ՏԱԿԱՒԻՆ

Իբ­րեւ սրտի պարտք հիաց­մուն­քի, սէրս կ՚ու­զեմ յայտ­նել այն հսկա­յին՝ որ «Ան­չար» չըլ­լա­լո՞ւն ինք­զինք ՉԱ­ՐԵՆՑ մկրտեց փո­խա­րի­նե­լով Սո­ղո­մո­նեա­նը, թէ պար­զա­պէս ըմ­բոստ ո­գին էր, որ խօ­սե­ցաւ իր պա­տա­նի հոգ­ւոյն մէջ: Ո՞վ գի­տէ:

Դպրո­ցա­կան օ­րեր, ե­րաժշ­տա­կան պահ. Համ­բար­ձում Պէր­պէ­րեան եւ՝ «Ես իմ ա­նուշ Հա­յաս­տա­նի» ի՛ր յօ­րին­մամբ պի­տի սոր­վէինք: Տխուր էր ե­ղա­նա­կը. հարց տուինք ու­սու­ցի­չին, որ ը­սաւ, թէ այդ ժա­մա­նա­կա-շըր­ջա­նի ար­դիւնք է, երբ տխուր էր մթնո­լոր­տը. իսկ ա՛յն ինչ կը հնչէր Խորհրդային Հա­յաս­տա­նէն, բա­ռե­րը շեշ­տուած էին ու ըն­թաց­քը՝ ա­րագ:

Դպրո­ցա­կան օ­րեր. հայ գրա­կա­նու­թիւն. Վա­հէ Վա­հեա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած հա­յե­րէ­նի դա­սա­գիրք, իսկ ինք՝ դա­սա­տու, գե­ղե­ցիկ հա­մադ­րում: «Տաղ Մե­ռեալ­նե­րին»ը նե­րա­ռուած էր: Ման­րա­մաս­նօ­րէն, տող առ տող, ըմ­բոշխ­նե­ցինք վեր­լու­ծում­նե­րը, բա­նաս­տեղ­ծին շուն­չով: Հար­ցում­ներ կ՚ուղ­ղէինք ի­րեն ինչ որ հա­յե­րէ­նի կամ գրա­կան մար­զին կը պատ­կա­նէր:

Հե­տաքրք­րու­թիւն ա­ւել­ցաւ Չա­րեն­ցի մա­սին ու ա­հա «Սո­մա» եր­կա­րա­շունչ քեր­թուա­ծը.-

Որ­պէս քուր­մը Գան­գէ­սի,
Կա­րօ­տա­կէզ, սի­րա­կէզ -
Կեանքս տուե՜լ եմ լոյ­սիդ
Եւ եր­գում եմ քեզ:

Բախ­տա­ւո­րու­թիւն էր ի­րա­պէս ու­նե­նալ ու­սու­ցիչ­ներ, ինչ որ մեր սե­րուն­դը ու­նե­ցաւ: Ու­նէինք ա՛յլ բա­նաս­տեղծ ու­սու­ցիչ մը՝ Զ. Մել­քո­նեան ու հարց տուինք (Չա­րեն­ցա­սի­րու­թեան մէջ ա­ռան­ձին չէի) ի­րեն, թէ ի՛նչ է «Սո­մա»ն, Չա­րեն­ցի «Սո­մա»ն: Ը­սաւ որ գին­նի ա­նուն է ու վերջ: Ան­շուշտ յու­սա­խա­բուե­ցանք:

Ու­րեմն, պար­բե­րա­բար քով քո­վի գա­լով կը սեր­տէինք Չա­րեն­ցը, միտ­քեր շօ­շա­փե­լու, փո­խա­նա­կե­լու: Իսկ ե­թէ հար­ցում ու­նե­նա­յինք կը դի­մէինք Վա­հէ Վա­հեա­նին իբ­րեւ լրիւ եւ ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նի հա­ւաս­տիու­թեամբ եւ այդ կ՚ու­նե­նա­յինք, քա­նի որ եր­բեմն այն­պի­սի՛ ան­վեր­լու­ծե­լի միտ­քե­րու կը հան­դի­պէինք, մենք, պա­տա­նի­ներս, ինչ­պի­սին էր.-

Բո՛րբ աչ­քե­րիդ նա­յուած­քը թող
Ա­րիւ­նո­տէ սիրտս հի­մա -
Ե՛ւ թո՛ղ տես­նի սիրտս վա­ռուող
Մա­հուան մէջ - սէր, սի­րոյ մէջ - մահ…

Ե­կուր ալ հասկ­ցիր «մա­հուան մէջ - սէր, սի­րոյ մէջ - մահ» բայց «բա­նա­լի» մը ու­նէինք, որ ու­սու­ցի­չը սի­րա­յօ­ժար կը տրա­մադ­րէր իր ժա­մե­րէն, ե­թէ պէտք ըլ­լար, իր բնա­կա­րա­նին մէջ իսկ:

Գա­լով Չա­րեն­ցի մա­հուան ա­ռեղ­ծուա­ծին, կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րու վե­րի­վայ­րում­նե­րուն թէ՛ իր անձ­նա­կան եւ թէ ընդ­հա­նուր մեր ազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան ու վա­ղա­ժամ մա­հուան, բան­տար­կու­թեան դժնդակ պա­րա­գա­նե­րու տակ պա­տա­հած, քիչ մը սփո­փա­րար, իր ան­ձին վե­րա­բե­րեալ, ա՛յն էր թէ՝ ե­թէ նոյ­նիսկ ար­տա­քին, Խորհրդային Միու­թեան ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զո­հը չըլ­լար, ար­դէն իսկ հիւ­ծած էր իր մար­մի­նը, ինչ որ Վա­հեան կը հաս­տա­տէր, եւ թէ ինք ար­դէն դար­ձած էր ի­մաս­տուն՝ չծե­րա­ցած, ակ­նար­կե­լով Չա­րեն­ցի մէկ քա­ռեա­կին՝ նուի­րուած Յովհաննէս  Թու­մա­նեա­նին:

Կրակ կայ սրտիս մէջ, կրակ կայ
Գա­լի­քը կ՚ու­զեմ որ ա­րագ գայ
Ան­դարձ է կա­րօ­տը եր­գիս…

Գրա­սե­նեա­կա­յին գրող չե­ղաւ, այլ երբ պէտք էր միա­ցաւ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դին եւ ուղ­ղուե­ցաւ Վան: Գործ­նա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն:

Երբ յա­րա­բե­րա­բար ա­զատ շունչ փչեց Խորհրդային  Միու­թեան եր­կիր­նե­րուն, ի մաս­նա­ւո­րի մեր Հա­յաս­տա­նին, Չա­րենց «շունչ ա­ռաւ»: Չա­րեն­ցա­գի­տու­թիւ­նը ե­ղաւ ա­ռան­ձին թե­մա ու տա­կա­ւին «հան­քա­փոր­ներ» կը պե­ղեն յայտ­նե­լու լոյ­սին բե­րե­լու նոր մար­գա­րիտ­ներ:

Ա­ւար­տե­լով, լու­մա իբ­րեւ պարտք, մի քա­նի տող.-

ՅԱՐ­ԴԱ­ԳՈ­ՂԻ ՃԱՄ­ԲՈՐԴ­ՆԵ­ՐԸ

Թա­ղուած մնաց իմ ա­չե­րում մի ան­հուն
Կա­պու­տա­չեայ եր­ջան­կու­թեան ա­ռաս­պել
Մի երկ­նա­յին առն­չու­թեան պատ­մու­թիւն:

Ինչ որ մեր ե­րազն ու իղձն է ՏԱ­ԿԱ­ՒԻՆ­…ազ­գո­վի՛ն եւ ի՜նչ դժբախ­տու­թիւն… Ան­կա­խու­թեան մէջ, որ քա­ռորդ դա­րէ բա­ժինն է հայ­րե­նի­քին:

«Թա­ղուած մնաց…»

Ու ՏԱ­ԿԱ­ՒԻՆ.

Ար­դեօք ե՞րբ «Կա­պու­տա­չեայ եր­ջան­կու­թիւն»ը պի­տի ապ­րինք հո­ղի վրայ հայ­րե­նի:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017