ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Համաշխարհայնացումը (globalization) մեր դարու նոր երեւոյթն է, որ իրար մօտեցուցած է ցամաքամասներն ու ժողովուրդները: Համաշխարհայնացումը բարիք մը նկատուած է մարդկութեան, իրարմէ կախեալ դարձնելով ժողովուրդները: Բազմաթիւ այլ բարիքներու կողքին համաշխարհայնացման անէծքն է նաեւ այսօր քորոնաժահրի համաճարակը: Աղէտ մը, որ մարդկութիւնը մատնած է ահ ու սարսափի, դարձեալ իրար մօտեցնելով ազգերն ու աշխարհամասերը՝ այս անգամ հասարակաց վախի ազդեցութեան տակ: Մարդկութիւնը որքան ալ հզօր զէնքեր ստեղծէ փոխադարձ սարսափի մատնելու հակամարտ ուժերը, չի կրնար գերազանցել բնութիւնը, որ իր աղէտներով կը գերազանցէ ամէն վտանգ ու վախ:

Այսօր, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներ - ինչպիսիք են Սպանիա եւ Իտալիա - երախտապարտութիւն կը յայտնեն համայնավար Չինաստանին, որ դեղօրայք ու բժշկական օգնութիւն կը մատուցանէ այդ աղէտեալ երկիրներուն:

Հին դարերուն, երբ հաղորդակցութեան միջոցները նախնական վիճակի մէջ էին, ու մարդիկ երկար ճամբորդութիւններով կրնային հասնիլ տարբեր երկիրներ եւ աշխարհամասեր, բնականօրէն հեռու կը մնային իրարմէ եւ հետեւաբար նաեւ՝ մէկ երկրամասը պատուհասուող աղէտներէն:

Տարբեր ազգեր երկար ժամանակ անց միայն իրազեկ կը դառնային, որ բնական աղէտներ հարուածած են որոշ երկիրներ. կամ՝ կը մնային բոլորովին անտեղեակ:

Քաղաքակրթութեան յառաջացումով - երբ փոխադարձ այցելութիւնները զարգացան - միեւնոյն համեմատութեամբ ալ աղէտները սկսան ստանալ համաշխարհային տարողութիւն:

Այսօրուան պսակաձեւ ժահրի՝ «քորոնա»ի համաճարակը կարծէք թէ կը հետեւի Սեւ մահուան (Black Death) համաճարակին, որ մարդկութիւնը հարուածեց Միջին դարերուն: Այդ համաճարակը ծագած էր Միջին Ասիայէն, 14-րդ դարուն եւ կը կարծուի, որ 1347-1351-ին ան հասած էր Եւրոպա՝ առնէտներու միջոցաւ, որոնք կ՚երթեւեկէին Ճենովայէն (Իտալիա) մինչեւ Չինաստան, Հնդկաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներ: Այդ առեւտուրի հետեւանքով վարակը Ասիայէն փոխանցուած էր Եւրոպա: (Ի դէպ, առեւտրական այդ նաւերէն շատեր կը պատկանէին ջուղայեցի հայ առեւտրականներուն): Սեւ մահու համաճարակը սպաննած էր Եւրոպայի 475 միլիոն բնակչութիւնը՝ իջեցնելով 350 միլիոնի:

Քորոնաժահրն ալ սկսաւ Չինաստանէն, ենթադրաբար ջղջիկներու միջոցներով տարածուելով եւ հասաւ մինչեւ աշխարհի ամենէն հեռաւոր անկիւնը:

Ներկայ ժամանակներուն համաճարակներու ահազանգը հնչեցուց Պիլ Կէյց, 2016-ին, օրինակ բերելով 1918-ի Սպանական համաճարակը, որ խլած էր 30 միլիոն մարդկային կեանքեր: Ան յատկապէս նշեց, որ մեծ պետութիւնները հսկայական գումարներ ծախսած են հիւլէական հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար, սակայն, շատ աւելի նուազ գումարներ՝ պաշտպանելու համար համաճարակներու դէմ: Եւ այսօր, ահա, կ՚իրականանայ Կէյցի մարգարէացումը՝ անակնկալ տարածումովը քորոնաժահրին:

Սեւ մահը հսկայ փոփոխութիւններ բերաւ Եւրոպայի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ: Շատ հաւանա-կան է, որ նման փոփոխութիւններ գան յեղաշրջելու այսօր համայն աշխարհին ճակատագիրը:

«Հին աշխարհը քանդւում է, նորին մէջ հանդէս գանք նոր պատկերով» ըսաւ Հայաստանի վարչապետը այս նոր համաճարակին կապակցութեամբ։

Ճիշդ է, թէ ամէն հայ մտահոգուած է իր ապրած երկրին ճակատագրով, որովհետեւ այդ ճակատագիրը անխուսափելիօրէն պիտի անդրադառնայ իր սեփական կեանքին: Սակայն, միեւնոյն ատեն համայն հայութեան հայեացքը ուղղուած է նաեւ Հայաստանին:

Այսօր Հայաստանը անկախ երկիր մըն է, որ պէտք է իր ճակատագիրը տնօրինէ ինքնուրոյն կերպով: Անցեալին որքան ալ կաշկանդուած ըլլար համասովետական անազատութիւններով, միշտ պիտի ապաւինէր Մոսկուայի նեցուկին: Այսօր իր ազատութեան գինը պիտի վճարէ ստեղծելով իր սեփական տնտեսութիւնը, իր բանակն ու քաղաքականութիւնը: Ներկայիս 140-է աւելի երկիրներ կը տագնապին համաճարակի պատճառով: Յատկապէս աղէտալի է եւրոպական երկիրներու վիճակը - մասնաւորաբար Իտալիա եւ Սպանիա: Չինաստանը, ուրկէ ծագում առած էր համաճարակը, արդէն սկսած է զսպել անոր ծաւալումը, ի գործ դնելով իր հզօր միջոցները: Մեզի համար մտահոգիչ կը մնայ մասնաւորաբար Իրանի վիճակը, ուր 20 հազարի հասած է վարակուողներուն թիւը առ այսօր. կարելի չէ գուշակել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ վաղը:

Իրանը Հայաստանի գլխաւոր գործակիցներէն մէկն է եւ ամենէն բարեկամ երկիրը: Այս երկու երկիրներուն աշխարհագրական մերձաւորութիւնը ու առեւտրական շրջանառութիւնը կրնային - ու դեռ՝ կրնան - պատճառ հանդիսանալ, որ վարակը ներխուժէր Հայաստան, անսանց կերպով: Սակայն, բարեբախտաբար, առ այսօր վարակեալներուն թիւը հասած է 160-ի, համեմատաբար ցարդ խնայուած երկիրներէ մէկը կարելի է նկատել Հայաստանը:

Այս յաջողութիւնը չէր կրնար իրագործուիլ ինքնաբերաբար, եթէ պետութիւնը համապատասխան քայլերը առած չըլլար:

Արդէն երկրին մէջ հաստատուած է արտակարգ իրավիճակ երեսուն օրուան համար: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը հոգեբանօրէն պատրաստուած են արտակարգ իրավիճակներու, մնայուն կերպով կէս պատերազմի եւ կէս խաղաղութեան պայմաններուն բերումով: Խորհրդարանը ընդունեց օրինագիծ մը պատժելու համար օրինախախտումները: Ցարդ երկիրը հեռու է խուճապային վիճակէ: Հակառակ որ սահմանները կը մնան փակ, սակայն բնակչութեան պարենաւորումը կը մնայ բնական վիճակի մէջ: Հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ բնակչութիւնը կը դիմաւորէ տագնապը քաջութեամբ եւ երբեմն ալ՝ ճակատագրապաշտութեամբ:

Ամերիկայի մէջ նախագահ Թրամփ տագնապը կը դիմագրաւէ հզօր ներդրումներով: Մէկ թրիլիոն տոլար պիտի տրամադրէ ժողովուրդին եւ տնտեսութեան, յաղթահարելու համար համաճարակին գործելիք աւերները:

Բարեբախտաբար Հայաստան եւս պատրաստ է իր չափանիշերով կենսաւորելու տնտեսութիւնը: Պետութիւնը 80 միլիառ դրամ կը տրամադրէ աղէտին դէմն առնելու: 25 միլիառ դրամ պիտի տրամադրուի դրամատուներուն եւ ճարտարարուեստին, իսկ 25 միլիառ ալ՝ ընկերային հարցերու եւ ժողովուրդին բարեկեցութեան: Առայժմ առողջապահութեան հնարաւորութիւնները բաւարար կը նկատուին սահմանափակելու համաճարակին տարածումը եւ բուժելու հիւանդները:

Եւրոպական 
երկիրներու պետութիւնները ճարահատ կը թուին
 աղէտին ծաւալին 
նկատմամբ, ու
 կարգ մը երկիրներ
 իրենց միջոցներէն
 վեր կը նկատեն
 համաճարակի
 յաղթահարումը:
 Բարեբախտաբար
 Հայաստան հեռու
 է այդպիսի իրավիճակներէ: Պետութիւն եւ ժողովուրդ համերաշխօրէն կը գործեն
 աղէտին դիմաց:
 Փաշինեան ինք,
 անձամբ տեղեակ 
կը պահէ քաղա
քացիները ամէն 
երեկոյ հաղորդումներ կատարելով կամ հարցազրոյցներու մասնակցելով: Մինչեւ անգամ անձամբ կ՚այցելէ խանութներն ու հիւանդանոցները հաղորդ մնալու կացութեան եւ վստահեցնելու բնակչութիւնը որ պետութիւնը հակակշռի ներքեւ կը պահէ կացութիւնը:

Համաշխարհային մակարդակով թէ շրջանային ծաւալով համաճարակը դեռ չէ հասած իր գագաթնակէտին: Դժբախտաբար տակաւին կը պակսին դարմանումի եւ կանխարգիլման դեղօրայքները եւ կ՚ըսուի, թէ բժշկական աշխարհը արշաւի մէջ է հնարելու համար ազդու դեղամիջոցներ: Մինչ այդ կը մահանան մարդիկ զանգուածային համեմատութիւններով: Իտալիոյ մէջ մահացութեան թիւը կը հասնի 2000-ի 24 ժամուան ընթացքին:

Աննախատեսելի պայմաններու ներքեւ է մարդկութիւնը այս անտեսանելի աղէտին դիմաց: Պետութիւնները հսկայ գումարներ ծախսած էին հիւլէական զէնքերու՝ պաշտպանելու համար իրենց երկիրներն ու ժողովուրդները, սակայն անոնք բոլորը հաւաքաբար անզօր մնացած են այս մանրէին դիմաց եւ իրարու կը յարին պաշտպանուելու եւ փրկելու մարդկութիւնը այս բնական աղէտէն: Կը շարունակուի պայքարը մարդկային հնարամտութեան ու բնութեան զօրութեան միջեւ: Անկարելի պիտի մնայ բնութեան ուժերը ամբողջութեամբ ենթարկել մարդկային կամքին, սակայն, հաւասարակշռութիւն մը երկուքին միջեւ պիտի կրնար թողուլ լուսանցք մը, մարդկային կեանքը շարունակելու այս մոլորակին վրայ:

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020