ԿԱՐԷՆ ԽԱՆԼԱՐԵԱՆԻՆ, ՈՂՋՈ՜ՅՆ

Ամբողջ աշխարհ այս օրերուն տարուած է քորոնա վարակի խնդրով։

Չինաստանի Ուհան քաղաքէն ընթացք առած, անսպասելի, մի քանի սերունդի ժահր իր փորին մէջ պահած քորոնա վարակը կը ճամբորդէ աշխարհով մէկ։

Չինացիք, որոնք դեռ երէկ առաջինն էին, որ սարսափազդու տեսարաններ կը տարածէին, այսօր ինչ որ տեղ կը յայտարարեն, թէ իրենց մօտ իրավիճակը կիսով չափ հանդարտած է։

Քորոնայի մասին լուրեր տարածող, տեղեկութիւններ սփռող լրատուական ծառայութիւնները այլեւս շատ չեն խօսիր վարակին ծննդավայր համարուող Ուհանի մասին, կարծէք Ուհանը դարձած է երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ կարգի լուր։

Ճիշդ է, որ մահացութիւններու առումով Չինաստանը կը շարունակէ պահպանել աղիւսակի առաջին դիրքը, ուր թագաժահրին պատճառով հողին յանձնուածներուն թիւը հատած է 3 հազարը, սակայն այսօր նոր իրավիճակ կը տիրէ աշխարհի մէջ։

Երէկ նոր էր Քումը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան այդ գողտրիկ եւ կրօնաբոյր քաղաքը, ուր վարակը աւերներ կը գործէր ու անկէ ետք «կը ճամբորդէր» դէպի մայրաքաղաք Թեհրան։

Երէկ նոր էր Լիբանանի կապոյտ ջուրերուն վրայ իր ոտքերը երկարած Պիպլոս քաղաքը, ուր այսօր վարակային մեկուսացման ընդհանուր պայմաններ կը տիրեն ու վերջապէս երէկ նոր էր Իտալիոյ Լէ Մարչէ գիւղակը, որուն կենսավառ բնակիչներուն մեծ մասը այսօր արդէն ծուարած են իրենց տան լուռ ու ամփոփ սենեակներուն մէջ։

Աշխարհը նոր իրավիճակ մը կ՚ապրի։ Համաճարակը, որուն մասին կը գրենք, իր առաջին թունոտ քայլերը նետած է ու մտած՝ մեր կեանքի ամենայետին մանրամասնութիւններուն մէջ։

Ամէն օր կը մտածենք իր մասին, ամէն օր կը յիշենք, որ մեր ձեռքերը աւելի լաւ պիտի լուանք, աւելի լաւ օճառներ պիտի գործածենք, նոր դիմակներ պիտի առնենք (կարծես հասարակութեան կողմէ մեզի պարտադրուած դիմակները հերիք չէին...), որպէսզի բոլորս միասին պայքարինք նորին մեծափորձանք քորոնային դէմ։

Հարիւրաւոր, գուցէ հազարաւոր մարդիկ այսօր փոխած կամ վերատեսութեան ենթարկած են իրենց կեանքի մինչեւ հիմա ընդունած օրէնքները, վերամշակած կամ վերափոխելու վրայ են մինչ այդ պատրաստած ծրագիրները եւ ափ ի բերան կը սպասեն, որպէսզի քորոնայի նահանջին մասին աւետիս մը առնեն...։

Կան մարդիկ, որոնք իրենց տուները քաշուած են, կան մարդիկ, որոնք իրենց կարեւոր գործերը ընելէ ետք տուն հասած են ու կան մարդիկ, որոնք կը պայքարին։

Կը պայքարին ոգիով ու սիրտով, սիրտ կու տան իրենց եղբայրներուն, հոգի կը պահեն, վէրք կը բուժեն ու կան նաեւ աւելի վեհերը, որոնք հիւանդանոցներու մէջ քորոնայով վարակուածներուն համար դեղ ու դարման կ՚որոնեն։

Կան մարդիկ, որոնք պատուաստներու վրայ կ՚աշխատին ու կան պարզ, շատ պարզ մարդիկ, որոնք իրենց շուրջիններուն կեանք եւ եռանդ կը ցանեն։

Որքան շատ է մարդոց տեսակը եւ որքան ազնիւ են անոնք, որոնք այս դժուարին օրերուն ալ չեն մոռնար, թէ այս փուլն ալ, վարակն ալ պիտի անցնին ու հեռանան... Փոթորիկներուն պէս, որ կը զարնուին մայր ափերուն, ալիք կը դառնան, աւազներուն մէջէն հողմի պէս կը կաթին, կ՚անձրեւեն, որպէսզի յետոյ նորէն կապոյտ երկինք մը պարզեն։

Այդ մարդիկ շատ լաւ գիտեն, թէ իրենք այստեղ եկած են յոյս տալու համար, առաջնորդելու համար, օգնելու համար, ձեռք մեկնելու եւ վէրք բուժելու համար... ու ափսո՜ս, որքան քիչ են անոնք, որքան քիչ են այդ տեսակի մարդիկը ու որքան կարեւոր ու վեհ են անոնք...

*

Օրեր առաջ Իրանի հոգեւոր առաջնորդը՝ Այեթուլլահ Ալի Խամանէյին օրէնք մը կը հրապարակէր, որուն հիմամբ քորոնա վարակին դէմ պայքարած ու այդ ճանապարհին վրայ մահացած բոլոր բժիշկները, բոյժ-քոյրերն ու եղբայրները բոլորն ալ նահատակներ պիտի սեպուին։

Իրաւացի էր Այեթուլլահը, որովհետեւ այսօրուան իրադրութեան մէջ անոնք հասարակութեան ամենակարեւոր դէմքերն են, անոնք են ի վերջոյ, որ կուրծք կու տան այդ մահաբեր ժահրին, անոնք են ի վերջոյ, որ կաթիլ մը խաղաղութիւն կը տարածեն, բարի խօսք մը, բարի ժպիտ մը կը պարգեւեն...

Ու ի զուր չէ, որ Իրանը քորոնայի դէմ տարած իր կատաղի ու քաջ պայքարի տեսակով օրինակ պիտի ծառայէ մեծ թիւով երկիրներու։

Այս բոլորին մէջ ալ բնաւ զարմանալի չէ, թէ աչքերուս առջեւ պիտի յայտնուի մեր հայրենակից, Իրանի խորհրդարանի հայազգի անդամ տքթ. Կարէն Խանլարեանի կեանքով լեցուն հայեացքը...

Կարէն Խանլարեան անոնցմէ մին է, որ անցնող օրերուն այցելեց Թեհրանի հայ բնակչութեան թաղամասերը։

Մօտէն ծանօթացաւ Սարդարապատ, Սասուն եւ Զէյթուն շրջաններու բնակիչներու վիճակին։

Վէրք մը բուժելու պէս՝ խօսք մը ըսելով, սիրտ մը բաշխելով, արի կամք մը մեծցնելով։

Կարէն Խանլարեանն ալ հերոս է, ու հերոս է ամէն հայորդի, որ իր ժողովուրդին մօտ կանգնած է։

Այդ հերոսը, ինչ ալ ըլլան պայմանները, կը շարունակէ դիավարել, կը շարունակէ մաքառիլ ու հաստատել, որ մեր ժողովուրդը ո՛ւր ալ ըլլայ, ան առանձինն չէ այս պայքարին մէջ։

Հազար ողջոյն, բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին այս մահաբեր ժահրին դէմ, հազար ողջոյն այդ տեսակին...

Եւ ողջո՜յն մ՚ալ իմ լաւ բարեկամ Կարէն Խանլարեանին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2020