ԶՂՋՈՒՄ
Ի՞նչ ըրի ես, ինչո՞ւ թոյլ տուի այս մեծ յանցանքին, որ անմոռնալի է, բայց ինչպէ՞ս ոտքերս ուղղուեցան դէպի հոն, տկարութի՞ն էր արդեօք, անցեալի կարօ՞տ, որուն հասնիլ կը կարծէի այս առնուած քայլով: Ո՛չ, երբե՛ք, անցեալը չի վերադառնար, չի վերակենդանանար, կարելի իսկ չէ, արդէն եթէ կարելի ըլլար, անցեալ չէր կոչուեր:
Այս պատահածին մասին ոչ մէկը տեղեակ պիտի ըլլայ, ինծի հետ պիտի թաղուի այս գաղտնիքը, որ միայն զղջում պատճառեց...: Տակաւին կը խորհիմ, թէ ինչպէ՞ս գացի, ինչո՞ւ արդեօք ան դէմս ելաւ, եւ այնպիսի պահու մը, երբ զզուանքը պատած էր զիս, անիմաստ դարձած էր կեանքս, դատարկաբանութիւն էր ամէն ինչ, միօրինակութիւն թերեւս, յուզուած էի նախորդ գիշերուան անհամաձայնութենէն, որ օրական մի քանի անգամ կը կրկնուի, երբ յայտնուի ամուսին կոչեցեալը: Մարմինս հարուածներէն կոշտացած է, հինը չբուժուած նոր կապոյտ դրոշմներ կը ներկեն մորթս, գունաւոր պաստառի մը նման է, կաշին ամրացած անասունի կը նմանիմ: Կ՚արժէ՞ արդեօք այսքան զոհողութիւն ընտանիքի համար: Համաձայնութեան եզր մը չունիմ կողակիցիս հետ, մածունին սեւ ըսելէն իսկական մածունն ալ սկսած եմ սեւ տեսնել: Բայց զաւակներուս մեղքը ի՞նչ է, արդէն իրենց համար է, որ կը կրեմ խաչը ուսերուս ու կը համբերեմ, այլ կը գոյատեւեմ ի սէր անոնց:
Ա՜խ այն օրը, երբ տեսայ զինք հազիւ այն միջոցին, երբ զաւակներուս հետ մայթը կը կտրէինք դէպի դիմացինը, ուշադրութիւնս կեդրոնացուցած էի անդրանիկիս վրայ, որ քիչ մը մեծ ըլլալուն համար ձեռքը չէի բըռ-նած, հազիւ երկուքին ձեռքը բռնէի: Անցանք փողոցը, խաղաղ էր, ինքնաշարժներ չկային, ինք դէմէն կու գար, ես կ՚երթայի դէպի իրեն, քայլերս կարծես կ՚արձագանգէին սրտիս բաբախիւնը, որ կը լսուէր: Աչքերը կը մօտենային, իմ ալ աչքերս: Ան նոյն ժպտադէմ հայեացքով կը դիտէր զիս, մազերուն գանգուրները մոխրագոյնի վերածուած էին ու տարիքը յառաջացած ըլլալուն քիչ մըն ալ գիրուկցեր էր: Կը վայելէր իր տարիքի տղամարդու գեղեցկութիւնը:
Է՜հ, ուրեր տարաւ զիս այդ ակնթարթը: Նայուածքս իրեն սեւեռած կը տեսնէի երանելի պատանութիւնը մեր: Տեսա՞ւ արդեօք նայուածքիս մէջէն երեւակայութիւններս: Կամ արդեօք ինք ալ երեւակայե՞ց նոյնը: Առաջին համբոյրը ինք դրոշմած էր դէմքիս, շատ անմեղ ու սիրելի՜, առաջին սիրոյ խոստովանութիւնը իրմէ լսած էի: Ինչո՞ւ մերժեցի իր ամուսնութեան առաջարկը այդ ժամանակ: Երբեմն անմտութիւնը կը պատէ մարդս, որուն հետեւանքով առնուած որոշումները կը գծեն անբաղձալի ճակատագիրը անհատին, գլխիվայր կը շրջեն ամէն երազ, ամէն հեռանկար:
Կեցաւ ան, դարձաւ նոյն մայթին անկիւնը, ուրկէ կու գար, վստահ ճանչցաւ զիս ու փափաքեցաւ բարեւ մը փոխանակել: Աչքերը կը փայլէին, իմ ալ, երկուքս ալ կ՚ապրէինք կարծես տարիներ առաջուան մեր հանդիպումներու ջերմ պահերը: Մօտեցայ, շատ մօտ, սիրտս դուրս պիտի թռէր կարծես, վըս-տահ ինք ալ նոյնը կը զգար: Ձեռքը գրպանէն հանեց ու բարեւեց, ձագուկներուս գլուխներն ալ շոյեց, բայց միշտ ինծի նայելով: Բաներ մըն ալ կը խօսէր, կը պատասխանէի, առանց հասկնալու ու բան մը ըմբռնելու: Չէի ուզեր, որ այդ պահուն ստեղծուած կախարդանքը անհետանայ, կ՚ուզէի մնալ այդպէս՝ աչքերս աչքերուն սեւեռած, լուռ, անխօս ու կարօտը թեւածէր մեր շուրջը, առանց շօշափի, առանց հնչիւնի...:
Ամէն ոք գնաց իր ճամբով, զաւակներս դպրոց դնելէ ետք ափիս մէջ թուղթի կտոր մը նշմարեցի, ուրկէ՞ եկած էր, չեմ ալ գիտեր, ճմռթկուած թուղթին վրայ գրուած էր իր հեռաձայնին թիւը ու՝ «Կը սպասեմ զանգիդ»: Ձեռնուած միջոցէն ի վեր ձեռքիս մէջն էր, չէի իսկ նկատած, բայց ի՞նչ ընէի, տակաւին այդ ակնթարթի կախարդանքին ազդեցութեամբ տարուած էի ու շատ կը փափաքէի նորէն վայելել այդ զգացումը: Առձեռն հեռաձայնիս վրայ արդէն շարուած էին թիւերը ու սկսած էր հնչել զանգը: Պատասխանեց: Հանդիպեցանք: Իր ինքնաշարժով գացինք շատ հեռուները, անխօս ու խօսուն ժամեր անցան, հինն ու նորը շաղախելով, հոսկէ-հոնկէ անկապ նիւթեր արծարծելով, բայց մեր հնչիւնները ուրիշ բան կը խօսէին, մեր նայուածքները՝ ուրիշ:
Կարօտներու հանդիպում մ՚էր տեղի ունեցածը, երկու ձախող ամուսնութիւններու զոհեր էինք, պարտաւորութեանց գերիներ, սիրոյ բացակայութենէն տառապողներ...: Շարունակեցինք զրուցել, ճիշդ այնպէս ինչպէս կ՚ընէինք անցեալին: Դուրսը անձրեւել սկսաւ, որ կաթիլ-կաթիլ կը թրջէր պատուհանին ապակիները, կը հոսէր ապակիին վրայ գիծեր գոյացնելով: Զովացաւ ներսը, մենք ջերմ էինք բայց, շատ ջերմ: Սաստկացաւ անձրեւը, կաթիլները արագ-արագ ու ցնցուղէն հոսող ջուրի նման սկսան հարուածել ապակիները, լուալ ջերմութիւնը ներսի, փարատել կարօտին բոյրը, որ կը զգլխէր մեզ ու մենք կը յագեցնէինք մեր անկուշտ հայեացքները, սէր կ՚ամբարէինք կարծես, կեանքէն հաճելի պահ մը կը կողոպտէինք:
Դուրսն եմ ահա, անձրեւին տարափը կը լուայ զղջումի աղի կաթիլները աչքիս: Հեռաձայնս կը ճչայ, ինք է, անակնկալ դուրս ելլելս գինովութենէն սթափեցուց զինք կ՚երեւի: Չեմ ուզեր պատասխանել, չեմ ուզեր կողոպտուած երջանկութիւն ու սէր վայելել: Ո՛չ, ո՛չ, այս չէր,այս չէր փափաքելին:
Ջնջեցի հեռաձայնին թիւը, որ իրական կեանքէն երազայինը փոխադրած էր զիս պահ մը: Երկինքն ալ պայծառանալ սկսաւ ու սեւ ամպերը անձրեւին տարափը փոխադրեցին ուրիշ տեղ: Արեւուն ջերմութիւնը սփոփիչ դեր մը խաղաց:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ