Մին­չեւ Ժա­մը 10:00

Հիւ­րա­սէր էր մայրս: Շա՜տ հիւ­րա­սէր:

Տան մէջ իր մաս­նա­ւոր ան­կիւ­նը ու­նէր: Պա­տի ժա­մա­ցոյ­ցը իր ե­տե­ւը գտնուե­լուն՝ ժա­մէն շատ գա­ղա­փար չէր ու­նե­նար, սա­կայն ե­րե­կո­յեան, հա­զիւ ժա­մը 10:00 հնչած, ինք­նա­բե­րա­բար կ՚ուղ­ղուէր դէ­պի ան­կո­ղին քնա­նա­լու, բա­ցի՝ երբ տու­նը այ­ցե­լու­ներ ու­նե­նա­յինք եւ ա­նոնք ժա­մը 10:00-էն ա­ւե­լի ուշ մեկ­նէին, քու­նը հա­ճոյ­քով կը զո­հէր եւ մին­չեւ հիւ­րե­րուն մեկ­նի­լը՝ կը նստէր մեզի հետ:

Հիւ­րա­սէր էր մայրս: Շա՜տ հիւ­րա­սէր:

Այդ օ­րուան այ­ցե­լուն սո­վո­րա­կան հիւր մը չէր: Մեծ քրոջս մօտ ըն­կե­րու­հին էր, որ Լի­բա­նա­նէն քա­նի մը շաբ­թուան հա­մար իր աղջ­կան այ­ցի ե­կած էր Լոս Ան­ճե­լըս: Ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով՝ քոյրս ըն­կե­րու­հին ընթ­րի­քի հրա­ւի­րած էր, եւ հա­մա­ձայ­նած էին, որ այդ օ­րը հիւ­րը մեր տու­նը գի­շե­րէ: Եր­կար տա­րի­նե­րու կա­րօտ ու­նին. յի­շա­տակ­նե­րով լե­ցուն օ­րեր ան­ցու­ցած են միա­սին ման­կու­թե­նէն մին­չեւ այն օ­րը, երբ մենք փո­խադ­րուե­ցանք Լոս Ան­ճե­լըս: Լաւ ու վատ օ­րեր տե­սած են: Բո­լորս ալ համ­տե­սած ենք Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի դա­ժան օ­րե­րը, ա­պա մենք լքած ենք մեր ծննդա­վայ­րը եւ եր­կար տա­րի­ներ ի­րա­րու հետ կա­պը՝ կտրուած: Այ­սօ­րուան դիւ­րու­թիւն­նե­րը չկա­յին այդ օ­րե­րուն:

Քոյրս եւ իր ըն­կե­րու­հին ու­րախ են, սա­կայն ա­մե­նաեր­ջա­նի­կը՝ մայրս է:

Ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն, երբ տա­կա­ւին Էշ­րե­ֆիէ կը բնա­կէինք մէկ սե­նեակ­նոց փոքր տնա­կի մը մէջ, Հա­լէ­պէն եր­բեմն հիւ­րեր կ՚ու­նե­նա­յինք, ո­րոնք մէկ կամ եր­կու շա­բա­թով մեր տու­նը կը մնա­յին:

Մօրս խօս­քե­րով՝

-«Տու­ներ­նիս պզտիկ է, բայց սիր­տեր­նիս՝ լայն»:

«Նեղ կ՚ը­նէր, տեղ կ՚ը­նէր»:

Ներ­կա­յիս սիր­տեր­նիս լայն ըլ­լա­լուն հետ զու­գա­հեռ, տու­ներ­նիս ալ լայն է:

Ան­հա­շիւ են քա­նի մը օ­րով, նոյ­նիսկ շա­բա­թով մեր տու­նը մնա­ցող հիւ­րե­րը:

Ա­մենաեր­ջա­նի­կը մայրս էր:

Հիւ­րա­սէր էր: Շա՜տ հիւ­րա­սէր:

Լի­բա­նա­նէն ե­կած քրոջս ըն­կե­րու­հին սո­վո­րա­կան հիւր մը չէ: Մեր տան հա­րա­զատ ան­դա­մը կա­րե­լի է սե­պել: Ան­կեղ­ծու­թիւն կայ քրոջս եւ իր մի­ջեւ: Ըն­կե­րու­հի­ներ ըլ­լա­լէ ա­ւե­լին են: «Քոյ­րեր» են:

Մօրս քնա­նա­լու ժա­մը՝ 10:00-ը, շա­տոնց ան­ցած է: Հա­ւա­նա­բար յա­ջորդ առ­տուան ժա­մը 2:00-ի մօտ է… ­կամ քիչ մըն ալ ա­ւե­լի:

Վեր­ջա­պէս կ՚ո­րո­շեն քնա­նալ եւ հին յու­շե­րու տոպ­րա­կը կրկին բա­նալ յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ:

Մեր հիւ­րը, տան մօտ ան­դա­մը ըլ­լա­լով, շատ լաւ գի­տէ կարգ մը սո­վո­րու­թիւն­ներ, որ կը գոր­ծադ­րուին մեր տան մէջ: Լաւ գի­տէ, որ մօրս ան­կո­ղին եր­թա­լու ժա­մը 10:00-ն է, իսկ այդ օր մեծ ժա­մե­րը ար­դէն սկսած են պզտիկ­նալ…

-Կը նե­րես, մա­մա՛, քե­զի մին­չեւ այս ժա­մե­րը ար­թուն պա­հե­ցի, սա­կայն հա­ճե­լի էր:

Սի­րե­լի մայրս ա­մե­նաեր­ջա­նիկն է: Նոյ­նիսկ ժա­մէն տե­ղեակ չէ:

-Հոգ մի՛ ը­ներ, աղջ՛կս, մենք մին­չեւ ժա­մը 10:00-ը կը նստինք:

Կը խնդանք: Քրոջս ըն­կե­րու­հին մերթ մօրս կը նա­յի, մերթ իր ե­տե­ւի պա­տի ժա­մա­ցոյ­ցին, ո­րուն պզտիկ սլա­քը…­շա­տոնց հե­ռա­ցած է 10:00-ին վրա­յէն:

Քա­նի՜ քա­նի՛ ան­գամ­ներ գի­շե­րե­լու հիւ­րեր մեծ հա­ճոյ­քով ըն­դու­նած ենք այդ տան մէջ:

Տար­բեր նա­հանգ­նե­րէ Լոս Ան­ճե­լըս ժա­մա­նած իմ եւ պզտիկ քրոջս ման­կու­թեան դա­սըն­կեր-դա­սըն­կե­րու­հի­նե­րը, եղ­բօրս կնոջ Լի­բա­նա­նէն ժա­մա­նած քոյ­րե­րը կամ ազ­գա­կան­ներ, մեծ քրոջս ըն­կե­րու­հի­նե­րը, իսկ եղ­բօրս զա­ւակ­նե­րուն դա­սը­կեր-դա­սըն­կե­րու­հի­նե­րը՝ գրե­թէ ա­մէն շա­բաթ:

Այդ տու­նը դար­ձած էր ան­պաշ­տօն «պան­դոկ» մը:

Սի­րե­լի հիւ­րեր ըն­դու­նող «պան­դոկ» մը:

Տա­կա­ւին բո­լորս միա­սին կը բնա­կէինք:

Տու­նէն ա­ռա­ջին հե­ռա­ցո­ղը ե­ղայ ես, երբ հայ ըն­տա­նիք մը կազ­մե­լով՝ փո­խադ­րուե­ցայ տար­բեր տուն, որ շատ հե­ռու չէ «պան­դոկ»էն:

Տա­րի­ներ ետք, եղ­բօրս եր­կու զա­ւակ­նե­րը, նմա­նա­պէս կազ­մե­ցին ի­րենց հայ­կա­կան բոյ­նե­րը եւ փո­խադ­րուե­ցան դար­ձեալ ոչ շատ հե­ռու:

Ան­վերջ հիւ­րեր ըն­դու­նող տան մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը սկսան նուա­զիլ:

«Պան­դոկ»ի բնա­կիչ­նե­րուն մէկ մա­սը, իւ­րա­քան­չիւրս ու­նե­ցանք մեր ա­ռան­ձին եր­դի­քը: Հայ­կա­կան օ­ճախ­ներ, սա­կայն չմոռ­ցանք մեր մօ­րե­նա­կան եր­դիքը:

Ա­մէն Հինգ­շաբ­թի, սո­վո­րու­թե­նէ ա­ւե­լի, կար­ծես ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած էր, որ բո­լորս հա­ւա­քուինք եւ միա­սին ընթ­րենք:

Գե­րեր­ջա­նիկ էր մայրս՝ շրջա­պա­տուած իր զա­ւակ­նե­րով, հար­սե­րով, փե­սա­յով ու թոռ­նե­րով:

Նախ­քան ժա­մը 10:00 հնչե­լը, իւ­րա­քան­չիւրս կը մեկ­նէինք մեր տու­նե­րը՝ լաւ գիտ­նա­լով, որ մեր սի­րե­լի մայ­րը, պի­տի զո­հէ իր քու­նը ու նստի մեզի հետ մին­չեւ մեր մեկ­նի­լը:

Քա­նի մը տա­րի ետք հիւ­րա­սէր մայրս հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն:

Մեկ­նե­ցաւ ան­վե­րա­դարձ: Հե­ռո՜ւ, շա՛տ հե­ռու:

Տաս­նեակ մը տա­րի ետք, ար­կա­ծի մը պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցի մեծ քոյրս, որ­մէ տաս­նեակ մը տա­րի ետք եղ­բօրս կի­նը հե­տե­ւե­ցաւ ի­րենց:

Այ­սօր այդ «պան­դոկ»ին մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րէն յա­ւերժ բա­ցա­կայ են մայրս, մեծ քոյրս ու եղ­բօրս կի­նը:

Փո­խադ­րուած են երկն­քի ար­քա­յու­թեան մնա­յուն «Պան­դոկ»:

Երկն­քի ար­քա­յու­թեան մէջ վստա­հա­բար հիւ­րա­սէր չէ սի­րե­լի մայրս:

Չի փա­փա­քիր հիւ­րեր ըն­դու­նիլ: Իր փա­փաքն է, որ ա­մէն մարդ մնայ իր սի­րե­լի­նե­րուն հետ միա­տեղ, ողջ եւ ա­ռողջ:

Շատ լաւ գի­տէ. ուշ կամ կա­նուխ, բո­լորս պի­տի հա­մախմ­բուինք իր շուր­ջը: Ա­ռայժմ կը մեր­ժէ հիւ­րեր ըն­դու­նիլ: Քաջ գի­տէ, թէ այդ տե­ղի այ­ցե­լու­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր չեն եւ ժա­մը 10:00-ը անց­նե­լէ ետք պի­տի չմեկ­նին:

Ներ­կա­յիս բնաւ հիւ­րա­սէր չէ մայրս:

Հոն չկայ պա­տէն կա­խուած ժա­մա­ցոյց, որ ցոյց տայ, թէ ժա­մը 10:00-ը շա­տո՜նց ան­ցած է։

Մեր ըն­տա­նե­կան, նաեւ ըն­կե­րա­յին մօտ շրջա­նա­կին մէջ, շա­տե­րուն ծա­նօթ է մօրս նշա­նա­ւոր խօս­քը, որ տե­սակ մը ա­նեք­թո­տի կարգ ան­ցած է:

«Մենք մին­չեւ ժա­մը 10:00-ը կը նստինք»:

Մին­չեւ օրս, երբ այ­ցե­լու­թիւն մը ժա­մը 10:00-էն ա­ւե­լի եր­կա­րի, յու­զու­մով կը յի­շենք մօրս նշա­նա­ւոր խօս­քը:

«Մենք մին­չեւ ժա­մը 10:00-ը կը նստինք»:

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս, 2017

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2017