«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՆԴԻՄԱՆԵԼ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՉՅՈՒՍԱԼ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինքնայանդիմանութիւնը հոգեւոր պայքարին չ՚օգնե՞ր:

-Կ՚օգնէ, սակայն զանազանելու կարիքն ունի: Մարդ ինքն իր մասին կրնայ ըսել. ես յիմա՞ր եմ, որ սատանան խաբէ զիս: Սակայն, ասիկա առնականութեամբ կ՚ըսէ եւ ո՛չ թէ երկչոտութեամբ: Հոգեւոր կեանքի աճման նշաններէն է ինքնայանդիմանութիւնը եւ յոյսին կառչիլը: Յուսահատութիւնը -դրական իմաստով- եսէն ու եսապաշտութենէն, եւ շարունակել պայքարը յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով ու զգալ, թէ ինչ որ կը կատարեմ կը զարդարէ որեւէ մէկ բան…։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԳՈՐԾԸ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ ինպէ՞ս կրնայ ինքզինք միշտ սխալի մէջ տեսնել:

-Երբ ուշադրութեամբ կը քննէ զայն, եւ ինչքանով որ կը քննէ ինքզինք ուշադրութեամբ՝ զայն սխալ կը տեսնէ:

-Ինչպէ՞ս կարելի է օգնել մարդու մը, որ բազմաթիւ մտահոգութիւններ ունի, որպէսզի այդ գործը կատարէ:

 -Յիսուսին աղօթքը ըսելով կէսօրին, եւ մի քանի ժամեր գտնել ազատ ժամանակէն: Մթերավաճառը ամէն իրիկուն իր դրամները կը հաշուէ, որպէսզի պարտքի տակ չիյնայ եւ բանտ չնետուի:

-Ո՜վ Ռոնտա. շատեր չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն խոստովանութեան ժամանակ:

-Ատիկա կը նշանակէ, որ ուշադրութեամբ չեն աշխատիր իրենք իրենց վրայ, եւ այդ ատեն ծանր մեղքերը անտեսանլեի կը մնան իրենց համար: Պէտք է մեր հոգիներուն աչքերը բիւրեղացնենք: Կոյրը ո՛չ մէկ բան կը տեսնէ: Իսկ միաչքանին իրերը կը տեսնէ, սակայն երկու առողջ եւ զօրաւոր աչք ունեցողը իրերը աւելի լաւ կը տեսնէ: Իսկ ան որ հեռադիտակ կ՚օգտագործէ, հեռու եւ մօտիկ եղած բաները աւելի յստակութեամբ կը տեսնէ: Կրնամ երեք ժամուան ընթացքին սրբանկար մը փորագրել, բայց եթէ զայն մէկ կողմ դնեմ ու երեք օր ետք վերադառնամ, անոր մէջ որոշ բացթողումներ պիտի նկատեմ: Նոյն գործը կրնամ ընել մէկ շաբթուան, կամ մէկ ամսուան, կամ տարուան, կամ աւելի [ժամանակուան] ընթացքին, ինչքանով որ ուզեմ ան մանրակրկիտ ըլլայ, ինչպէս նաեւ կրնամ խոշորացոյց մը օգտագործել, հետեւելու բոլոր մանրամասնութիւններուն: Ըսել ուզածս այն է, որ հոգեւոր գործը աւարտ չունի, եւ մարդ ինչքան որ յառաջանայ հոգեւորապէս, այդքանով կը բիւրեղանան իր հոգիին աչքերը, ու այսպիսով կրնայ իր բոլոր թերութիւնները տեսնել աւելի յստակ կերպով, ինչ որ զինք խոնարհութեան կը մղէ իր բազմաթիւ թերութիւններուն դիմաց, որով Աստուծոյ շնորհքը կ՚ընդունի:

Սուրբերը երբ կ՚ըսէին, թէ՝ մենք խեղճ մեղաւորներ ենք, կը հաւատային այդ խօսքին, որովհետեւ իրենց հոգիին աչքերը խոշորացոյց եղած էին, եւ ինչքանով հոգեւորապէս կը յառաջանային, այդքանով խոշորացոյցը աւելի կը յստականար, որով կը տեսնէին բոլոր մեղքերը ինչքան ալ փոքր ըլլային անոնք. այդպիսով, միշտ կը զգային, թէ մեղաւոր են ու որ իրենց մէջ բնակող Աստուծոյ շնորհքին կարիքն ունին աւելի եւ աւելի:

Սովորական աչքերով ձեռքիս կը նայիմ, գեղեցիկ կը թուի: Սակայն, եթէ անոր խոշորացոյցով նայիմ, ապա [ձեռքիս] մազերը փոքրիկ բոյսերու կը նմանին: Եւ ես ինծի հարց կու տամ. ես մա՞րդ եմ, թէ՞ գազան: Նկատի ունիմ, եթէ կը պժգամ իմ հին մարդէս:

Մեր հին մարդը չար վարձուոր մըն է մեր ներսիդին: Որպէսզի հանգստանանք անկէ, պէտք է վռնտենք զինք՝ տունը քանդելով եւ նոր մը կառուցելով. «Հինը անցաւ այլեւս, եւ ահաւասիկ ամէն ինչ նորոգուեցաւ» (տե՛ս Բ. Կր 5.17):

ԶՂՋՈՒՄԸ ՄԵԾ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ

«Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին…» (Ղկ 15.17)

Աստուած շա՜տ մօտիկ է մեզի եւ միաժամանակ շատ բարձր է, եւ մարդ պէտք է խոնարհի ու զղջայ, որպէսզի «քաշէ» Աստուծոյ, իջնելու եւ իր հետ բնակելու: Այն ատեն, ողորմածն Աստուած այս խոնարհ մարդը կը բարձրացնէ եւ Իր սիրով կը պարուրէ. եւ ըստ Աւետարանին՝ «երկինքին մէջ նոյնպէս ուրախութիւն  պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար» (Ղկ 15.7):

Աստուած մարդուն խիղճ տուաւ, որպէսզի գիտակցի իր թերութիւններուն, զղջայ եւ թողութիւն խնդրէ: Տարօրինակ է այն մարդը, որ չի՛ զղջար: Տգէտ է այն մարդը, որ զղջում չ՚ուզեր, որով կ՚ազատագրուի դժոխքէն, ուր որ կ՚ապրի, եւ որ զայն յաւիտենական դժոխքին պիտի տանի: Այսպիսով, կը զրկուի երկրային դրախտային ուրախութիւններէն, որոնք կը շարունակուին յաւիտենական դրախտին մէջ՝ Աստուծոյ եւ անոր հսկայ ուրախութիւններուն հետ:

Աստուծմէ հեռու մարդը ինքնիրմէ դուրս կ՚ըլլայ: Իմաստուն զաւակը ինքնիրեն վերադարձաւ ու ըսաւ. «Ելլեմ երթամ հօրս մօտ» (Ղկ 15.18), այսինքն՝ երբ գիտակցեցաւ ու զղջաց՝ ըսաւ. «Հօրս մօտ վերադառնամ»: Մեղքին մէջ կ՚ապրէր եւ ինքնիրմէ դուրս էր, գիտակից չէր, որովհետեւ մեղքը զինք գիտակցութենէն հեռացուցած էր:

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ կը նշանակէ Հայր Ալոնիոսին ըսածը. «Մարդը, եթէ ուզէ, կրնայ աստուածային բարձրութեան մը հասնիլ կարճ ժամանակուան ընթացքին, որ առաւօտէն գիշերուան միջոցէն աւելի երկար չէ» (Հայր Ալոնիոսին Եարոնտիքոնը, էջ 20):

-Հոգեւոր կեանքը տարիներու կարիք չունի: Վայրկեաններու ընթացքին մարդ կըր-նայ դժոխքէն դրախտ փոխադրուիլ՝ եթէ զղջայ: Մարդն ալ կը փոխուի, կրնայ հրեշտակ ըլլալ, ինչպէս նաեւ՝ սատանայ… Ա՜հ, ի՞նչն է խորհուրդը այս զօրութեան, որ զղջումը ունի: Ան աստուածային շնորհքը կը ներծծէ:

Խոնարհ մտածում մը, կրնայ մարդու փրկութեան պատճառ ըլլալ: Ինչպէս նաեւ հպարտ մտածում մը, կրնայ իր կորուստին պատճառ դառնալ: Բնականաբար, խոնարհ մտածումին պէտք է ընկերակից ըլլան ներքին խոկումն ու ինքնաոչնչացումը: Մտածումը մտածում է, սակայն սիրտն ալ կայ…:

-Ո՜վ Ռոնտա. մեծ տարիքի մարդ մը կրնա՞յ ինքզինքին հոգեւորապէս օգնել:

-Այո: Մարդ երբ կը մեծնայ, անոր կը տրուի զղջումի հնարաւորութիւն՝ նկատի ունենալով սխալ զգացումներու բացակայութիւնը: Սկիզբը դժուարութիւններ չէ ունեցած, որովհետեւ յաղթանդամ է եւ մարմինը իր տկարութիւնները չի՛ ճանչնար: Հիմա, տկար եւ դժուարութիւնները դիմագրաւելու վիճակին մէջ, կը տրտնջայ ու կը հասկնայ, թէ լաւ չէ ու կը զղջայ: Եթէ հոգեւորապէս օգտագործեց իր կեանքին մնացած տարիները եւ օգտուեցաւ անցնող տարիներու փորձառութենէն, ապա Յիսուս կ՚ողորմի անոր ու չի՛ լքեր զինք:

ԶՂՋՈՒՄԻՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ

Զղջումը արցունքներու մկրտութիւնն է: Զղջումով մարդը նորովի կը մկրտուի եւ վերստին կը ծնի: Պետրոս Առաքեալը ուրացաւ Յիսուսին, որով ձեւով մը դաւաճանեց Անոր, սակայն՝ «դառնագին լացաւ» (Մտ 26.75), եւ լուծում գտաւ իր գործած սխալին: Անկեղծ զղջումը վերստին լուաց ու սրբացուց զինք: Տե՛ս, Աստուած նախ երկիրը, ծովերն ու բոլոր արարածները ստեղծեց, ապա՝ հողէն մարդը շաղեց, որով մարդ նախ մարմնապէս ծնաւ, ապա՝ մկրտութեան ջուրին միջոցով՝ զոր Աստուած ստեղծեց, հոգեւորապէս ծնաւ, եւ ի վերջոյ Սուրբ Հոգիով՝ աստուածային շնորհքին միջոցով: Այսպիսով, «ջուրով ու Հոգիով» (Յհ 3.5) նոր մարդ եղաւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 26

26 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021