբ Հոգին կը բնակի:
Հ. Ինչպէ՞ս հասկնալ առակագիրին հետեւեալ խօսքերը. «Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքը ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ՚լլէ: Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտը ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի» (Առ 25.4-5):
Պ. Յայտնի է, որ արծաթն ու ոսկին ինչքան ալ կեղտով ծածկուած ըլլան, ինչաք ան ցեխին մէջ թաղուած ըլլան, սակայն միայն մաքրուին, եւ ահա իրենց արժէքը երեւան կու գայ, որով ոսկերիչը կամ արծաթագործը անոնցմէ գլուխ գործոց զարդեղէններ կրնայ պատրաստել:
Նոյնն է մարդկային կեանքի պարագային: Երբ թագաւոր մը իշխանութեան գայ, սակայն չմաքրէ, կամ հաշուեյարդարի չնստի ամբարիշտներուն ու չարագործներուն հետ, ապա իր իշխանութիւնը չի՛ կրնար երկար տեւել, աւելին, իր իշխանութիւնը արդարութեամբ չի՛ հաստատուիր: Յիշենք Սողոմոն Իմաստունին օրինակը: Ան երբ թագաւոր եղաւ առաջին գործը որ կատարեց, դատապարտեց չարագործները (կարդա՛ Գ. Թգ 3-րդ գլուխ):
Նոյն կերպով պիտի վարուի նաեւ Տէր Յիսուս Քրիստոս, երբ վերջին դատաստանի ժամանակ գայ՝ դատելու համար երկիրը: Ան նախ սատանան, անոր հետեւող չար հրեշտակները ու անոնց հետեւող մարդիկը դատապարտութեան ու պատիժի պիտի ենթարկէ, ապա արդարութեամբ պիտի հաստատէ Իր թագաւորութիւնը յաւիտենաս յաւիտենից:
Մարդ արարծը, որպէսզի արժանի ըլլայ Քրիստոսի յաւիտենակ Թագաւորութեան, ապա ինք եւս պէտք է նոյն ընթացքը որդեգրէ, այսինքն ինքն իր մէջէն հանէ ամէն տեսակի աղտեղութիւն, մեղք ու պղծութիւն, որպէսզի արժանի ըլլայ Տէրը դիմաւորելու, համարձակօրէն կանգնելու Անոր դատաստանին դիմաց եւ արժանանալու յաւիտենական թագաւորութեան:
Մարդու մաքրման այս ընթացքի մասին, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին այսպէս կը գրէ. «Ինչո՞ւ ըսուեցաւ “երանի՜ ճամբով անբիծներուն [կատարեալներուն], որոնք Տիրոջ օրէնքին մէջ կը քալեն” (Սղ 119.1): Գիրքը այստեղ կը մատնանշէ “քալողները” եւ ոչ թէ անոնք՝ “որոնք քալեցին”, բարի գործերու մէջ քալողները, որոնք հաճոյք կը ստանան բարի գործեր կատարելով… Իսկ անոնք որոնք չարիքէն կը փախչին…, կարելի չէ գովել զանոնք, եթէ յաջողեցան հեռու մնալ մեղքէն մէկ կամ երկու անգամ, այլ՝ զանոնք կարելի է գովել երբ վերջնականօրէն մեղքը կտրեն իրենց կեանքէն…: Եթէ արդարութիւն կ՚ուզենք, ապա սկսինք հեռու մնալ չարութիւններէն… “Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛” (Սղ 37.27). սաղմոսը մեզի առաքինութեան ճամբան կը գծէ… գիտութեամբ եւ արուեստով… չարութենէն հեռանալը բարութեան սկիզբն է: Եթէ առաքինութեան կատարելութիւնը սկիզբէն պահանջուէր, ապա այն չսկսած՝ կը նահանջէր»:
Հետեւաբար, մարդ որպէսզի կարենայ յաջողութեամբ եւ յաղթութեամբ աւարտել իր պայքարը չարութիւններէն, մեղքէն հեռու պէտք է մնայ եւ կառչի բարիին, վստահ ըլլալով, որ Աստուած պիտի օգնէ ու օժանդակէ իրեն իր մղած պայքարին մէջ: Այս մասին է, որ կը գրէ Սուրբ Մակար Մեծը.
* Այն մարդը, որ ճշմարտապէս կը մերժէ աշխարհն ու աշխարհիկ վայելքները, մէկ կողմ կը դնէ այս երկրի բեռը եւ իրմէ դուրս կը վանէ մարմնաւոր սին ցանկութիւնները՝ փառք, պատիւ, իշխանութիւն եւ հարստութիւն, եւ կատարելապէս ու ամբողջ սիրտով անոնցմէ կը հեռանայ, այդպիսիին Աստուած գաղտնօրէն իր շնորհքն ու օրհնութիւնը կ՚ընծայէ, որպէսզի կարենայ այս մնայուն պայքարը մղել: Եւ ան հաստատապէս իր սիրտին մէջ կ՚որոշէ, թէ մարմնապէս եւ հոգեպէս Տիրոջ պիտի ծառայէ, Տէրը պիտի պաշտէ եւ Անոր կառչի, ան ճշմարտապէս կը յաջողի յայտնաբերել իր ներաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող պայքարը, այսինքն՝ ծածուկ հրապոյրները, աներեւոյթ կապանքները եւ գաղտնի պատերազմը (ներքին պատերազմն ու ճակատամարտը) եւ Տիրոջմէ կը խնդրէ եւ կը ստանայ երկնաւոր սպառազինութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին զէնքերը, որուն մասին գեղեցկօրէն կ՚անդրադառնայ Պօղոս առաքեալ, յիշելով. «Արդարութեան զրահը… փրկութեան սաղաւարտը… հաւատքի վահանը եւ Սուրբ Հոգիին սուրը…» (Եփ 6.14-17):
Երբ մարդը վերոյիշեալ զէնքերով կը զինուի, այն ատեն քաջութեամբ կրնայ դէմ դնել չարին խաբէութիւններուն, նոյնիսկ եթէ ամբողջութեամբ չարերով եւ անոնց չարութիւններով շրջապատուած ըլլայ:
Ուստի, երբ հաւատքով, աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ արթուն հսկելով՝ մենք մեզ վերոյիշեալներով կը զինենք, շատ դիւրութեամբ նաեւ կրնանք պատերազմիլ այս խաւար աշխարհի տէրութիւններուն եւ իշխանութիւններուն դէմ: Այսպէս, Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ եւ առաքինութեանց մէջ յարատեւելով՝ մենք կը յաղթենք թշնամի ուժերուն եւ կը պատրաստուինք ու արժանի կ՚ըլլանք յաւիտենական կեանքին, փառաւորելով Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 191-192):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 124
Վաղարշապատ