ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԱՌ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԷՆ
Այսօր լայն հնարաւորութիւն ունինք հասկնալու, թէ մեր՝ սփիւռքահայ գրականութիւնը ի՛նչ կենդանի բաբախումներ ունի։ Ունի՛։ Կան գրական թերթեր, գրական առցանց հարթակներ, պլոկներ, դիմատետր, առանձին հրատարակութիւններ։ Ամէն օր բանաստեղծութիւն մը, ակնարկ մը, պատմուածք մը, գեղարուեստական շունչով գրուած նոթ մը կարդալու առիթ մը ունիս։
Ես նկատի ունիմ՝ արեւմտահայերէնով կարդալու հնարաւորութիւն ունիս։
Եւ դեռ ունիս բանաստեղծներ, որոնք չունին Վահան Թէքէեանի անդոհանքը, թէ
Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…
Եւ քերթուածները որոնց մէն մի բառին ու վանկին
Վրայ ես սիրտ հատցուցի՝ գուցէ անկիւն մը պառկին
Առանց որ մէկը դնէ իրենց բուն շեշտն անոնց վրայ…
Եւ կը գրեն․․․
Այո, սփիւռքահայ բանաստեղծութեան Յարդգոդի ճանապարհը կը շարունակուի անվերջութեան մէջ։ Ինչ մեծ հրճուանք է տեսնել, թէ աւագ սերունդի մեր բանաստեղծները տակաւին կ՚երկնեն, կ՚երգեն ու կը յուզեն, կը տղտղեն մեր մեր միտքն ու հոգին՝ Վեհանոյշ Թեքեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Արա Ճուհարեան…
Անշուշտ, ամենէն ոգեւորողը գրասէրներու ուղղակի հանդիպումն է գրողներուն հետ։
Այդպիսին էր երէկ երեկոյ Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը հաւաքուած գրասէրներու հանդիպումը արեւմտահայերէնով գրող հայրենաբնակ երեք բանաստեղծներու հետ․
Տիգրան Գաբոյեան,
Սագօ Արեան,
Յակոբ Նալպանտ։
Ռիթա Կաղեան հերթաբար մէկական կտոր ընթերցելէ ու բանաստեղծը ներկայացնելէ ետք՝ բանաստեղծներուն առիթ տուաւ կարդալու իրենց բանաստեղծութիւնները։ Մտիկ ըրինք, ծափահարեցինք, փորձեցինք հասկնալ, վերլուծել, տպաւորութիւնը իմաստաւորել։ Կարեւորը այն էր, որ արդէն մօտ երկու տասնամեակ գրական անդաստանէ ներս երեւցող այս գրողները, իւրաքանչիւրը իր կարգին, բանաստեղծական ինքնութիւն մը կը բացայայտէին, ապրումի, գաղափարի արտայայտութեան ինքնատպութիւն մը, աշխարհն ու մեր շրջապատը ընկալելու ու բացայայտելու ինքնուրոյն եղանակ մը, ու կրնային տպաւորել, մտածել տալ, յուզել։
Զգացինք, որ բանաստեղծութիւնը խօսքի վերածուած պատառ մը էութիւն է մեր ներաշխարհէն։
Շնորհակալութի՛ւն «Յառաջ»ին՝ այս հանդիպումը կազմակերպելուն համար։ Երանի ամէն տեղ, մանաւանդ մեր դպրոցները ըմբռնեն, թէ այսպիսի ձեռնարկներ ինչ մեծ ներգործութիւն կրնան ունենալ դպրոցական տղոց վրայ։
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Էրեբունի» կայքէջ
Հարթակ
- 11/30/2024