Ռու­բէն ­Սե­ւակ. ­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քին՝ ­Տա­ռա­պան­քի եւ Ընդվ­զու­մի Ցաս­կոտ Եր­գի­չը

Փետ­րո­ւար 15-ը հա­ղոր­դու­թեան օր է. ­Ռու­բէն Սե­ւա­կի (­Չի­լին­կի­րեան, 1885-1915) ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ ա­նոր գրա­կան ան­մահ ժա­ռան­գու­թեամբ հա­ղոր­դո­ւե­լու օր է։

15 ­Փետ­րո­ւար 1885 թուա­կա­նին ծնած է հայ ժո­ղո­վուր­դի գրա­կան մեծ տա­ղանդ­նե­րէն ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը, որ միայն ե­րե­սուն տա­րի ապ­րե­ցաւ, չկրցաւ լրիւ կեն­սա­գոր­ծել ու լիար­ժէք ար­դիւ­նա­ւո­րել կան­խա­հաս, այ­լեւ խոստմ­նա­լից տա­ղան­դի ի­րեն բա­ժին ին­կած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եր­կուն­քի ժա­մա­նա­կը։
 Կան­խա­հաս տա­ղանդ էր ­Ռու­բէն Սե­ւակ, ո­րով­հե­տեւ քսան տա­րե­կա­նին ար­դէն, սի­րա­յին քեր­թո­ւած­նե­րով հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տան մուտք գոր­ծած պա­հէն սկսեալ, ան նոր հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ հայ մտքին ու հո­գիին առ­ջեւ։ Էա­պէս բա­նաս­տեղ­ծա­կան զգայ­նու­թեամբ երկ­նեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ սի­րա­յին քեր­թո­ւած­ներ ըլ­լան ա­նոնք թէ մարդ­կա­յին ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պոռթ­կա­ցող ար­ձակ է­ջեր, բժիշ­կի իր կեն­սա­փոր­ձէն վեր­ցո­ւած յուշ-պա­տում­ներ, ըլ­լան ա­նոնք թէ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ջղուտ ու գա­ղա­փա­րա­պաշտ ե­լոյթ­ներ։

Շ­­նոր­հա­զարդ տա­ղանդ է Ռու­բէն ­Սե­ւակ, որ էա­պէս ՄԵԾ ՊԱՏ­ԳԱ­Մի տէր էր եւ տա­կա­ւին այն­քա՜ն տա­լիք ու­նէր ո՛չ միայն հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հայ մտքի ան­դաս­տա­նին, այ­լեւ՝ հա­նուր մարդ­կու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։
 Միայն քսա­նե­րեք տա­րե­կան էր, երբ ի տես հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րուող հե­տե­ւո­ղա­կան կո­տո­րած­նե­րուն՝ ի լուր մարդ­կու­թեան պոռթ­կու­մը պի­տի ու­նե­նար Օ­գոս­տոս 1908 թուա­կա­նին.

Ա՛յս խո­րու­թեամբ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ըն­կա­լեց ­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քը եւ ա­նոր ընդ­մէ­ջէն եր­գեց ողջ մարդ­կու­թեան ցաւն ու տա­ռա­րան­քը, ընդվ­զումն ու ցա­սու­մը։

Բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր ու մտա­ւո­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծիչ ե­ղաւ ­Չի­լին­կի­րեան ­Յով­հան­նէ­սի որ­դի Ռու­բէ­նը, որ 1905 թուա­կա­նին, քսան տա­րե­կա­նին, իր ա­ռա­ջին քեր­թո­ւած­նե­րը լոյս ըն­ծա­յեց ­Ռու­բէն Սե­ւակ ստո­րագ­րու­թեամբ։

Ծ­­նած է ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ ­Սի­լիվ­րի գիւ­ղը։ Ծնն­­դա­վայ­րի Աս­քա­նա­զեան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, եր­կու տա­րի յա­ճա­խած է ­Պար­տի­զա­կի Ա­մե­րի­կեան դպրո­ցը, իսկ 1901 թուա­կա­նին ըն­դու­նո­ւած է Պոլ­սոյ ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է 1905 թուա­կա­նին եւ ղրկո­ւած է ­Լո­զան՝ տեղ­ւոյն հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան ճիւ­ղին հե­տե­ւե­լու հա­մար։

Լո­զա­նի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րը հան­դի­սա­ցան ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ինչ­պէս բժիշ­կի փայ­լուն մաս­նա­գի­տաց­ման, նոյն­պէս եւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան շրջան։ ­Դա­սե­րու կող­քին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սա­նող­նե­րու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին՝ յատ­կա­պէս ­Լո­զա­նի Ար­մե­նիա ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան ճամ­բով։ ­Միա­ժա­մա­նակ ան զարկ տուաւ գրա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց՝ սի­րոյ, ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին տա­ռա­պան­քին նո­ւի­րո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը լոյս ըն­ծա­յե­լով պոլ­սա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն։

Յատ­կա­պէս Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը ծան­րա­գոյն խոց պատ­ճա­ռեց ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ բա­նաս­տեղ­ծին, որ ազ­գա­յին ընդվ­զու­մի, բո­ղո­քի ու պայ­քա­րի խո­րա­խոր­հուրդ յու­զաշ­խարհ մը հայ գրա­կա­նու­թեան յանձ­նեց 1910 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կո­ւած իր ա­ռա­ջին գրքոյ­կով՝ «Կար­միր գիր­քը» խո­րագ­րին տակ։ «­Ջար­դի ­Խեն­թը», «Թր­­քու­հին» եւ «­Մար­դեր­գու­թիւն» խո­րագ­րո­ւած ե­րեք եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցած իր այս գոր­ծով՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ թարմ շունչ բե­րաւ ­Սիա­ման­թո­յի եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի բա­ցած ու հար­թած ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, ինք­նա­տիպ ո­ճով խո­հա­կան ներ­հա­յե­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը բա­նա­լով։

Ռու­բէն ­Սե­ւակ 1911 թուա­կա­նին պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ վկա­յո­ւե­ցաւ բժիշկ եւ աշ­խա­տան­քի ան­ցաւ Լո­զա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։

Բժշ­­կա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին ծա­նօ­թա­ցաւ ու կա­պո­ւե­ցաւ գեր­մա­նու­հի Եա­նի Ա­պէ­լի հետ. ա­մուս­նա­ցան եւ ու­նե­ցան եր­կու զա­ւակ՝ ­Լե­ւոն եւ ­Շա­մի­րամ։ ­Սե­ւակ փաս­տօ­րէն հա­յա­ցուց գեր­մա­նու­հին, որ ոչ միայն ան­վա­րան հե­տե­ւե­ցաւ իր ա­մու­սի­նի ընտ­րած կեան­քի ու­ղիին (հա­կա­ռակ գեր­մա­նա­ցի իր ծնող­քին դրած ար­գել­քին, Եա­նի Ա­պէլ 1914 թուա­կա­նին Սեւա- ­կի հետ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս), այ­լեւ՝ հա­յօ­րէն մեծ­ցուց ­Սե­ւա­կի զա­ւակ­նե­րը բա­նաս­տեղ­ծին նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք։

Ռու­բէն ­Սե­ւակ չու­զեց ապ­րիլ ­Լո­զա­նի հանգս­տա­ւէտ պայ­ման­նե­րուն մէջ։ ­Վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս ու ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ գրա­կան-հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։

1911 թուա­կա­նէն սկսեալ, բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց կող­քին, ան ձեռ­նար­կեց ար­ձա­կի եւ, «Բ­­ժիշ­կի գրքէն փրցո­ւած է­ջեր» ընդ­հա­նուր վեր­տա­ռու­թեան տակ, Պոլ­սոյ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց ի­րա­կան կեան­քէ վեր­ցո­ւած պատ­մո­ւածք­ներ՝ իբ­րեւ ար­ձա­կագ­րի իր տա­ղան­դը հաս­տա­տե­լով։ Բ­­ժիշ­կի իր կեն­սա­փոր­ձէն վեր­ցո­ւած պատ­կեր­նե­րով՝ Ռու­բէն ­Սե­ւակ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րար­ժէք մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցուց թէ՛ ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեանց մատ­նո­ւած մար­դոց մա­հո­ւան դէմ մղած բուռն պայ­քարն ու կեան­քի ան­հուն սէ­րը, թէ՛ պանդխ­տու­թեան մէջ հի­ւան­դա­ցած ու մա­հա­ցող հայ մար­դոց ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը, թէ՛ սի­րոյ ան­մար կրա­կով տո­չո­րո­ւած պարզ մար­դոց ան­սահ­ման յու­զաշ­խար­հը։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ այդ պատ­մո­ւածք­նե­րը ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ար­ձա­կագ­րին ա­պա­հո­վե­ցին նոյն­քան լիար­ժէք պա­տո­ւան­դան՝ բա­նաս­տեղ­ծի բար­ձուն­քին կող­քին։

Պո­լիս հա­զիւ հաս­տա­տո­ւած՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­նար­կած հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու զօ­րա­կո­չին։ ­Զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան բա­նա­կին իբ­րեւ բժիշ­կ եւ ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ։

Իր այդ հան­գա­ման­քով թէեւ փրկո­ւե­ցաւ Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած հա­ւա­քա­կան ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն եւ տա­րագ­րու­թե­նէն, բայց ­Յու­նի­սին իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու տա­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Չան­քը­րը, ուր ոճ­րա­յին ծրա­գի­րը ­Սե­ւա­կին ճա­կա­տագ­րա­կից դար­ձուց մեծն Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նը։

Հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­նուն եր­կու դէմ­քե­րը նա­հա­տա­կո­ւե­ցան 26 Օ­գոս­տո­սին։

Ա­հա այս­պէ՛ս խեղ­դուեց տա­ղան­դը ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ա­նուն հայ բա­նաս­տեղ­ծին ու ար­ձա­կագ­րին, որ նոր թե­ւա­կո­խած էր իր ե­րե­սուն տա­րի­քը եւ այն­քա՜ն բան ու­նէր տա­լու թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ թէ ողջ մարդ­կու­թեան։

Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի կան­խա­հա­սօ­րէն ճա­ռա­գայ­թած եւ վա­ղա­ժա­մօ­րէն ար­մա­տա­խիլ պո­կո­ւած եր­գի­չին ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով սրտաբուխ ձօն մըն  են այս տո­ղե­րը։

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

 

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017