«ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ի ՆՈՐ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ՝ ՀԱՅՖԱՅԻ «ԱՄՈՆԻԱՔ»Ի ՊԱՀԵՍՏԱԿԱՅԱՆԸ
Իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականին մէջ լոյս տեսած հրապարակումէն ի վեր երկրի լայն շրջանակներ սկսած են քննարկման բուռն նիւթ դարձնել «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան կողմէ լուրջ սպառնալիքներու մասին խօսակցութիւնները:
Այս խօսակցութիւնները տեղի կ՚ունենային այն պահուն, երբ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու Միացեալ Նահանգներ այցելելով հանդիպում կ՚ունենար երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Նեթանիյահու, որուն մօտիկ աղբիւրները կը փոխանցէին, որ վարչապետը բաւական «հանգիստ» մթնոլորտի մը մէջ հեռացած է Սպիտակ տունէն, նաեւ կը յաւելէին, որ իրենց համար այդ հանդիպումներուն հիմնական դրական կէտը Տանըլտ Թրամփի բերնէն «Հիզպուլլահ»ի եւ Թեհրանի դէմ դրուելիք նոր պատժամիջոցներուն մասին լսելն է:
Այս բոլորին զուգահեռ իսրայէլեան մամուլին մէջ Հայֆայի «ամոնիաք»ի հիմնական պահեստանոցին մասին տրուած տեղեկութիւնները լսելի կը դառնային «Հիզպուլլահ»ի ղեկավար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Պէյրութի մէջ արտասանած վերջին ճառին ընթացքին (16 Փետրուար 2017): Նասրալլա իր այդ ճառով «նախայարձակ» ոճով մը խօսելով անդրադարձ կը կատարէր բոլոր այն տուեալներուն մասին, որոնց շուրջ գրած է նոյն «Հաարէթց»ը:
Լիբանանցի շիի կրօնաւորը կը յայտարարէր, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ու «Հիզպուլլահ»ի դէմ պատերազմ յայտարարելու «մթնոլորտ»ը միշտ ալ առկայ է եւ այդ մթնոլորտը կրնայ որեւէ պահու «մագլցում» արձանագրել, եթէ Թել Աւիւ «պատրաստ» ըլլայ նոր պատերազմի մը երթալու: Ան այս առումով ալ բացայայտ «պատգամներ» ուղղելով «կը հաւաստիացնէր», որ իրենք որեւէ պահու պատրաստ են պատերազմի ու կը տիրապետեն այնպիսի գաղտնիքներու, որոնք կրնան «ապշահար» դարձնել իսրայէլեան բանակը:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Նեթանիյահուի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցի «ներքին պատճառներ»ուն մէջ կար ամերիկեան նոր վարչախումբին բազկերակը «շօշափելու» հարցը ու հարցում ուղղելու, թէ արդեօք Ամերիկա պատրա՞ստ է զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը կապակցութեամբ իր «օրհնութիւն»ը տալ:
Այս ենթադրութիւններէն անդին «Հիզպուլլահ», որուն զինուորական ղեկավարութեան համար ամենէն կարեւոր գործօնը անակնկալներ «կերտելու» տուեալն էր այս անգամ, արդէն բարձրաձայն կը խօսէր իր հաւանական թիրախին մասին:
Թիրախը, ինչպէս վերը նշեցինք, իսրայէլեան Հայֆա ծովափնեայ քաղաքին մէջ տեղակայուած քիմիական «ամոնիաք» նիւթի պահեստարանն էր, որուն ոչնչացումը համազօրէր էր կորիզայն աղիտալի պայթումի մը:
«Հիզպուլլահ» այդ «գործողութիւն»ը պիտի կատարէր օգնութեամբ արդիական հեռահար հրթիռներու, որոնք Լիբանանի հարաւը հասած կրնային ըլլալ կտրելով Դամասկոս-Պէյրութ ցամաքային ճանապարհը:
Սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան օդուժին կատարած գրոհներուն մասին բազում անգամներ գրած ենք: Գրած ենք նաեւ, որ Թել Աւիւ այդ գրոհներուն կը դիմէ «կտրելու» համար իրանեան արդիական զէնքերու Լիբանան փոխադրութիւնը: Այդ առումով եղած են շարք մը գրոհներ, որոնք «ճիշդ» թիրախը ընտրելով յաջողած են ոչնչացնել իրանեան զէնքերու Պէյրութ ուղղուող շարասիւները:
Բայց ըստ երեւոյթին, այս պարագային ալ յստակ է, որ «Հիզպուլլահ» յաջողած է իր «պէտքերը» գոհացնել ու այսօր ան պատրաստ է իր տուած խոստումները «յարգելու»:
Չմոռնամ նշել, որ կրօնական հիմունքներով կերտուած այս կազմակերպութեան գործելաոճը կը տարբերի այլ կազմակերպութիւններէ ու անոր առաջնորդներու կողմէ հնչած «խոստում»ները կը վերածուին իրականութեան:
Յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը 2006 թուականին, երբ Հասան Նասրալլայի լիբանանեան ջուրերը մտած իսրայէլեան մարտանաւը խոցելու հրամանը կը կատարուէր անոր պատկերասփռուած խօսքին զուգընթաց, այդպէսով «կոտրելով» արաբ ղեկավարներու խօսքին հանդէպ առկայ անվստահութեան եւ ճոռոմաբանութեան բոլոր կարծրատիպերը:
Ուրեմն բացառուած չէ, որ երբ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդը բարձրաձայն կը խօսի «ամոնիաք»ի պահեստանոցը թիրախ դարձնելու մասին, բացառուած չէ նաեւ, որ այդ սպառնալիքը դառնայ իրականութիւն:
Վերադառնալով իսրայէլեան ճակատին, պէտք է նաեւ շեշտադրել, որ իսրայէլացի գիտնականներ եւ մասնագէտներ, որոնք լրջութեամբ կը վերաբերին իրենց գլխաւոր հակառակորդին կողմէ հնչեցուած «խոստումներ»ուն մասին, բաւական մտահոգ եւ շփոթահար վիճակով մը նախաձեռնած են Հայֆայի քիմիական կեդրոններուն մասին մանրամասն թղթածրարներ պատրաստել ու ներկայացնել երկրի անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդին:
Այդ գիտնականներուն գլխաւորը՝ Իհոտ Քինանն է, որ այս նիւթերուն վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով ըսած է, թէ Հայֆայի «ամոնիաք»ի կայանին յարձակման ենթարկուելու եւ պայթելու պարագային՝ ան կրնայ պատճառ դառնալ մինչեւ 16 հազար անձերու սպանութեան: Քինան խօսած է նաեւ այլ կարեւոր նուրբ կէտի մը մասին, որ կը վերաբերի «ամոնիաք» նիւթը փոխադրող նաւուն, որ ամիսը անգամ մը Իսրայէլ կը հասնի եւ անոր 16.700 թոն «ամոնիաք» թունաւոր նիւթին պահեստանոց դատարկումը կը տեւէ ամբողջ օր մը: Ըստ Քինանի, եթէ «Հիզպուլլահ»ի հրթիռները յաջողին խոցել բեռնատար նաւը, ապա տեղի կ՚ունենայ կորիզային պայթումի համազօր աղէտ մը, որուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին, որովհետեւ պայթումին հետեւանքով շողարձակուող նիւթին ծովու աղի ջուրին հետ շփումը կրնայ տարածուիլ եւ ստեղծել թունաւոր ազդեցութեան լայնածիր գօտի մը, հասնելով մինչեւ հազարաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեան:
Այս բոլորէն անդին Նասրալլա չէ մոռցած իր ճառին մէջ սուր հեգնանքով մը Իսրայէլին «առաջարկել» քակել բաւական «հինցած» պահեստանոցը եւ հեռու մնալ իր սպառնալիքներէն, խոստանալով նաեւ, որ իրենք կարող են խոցել Իսրայէլ հասնող բեռնատար նաւը եւ կատակելով՝ «այդ պարագային, դուք ո՞ւր պիտի թաքցնէք նաւը»:
Այս բոլորին դիմաց Նեթանիյահու մինչեւ այս պահը լուրջ հակազդեցութիւն չէ ցուցաբերած ու անոր մօտիկ աղբիւրներ կը խօսին «արաբներուն» հետ բանակցութեան նոր ճանապարհներ գտնելու մասին:
Հետաքրքրական է, որ սիւննի աշխարհի տարբեր մեկնաբաններ Հասան Նասրալլայի խօսքին մէջ «պատերազմ շեփորելու» միտումներ կը տեսնեն, մինչ ինք՝ Նասրալլա ու անոր զօրակիցները կը հաւաստիացնեն, որ իրենք պատերազմի կողմնակից չեն, այլ այդ յայտարարոթիւնները կը կատարուին «խաղի նոր կանոններ» թելադրելու եւ պատերազմի վտանգները հնարաւորինս «հեռացնելու» համար:
Տակաւին չենք խօսիր այն մասին, որ նոյն Հայֆայի պահեստանոցը (երեսուներկու տարուան կեանք ունեցող) Իսրայէլի քիմիական նիւթերու գլխաւոր մատակարարն է եւ անոր շնորհիւ երկրի տասնեակ գործարաններէն բացի կը բանի նաեւ «Տիմոնա»ի միջուկային գործարանը:
Այս բոլոր տուեալները հաշուի առնելէ ետք է միայն, որ Իսրայէլ կրնայ նոր պատերազմ մը հրահրել «Հիզպուլլահ»ին դէմ այն պահուն, երբ անոր բանակային ուժերը առաջուան «պատրաստակամութիւն»ը չունին եւ չեն գտնուիր իրենց «ոսկեայ օրեր»ուն մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան