ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ (ԱՅՎԱԶԵԱՆ ԱՍՔԱՆԱԶ, 1898-1968). ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ ՔՐՄԱՊԵՏԸ

Փետրուարի 13-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը արդի հայ գրականութեան ճառագայթող դէմքերէն Շաւարշ Նարդունիի, որ ոչ միայն արեւմտահայերէնը բարձրացուց իր գեղեցկագոյն մշակման եւ յղկումի բարձունքին, այլեւ սփիւռքահայուն մէջ վառեց անմար կրակը «Հայաստան ամէն բանէ վեր» դաւանող գաղափարապաշտութեան։

«Ահա՛ իր կտակը.-

«Ո՞վ կայ վերը։

«Սա երկինքէն վեր, անհունէն վեր, մեր կարողութիւններէն վեր, անհաս ու անեզր, ո՞վ կայ վերը։

«Ո՞վ կայ հզօր ու ամենազօր։

«Աստուա՞ծ, Եհովա՞, Բէեղզեբո՞ւզ, Սադայէ՞լ։

«Ով որ կայ, թող մտիկ ընէ.

«- Իմ սիրտս լեցուած է. հիմա ո՛չ աղօթքի կու գամ, ոչ ալ աղաչանքի։ Նետած եմ սկեպտիկ փիլիսոփայի գօտիս, զգայապաշտ բանաստեղծի գրիչս եւ միամիտ քրիստոնեայի հողաթափներս։

Եկած եմ հարցնելու.- Ե՞րբ պիտի ունենանք մեր

«… Ամէն բանէ վե՜ր»ը։ Պիտի ունենա՞նք։ Է՜հ, Աստուա՞ծ ես թէ ոչ։ Չե՜մ ուզեր հասկնալ, ո՛չ. ի՞նչ կ՚ուզես եղիր, Եհովա կամ Բէեղզեբուզ։ Բայց լսէ՛…։ Յոգնած էի, եւ արհամարհեցի քեզ. ձանձրացած էի, եւ հայհոյեցի քեզի։ Եղայ հպարտ եւ եսապաշտ, սանձեցի զգայութիւններուս լիճը, սաստեցի դիւրազգած նուագարանս։ Չյաջողեցա՜յ։ Վերջապէս մարդ եմ, ես ալ։ Կը տեսնե՞ս, դարձեա՜լ կակուղցայ, եւ աղօթող կնոջ մը պէս կը կլորնամ նորէն առջեւդ։ Եւ ըսելիքս աղերս մը դարձաւ շրթներուս վրայ։ Բայց լսէ՛։

Ե՜ս ալ կ՚ուզեմ ազգի զաւակ ըլլալ, ե՜ս ալ կ՚ուզեմ ազգ ունենալ, երկի՜ր ունենալ։ Որպէսզի, ո՜վ իմ Աստուածիկս - մի՜ նեղանար իմ սրամտութեանս համար, տանջուած տղա՜յ եմ -, որպէսզի ե՜ս ալ կշտանամ այն ուրախութիւններով, զորս օտար ազգեր ունին. ե՜ս ալ ոգեւորուիմ այն յոյսերով, զորս հարուստ ժողովուրդները ունին։ Ես ալ կ՚ուզեմ «…Ամէն բանէ վեր» մը, որովհետեւ կը զգամ պահանջը, ունիմ կարօտը, եւ արժանի եմ։ Տո՜ւր ինձ «…Ամէն բանէ վեր» մը, որպէսզի առտուն աղօթքս անով սկսիմ, օտար ազգերու երիտասարդներուն մէջ որբի պէս չըլլա՜մ, խորթ քայլերգներ մրմնջելով սրտիկս չարիւնի՜։

«Վերջին ըմբոստութենէ մը առաջ, բոլո՜ր սրբութիւնները դեռ չանարգած, սկիզբին ու վախճանին տակաւին չհայհոյած, անգա՜մ մըն ալ կու գամ քեզի։ Լսէ՛ աղաչանքս, աղօ՜թքը մեր կլորիկ աղջիկներուն եւ ընձիւղ երիտասարդներուն, մեր անուշբերան մամիկներուն եւ հողատէր պապիկներուն, խունկ ծխողին եւ արտ հերկողին, լսէ՜. մե՜նք ալ կ՚ուզենք երգել «…Ամէն բանէ վեր»։ Ամպածրար այն լերան կատարէն, ամպրոպին ու փոթորիկին մէջէն, Եհովա՜, սկսէ՛ եւ տուն տուր, տող առ տող։ Եւ թող մեր ժողովուրդը հետեւի ձայնիդ, բոցի պէս ժայթքի երգը թոքերէն ցնծութեամբ եւ արցունքով, դղրդագին ու ահեղ, կիրքերը դադրած, կարգապա՜հ ու սիրալիր. ե՜րգը, տէ՜ր, մեր երգը, տո՜ւր, որ երգենք մեր երգը.

ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն, ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ…»

Այսպէ՛ս, արձակ բանաստեղծութիւնը եւ արեւմտահայերէնը գեղարուեստական բարձունք մը նուաճեցին Նարդունիի գրիչով։

Գրելու պարզ, խոհուն ու պատկերաւոր ոճը իր լաւագոյն ներկայացուցչներէն մէկը ունեցաւ յանձին Նարդունիի։

Նոյնպէս եւ ճարտասանութիւնն ու հռետորութիւնը բազմաշնորհ այս մտաւորականը բարձրացուցին հայկական սփիւռքի ամենէն սիրուած ու փնտռուած բանախօսներու պատուանդանին։

Իսկ հրապարակագրական, իմաստասիրական ու բժշկագիտական գրականութեան իր պատկառազդու վաստակով՝ Շաւարշ Նարդունի արժանաւորապէս մարմնաւորեց իրա՛ւ հայ մտաւորականի ինքնուրոյն, այլեւ յառաջապահ դրօշակիրի կերպարը։

Սփիւռքահայ մեր սերունդները, ազգային ու հոգե-մըտաւոր իրենց կազմաւորման ու ինքնաճանաչումին համար, շատ բան կը պարտին Նարդունիի սրտաբուխ բանաստեղծութեանց։ Գրուած՝ արձակ, միաժամանակ յագեցած՝ առինքնող կշռոյթով ու հնչեղութեամբ, Նարդունիի բանաստեղծութիւնը լուսաւորեց ուղին սփիւռքահայուն։

Նարդունի եղաւ առաջիններէն, որ սփիւռքն ու սփիւռքեան կեցութիւնը ընկալեց իբրեւ հայ մարդու մնայուն ԱՔՍՈՐն ու ԱՔՍՈՐԱՎԱՅՐը։ Ապրեցաւ այն կրկնակ գիտակցութեամբ, որ՝

- մէկ կողմէ խուսափում չունի, այլեւ ճակատագրուած է ապրելու սփիւռքի մէջ, համարկուելու սփիւռքեան միջավայրին հետ եւ սփիւռքահա՛յ ըլլալու,

- իսկ միւս կողմէ՝ աշխարհի մեծ ու փոքր վայելքներուն, ձանձրոյթներուն, ցաւերուն ու հեշտանքներուն մէջ տեսնելու եւ միշտ փնտռելու հայրենին ու հայեցին՝ իբրեւ ծննդավայր, յիշողութիւն եւ, մանաւա՛նդ, ժառանգութի՜ւն։

Դեռ 1930-ականներու սկզբնաւորութեան, Նարդունի ուղիղ ճակատէն դիմագրաւեց արդի՛ մարդուն, նաեւ՝ նորօրեայ հայո՛ւն վիճակուած որքան յառաջդիմութեան ու զարգացման, նոյնքան եւ ձանձրոյթի ու տառապանքի քաղաքակրթական սուր տագնապը։ Այդ զգայնութեամբ կը բաբախէ «Ի խորոց սրտի…» խորագրով հռչակուած իր ծանօթ գործը, որմէ առնուած է յետագայ խոստովանութիւնը.-

«Կը ձանձրանամ եւ կը տառապիմ, որովհետեւ սիրեցի բարդութիւնները, զարգացուցի ճաշակս, սրեցի զգայարանքներս եւ գիտուն դարձայ։

«Ընդհակառակն՝ յիմա՜ր տղայ, երջանիկ ըլլալու համար՝ պէտք էր մնալ պարզամիտ, անզգայ, անճաշակ եւ տգէտ։ Պէտք էր խփել զգայարանքներուն բերանը, պէտք էր չճանչնալ հաճոյքներուն աղբիւրները։ Այնքան համոզուած եմ այս ճշմարտութեան, որ կ՚ուզեմ ետ դառնալ։

Բթացնել զգայարանքներս, եղծել ճաշակս եւ մոռնա՜լ, մոռնա՜լ, ամէ՜ն բան։ Երբեմն կը մտածեմ մեծ ոճիր մը գործել եւ բանտ երթալ։ Վասնզի բանտը հակառակն է դպրոցին։ Ինչ որ կը սորվինք դպրոցին մէջ, կը մոռնանք միայն բանտին մէջ։ Գողերու, աւազակներու, խմաններու, ոճրագործներու հետ, սղոցելով ծառերը, փորելով հանքերը, լուալով նաւերը, կռնակի վրայ կրելով ծանրկեկ քարերը, հեռո՜ւ քաղաքակրթութենէն, թերեւս մոռնամ որ ժամանակին մտաւորական մըն էի։

«…Իմ այս ցաւս կը կոչուի «դարուս ցաւը», ուրիշ անունով մը՝ «քաղաքակրթութեան Ֆրանկախտ»ը։

«Անհանդուրժելի այս ցաւին դարմանն է տգիտութիւնը։ Փա՜ռք տգիտութեան, որ պիտի խաղաղեցնէ փոթորիկը գանկիս մէջ։ Այդպէ՛ս միայն, դանդաղելով դանդաղելով՝ կանգ պիտի առնէր մտքիս մեքենան»։

Շաւարշ Նարդունի ծնած է Արմաշ, 13 փետրուար 1898-ին - ինչպէս ինք կը գրէ՝ «Տէրնտաս»ի երեկոյ մը։ Աւազանի անունն է Այվազեան Ասքանազ։ Կենսագիրները կը վկայեն, որ ծնողքը առաջին իսկ օրէն Շաւարշ կանչեց նորածինը։ Իսկ ի վերուստ գրելու բնատուր տաղանդով օժտուած Շաւարշը, երբ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, իբրեւ գրչանուն ընտրեց Նարդունի մականունը՝ ծաղիկի անունէն ներշնչուած։

Այդպէ՛ս հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր միտքն ու հոգին ազնուացնող Շաւարշ Նարդունին։

Ծննդավայրի «Նարեկեան» վարժարանը աւարտելէ ետք, յաճախեց Ատափազարի «Կեդրոնական» վարժարանը։ 1916-ին զինուորագրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ Սպայից վարժարան։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ընդունուեցաւ Պոլսոյ Բժշկական համալսարանը, բայց ազգային-քաղաքական իր համոզումներուն պատճառով վտարուեցաւ։

Քեմալական ճնշումներէն խոյս տալով՝ անցաւ Ֆրանսա եւ ընդունուեցաւ Փարիզի Բժշկական համալսարանը։ Աւարտեց 1927-ին եւ տարի մը, իբրեւ ներքինի բժիշկ, պաշտօնավարեց Ամիէնի Ֆրանսական յիմարանոցին մէջ։ Այնուհետեւ, բժիշկի իր գործին առընթեր, թափով նետուեցաւ գրական-գեղարուեստական ասպարէզ։

Ապրեցաւ մինչեւ 1968-ը եւ բնաւ հանգիստ չտուաւ իր գրիչին։ Տասնամեակներ ամբողջ եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի փարիզեան «Յառաջ»ին կանոնաւոր աշխատակիցն ու ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ փնտռուած մնայուն իր սիւնակը ունեցող հեղինակութիւնը։

Մասնագիտական իր պատրաստութեամբ ու պաշարով՝ ձեռնարկեց եւ տասնամեակներ շարունակ հրատարակեց «Հայ Բոյժ» ամսագիրը։

Բազմութիւնները գրաւող հռետոր էր միաժամանակ եւ, իբրեւ այդպիսին, սփիւռքի ողջ տարածքին իր առինքնող խօսքն ու շունչը բաշխած բանախօս։

Շաւարշ Նարդունիի մեծութեան եւ ժողովրդականութեան գաղտնիքը կը գտնուի բուխ սիրտն ու գիտական միտքը համատեղելու՝ միաձուլելու իր արժանիքին մէջ։

- Բուխ սիրտ՝ որ միշտ յորդեցաւ հայրենի հողի, հայ գեղջուկի ազնուութեան, հայ լեզուի հարստութեան եւ ազգային արժէքներու վարար պաշտամունքով։

- Գիտական միտք՝ որ Լոյսի Քաղաքէն բացուած էր ողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող մեծ ու ծանր բոլոր խնդիրներուն վրայ՝ Հայաստանէն պոկուած հայ բեկորի անխարդախ զգայարանքներով։

Հայերէն արձակը միայն բացառիկներու մօտ հասած է Նարդունիի նուաճած գեղարուեստական մաքրութեան, բանաստեղծական շունչի, խոհական ներհայեցողութեան եւ անկեղծ յուզականութեան այդքան բարձր աստիճանի։ Բայց մանաւանդ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆը եղաւ առանձնայատուկ նուաճումը Նարդունիի արձակին։

Առանձին հատորով լոյս տեսած իր «Մեղեդինե՜ր, մեղեդինե՜ր», «Բանե՜ր, բանե՜ր… ի՜նչ բաներ», «Երուսաղէ՜մ… Երուսաղէ՜մ», «Կանանչ բաժակով», «Ջրվէժ» եւ միւս գործերը ոչ միայն գրական ընթերցումի վայելքը փոխանցեցին, ճաշակը մշակեցին եւ հոգին ազնուացուցին տարագրութեան փշոտ ու վհատեցնող ճանապարհը հարթող հայ բազմութիւններուն, այլեւ՝ հունաւորեցին սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներու մտածելակերպն ու հոգեկերտուածքը։

Հայու սրտէն բխած «Բարի լոյս»ը, հայու հպարտութիւնը պատուանդանի բարձրացնող «Հայաստանը ամէն բանէ վե՜ր»ը, «Աշխարհի չորս ծագերուն խաղաղութեան եւ արեւշատութեան Անդաստանի մաղթանք»ը, Նարդունիի գրչին տակ, սոսկ բանաստեղծութիւն չէին ու չեղան միայն գրական ապրում, այլեւ վերածուեցան ազգային-գաղափարական հանգանակի ու յանձնառութեան։

Պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդի մեծութեան եւ հմայքին, ազգային արժանաւորութեան ու ստեղծագործական հունձքին մասին վաւերական վկայութիւն փնտռող ամէն ընթերցող եւ յետադարձ որեւէ հայեացք, անպայմա՛ն, կանգ պիտի առնէ Շաւարշ Նարդունիի վաստակին վրայ՝ հայօրէն ներշնչումի անոր ակունքներով վերանորոգուելու համար։

Սերունդներ ամբողջ Նարդունիներէն ստացան Հայաստանն ու հայը պաշտամունքի աստիճան սիրելու կրակը։ (…)

Հայոց Եռագոյնին եւ «Մեր Հայրենիք»ին ու անոնց խորհրդանշած հայկականութեան փառքն ու ողբերգութիւնը նոյնպէս ողջ էութեամբ ընկալեցին Նարդունիի յուզաշխարհով։

Նարդունիի յիշատակին որքա՜ն տեղին է, Մեծն Վարուժանի հետեւողութեամբ, խոնարհիլ Նորին Վսեմութիւն Պարզութեան առջեւ։

Ճշմարիտն ու Իրաւը մեծ են իրենց Պարզութեան մէջ։

Ն․

 

ԿԱՐՕՏ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Երկար ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:

Ու, լքուած նուագարանի մը նման, հայերէնս արդէն կարկամեր է միտքիս անկիւններուն մէջ: Խաշած ոսկորներու պէս, միսէ զուրկ ու ճերմակ, կաւիճ են դարձեր բառերս: Իրարու կը զարնեմ՝ գտնելու համար հին ձայները: Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր:

Գիշերը երազիս մէջ իսկ հայերէն չեմ խօսիր: Վասն զի փոխուա՜ծ են մարդիկը, որ, երազներուս մէջ, շուրջս կը դառնան, եւ նոր ընկերներս, որ, լուս-օրերուն, հետս կ՚աշխատին:

-Պիտի մոռնաս լեզուդ,- կ՚ըսէ մեր յիմարանոցին այրերու բաժնին ներքին բժիշկը, որ, ծագումով յոյն, ֆրանսական հիւանդանոցներու մէջ ապրելով, արդէն փոխեր է իր ազգը:

Տխրութիւն կը զգամ, շրթներս կը պրկուին, կ՚ուզեմ լալ մանուկի մը պէս, որ շուրջը կը նայի՝ փնտռելու համար պաշտպան մը:

Ու կը դիտեմ պարտէզը՝ պատուհանս ի վար:

Օ՜, հոգիիս մէջ պարտէզը, յանկարծ, կը փոխուի բանաստեղծութեան մը, հայերէ՜ն, հայերէ՜ն: Կը զգամ, որ կ՚արթննան յիշատակները ներսս, բառերը կ՚ողջննան, գոյները կը վառին, ձայները կը թրթռան: Կը հասկնա՜մ, լեզո՛ւս է, որ կը թագաւորէ դեռ հոգիիս մէջ: Ալէլուիա՜, ո՜վ իմ լեզուս հայերէն, երկինքի պէս մաքուր, լոյսի պէս պաշտելի: Ո՛չ, երբեք պիտի չմոռնամ քեզ, երբե՛ք:

-Պիտի մոռնա՜ս լեզուդ, ու վաղը պիտի չուզես իսկ լսել զայն… Կ՚ատեմ պաշտօնակիցս, որովհետեւ շարունակ կը պնդէ եւ դող կը հանէ ներսս: Եթէ յանուն անողոք ճշմարտութեան մը կը խօսի ան, դարձեալ կ՚ատեմ: Ու կ՚ատեմ ճշմարտութիւնն ալ: Կը նախընտրեմ խաբկանքը: Թողէ՛ք, որ յանձնուիմ սիրած պատրանքներուս, եւ երջանկանամ՝ մտածելով, որ հայերէնս պիտի չմոռնամ ես, իբրեւ բացառութիւն:

Պիտի չմոռնամ, պիտի չմոռնամ: Ամէն օր, հին նուագարանի մը պէս, դուրս պիտի հանեմ զայն միտքիս անկիւններէն: Պիտի նուագեմ զայն մինակս, անով պիտի լամ ու ծիծաղիմ, պիտի երգեմ ու կանչեմ: Ո՜վ իմ քաղցր հայերէնս:

Բայց… երկա՜ր, երկա՜ր ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:

ՇԱԲԱԹ

Այս գիշեր, երազիս մէջ, հայերէն խօսեցայ:

Նստեր էի պատուհանիս առջեւ: Արեւը ծառերուն մէջէն հոսելով կը թրջէր գլուխս: Ու գունաւորուեր էին գիրքերս, որոնց մէջ ծրարած կը պահեմ աշխարհի բոլոր հիւանդութիւնները: Պարտէզին պատին վրայ սեւ կատու մը իր եղունգները կը սրէր ջղայնութեամբ: Յանկարծ ճանկը զարկաւ թուղթի կտորի մը, որ գալարուեր էր չորցած տերեւի մը նման: Կատուն մօտեցուց միւս ճանկն ալ ու բացաւ թղթիկը: Աչքերս հայերէն գիրերու հանդիպեցան: Սիրտս ամանի մը պէս շրջեցաւ կուրծքիս տակ եւ տաք բան մը վազեց մարմինիս ամէն կողմը: Արագ, պարտէզ իջայ: Թղթիկը ազատեցի կատուին ճանկէն եւ…

Եւ ես, որ մեծ մարդոց յաւակնոտութեամբ, սովորութիւնը ունէի կարդալու միայն նշանաւոր գրողներու յօդուածները, բացի թղթիկը եւ կարդացի: Պզտիկ ազդ մըն էր, օրաթերթէ մը փրցուած,- հայ որբ տղեկ մը կը փնտռէր իր մայրը: Թուղթին միւս էջը, կար նաեւ հայ նպարավաճառի մը ազդը, զոր նոյնպէս կարդացի ամբողջութեամբ: Յետոյ նորէն կարդացի, որովհետեւ հաճոյք կը զգայի: Յետոյ գիրերը քննեցի, եւ անգամ մըն ալ կարդացի:

Ու նեղացայ կատուին.

-Ինչո՞ւ կը բզկտես այս թղթիկը,- ըսի հայերէն:

Ու կատուն պատասխանեց ինծի, նոյնպէս հայերէն.

-Որովհետեւ մուկի պէս պզտիկ էր եւ աղմուկ կը հանէր:

-Հայ տղեկ մը գրած է զայն,- ըսի:

-Ինչո՞ւ հոս ինկեր է,- հարցուց:

-Մենք հիմա ինկած ենք ամէն կողմ:

Յետոյ անոր նկարագրեցի մեր պատմութիւնը, մեր արուեստը, մեր պատերազմները, մեր դիւանագիտութիւնը, մեր յառաջապահ յեղափոխականներուն կացութիւնը: Նոյնիսկ ըսի, թէ բոլշեւիկնե՜ր ալ տուած ենք աշխարհին:

Կատուն, փոխանակ հիանալու, պատասխանեց:

-Երկա՜ր պատմութիւն:

-Այո՛, երկար է: Ստիպուած ենք երկար խօսիլ, որովհետեւ անարդարութիւն պիտի ըլլար, եթէ չսկսէինք աշխարհի ստեղծումէն, երբ ստեղծուած է նաեւ մեր ժողովուրդը:

-Խօսքը ժամանակի կորուստ է,- առարկեց կատուն, աչքերը բացխփելով:- Եթէ կ՚ուզէք յաջողիլ, մեզի պէս ըրէք: Երբեք չխօսիլ: Եւ երբեք չխղճալ մուկերուն: Երբեք երախտագիտական զգացում չունենալ, ապերախտ ըլլալ նոյնիսկ տիրոջ հանդէպ: Երես դարձուցէք զգացումներուն: Եթէ մանուկի մը ձեռքը կարագ կայ, բարեկամացէք: Ձեր կռնակը քսեցէք անոր մերկ ոտքերուն: Մանուկը հաճոյք կը զգայ մուշտակէն եւ կը ձգէ ձեռքի կարագը: Յափշտակեցէք, կերէք, եւ գացէք երազել տաք օճախին անկիւնը: Եթէ տանտիրուհին գոռայ ու պոռայ իր տղոցը, դուք փակեցէք ձեր աչքերը, քնանալ ձեւացուցէք: Սակայն միշտ արթո՜ւն եղէք, պատրաստեցէք ճանկերը՝ եթէ ծեծելու գան:

Ես, հայ տղայ, քրիստոնէական զգացումներով մեծցած տղայ, մտիկ չըրի կատուին: Բայց շատ գոհ էի, որովհետեւ հայերէն կը խօսէի եւ հայերէն կը լսէի:

-Զգացումները կը մոլորեցնեն ձեզ,- շարունակեց կատուն:- Լաւ է, օրինակի համար, սիրոյ յատկացնել միայն Մարտ ամիսը: Միւս տասնմէկ ամսուան ընթացքին փիլիսոփայ եղէք: Օ՛ն, քիչ մը չարութիւն ըրէք մարդոց, քիչ մը չարութի՜ւն…

Յետոյ երազս պղտորեցաւ, կատուն մարդ դարձաւ, ծառերը վարդապետ եղան, տուները սկսան ծփալ օդին մէջ, եւ ես արթնցայ:

Արթնցայ ուրախ սիրտով:

Ուրախ էի, որովհետեւ հայերէն էի խօսեր: Հոգ չէ թէ կենդանիի մը հետ:

ԿԻՐԱԿԻ

Այս առաւօտ, սակայն, աւելի քան երբեք կարօտն ունիմ հայերէն խօսելու: Կ՚ուզեմ հայերէն խօսիլ բաց աչքով: Հա՜յ մը, հայ մարդ մը կը փնտռեմ, խօսելու համար հետը: Մուրացկա՜ն մը թող ըլլայ, աղտոտ սրիկայ մը թող ըլլայ, վերջապէս բերա՜ն մը, որուն հայերէն խօսէի եւ անկէ հայերէն պատասխան մը առնէի: Ո՜վ որ կը հասկնայ նոր ու տարօրինակ այս զգացումը, այս տառապեցնող զգացումը, կարօ՜տը լեզուին, թող օգնէ ինծի: Կ՚ուզեմ, որ հայ գաղթական մը, հոգ չէ թէ լեզուն մոռցած ըլլայ, բայց գիտնայ միայն մէկ բառ, իյնա՜յ ճամբուս վրայ, եւ ես կարենամ ըսել.

-Հա՞յ ես:

Անիկա գլխով «այո՛» ըսէր ինծի: Եւ ես անմիջապէս, հօրս-մօրս սորվեցուցած լեզուովը գոչէի, ամբողջ յուզումս ու հոգիս թափէի իր ականջին մէջ սա մէկ բառով.

-Բարի-լոյս…

Ու ան ինծի պատասխանէր.

-Բարի-լոյս…

Տիեզե՛րք վկայ, ասկէ աւելի քաղցր եւ ասկէ աւելի տխուր բան չկայ: Այդ բառին մէջ մեր ժողովուրդը ինչե՜ր է պահած: Այդ բառին մէջ մեր հայերէնը ինչե՜ր է դրած:

Ո՜վ իմ մեծ հայերէնս, ես քեզի կը հաւատամ այս բառիդ մէջ, ես քեզ կարօտցած եմ այս բառիդ խորունկ նշանակութեան ըղձանքովը:

Ո՜վ իմ ըղձալի հայերէնս, առաւօտեան պէս թարմ եւ գիշերուան պէս խորունկ, մանուկի մը պէս զուարթուն եւ տարեցի մը պէս իմաստուն, սիրոյ պէս հաճելի եւ գարնան պէս գեղեցիկ:

Ո՜վ իմ անուշ հայերէնս, գիւղացիի ու քաղքցիի լեզու, բանուորին ու թագաւորին բերնին յարմար, երիտասարդ եւ հուժկու, ապրա՜ծ մնաս դուն:

Ո՜վ իմ բրդոտ հայերէնս, աղօթքի մը պէս մխիթարիչ, դեղի մը պէս օգտակար, եթէ մոռցայ մէկ վանկդ, թող ա՛լ չդառնայ լեզուս մեղաւոր բերնիս մէջ:

Ես քեզ այնքա՜ն կը սիրեմ, որ այսօր կը փնտռեմ նոյնիսկ մանկապարտէզի հին «օրիորդ»ս՝ խնդրելու համար կրկնել հայերէնի առաջին դասս: Քերականս դնէի ծունկերուն վրայ, տառապանքէն մարմինս փայտացած, յուզումէն բերանս ծռած, արցունքը աչքերուս մէջ կարմրած, լեզուս վախցած, ոտքերս երկրաշարժի բռնուած, մեղաւոր ձայնով մը ըսէի.

-Օրիո՜րդ, անգա՜մ մըն ալ կարդա՛ դասս, ինչպէս հին օրերուն, քու եղանակաւոր ձայնովդ,- զ, ա, զա,- տ, ի, կ, տիկ,- զատիկ:

Ա՜խ, մեծ Աստուած, քեզի բնաւ չեմ հաւատար, բայց ցաւը զիս մանուկ է դարձուցեր, եւ նորէն, ահա նորէ՜ն ամպերուդ կը բարձրացնեմ ճակատս: Երկնքի Աստուած, հայերէն լեզուիս ամէնէն գեղեցիկ բառերը կու տամ, քեզի, միայն, թէ հրաման ըրէ, որ իմ լեզուս գտնէ իր երջանկութիւնը:

Ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ ըսեմ: Այս պահուս շա՜տ յուսահատ եմ: Հոգիէս իսկ կը վախնամ, որովհետեւ երիտասարդի հոգի է, կը խաբուի՜ օտարին շքեղութիւններէն, կ՚ելլէ կը մոռնայ լեզուս: Ուստի ապաւէ՜ն մը կ՚ուզեմ, պաշտպանելու համար լեզուս:

***

Աճեցա՜ւ, աճեցա՜ւ ցաւս: Հասաւ մինչեւ զառանցանք:

Ելեր եմ դաշտն եմ ինկեր, որպէսզի չըլլա՜յ թէ մարդ մը լսէ զառանցանքս եւ խենթ կարծէ զիս: Եկեր եմ, այստեղ, ազատ բնութեան մէջ, բարձրաձայն հայերէն խօսելու: Պիտի ըսեմ այն բոլոր աղօթքներն ու երգերը, զորս մայրս սորվեցուցած էր ինծի, պզտիկուցս: Պիտի խօսիմ ծաղիկներուն ու քարերուն հետ, որոնք, ինչպէս իմ գիւղիս ողջութեանը, լեզու կը բանան ու կը կանչեն անունովս: Ի՜նչ լաւ է այսպէս, խօսիլ հին բարեկամներու հետ մեր լեզուովը:

Թիթեռնիկնե՜ր, նախշո՜ւն թիթեռնիկներ, որ կը նմանիք իմ գիւղիս թիթեռնիկներուն, եկէ՜ք, եկէ՜ք հայերէն խօսինք: Ձորեր ու անտառներ, հայերէն երգեցէք, մտիկ ընեմ ձեզի: Հո՜ղ, հո՜ղ, յաւիտենական հո՜ղ, պղպջա՛ այն հին վանկերը, զորս իմ նախնիքս ցանած են երկրի վրայ: Ջրի՜կ, որ արծաթ տերեւներու նման թափեր ես մարմանդին վրայ, թրջէ՛ լեզուս, որպէսզի միշտ հին յիշատակներ խօսի:

Ահա կը ծռիմ, մանիշակի մը համեստութեամբ կանանչ խոտերուն կը հաւասարիմ, ծունկի կու գամ, ծաղիկի պէս՝ շրթներ կը բանամ ու կ՚արտասուեմ.

«Հայր մեր որ յերկինս ես…»

Թռչուն մը կ՚անցնի գլխուս վրայէն. կը ցատկեմ, կը վազեմ եւ յանկարծ, հոգւոյս մէջ կը լսեմ բազմութեան մը քայլերը, երկաթի նման, եւ երգ մը գետի նման: Ձայնս կը բանամ ու կը հետեւիմ երգին, մենաւոր եւ ճերմակ ճամբէն կը քալեմ արագ-արագ, ոտքերս զինուորական կշռոյթ կը ստանան, շրթներս այծի ձայնի պէս կը կտրտեն երգս, աչքերս կը պղտորին, մենութիւնը կը վախցնէ զիս, յուզումը կը խեղդէ կոկորդս, բայց կը դիմադրեմ սարսուռներուս եւ զառանցանքին դէմ, շրթներուս վրայ պահելու յամառութեամբ տը-խո՜ւր երգն հայոց.-

«Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր,

«Մեր թշնամեաց ոտնակոխ…»

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019