ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱՐԾԱԹԻ ՄԱՍԻՆ
-Այս արծաթեայ հին իրերը յաճախ գրաւած են ուշադրութիւնս, Հայկա՛ն, գիտեմ որ հնութիւնը կը սիրես, սակայն ասոնք սովորական իրերու տպաւորութիւնն ունին՝ փորագրութիւն, թուական, կամ որեւէ արժէք ներկայացնող արձանագրութիւն մը չկայ անոնց վրայ: Վստահաբար անոնք իւրայատուկ իմաստ մը կը կրեն քեզի համար:
-Անշուշտ անոնք շատ արժէքաւոր են, հիմա կը պատմեմ անոնց մասին:
Ու այսպէս սկիզբ կ՚առնէ Հայկանի տան այս անգամուան այցելութեան նիւթը: Հայկան աշխարհ տեսած, վաթսունամեայ տիկին մըն է, արմատով պոլսեցի. երկար շրջան մը բնակած է Պէյրութ, զբօսաշրջութեամբ առիթներ ունեցած է այցելելու Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ, Ռուսաստան, Հնդկաստան եւ այլուր, սակայն փափաքն է իր կեանքը շարունակել հայրենիքի մէջ:
-Կը տեսնե՞ս այս սովորական բաժակը,- կ՚ըսէ Հայկան,- ասիկա մեծ մօրս բաժակն է: Այդ ժամանակ ամէն մարդ ունէր անձնական արծաթեայ պնակներ, բաժակներ, դգալներ, որոնցմով միայն կ՚ուտէին ու կը խմէին: Ահա, տե՛ս,- ցոյց կու տայ բաժակին խմելու հետեւանքէն մաշուածութիւնը,- հոս արծաթը բարակցած է, այս կողմէն կը խմէր մեծ մայրս:
Այս սովորութիւնը հինէն ժառանգուած է, հապա ինչո՛ւ պատմական գիրքերու մէջ կը կարդանք թագաւորական արծաթեայ եւ ոսկեայ իրերուն մասին: Ոսկին եւ մա՛նաւանդ արծաթը ունի բուժիչ յատկութիւն, հակաբորբոքային դեղ է, նաեւ կը բուժէ գլխացաւերը: Մանուկներուն ականջները երբ ծակեն, ինչո՞ւ խորհուրդ կու տան, որ արծաթեայ ականջօղեր գործածեն, քանի որ արծաթը բորբոքում չի պատճառեր: Արծաթը նաեւ ջղայնութիւնը կը նուզեցնէ, անոր համար պէտք է ապարանջաններ օգտագործել: Սակայն եթէ անհատը կը տառապի արեան ճնշման բարձրացումէ, պէտք է ոչ թէ արծաթ, այլ ոսկի զարդեղէն օգտագործէ, որ կ՚իջեցնէ արեան ճնշումը:
Այս բոլորին մասին սակայն ատենին տեղեակ չէր ժողովուրդը եւ համաճարակներ, հիւանդութիւններ կը տարածուէին մանաւանդ հասարակ ժողովուրդին մէջ. հիւանդութիւններէն զերծ կը մնային, կամ աւելի նուազ կը հիւանդանային, արքունի դասը եւ արքայական զինուորները, քանի որ անոնք անագէ կամ արծաթեայ թասերով ջուր կը խմէին: Այս հանգամանքը բացայայտեցին գիտնականները տարիներ ետք:
-Բայց ոչ միայն առօրեայ գործածութիւն ունէին անոնք, չէ՞: Հին Եգիպտոսի մէջ, որ հարուստ էր արծաթի հանքերով եւ արծաթը աւելի թանկարժէք էր ոսկիէն, ոսկին կը ներածուէր Յունաստանէն: Փարաւոններու շրջանին, Թութանխամոնի զարդերուն վրայ գերագոյն աստուածները արծաթով պատկերուած են, նաեւ արծաթեայ դրամներ կ՚օգտագործուէր աւելի ուշ:
-Այո, հարկաւ, կիրառական պարագաներէն բացի նաեւ այս մետաղները կ՚օգտագործուէին զարդերու մէջ: Բայց ահա, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ արծաթը կը համարուէր լուսնային մետաղ. հոն, առ այսօր, կ՚օգտագործուին բուժումներ արծաթի, ոսկիի եւ պղինձի օգտագործմամբ:
Անոնք տարին մէկ-երկու անգամ իրենց՝ «մարմինը կը մաքրեն» այսպէս կ՚ըսեն իրենք, այս մետաղներու ջուրով: Արծաթը լուսնային է ըսինք, ուրեմն արծաթեայ բաժակ մը կամ որեւէ զարդեղէն կը մաքրեն ու կը դնեն ջուրով լեցուն բղուղի մը մէջ, լիալուսնի գիշեր մը բերանը փակ բղուղը դուրս կը մնայ եւ յաջորդ օրը կը խմեն այդ ջուրը: Ոսկին արեւային մետաղ է, անոր ջուրի պատրաստութիւնը պէտք է տեղի ունենայ արեւուն տակ բղուղը զետեղելով..., եւ այսպէս քարերը, բոյսերը..., անոնք կ՚օգտագործեն բնութեան բարիքները իրենց օրկաններու առողջութեան համար:
-Ահա թէ ինչո՞ւ ատամնաբոյժները կ՚օգտագործեն մետաղեայ լիցքեր, հիմա արծաթն ու ոսկին նուազած են, անոնք առատօրէն կ՚օգտագործուէին. հոս տատիկներու ատամներուն վրայ յաճախ նշմարելի են տակաւին:
Արծաթը որպէս զարդ կրելը հաճելի է, սակայն կը սեւնայ, միշտ կարելի՞ է անիկա մարմնի վրայ պահել:
-Այո, կարելի է. եթէ մաքուր արծաթ ըլլայ, չի սեւնար: Սեւնալուն ալ պատճառները կան, անշուշտ բացի մարմնի արտադրած քրտինքէն: Ատենին արծաթեայ զարդեղէններուն սեւութիւնը կը վերագրէին կրողին վիճակին, նշան որպէս կ՚ընկալէին, հիւանդութեան ախտանշան էր սեւութիւնը: Նաեւ վարկածներ կան, որ արծաթին սեւութիւնը կ՚առընչեն չար աչքերու:
-Արծաթեայ մետաղադրամ մը ունէինք, մեծ մայրս անիկա կ՚օգտագործէր թարմ կաթին մէջ դնելով: Այդպիսով կարելի կ՚ըլլար կաթը աւելի երկար թարմ պահել:
-Ես ալ մեծ մօրս այս դգալը կ՚օգտագործեմ անոր համար: Հիներէն ինչե՜ր ունիք սորվելիք: Մեծ մայրս կ՚ըսէր նաեւ, թէ արծաթը հանգստացնող յատկութիւն ունի, իսկ ոսկին մարդը զուարթ կը պահէ: Ուրեմն երկուքն ալ օգտակար եւ գեղեցիկ են:
-Հիմա ոսկիին նիւթական արժէքը կը գերազանցէ արծաթին, ժողովուրդին խօսքը վկայ՝ «Խօսքը արծաթ է, լռութիւնը՝ ոսկի»:
-Արցախցին իր բարբառով կ՚ըսէ՝ «Ապրել կայ՝ արծաթ ա, ապրել կայ՝ արքադ ա»:
-Իսկ չունեւորը՝ «Աւելի լաւ է պարտական մնալ փորին հացով, քան նպարավաճառին՝ արծաթով»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ