ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
-Հա՛-յա՛ս-տա՛ն, Հա՛-յա՛ս-տա՛ն, Հա՛-յա՛ս- տա՛ն...
Մանուկներուն ձայնը կը հասնի լսողութեանս ու ակամայ զիս պատշգամ կը հրաւիրէ: Դիտել կ՚ուզեմ անոնց խաղերը. խաղ ըլլալէ աւելի ընդօրինակութիւն են անոնք ներկայ իրադարձութիւններուն կամ մօտ անցեալին տեղի ունեցածներուն, որոնք աւելցան մանուկներուն առօրեայ խաղերուն ցանկին: Կը դիտեմ հանդիպակաց մայթը, որ բեմի վերածուած է. բեմավարը կը դիմէ հանդիսատեսներուն՝
-Հայաստանի Հանրապետութեան հպա՛րտ քաղաքացինե՛ր...
-Հէէէէյյյյյյ...,- բարձր ձայնին կ՚ուղեկցին ծափահարութիւնները:
-Այսօր դուք յաղթեցի՛ք...
-Յա՛ղ-թա՛-նա՛կ, յա՛ղ-թա՛-նա՛կ,- կը վանկարկեն ձագուկները խանդավառութեամբ:
-Հիմա երգելու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը:
-«Մեր հայրենիք...»,- կը սկսին մանուկները երգել:
Ի՜նչ փոփոխութիւն, դեռ մի քանի շաբաթ առաջ, այս նոյն մանուկները, օրհներգին բառերը փոխած կ՚երգէին՝ «Մեր հայրենիք, խալածենիք (ռուս. սառնարան)...», շարունակութիւնը չեմ յիշեր կամ չեմ ուզեր յիշել, քանի մեզի համար սրբութիւն սրբոց է մեր օրհներգը եւ աղաւաղուած լսելը հաճելի չի թուիր, սակայն հիմա ուշի ուշով կը հետեւիմ անոնց հնչիւններուն, անսխալ կ՚երգեն: Ես ալ մեղադրած էի անոնց ծնողները, ինչու չէ նաեւ դպրոցի դաստիարակները, որոնք, կը կարծէի որ, չեն սորվեցուցած: Բայց ո՛չ, անոնք գիտեն օրհներգը եւ պարզապէս կը կապկեն ամէն ինչ որ կը տեսնեն ու կը լսեն:
Կը յիշեմ, երբ Հալէպ էի, պատերազմի օրերուն, աշակերտները զբօսանքներուն ընթացքին իրենց պայուսակներէն կը հանէին պատշգամներէն կամ տանիքներէն գտնուած պարապ կապարներ ու անոնցմով կը խաղային. մէկը կ՚ըսէր՝ «Տե՛ս, իմ կապարներս աւելի շատ են», միւսը՝ «Բայց իմ ունեցածներս աւելի մեծ են, տե՛ս»: Որքան կ՚ափսոսայի անոնց այս մանկութեան ի տես:
Կը շարունակեն մանուկները խաղալ, խումբ-խումբ բաժնուած, գնդակը, չուանը, գիծը իրենց առօրեայ ընթացքը գտած են: Նկատելի են անոնց բնաւորութեանց տարբերութիւնները: Մէկը հանդարտ, միւսը պոռթկուն, ուրիշ մը ընկճուած կ՚երեւի, կարծես տրամադրութիւն չունի խաղալու: Իւրաքանչիւրը բնաւորութիւն մը, ներաշխարհ մը կը պարզէ, որ ժառանգած է իր ծնողքէն կամ դաստիարակութեամբ մտած է իր էութեան մէջ: Սակայն հոս, այս խաղերուն միջոցաւ ալ անոնք կը դաստիարակուին, կը քանդակուին, կը կոփուին. անոնց մէջ կ՚աճի ընկերութեան գաղափարը, իրենց նմանին հետ, դպրոցէն ու տունէն հեռու, ազատ հաղորդակցելու լեզուն, ոճը: Ճիշդ է, որ աւանդական խաղերը վերացած են, համակարգչայիններուն զիջելով իրենց տեղը, սակայն տակաւին հոս ապրող մանուկները ունին յարմարութիւններ թաղերուն մէջ, այգիներուն մէջ խաղալու, ուր յաճախ կարելի է հանդիպիլ տեղադրուած խաղալիքներու ու մարզական գործիքներու: Մեր մանուկները, Հալէպի մէջ, շատոնց փողոցէն ներս մտած են. մանկութենէս քանի մը աղօտ պատկերներ կը յիշեմ, որմէ ետք անոնք ալ չքացան կամաց-կամաց:
Ահա, քիչ առաջուան բեմավարը, որ կարծես նկատած է խումբին տարտղնումը ու անդամները հաւաքելու համար կը սկսի վերջերս հրապարակուած նոր երգերէն՝ «Հայեր ճան, դուխո՛վ»ը երգելով հաւաքել ու բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռել իր վրայ: Ան կ՚երգէ, բոլորը միաբերան կը միանան ժպիտով ու պարով: Ի՛նչ գեղեցիկ է մեր մանուկներուն ժպիտը: Որքան բան ունինք սորվելիք մեր մանուկներէն:
Մանուկնե՜ր: Որքան պատասխանատու ենք մեր մանուկներուն ամէն ինչին մէջ: Պատասխանատու, այո՛ եւ մե՛նք՝ բոլորս, ոչ միայն ծնողք, հարազատ, ուսուցիչ, բարեկամ. բոլորս, նոյնիսկ երկրին ղեկավարները, ինչպէս փաստեցին վերջին իրադարձութիւնները եւ փաստած է մարդկութեան պատմութիւնն ամբողջ:
Թաւշեայ յեղափոխութեան բարիքներէն կարելի է համարել այս երեւոյթը, որ մտաւ մանուկներուն անմեղ խաղերուն ու գիտակցութեան մէջ ու անոնց մէջ ցանեց հպարտութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան սերմեր: Այս գիտակցութիւնն է որ պիտի աճի, ծաղկի ու ծլարձակէ, փոխէ անցեալին ձեւաւորուածը, զանոնք դարձնէ ապագայ հայրենիքը սիրող ու հպարտութեամբ ու սիրով անոր ծառայող ղեկավարներ, դասախօսներ, ծնողներ, բժիշկներ ու զինուորներ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ